Եուկոսլաւիա
Եուկոսլաւիա, որ դաշնակցային հանրապետութիւն մըն է, կը բաղկանայ վեց հանրապետութիւններէ.- Սերպիա, Խրուաթիա, Սլովենիա, Մանթենեկրօ, Պոսնիա – Հերցեկովինա եւ Մեկեդոնիա։
Եուկոսլաւիա | |||||
---|---|---|---|---|---|
| |||||
Պետական լեզու | Սերպօ - Խրուաթերէն | ||||
Մայրաքաղաք | Պելկրատ | ||||
Ազգաբնակչութիւն |
23 271 000 մարդ (1991), 11 998 000 մարդ (1921) | ||||
Օրհներգ | Hey, Slavs? | ||||
Հիմնադրուած է | 1 Դեկտեմբեր 1918 թ. | ||||
Արժոյթ |
Yugoslav dinar? | ||||
Ժամային համակարգ | UTC+1 | ||||
Հեռաձայնային համակարգ | +38 | ||||
Համացանցի յղում | .yu? |
Սահմաններն են.- Հիւսիսէն՝ Աւստրիա, Հունգարիա եւ Ռումանիա, արեւելքէն՝ Հունգարիա, Ռումանիա եւ Պուլկարիա, հարաւէն՝ Յունաստան եւ Ալպանիա, արեւմուտքէն՝ Ատրիական ծով եւ Իտալիա։
Երկիրը լեռնային է։
Գլխաւոր քաղաքներն են.- Մայրաքաղաքը՝ Պելկրատ, Զաղրէպ, Սարայեւօ, Լիուպլիանա։
Ցեղային Եւ Կրօնական Նկարագիր
ԽմբագրելՆկատի ունենալով պետական կազմութիւնը, երկրին բնակչութիւնը կը բաղկանայ քանի մը ցեղերէ, որոնց մէջ տիրողն են սլաւները, ապա կան խրուաթներ, յոյներ, ինչպէս նաեւ ալպանացի փոքրամասնութիւն մը։
Խօսուող լեզուներն են սերպօ-խրուաթերէն, սլաւերէն, մակեդոներէն, որոնք բոլորն ալ պաշտօնական են։ Կրօնական անկիւնէն, յոյն ուղղափառները կը ներկայացնեն ժողովուրդին 49.6 առ հարիւրը, կաթոլիկները՝ 36.8 առ հարիւրը, իսլամները՝ 12.5 առ հարիւրը, այլք՝ 1.1 առ հարիւր։ Բոլոր կրօնքներն ալ ճանչցուած են եւ հաւասար իրաւունք կը վայելեն։
Վատիկանի հետ պետական յարաբերութիւնը, որ խզուած էր 1952-ին, վերահաստատուեցաւ 1966-ին։
Ուսումը ձրի է, եւ մինչեւ 14 տարեկան պարտադիր։
Պատմութիւն
ԽմբագրելԵուկոսլաւիան կազմուեցաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտին, Սերպիոյ, Խրուաթիոյ, Սելովենիոյ եւ Պոսնիա – Հերցեկովինայի միացումով։
Խրուաթները Ժ. Դարուն կը կազմէին կարեւոր ազգ մը, սակայն թագաւոր ընդունելով հունգարացի Քոլոմանը, երկիրը Հունգարիոյ ենթակայ մնաց մինչեւ 1918։
Սլովենիացիները Է. Դարուն ենթարկուած էին պաւարիացիներուն, ապա ֆրանկներուն, իսկ ԺԳ. Դարուն կ՛ենթարկուին Հապսպուրկներու տիրապետութեան։
Մոնթենեկրոցիները դարերու ընթացքին պահած էին յարաբերական անկախութիւն մը։
Այս ժողովուրդները ԺԹ. Դարուն կ՛ըմբռնեն, թէ իրենց անկախութիւնը կարելի կը դառնայ իրենց միացումով միայն։ Սակայն միայն Սերպիա եւ Մոնթենեկրօ կրնան անկախութիւն ստանալ, իսկ միւսները ենթակայ կը մնան աւստրօ – հունգարացիներուն։ (Սերպիա ենթակայ էր թուրքերուն եւ անկախութիւն ստացաւ 1878-ի Պերլինի դաշնագրով)։
Համշխարհային Առաջին պատերազմէն ետք, բոլոր սլաւ երկիրներու պատուիրակները Սերպիոյ միանալ պահանջեցին։ Միութիւնը յայտարարուեցաւ Պելկրատի մէջ 1 Դեկտեմբեր 1918-ին, ի շահ Սերպիոյ Փիեռ Ա. թագաւորին։ Ասոր զաւակը՝ Ալեքսանդր Ա. իրեն յաջորդեց 16 Օգոստոս 1921-ին։ Ունեցաւ դժուարին պայմաններ, որովհետեւ խրուաթները ինքնավարութիւն պահանջեցին, Տոքթ. Սթեֆան Ռատիչի առաջնորդութեամբ։ Ալեքսանդր Ա. խրուաթի մը կողմէ սպանուեցաւ Մարսիլիոյ մէջ (9 Հոկտեմբեր 1934)։ Անոր զաւակը՝ Փիեռ խնամակալ նշանակուեցաւ։
Խնամակալ իշխանը Առանցքի երկիրներուն հետ դաշինք մը ստորագրեց 25 Մարտ 1941-ին եւ այդ իսկ պատճառով վար առնուեցաւ։ Գերմանները Եուկոսլաւիա արշաւեցին 6 Ապրիլ 1941-ին եւ թագաւորը փախուստ տուաւ։
Գրաւիչներուն դէմ ընդդիմութիւնը կազմակերպուեցաւ երկու անձերու կողմէ՝ ազգայնական Տրազա Միխայլովիչ եւ համայնավար մարաջախտ Թիթօ, որոնք ոչ միայն գրաւիչներուն դէմ կռուեցան, այլ նաեւ իրարու դէմ։ 1943-ի Նոյեմբերին, Թիթօ կազմեց Ազատագրութեան Ազգային Գործադիր Կոմիտէ մը։
11 Նոյեմբեր 1945-ի թնտրութեանց Թիթօ շահեցաւ, եւ 29 Նոյեմբերին հանրապետութիւն հռչակուեցաւ խորհրդարանին կողմէ։ Դաշնակցային հանրապետութիւն հռչակուեցաւ 31 Յունուար 1946-ին։ Այս կառավարութեան վարչապետն էր մարաջախտ Թիթօ, որ կրցաւ երկիրը ճանչցնել տալ մեծ երկիրներուն, այդպիսով ամրացնելով վարչաձեւը։
Ներքին ճակատի վրայ, Թիթօ մաքրագործեց նորահաստատ վարչաձեւին ընդդիմադիրները, որոնց կարգին նաեւ Միխայլովիչը։
Թիթօ համայնավար մնալով հանդերձ, հետեւեցաւ ընկերվարութեան գործադրման իւրայատուկ սկզբունքներու, ինչ որ գոհ չձգեց Քրեմլինը։ Սթալին փորձեց միւս համայնավար արբանեակ երկիրներուն նման բացարձակ հնազանդութեան ենթարկել Եուկոսլակիան, սակայն որովհետեւ սովետական բանակները չկային Եուկոսլաւիոյ մէջ, Թիթօ կրցաւ գլուխ ցցել Սթալին դէմ։ Այս հակամարտութեան պատճառաւ, Թիթոյի Եուկոսլաւիան արտաքսուեցաւ Քոմինֆորմէն։ Թիթօ տնտեսական օժանդակութիւն ընդունեց Միացեալ Նահանգներէն, Մեծն Բրիտանիայէն եւ Ֆրանսայէն եւ այդպիսով ոչ կրցաւ միայն Մոսզուայի ծիրէն ներս չիյնալ կրկին, այլ խզուեցաւ Խ. Միութենէն, որուն հետ բարեկամական կապերը վերահաստատուեցան 1955-ին, Խրուչչեւի եւ Պուլկանինի այցելութեամբ։
Թիթոյի գլխաւոր օգնական փոխ նախագահ Ալեքսանտր Շռանքովիչ պաշտօ)նազրկուեցաւ 1 Յուլիս 1966-ին, դաւադրութեան ամբաստանութեամբ։ Այս պաշտօնազրկման յաջորդեց քաղաքական լայնածաւալ մաքրագործում մը։
Կառավարութիւն
ԽմբագրելԵուկոսլաւիա կը կառավարուի նախագահին կողմէ, որ իր կողքին ունի դահլիճը (Դաշնակցային Գործադիր Խորհուրդ) եւ խորհրդարան (Դաշնակցային Ժողով), այս վերջինէն կ՛ընտրուի նախարարները։ Խորհրդարանը, ունի հինգ ժողովներ, որոնք կը զբաղին դաշնակցային, տնտեսական, քաղաքական, առողջապահական եւ մշակութային հարցերով։
Ժոզիֆ Պրոզ Թիթօ նախագահ ընտրուեցաւ 14 Յունուար 1953-ին, նոր սահմանադրութեամբ։
7 Ապրիլ 1963-ին խորհրդարանը վաւերացուց նոր սահմանադրութիւն մը, մարաջախտ Թիթօն ցկեանս նախագահ ընտրելով։ Երկրին պաշտօնական անուն ընդունուեցաւ Եուկոսլաւիոյ Ընկերվար Դաշնակցային Հանրապետութիւն, քաղաքական կուսակցութիւնները սահմանափակուեցան, արտօնելով միայն երկու հատ.- Համայնավար կուսակցութիւնը եւ համայնավարներու հակակշռին ենթակայ Բանուորական Ընկերվար Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնը։ Ապագայ նախագահները պիտի ընտրուին խորհրդարանին կողմէ, չորս տարուան համար եւ միայն մէկ անգամ վերընտրելի են։ Ստեղծուեցաւ փոխ նախագահի նոր պաշտօն մը։ Քուէարկութիւնը գաղտնի է եւ կրօնական ազատութիւն կայ։
Եուկոսլաւիա այժմ կը հետեւի չէզոք եւ անկողմնակալ քաղաքականութեան, ըլլալով երրորդ աշխարհի ղեկավար երկիրներէն մէկը։
Տնտեսական Պայմաններ
ԽմբագրելԵուկոսլաւիա անցեալին երկրագործական երկիր մըն էր, սակայն այսօր ճարտարարուեստը առաջին դիրքը կը գրաւէ երկրի տնտեսութեան մէջ։
Երկրագործական արտադրութիւններն են.- արմտիք, պտուղներ, ծխախոտ։ Անասնաբուծութիւնն ալ կարեւոր տեղ կը գրաւէ տնտեսութեան մէջ (արջառ, խոզ)։ Այգիները կ՛արտադրեն լաւորակ գինի։ Անտառներն ալ եկամուտի աղբիւր մըն են։
Ենթահողը ունի պղինձ, կապար, զինկ, պոքսիտ, երկաթ, հանքածուխ, փայտաքար։
Ունի մետաղագործարան, պողպատաշինարան, մեքենական եաւ քիմիական արտադրութիւններ եւ հիւսուածեղէն։
Վերջին տարիներուն, մեծ զարկ կը տրուի զբօսաշրջիկութեան, երկրին օտար դրամ ապահովելու մտահոգութեամբ։
Մշակելի հողերուն 90 առ հարիւրը անհատական սեփականութիւն են, իսկ ճարտարարուեստական հիմնարկութիւնները պետական են։
Եուկոսլաւիան առաջին եւ միակ երկիրն էր, որ շեղած է համայնավար անտեսական դասական քաղաքականութենէն, որոշ չափով ուղեգիծ մը որդեգրելով։
Բնակչութիւն
ԽմբագրելԱղբիւր
Խմբագրել- Երուանդ Մոնոֆարեան (1968), «Հանրագիտակ», Համազգայինի տպարան, Պէյրութ։