Ռաֆայէլ Լեմքին (անգլերէն՝ Raphael Lemkin, լեհ.՝ Rafał Lemkin, 24 Յունիս 1900(1900-06-24)[1], Biazvodna, Ռուսական Կայսրութիւն - 28 Օգոստոս 1959(1959-08-28)[1], Նիւ Եորք, Նիւ Եորք), հրեական ծագում ունեցող լեհ իրաւաբան։ Էապէս մեծ ներդրում ունեցած է Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ անոր համար պատիժի մասին համաձայնութեան ընդունման, ներկայացուցած է համաձայնագիրին նախնական բանաձեւը։

Ռաֆայէլ Լեմքին
լեհ.՝ Rafał Lemkin
Ծնած է 24 Յունիս 1900(1900-06-24)[1]
Ծննդավայր Biazvodna, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 28 Օգոստոս 1959(1959-08-28)[1] (59 տարեկանին)
Մահուան վայր Նիւ Եորք, Նիւ Եորք
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Լեհաստան
 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Լվովի Ի․ Ֆրանքոյի անուան ազգային համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունք
Հայտելպըրկի Համալսարան
Լվովի Համալսարան
Մասնագիտութիւն փաստաբան, խաղաղության և կոնֆլիկտների լուծման խնդիրների ուսումնասիրող, դատախազ, իրաւաբան
Աշխատավայր Եէյլի համալսարան
Տիւքի Համալսարան
Վարած պաշտօններ դատախազ

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Լեմքին ծնած է Պեզվոտնի, Լեհաստան (ներկայիս Վոլկովսկի մերձակայքը, Պելառուս), 24 Յունիս 1900-ին[2]: Հայրը զբաղած է հողագործութեամբ, իսկ մայրը եղած է մտաւորական, գեղանկարիչ, լեզուաբան եւ փիլիսոփայութեան ճիւղի ուսանող: 14 տարեկանին ան արդէն տիրապետած է 14 լեզուներու, ներառեալ ֆրանսերէնի, սպաներէնի, եբրայերէնի, իտիշի եւ ռուսերէնի: Պիալիսթոքի Մասնագիտական Պատրաստութեան ուսումնարանը աւարտելէ ետք, ան լծուած է լեզուաբանութեան ուսումնասիրման՝ Լվովի Ճոն Քազիմիրի համալսարանին մէջ[3]։ Այդ շրջանէն իսկ յատուկ հետաքրքրութիւն յառաջացած է ուսանող Լեմքինի մօտ՝ սահմանելու եւ բնութագրելու այն յանցագործութիւնները, զորս հետագային Լեմքին խտացուցած է Ցեղասպանութեան գաղափարին մէջ։

Լեմքին իրաւագիտական իր պրպտումները կը սկսի՝ թուրքերու կողմէ հարիւր հազարաւոր հայերու անպատիժ կոտորածները ուսումնասիրելով: Լեմքինի չարչրկող գլխաւոր հարցը ա՛յն էր, թէ չկար միջազգային օրէնք մը, որ դատաստանի առջեւ կանգնեցնէր ամբողջ ազգ մը սպաննելու որոշումը կայացուցած եւ մեծագոյն այդ ոճիրին պետականօրէն գործադրութիւնը հրահանգած թուրք պաշտօնատարները։

Իր բարձրագոյն ուսումը շարունակելու նպատակով Գերմանիա տեղափոխուած եւ Հայտելպըրկի համալսարանը ընդունուած երիտասարդ իրաւագէտին կեանքի շրջադարձային պահը կը յառաջանայ 1921-ին, երբ Պերլինի մէջ Սողոմոն Թեհլիրեան կ'ահաբեկէ Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն Թալէաթ Փաշան։ Թեհլիրեանի դատավարութեան իբրեւ իրաւագէտ խորհրդականի մասնակցելով՝ Լեմքին կը լծուի Թալէաթի ահաբեկման տուն տուած պատճառներուն ուսումնասիրութեան։ Մանրամասն տեղակագիր մը պատրաստելով Թալէաթ Փաշայի կազմակերպած կոտորածներուն մասին, Լեմքին կը յանգի այն դառն եզրակացութեան, որ դեռ գոյութիւն չունէր միջազգային որեւէ օրէնք, որ նման պետական յանցագործութեան համար դատապարտէր ոճրագործ պատասխանատուները։

Ցեղասպանութիւն Եզրը Խմբագրել

Ռաֆայէլ Լեմքին կը նկարագրէ Ցեղասպանութիւն բառը

Լեմքին 1933-ին հրապարակուած իր ծաւալուն ուսումնասիրութիւններէն մէկուն մէջ նման կոտորածները անուանած է «Ոճրագործութիւն Միջազգային Օրէնքի Դէմ»։ Լեմքինի հետազօտական աշխատանքը կ'ընդհատուի, երբ ան բանակ կը մեկնի 1939-ին, գերմանական եւ լեհական պատերազմին հետեւանքով։ Իսկ երբ գերմանական Նացի բանակը կը գրաւէ Լեհաստանը, Լեմքին կ'ապաստանի Միացեալ Նահանգներ, ծնողները Լեհաստան ձգելով։

Միացեալ Նահանգներու մէջ ան, իբրեւ խորհրդատուի, կ'աշխատակցի Նիւրէմպուրկի դատավարութեանց, այս անգամ արդէն նաեւ իբրեւ անձնապէս վնասուած կողմի, որովհետեւ ծնողները եւս զոհ գացած էին նացիական կեդրոնացման ճամբարներուն (concentration camps) մէջ հրեաներու դէմ իրագործուած Ողջակիզման ընթացքին։

1944-ին հրատարակուած իր «Axis rule in Occupied Europe» գիրքին մէջ, Լեմքին առաջին անգամ կ'օգտագործէ Ցեղասպանութիւն բառը եւ զայն կը սահմանէ իբրեւ՝ «նպատակադրուած վայրագութիւն եւ կոտորած», ամբողջ ազգ մը կամ ցեղ մը բնաջնջումի ենթարկելու արարք։ Լեմքին կը յղանայ Ցեղասպանութիւն («Genocide») այսօր արդէն հանրածանօթ եզրը՝ յունարէնի «genos» (ցեղ) եւ լատիներէնի «cide» (սպանութիւն) արմատները միահիւսելով։

Լեմքին կը յաջողի 1946-ին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ընդհանուր Ժողովի 11 Դեկտեմբերի նիստին, օրակարգի վրայ բերել համապատասխան որոշումի նախագիծ մը, որ միաձայնութեամբ կ'ը նդունուի՝ Միջազգային Իրաւունքի առումով դառնալով Ցեղասպանութիւնը որպէս ոճիր բնորոշող եւ անոր դատապարտումը պատժելի հռչակող առաջին միջազգային օրէնքը։

Լեմքինի փափաքը կ'իրականանայ 9 Դեկտեմբեր 1948-ին[4], երբ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը կ'ընդունի եւ կը հռչակէ Ցեղասպանութեան Ուխտագիրը։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  2. Rafael Lemkin:The Definition Of Genocide Archived 2016-06-24 at the Wayback Machine.(անգլերէն)
  3. Rafael Lemkin(անգլերէն)
  4. Lemkin, Raphael(անգլերէն)

Արտաքին յղումներ Խմբագրել