Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա
Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա, Ուիքիփետիա բազմալեզու եւ ազատ հանրագիտարանի հայալեզու երկու տարբերակներէն մէկն է։ Հիմնուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ Միւսը Արեւելահայերէն Ուիքիփետիան է, որ կը կոչուի հայերէն Վիքիպեդիա։ Հիմնուած է Յունուար 2001-ին։ Ինչպէս բոլոր այլ Ուիքիմետիա-նախագիծերը, Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի բովանդակութիւնը կը գտնուի ազատ արտօնագիրի տակ, եւ իւրաքանչիւր անձ կրնայ օգտագործել, խմբագրել ու տարածել այդ բովանդակութիւնը։ Յետագայ բոլոր տարբերակներն ալ կը տարածուին նոյն սկզբունքներով։