Նազարէթ Պէրպէրեան
Նազարէթ Պէրպէրեան ծնած է 3 Օգոստոս, 1951-ին Սուրիա, Հալէպ: Հրապարակագիր, Խմբագիր: Մտաւորական Նազարէթ Պէրպէրեանը, աւելի քան քառասուն տարիներու վրայ երկարող մամլոյ ու ազգային իր ծառայութիւններուն համար, պարգեւատրուած է «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:
Ծնած է | 3 Օգոստոս 1951 |
---|---|
Ծննդավայր | Հալէպ, Սուրիա |
Ազգութիւն | Հայ |
Ուսումնավայր | Ազգ. Զաւարեան վարժարան |
Մասնագիտութիւն | Հրապարակագիր |
Աշխատավայր | բազմաշխատ խմբագիր ու մտաւորական |
Ամուսին | Էվա Տէրվիշեան |
Երեխաներ | Խաժակ, Շաղիկ եւ Հրակ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՆազարէթ Պէրպէրեան ծնած է Նոր Գիւղ (Հալէպ, Սուրիա), 3 Օգոստոս 1951-ին: Մինչեւ նախակրթարանի Բ. դասարանը յաճախած է Նոր Գիւղի Ազգային «Զաւարեան» վարժարանը: 1959-ին ընտանեօք տեղափոխուած են Լիբանան, ուր հաստատուած են Պուրճ Համուտի Նոր Սիս թաղամասը: Նախնական Ուսումը ստացած է տեղի հայկական վարժարաններուն մէջ։ Նախակրթարանէն ետք մէկ տարի Տպայայի «Կենաց» վարժարանը յաճախելէ ետք, միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումը շարունակած է Պուրճ Համուտի առաջին ազգային երկրորդական վարժարանին` նորաբաց «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» քոլեճի մէջ: Նախակրթարանի վերջին տարիներուն կ'անդամակցի թաղի ՀՅԴ «Քրիստափոր» պատանեկան միութեան:
Երկրորդականի աշակերտութեան վերջին տարիները վճռորոշ նշանակութիւն ունեցան դաշնակցականի իր կազմաւորումին մէջ։ Անդամակցելով եւ աշխուժ մասնակցութիւն բերելով ՀՅԴ «Զաւարեան» աշակերտական միութեան Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին:
1969-1970 կրթական տարեշրջանը կըսկսի՝ մէկ կողմէ Ա. պաքալորէան «գիտական» բաժնի մէջ ստանալէն ետք, ուսումը շարունակելու համար կ'ընտրէ հրապարակագրութիւնը, Բ. պաքալորէան «Փիլիսոփայութեան» (արաբերէն լեզուով) ճիւղին մէջ մտնելով կը յաջողի մտնել Լիբանանի պետական համալսարանի նորաբաց «Հրապարակագրութեան կաճառ»ը, որ այդ շրջանին հրապարակագրութեան մէջ լիսանս տուող միակ համալսարանն էր երկրին մէջ:
«Երեք տարեկանիս կորսնցուցած եմ հայրս` Եղիա Նազարէթի Պէրպէրեանը: Մայրս` Ովսաննա Գարայեանը իր երկու զաւակներով (քոյրս` Անի Պէրպէրեանը երկու տարիով մեծ է ինձմէ ) վերադարձած է հօրենական տունը եւ այնուհետեւ ապրած ենք մեծ հօր` Յակոբ Գարայեանի (Ղարա Եախուպ), մեծ մօր` Ատէլ Չերչեանի ու մօրաքրոջ` Մարի Գարայեանի հետ, որ ուսուցչուհի էր։ Երկու քոյր աշխատած ու պահած են իրենց ընտանիքը:» [1] - Նազարէթ Պէրպէրեան
|
«Նախակրթական ուսումս ստացայ թաղի ազգային վարժարանին մէջ, որ այդ ժամանակ «Լուսինեան» կը կոչուէր (հետագային վերանուանուեցաւ եւ մինչեւ այսօր ծանօթ է իբրեւ Ազգային «Աքսոր Գասարճեան» վարժարան) եւ մինչեւ վեցերորդ դասարան ունէր:
Տնօրէնը ազգային-հասարակական ծանօթ գործիչ, մտաւորական եւ երկարամեայ մանկավարժ Անդրանիկ Ուրֆալեանն էր։ Նոյն վարժարանին մէջ մանկապարտիզպանուհի եղաւ մօրաքոյրս` Մարին, որուն շունչին եւ խրախուսանքին կը պարտիմ կանուխ տարիքէս իմ մէջ զարգացած գրական հետաքրքրութիւններս:[1] - Նազարէթ Պէրպէրեան
|
1977-ի օգոստոսին կ'ամուսնանայ Էվա Տէրվիշեանի հետ, որ եղած էր տարիներու գործընկերը «Ազդակ»ի յարկին տակ: Ունին երեք զաւակ` Խաժակ, Շաղիկ եւ Հրակ:
Նազարէթ Պէրպէրեանի Ազդակ Օրաթերթի խմբագրութեան գործունէութիւնը
ԽմբագրելՈւսանողական շրջանին մասնակցած է Ազդակ Օրաթերթի խմբագրութեան՝ աշխատակցելով «Ազդակ»ին, առանց որ ուղղակի խմբագրութեան մաս կազմէ. խմբագրութեան կը միանայ 1971-ին, երբ «Ազդակ»ը թեւակոխեց ութէջեայ ամէնօրեայ հրատարակութեան շրջանը:
Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ՝
Ութէջեայ «Ազդակ»ը եղաւ հրապարակագրական իմ կազմաւորումիս մեծ դպրոցը: Ինչ որ համալսարանին մէջ սորվեցայ, «Ազդակ»ի յարկին տակ գործնապէս կիրարկելու լայն հնարաւորութիւն ունեցայ: Գրական ուսուցիչիս` Պօղոս Սնապեանի կողքին (որ այդ ժամանակ մեր թերթի ներքին էջերու ազգային-կուսակցական նիւթերու գլխաւոր խմբագիրն էր), բախտը ունեցայ կրտսեր գործակիցը ըլլալու պատմաբան եւ ազգային-հասարակական ծանօթ գործիչ Երուանդ Փամպուքեանի, որուն վստահուած էր ութէջեայ «Ազդակ»ին տնօրէնութիւնն ու կուսակցական պատասխանատուութիւնը. այդ գործակցութիւնը մէջս թրծեց հանրային-ազգային-կուսակցական կեանքին քննադատական եւ ինքնաքննադատական ոգիով մօտենալու հրապարակագրական նկարագիրը:[1] - Նազարէթ Պէրպէրեան
|
1973-ին, երբ Պօղոս Սնապեան կոչուեցաւ «Բագին» ամսագրի լիաժամ խմբագրի պաշտօնին, «Ազդակ»ի մէջ գլխաւոր խմբագրի պատասխանատուութիւնը կը վստահուի Նազարէթ Պէրպէրեանին: Համալսարանի վերջին տարին էր։ Նաեւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան ատենապետ ընտրուած էր:
Միասին իր տիկնոջ՝ Էվա Տէրվիշեանի հետ, որ եղած էր տարիներու գործընկերը «Ազդակ»ի յարկին տակ. սկսած էին խմբագրել ութէջեայ «Ազդակ»ը, առաջին իսկ օրերէն, լիբանահայ ազգային կեանքի լրատուութեան եւ յօդուածագրութեան էջը:
Նազարէթ Պէրպէրեանի «Դրօշակ»ի խմբագրութեան գործունէութիւնը 1982 - 2005
Խմբագրել1969-ին սկաւ Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակի հրատարակութիւնը, որ փաստօրէն «ԴՐՕՇԱԿ»ն էր՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կեդրոնական օրկանը, որ արտօնագրային շարք մը դժուարութիւններու պատճառով Ազդակ շաբաթօրեակի պաշտօնական գրանցումով կը հրատարակուէր:
Դրօշակի այս երկրորդ շրջանի առաջին Գլխաւոր խմբագիրն էր Բաբկէն Փափազեանը մինչեւ 1978-ը, որմէ ետք Սարգիս Զէյթլեանը ստանձնեց գլխաւոր խմբագրի պաշտօնը:
Ն. Պէրպէրեանը 1982-էն եղած է օգնական խմբագիր, իսկ 1985-էն երբ Սարգիս Զէյթլեանը զոհ դարձաւ անարգ ոճիռին, Նազարէթ Պէրպէրեանը ստանձնած է Դրօշակի գլխաւոր խմբագիրի պատասխանատուութիւնը եւ հաստատուելով Յունաստան վարած է Դրօշակի խմբագիրի պաշտօնը:
Նոյն շրջանին կը դասաւանդէ նաեւ Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկէն ներս ընկերային շարժումներու պատմութիւն:
1999-ի Յունուարէն սկսեալ «Դրօշակ»ի խմբագրութիւնը հաստատուեցաւ Երեւան, ուրկէ եւ շարունակուեցաւ մեր պաշտօնաթերթին հրատարակութիւնը: Այդ տարիներուն, ընտանիքը Աթէնք մնալով հանդերձ, տարին ութ ամիս Նազարէթ Պէրպէրեան կ՛ապրի եւ կը գործէ Երեւանի մէջ մինչեւ 2005-ին երբ ՀՅԴ Բիւրոն ժամանակաւորապէս դադրեցուց Դրօշակի հրատարակութիւնը:
Նազարէթ Պէրպէրեանի գաղափարական ու քաղաքական մեկնաբանութիւնները
ԽմբագրելԸլլալով աւելի քան երկու տասնամեակ Դաշնակցութեան կեդրոնական օրգանի գլխաւոր խմբագիրը, Նազարէթ Պէրպէրեանը իւրայատուկ է իր գաղափարական ու քաղաքական մեկնաբանութիւններով, մեկնաբանութիւններ որոնք երկար տարիներ առաջնորդեցին դաշնակցութեան շուրջ համախմբուած երիտասարդութիւնը՝ այն տարիներուն երբ սփիւռքի դժուար պայմաններուն կազմաւորուեցաւ Հայ Դատի աշխատանքներու նոր հանգրուանը եւ երբ սփիւռքին մէջ ծնած ու ուսում առած գաղափարական երիտասարդութիւնը կը փորձէր Դաշնակութեան տեսաբանական դաշտը համապատասխանեցնել իր առօրեային:
Նազարէթ Պէրպէրեանի «Ազատ Օր»ի խմբագրութեան աշխատակցութիւնը
Խմբագրել2008 թուականէն ասդին մաս կը կազմէ Յունաստանի ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Ազատ Օր»ի խմբագրութեան` իբրեւ մնայուն աշխատակից, որ կը պահէ «Յուշատետր» վերտառութեամբ ամէնօրեայ սիւնակ մը` ներկայացնելով այդ օրուան զուգադիպող դէմքեր ու դրուագներ հայ ժողովուրդի կեանքէն:
Նազարէթ Պէրպէրեանի «Ասպարէզ»ին` «Օրուան մտածումը» խմբագրութեան աշխատակցութիւնը
Խմբագրել2009-էն սկսեալ կանոնաւորաբար կ՛աշխատակցի նաեւ «Ասպարէզ»ին` «Օրուան մտածումը» վերտառութեամբ շաբաթական յօդուածով մը:
Նազարէթ Պէրպէրեան Կը Պարգեւատրուի «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով
Խմբագրել14 Հոկտեմբերի 2011-ին, «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութեան կողմէ ի պատիւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կազմակերպուած ընդունելութեանը, առիթ եղաւ պատուելու բազմաշխատ խմբագիր ու մտաւորական հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեանը, աւելի քան քառասուն տարիներու վրայ երկարող մամլոյ ու ազգային իր ծառայութիւններուն համար «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով։
Հեռացումը ՀՅԴ-էն
Խմբագրել2019 թ. հեռացուեր է ՀՅԴէն։[2]
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ ARTICLES Archived 2016-07-23 at the Wayback Machine.
- ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Յուշատետր
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 ՄԱՄԼՈՅ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՔԱՌԱՍՆԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ-ԻՆՔՆԱԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ
- ↑ «ՏԱՐԻՆ, ՈՐ ՀԵՏԸ ՏԱՐԱՎ ՀԱՅՈՒՆ ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՏՐԱՆՔԸ. Նազարէթ Պէրպէրեան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-10-30-ին։ արտագրուած է՝ 2020-08-24
Աղբիւրներ
Խմբագրել- ՄԱՄԼՈՅ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՔԱՌԱՍՆԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ-ԻՆՔՆԱԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ
- Ազատ Օր օրաթերթի խմբագիր՝Նազարէթ Պէրպէրեանի հետ Archived 2017-03-13 at the Wayback Machine.
- Արամ Ա. Վեհափառին Ի Պատիւ Ընդունելութիւն «Ասպարէզ»ին Կողմէ. Կը Պարգեւատրուի Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան Archived 2016-10-27 at the Wayback Machine.