Սարգիս Զէյթլեան

Սարգիս Զէյթլեան (1930, Խըտըր Պէկ (Մուսա Լեռ) - 28 Մարտ 1985, Պէյրութ (Լիբանան), հայ խմբագիր, հասարակական-քաղաքական գործիչ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ։

Սարգիս Զէյթլեան
Ծնած է 1930
Ծննդավայր Մուսա Լերան Խըտըր Պէկ գիւղը
Մահացած է առեւանգումը՝ 28 Մարտ 1985
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն Լիբանանցի
Ազգութիւն Հայ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Սարգիս Զէյթլեան ծնած է 1930-ին, Մուսա Լերան Խըտըր Պէկ գիւղը։ Մուսա լեռցիներու Լիբանան վերաբնակեցումէն եւ Այնճարի հիւղաւանը կերտելէն ետք, յաճախած է ազգային «Յառաջ» նախակրթարանը, այնուհետեւ Երուսաղէմի ժառանգաւորաց վարժարանը եւ «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի հայագիտական բաժինը, Լեւոն Շանթի եւ Սիմոն Վրացեանի տնօրէնութեան օրերուն։

1954-ին կը հրաւիրուի Գահիրէ, իբրեւ օգնական խմբագիր Ընկ. Վահան Նաւասարդեանի խմբագրած «Յուսաբեր» օրաթերթին։ Ան կը պաշտօնավարէ նաեւ Ազգ. «Գալուստեան» վարժարանին մէջ, դասաւանդելով հայագիտական նիւթեր։

1958-ին կը նշանակուի «Յուսաբեր»ի խմբագիր մինչեւ 1962 թուականը, երբ իր ընտանիքին հետ կը վերադառնայ Լիբանան, ուր կը նշանակուի «Ազդակ»ի խմբագիր եւ այդ պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 1968 թուականը: Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի պաշտօնաթերթ «Ազդակ շաբաթօրեակ-Դրօշակ» ի հիմնադրութենէն ետք, շրջան մը իբրեւ օգնական խմբագիր պաշտօնավարելէ ետք, 1978-էն սկսեալ կը գործէ խմբագրապետի հանգամանքով, մինչեւ իր առեւանգումը՝ 28 Մարտ 1985 :

1973-էն մինչեւ իր մահը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ՝ Սարգիս Զէյթլեան, կը հանդիսանայ դաշնակցական ղեկավարութեան պատմական սերունդը փոխարինող եւ անոնց ուղին վերանորոգող պատասխանատու ընկերներու ներկայացուցչական դէմքերէն մէկը, որ Հ.Յ.Դաշնակցութեան վերջին քառորդ դարուն կազմակերպական կեանքին, ազգային քաղաքական գործունէութեան եւ գաղափարական վերանորոգումին մէջ ունեցաւ իր ուրոյն եւ շօշափելի մասնակցութեան բաժինը։ Դերակատար եղաւ նաեւ երիտասարդական միութիւններու հիմնադրութեան աշխատանքներուն մէջ՝ սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը համախմբելով ազգային օրակարգի շուրջ։

28 Մարտ, 1985-ի առաւօտուն՝ Զոքաք-Պլաթի շրջանին մէջ, «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի ճամբուն վրայ, հակադաշնակցական դաւադիր ուժերու ձեռքով առեւանգուեցաւ եւ աւելի ուշ անծանօթ պայմաններու մէջ տմարդի կերպով սպաննուեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»ի խմբագրապետ՝ ընկ. Սարգիս Զէյթլեան։

Իր մահէն ետք Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի կողմէ հրատարակուեցաւ ծաւալուն հատոր մը որ կ՛ամփոփէ Սարգիս Զէյթլեանի կողմէ գրուած յօդուածներն ու խմբագրականները[1]։

  • Սարգիս Զէյթլեան. գաղափարի մարտիկը («Դրօշակ»-ի մէջ հրատարակուած խմբագրականներ եւ յօդուածներ), Պէյրութ, 1993, 774 էջ:
  • Հայ ազգային քաղաքականութեան գաղափարաբանութիւնը, հատ. Ա, Երեւան - Լոս - Անճելըս, 1995, 866 էջ:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել