Վահան Նաւասարդեան

Վահան Նաւասարդեան (29 Նոյեմբեր 1886(1886-11-29), Շուշի, Ելիզավետպոլ Նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն - 24 Յունիս 1956(1956-06-24)), գաղափարախօս, հրապարակախօս եւ քաղաքական գործիչ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ։

Վահան Նաւասարդեան
Ծնած է 29 Նոյեմբեր 1886(1886-11-29)
Ծննդավայր Շուշի, Ելիզավետպոլ Նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 24 Յունիս 1956(1956-06-24) (69 տարեկանին)
Մասնագիտութիւն հրապարակախօս, քաղաքական գործիչ
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Վահան Նաւասարդեան 1898-ին աւարտած է Արցախի Թեմական դպրոցը, իսկ 1904-ին՝ Պաքուի Ռէալականը։ 1907-ին Փեթերսպուրկի համալսարան մտած է՝ վկայուելով տնտեսագիտութեան բաժանմունքէն։ 1910-ին մասնակցած է կուսակցական-քարոզչական աշխատանքներու Շուշիի, Պաքուի եւ Թիֆլիսի մէջ։ 1905-ին կ՛ընտրուի պատգամաւոր, մասնակցելու համար Էջմիածնի մէջ գումարուած Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովին, որուն կը նախագահէ Սիմոն Զաւարեան[1]: Այդ ժողովին, Նաւասարդեան կ՚ունենայ բոցաշունչ ելոյթը ցարական իշխանութեան հակահայ քաղաքականութեան դէմ։ Ժողովի պատգամաւորները կը գնահատեն զինք, բայց ցարական ոստիկանութիւնը կ՚արձակէ ձերբակալման հրամանագիր մը եւ ան կը ստիպուի փախուստի դիմել։

1913-1917 տարիներուն կը դառնայ ուսուցիչ եւ դասախօս նախ՝ Շուշի, ապա՝ Գէորգեան ճեմարանին մէջ՝ Գարեգին եպիսկոպոս Յովսէփեանցի հրաւէրով։

Ս. Փեթերսպուրկէն կը վերադառնայ Պաքու ու կը սկսի իր կազմակերպական աշխատանքներուն եւ կ՚աշխատակցի Թիֆլիսի «Հորիզոն»-ին, ապա՝ Ալեքսանդրապոլի «Յառաջ»-ին։ Միաժամանակ աշխատակցած է Պաքուի՝ «Արեւ»-ին եւ Շուշիի «Ապառաժ»-ին։

Կովկասեան ռազմաճակարտի վերաշխուժացման կարիքը տեսնելով Ռուսական յեղափոխութեան հետեւանքով, իր ներդրումը կ՚ունենայ փոխարինելու ռուս զինուորներու դիրքերը հայ կամաւորական ուժերուն հետ։ Կ՚ընտրուի Ալեքսանդրապոլի (Գիւմրի) Քաղաքական Վարչութեան։ Երբ Քաղաքական Վարչութեան նախագահ Ալեքսանդր Խատիսեան կը կանչուի Թիֆլիս, կը ստանձնէ այդ պաշտօնը։ Իր ներդրումը կ՚ունենայ Ղարաքիլիսայի հերոսամարտի կազմակերպման մէջ։

Հայաստանի անկախութեան կերտումէն ետք, իրեն կը վստահուի Թիֆլիսի ՀՅԴ-ի «Հորիզոն» օրաթերթի խմբագրութիւնը, որ շատ մեծ պատասխանատուութիւն էր որովհետեւ նորակառոյց երկիրը ունէր լուրջ կազմաւորման խնդիրներ։ Թիֆլիսի ոստիկանութիւնը կը սկսի զինքը հետապնդել հայ-վրացական պատերազմի ժամանակ եւ կը ստիպուի թաքստոցէն վարել հայ- վրացական հաշտութեան բանակցութիւնները։

Կ՚ընտրուի Հայաստանի Խորհրդարանի պատգամաւոր եւ կը փոխադրուի Երեւան։ Իբր պատգամաւոր իր մասնակցութիւնը կը բերէ արտագին դիւանագիտական աշխատանքներու, կեդրոնանալով հայ-ռուսական բանակցութիւններու վրայ։

1920-ի կ՚աշխատի ռազմաճակատի կազմակերպման ու ամրապնդման աշխատանքներուն հետ հայ-թրքական պատերազմի ընթացքին։ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, Նաւասարդեան կ՚որոշէ հեռանալ։ Սակայն, վրացական սահմանը անցնելու ժամանակ կը ձերբակալուի եւ Երեւանի մէջ կը բանտարկուի։ Կը յաջողի բանտէն փախուստ տալ եւ կարճ ժամանակ կը գործէ Պոլիս, իսկ 1922-ին վերջնականապէս կը հաստատուի Գահիրէ, Եգիպտոս։

Գահիրէի մէջ կը խմբագրէ «Յուսաբեր» օրաթերթը, որ ՀՅԴ-ի անպաշտօն օրկան եղած էր, եւ շուրջ քառորդ դար ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ կ՚ըլլայ։

24 Յունիս 1956-ին վաղ առաւօտեան անակնկալ անհանգստութեամբ հիւանդանոց կը փոխադրուի եւ կը մահանայ։

Երկերը

Խմբագրել
  • Նաւասարդեան Վահան, Բոլշեւիզմը եւ Դաշնակցութիւնը, Գահիրէ, 1949, 673 էջ:
  • Նաւասարդեան Վահան, Գաղափարների ոգին (Հ. Յ. Դ. ապակեդրոնացումի առիթով), Գահիրէ, 1951, 230 էջ:
  • Նաւասարդեան Վահան, Խորհրդային քաղաքականութիւնը Հայկական հարցում, Փարիզ, 1938, 55 էջ:
  • Նաւասարդեան Վահան, Հ. Յ. Դաշնակցութեան անելիքը, Գահիրէ, 1924, 288 էջ:
  • Նաւասարդեան Վահան, Հ. Յ. Դաշնակցութեան լիկվիդացիան (բօլշեւիզմի սնանկութեան առթիւ), Գահիրէ, 1924, 187 էջ:
  • Նաւասարդեան Վահան, Հ. Յ. Դաշնակցութեան քաղաքական ուղին, Գահիրէ, 1925, 179 էջ:
  • Նաւասարդեան Վահան, Հայաստանի անկախութիւնը (տեսական հիմնաւորման թռուցիկ ակնարկ), Ժընեւ, 1924, 56 էջ:
  • Նաւասարդեան Վահան, Նեղուցները (Վոսփոր եւ Դարդանել): Թրքական ջրուղիները եւ Հայ դատը, Գահիրէ, 1947, 472 էջ:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել