Զաւարեան Սիմոն (1865, Լոռի (Այգեհատ) - 17 Հոկտեմբեր 1913 թ., Կ. Պոլիս, թաղուած է Թիֆլիսի Խոջիվանքը), հայ հասարակական-քաղաքական գործիչ։

Սիմոն Զաւարեան
Ծնած է 1865
Ծննդավայր Լոռի
Մահացած է 17 Հոկտեմբեր, 1913
Մահուան վայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ
Մայրենի լեզու հայերէն եւ ռուսերէն
Կրօնք Քրիստոնեայ
Ուսումնավայր Մոսկուայի Պետրովսկի Գիւղատնտեսական Ակադեմիա[1]
Մասնագիտութիւն Հայ Հասարակական-Քաղաքական գործիչ
Աշխատավայր Ա­զա­տա­մարտ
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն[1]

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Սիմոն Զաւարեան ծնած է 1865 թուականին, Լոռիի Այգեհատ գիւղին մէջ, ուր ստացած է իր տարրական կրթութիւնը եւ հազիւ 7-8 տարեկան եղած, գացած է Թիֆլիս եւ յաջողութեամբ աւարտած է տեղւոյն պետական ռէալական դպրոցը[2]։ Ապա մեկնած է Մոսկուա, ուր մտած է նշանաւոր «Պետրովկա» գիւղատնտեսական ճեմարանը, զոր աւարտած է 1890-ին առաջին կարգի մրցանակով։ Զաւարեան կը վերադառնայ ԹիՖլիս, ուր արդէն կը նախապատրաստուէր Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան կազմակերպութիւնը։

Զաւարեան գործօն մասնակցութիւն կ'ունենայ հիմնադիր ժողովներուն ընթացքին Քրիստափոր Միքայէլեանի, Ստեփան Զօրեանի (Ռոստոմի) եւ ուրիշներու հետ. կ'ընտրուի Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան առաջին ղեկավար մարմնի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ[3]։

Հիմնադիր ժողովէն ետք, հայ յեղափոխականներու որոշումով, գործիչ ուժերը կը ցրուին զանազան շրջաններ։ Զաւարեանը, Յովսէփ Արղութեանի հետ կ'անցնի Տրապիզոն, ազգային վարժարանի տնօրէնի պաշտօնով։ Սակայն քանի մը ամիս չանցած, թուրք կառավարութիւնը կը ձերբակալէ Զաւարեանն ու Արղութեանը, որպէս յեղափոխականներ եւ Զաւարեանը կը յանձնէ դատարանին։ Դատի միջոցին, Զաւարեան բաւականին յանդուգն պաշտպանողական ճառ մը կ'արտասանէ քննադատելով Սուլթանի նեխած վարչաձեւը։ Հետեւանքը կ'ըլլայ չորս տարուան բանտարկութեան վճիռ։ Ժամանակ մը վերջ սակայն Զաւարեանն ու Արղութեանը կը փոխադրուին Ռուսաստան եւ հոնկէ Պեսարապիա, ուր աքսորուած էր նաեւ Քրիստափորը։ Այնտեղ Քրիստափորը, Զաւարեանը եւ Արղութեանը երեքով կ'աշխատին Հ.Յ.Դաշնակցութեան ծրագրի նախագծի պատրաստութեան վրայ։

Աքսորէն վերադառնալէ ետք, 1892-ին Զաւարեան, որու ծածկանուններէն էին Անտոն եւ Օհանեան Սմբատ, կը մասնակցի Հ.Յ.Դաշնակցութեան Առաջին Ընդհանուր Ժողովին եւ Քրիստափորի ու Ռոստոմի հետ կը մշակէ կուսակցութեան անդրանիկ ծրագիր-կանոնագիրը եւ այնուհետեւ, մինչեւ 1902 թուականը կը մնայ ԹիՖլիս, իբրեւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ եւ կուսակցութեան գլխաւոր ղեկավար ուժերէն մէկը։

Առաւելաբար անոր վրայ ծանրացած էին Բիւրոյի գործավարութիւնն ու թղթակցութիւնը։ Պաշտօնով պետական գիւղատնտես, յաճախ ճամբորդութիւններ կը կատարէր Կովկասի զանազան կողմերը, զանոնք օգտագործելով նաեւ կուսակցութեան գործերու եւ շրջաններու կազմակերպման համար։

Մինչեւ 1902 թուականը, Զաւարեան Հ.Յ.Դաշնակցութեան կեդրոնական դէմքն էր Կովկասի մէջ, մանաւանդ 1898էն ետք, երբ Քրիստափորը կը մեկնի արտասահման։ Ան կ'ենթարկուի խուզարկութիւններու եւ ձերբակալութիւններու, բայց միշտ կը մնայ դիրքի վրայ։

1902-ի գարնան, երբ Քրիստափորը «Փոթորիկ»ի գործով կը մեկնի Ռուսաստան, անոր տեղը Ժընեւ կ'անցնի Զաւարեանը, իբրեւ «Դրօշակ»ի խմբագրութեան անդամ։

1904-ին, Հ.Յ.Դ. Գ. Ընդհանուր Ժողովի որոշումով, Սոֆիայի մէջ, կուսակցութեան որոշումով Զաւարեան կ'անցնի Կիլիկիա Խանասորի Վարդանին հետ՝ յեղափոխական կազմակերպութիւն յառաջացնելու համար[4]։ Զաւարեան կը յաջողի ամրապնդել Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը Կիլիկիոյ եւ Լիբանանի մէջ, կապելով կուսակցութեան հետ երիտասարդ ուժերը։

1904-ին կը հիմնէ ուսանողական միութիւն մը Լիբանանի մէջ, որ յետագային իր անունով կը կոչուի Զաւարեան Ուսանողական Միութիւն ։

Սակայն Ռուսաստանի յեղափոխական դէպքերուն պատճառաւ, Զաւարեան կը ստիպուի վերադառնալ Կովկաս, անգամ մը եւս նետուելով կուսակցական աշխատանքի մէջ, որպէս Բիւրոյի անդամ, «Յառաջ» օրաթերթի խմբագիրներէն մէկը, իբրեւ ղեկավար դէմք Հ.Յ.Դաշնակցութեան. 1906-ին նախագահ կ'ընտրուի Էջմիածնի Ազգային Կեդրոնական Ժողովին։ Կը մասնակցի Հ.Յ. Դաշնակցութեան Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովին Վիեննայի մէջ։ Կը գլխաւորէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը Մկրտիչ Խրիմեանի յուղարկաւորութեան ժամանակ։

1908-ին Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, երբ Կովկասի մէջ ծայր կու տան հալածանքները դաշնակցականներու դէմ, Զաւարեանը կ'անցնի Պոլիս։ Իսկ Ատանայի կոտորածէն ետք, 1909-ին, անձամբ կ'երթայ Կիլիկիա, տեղւոյն վրայ ստուգելու համար թրքական վայրագութիւններուն չափն ու պատճառները։ Եւ ապա Պոլսոյ Պատրիարքարանի որոշումով, իբրեւ Տարօնի ազգային դպրոցներու ընդհանուր տեսուչ, կը ղրկուի Մուշ, ուր կը մնայ մինչեւ 1911 թուականը։ Հոն, մօտէն կը ծանօթանայ տիրող կացութեան եւ իր նպաստը կը բերէ բարենպաստ պայմաններու ստեղծումին եւ նոր թափ կու տայ Երկրի (գաւառի) հայութեան ազգային-քաղաքական ինքնակազմակերպման եւ ինքնապաշտպանման գործին:

1911-ի ամառը Զաւարեան կը մասնակցի Հ.Յ.Դ. Վեցերորդ Ընդհանուր Ժողովին, Պոլսոյ մէջ։ Հոն ալ կը մնայ Ընդհանուր Ժողովէն ետք, որպէս Բիւրոյի անդամ: Եսայեան վարժարանի ուսուցչական պաշտօնէն դուրս իր ամբողջ ժամանակն ու եռանդը կը նուիրէ կուսակցութեան եւ հասարակական գործունէութեան։ Արդէն առողջութիւնը խանգարուած է:

1913, 14 Հոկտեմբերին, իր բնակարանէն «Ազատամարտ»ի խմբագրատունը գացած ժամանակ Աշխատանքի Տան առջեւ, Զաւարեան կ'իյնայ ուժաթափ՝ փչելով իր վերջին շունչը։

Պոլիսն ու ԹիՖլիսը, ուր տարին անոր աճիւնը Խոջիվանքի գերեզմանոցին մէջ թաղելու համար, արտասովոր յուղարկաւորութիւն կատարեցին։ Աւելի ուշ, 1990ական թուականներու վերջաւորութեան Զաւարեանի աճիւնները ԹիՖլիսէն փոխադրուեցան Լոռի։

Կարօ Սասունին իր «Լեռներու Խորհուրդը» գիրքին (Պէյրութ, 1984) «Էնոնք ողջ մնան» գլուխին մէջ, կը նկարագրէ Սիմոն Զաւարեան՝ տեսուչը: Հատուած մը՝ «...Տեսուչը կ՛անցնէր գիւղերէն, ձեռքը՝ հովուական գաւազան մը: Հագուած էր պարզուկ ու անխնամ: Ուսէն կախուած էր կաշիէ պայուսակ մը, ուր զետեղուած էին իր նօթատետրերը եւ կտոր մը հաց: Ալեխառն մօրուքն ու մազերը հովին տուած, կ՛անցնէր ծաղկած անդաստաններէն...

...Ան տաք ու համատարած շունչի մը պէս կը բացուէր իր շրջապատին, կ՛ընդգրկէր հայ հողն ու գիւղացին, մարդն ու բնութիւնը: Անոր տեսքէն կ՛արտացոլար համակ նուիրում մը. կարծես թէ լեռներէն նոր իջած հինաւուրց ճգնաւոր մըն էր, որու լռութենէն իմաստութիւնն ու բարութիւնը կը կաթկթէին...:»

Սիրուեցաւ ու յարգուեցաւ բոլորէն: Աշխարհի բոլոր ծագերուն, ուր հայ կայ, անոր անունով անուանուեցան վարժարաններ, ուսանողական, աշակերտական, պատանեկան, եւ երիտասարդական միութիւններ:

  • Ապակեդրոնացումը, Կ. Պոլիս, 1908, 50 էջ:
  • Սիմոն Զաւարեան, մահուան եօթանասունամեակին առթիւ, հատ. Ա, խմբ. Հրաչ Տասնապետեան, Պէյրութ, 1983, 742 էջ:
  • Սիմոն Զաւարեան, մահուան եօթանասունամեակին առթիւ, հատ. Բ, խմբ. Հրաչ Տասնապետեան, Պէյրութ, 1992, 612 էջ:
  • Սիմոն Զաւարեան, մահուան եօթանասունամեակին առթիւ, հատ. Գ, խմբ. Հրաչ Տասնապետեան, Պէյրութ, 1997, 720 էջ:
  • Երկեր, կազմող՝ Դ. Պետրոսյան, Երեւան, 1991, 144 էջ:

Գրականութիւն

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել