Ազատամարտ (թերթ)
Ազատամարտ, քաղաքական եւ հասարակական օրաթերթ։
Ազատամարտ Ազատամարտ | |
---|---|
Տեսակ | թերթ |
Լեզու | հայերէն |
Հիմնադրուած է | 10 Յունիս 1909 |
Հիմնադիր | Ռուբէն Զարդարեան |
Երկիր | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Հրատարակման վայր | Կոստանդնուպոլիս |
Գրասենեակ | Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Թերթի ծնունդ
Խմբագրել10 Յունիս 1909-ին. Պոլսոյ մէջ լոյս տեսաւ Ազատամարտ թերթը:
Ազատամարտ թերթի անդրանիկ թիւի խմբագրականէն չէ մէջբերուած անմահն պատգամի հնչեղութիւն ունեցող հրապարակագրական այդ դաւանանքը։ Այլ՝ առնուած է «Ազատամարտ»ի նոյնքան արժանաւոր խմբագրապետ Ռուբէն Զարդարեանի «Բագինի փառաբանութիւնը» գործէն։
Ռուբէն Զարդարեանի վստահուեցաւ Ազատամարտ թերթի արտօնատէր-խմբագրապետի պատասխանատուութիւնը։
1913-1914 Յակոբ Սիրունի Յակոբ Ճ․ (Ճօլօլեան) Սիրունի կը վարէ «Ազատամարտ» օրաթերթի պատասխանատու տնօրէնին պաշտօնը։
Թէեւ հազիւ վեց տարի ապրեցաւ Ազատամարտ թերթը եւ փակուեցաւ 24 Ապրիլ 1915-ին, այսուհանդերձ՝ անոր հրատարակութեան կարճատեւ շրջանն իսկ բաւարար եղաւ, որպէսզի «Ազատամարտ»ը նոր հորիզոններ բանայ ընդհանրապէս հայ մամուլին եւ յատկապէս դաշնակցական պաշտօնաթերթերու արդէն բազմանդամ ընտանիքին առջեւ։ Բայց Առաջին Աշխարհամարտի աւարտէն ետք, 1918-ին, ան վերահրատարակուեցաւ նախ «Արդարամարտ», ապա՝ «Արիամարտ» եւ հուսկ «Ճակատամարտ» անուններով, թրքական գրաքննութեան կաշկանդումներէն խուսափելով, մինչեւ որ Հանրապետական Թուրքիոյ իշխանութիւնները վերջնականապէս արգիլեցին անոր հրատարակութիւնը։
Խմբագրական մարմին
ԽմբագրելԽմբագրական մարմնին մաս կազմեցին Շաւարշ Միսաքեան, Էտկար Ակնունի (Խաչատուր Մալումեան), Յակոբ Ճ. Սիրունի (Ճօլօլեան), Արշակ Վռամեան (Օննիկ Դերձակեան), Յարութիւն Շահրիկեան (Ատոմ), Գեղամ Բարսեղեան, Համբարձում Համբարձումեան, Ռուբէն Դարբինեան, Ներսէս Փափազեան, Լիպարիտ Նազարեանց (Լեռնեան), Լեւոն Աղապապեան, Լեւոն Մոզեան եւ ուրիշներ։
Շատ աւելի ընդգրկուն եղաւ «Ազատամարտ»ի մնայուն աշխատակիցներուն շրջանակը, որոնց շարքին իրենց կարեւոր տեղը ունեցան Սիմոն Զաւարեանի եւ Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի ու Յակոբ Օշականի, Գարեգին Խաժակի եւ Ռուբէն Սեւակի, Աւետիք Իսահակեանի եւ Կոստան Զարեանի, Աւետիս Ահարոնեանի եւ Զապէլ Եսայեանի, Լեւոն Շանթի եւ Վազգէն Շուշանեանի, Վրթանէս Փափազեանի եւ Արտաշէս Յարութիւնեանի տարողութեամբ վաւերական ու մեծանուն դէմքեր։
Ազատամարտի աշխատակից
ԽմբագրելՎռամշապուհ Արապեան Օսմանեան բանտին մէջ, իբր զինագործ-մեքենագէտ, կը ղրկուի Սանաա՝ հոնկէ աշխատակցելով «Ազատամարտ»ի Վռամ ստորագրութեամբ։
Գեղամ Վրդ. Թէվէքէլեան աշխատակցած է Ազատամարտին: