Յակոբ Սիրունի

հայ բանասէր, գրող, մտաւորական

Յակոբ Առաքել Սիրունի (Ճոլոլեան, 6 Ապրիլ 1890(1890-04-06), Ատապազար, Թուրքիա - 7 Ապրիլ 1973(1973-04-07), Պուխարեստ, Ռումանիա), բանասէր, հրապարակագիր, գրող, մտաւորական։

Յակոբ Սիրունի
Ծննդեան անուն Յակոբ Առաքել Ճոլոլեան
Ծնած է 6 Ապրիլ 1890(1890-04-06)
Ծննդավայր Ատապազար, Թուրքիա
Մահացած է 7 Ապրիլ 1973(1973-04-07) (83 տարեկանին)
Մահուան վայր Պուխարեստ, Ռումանիա
Քաղաքացիութիւն  Ռումանիա
 Օսմանեան Կայսրութիւն
Ուսումնավայր Էսայեան Վարժարան
Ազգային Կեդրոնական Վարժարան
Պոլսոյ Համալսարան
Մասնագիտութիւն պատմաբան, գրագէտ, գրականագէտ, արեւելագէտ, հայագէտ, հրապարակախօս
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Կրթութիւն Խմբագրել

Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ իր ծննդավայրին մէջ, ապա՝ 1901-ին, Պոլսոյ Էսայեան նախակրթարանին մէջ, որուն ընթացքը կ՛աւարտէ 1904-ին։ Կը շարունակէ ուսումը ու շրջանաւարտ կը պսակուի յաջորդաբար Ազգային Կեդրոնական վարժարանին երկրորդականէն՝ 1909-ին, եւ Պոլսոյ համալսարանի իրաւագիտական բաժնէն 1913-ին։

Գործունէութիւնը՝ Պոլսոյ մէջ Խմբագրել

Էսայեան վարժարանէն դուրս շրջանաւարտներու միասնութիւնը ապահովելու նպատակով, 1908 թուականին, վարժարանի լրացուցիչ դասարանի (1900-1901) առաջին սաներէն՝ Կատարինէ Քիւտնէրեանին, Հ. Ճ. Համբարձումեանին հետ կը հիմնեն Էսայեան Սանուց Միութիւնը․ կ՛ըլլան նորակազմ Վարչութեան առաջին անդամները, իսկ պատուակալ անդամներ կ՛արձանագրուին Կոմիտաս եւ Մկրտիչ Էսայեան։ 1913 Մարտ-Յունիս ամիսներուն ընթացքին, կը կազմակերպեն 6 գրական ասուլիսներու շարք մը, որոնց ընթացքին կը քննարկուին Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ»ը, Գրիգոր Զօհրապի նորավէպերը, Դանիէլ Վարուժանի «Հեթանոս Երգեր»ը, Ռուբէն Զարդարեանի «Ցայգալոյս»ը, Յովհաննէս Սէթեանի բանաստեղծութիւնները, Սիամանթոյի «Ամբողջական Գործ»ը։ Ծրագրուած էր քննարկել ուրիշ գրողներու, բանաստեղծներու գործերն ալ, սակայն քաղաքական հետագայ պայմանները թոյլատու չեն ըլլար ու շարքը կ՚ընդհատի[1]։

1908 եւ 1913 թուականներուն, մէջ ընդ մէջ կը բանտարկուի՝ որպէս քաղաքական անբարեյոյս տարր։

1908-1914 մերթ ընդ մերթ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Արեւելք», «Սուրհանդակ», «Ազատամարտ» օրաթերթերու խմբագրութեանց։ 1913-1914 կը վարէ «Ազատամարտ» օրաթերթի պատասխանատու տնօրէնի պաշտօնը։

1914-ին, Դանիէլ Վարուժանի հետ կը հրատարակեն «Նաւասարդ» տարեգիրքը։

1915-էն 1918, Պոլսոյ հայաշատ թաղամասերէն՝ Թաթաւլա\ի (ներկայիս Քուրթուլուշ) մէջ կ՛ապրի գաղտնօրէն․ այսպէս կը փրկուի 1915-ի Ցեղասպանութենէն։

Զինադադարը Պոլսոյ հայութեան առիթը կու տայ շունչ մը առնելու, ոգեկոչելու իր նահատակները եւ վերակազմելու ազգային խանգարուած մեքենան։ Սիրունի գործօն մասնակցութիւն կը բերէ Պոլսոյ Հայ Արուեստի Տան հիմնադրութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Կոմիտասեան յանձնախումբ»-ին, «Հայ տրամաթիք»-ի կազմակերպական աշխատանքներուն։ Քեմալականներուն յաղթական մուտքը Պոլիս պատճառ կ՚ըլլայ, որ ան բազմաթիւ մտաւորականներու պէս լքէ Պոլիսը․ կը մեկնի ու կը հաստատուի Ռումանիա՝ 1922-ին։

Գործունէութիւնը՝ Ռումանիոյ մէջ Խմբագրել

Ռումանիոյ մէջ սերտ կապեր կը հաստատէ Նիքոլա Եորկայի հետ, ու մշակութային, հասարակական գործունէութիւն կը ծաւալէ ռումանահայութեան մէջ, նպաստելով հայագիտութեան եւ արեւելագիտութեան տարածման։ Երկար տարիներ Արեւելեան Եւրոպայի եւ Պալկանեան ուսումնասիրական հիմնարկներուն եւ համալսարաններուն մէջ կը դասաւանդէ՝ գրաբար, ժամանակակից հայերէն եւ թրքերէն։

Միաժամանակ կը հրատարակէ՝ «Հայ մշակոյթի պատմութեան ժամանակագրութիւն», 1935-41, ոում․, «Հայաստանը ըստ թուրք, աշխարհագիրներու» հատորները։ Կ՛աշխատակցի մեծ թիւով հայկական, ռումանական եւ ֆրանսական թերթերու եւ հանդէսներու․ ինչպէս՝ «Նոր արշալոյս» (1922-1923, 1931), «Նաւասարդ» (1923-1926), «Արի» (1924-1928), «Անի» հանդէսը՝ 1935-1938, տարեգիրքը՝ 1941, 1942-1943, ռում․), «Արագ» (թերթը՝ 1932-1944, տարեգիրքը՝ 1933-1934) եւ այլ պարբերաթերթերու։ Գործօն մասնակցութիւն կը բերէ Ռումանիոյ հայ համայնքին կեանքին․ Նախագահ՝ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Շրջանային Վարչութեան, հիմնադիր՝ «Կոմիտաս» երաժշտական միութեան, «Հայ մշակութային Տան», եւ այլ միութիւններու կամ ընկերակցութիւններու։

Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմէն ետք, Ռումանիոյ քաղաքական յեղաշրջման իբրեւ հետեւանք կ՛աքսորուի Սիպերիա, 1944-1954։

Աքսորէն վերադարձին, կը շարունակէ իր աշխատասիրութիւնները ու կը հրատարակէ մեծ թիւով ուսումնասիրութիւններ՝ ձեռագրագիտութեան, աղրիւրագիտութեան, մատենագիտութեան, հայ թատրոնին, գաղթավայրերուն, ի մասնաւորի՝ ռումանահայութեան, նիւթերուն վերաբերեալ։

Հրատարակութիւններ Խմբագրել

Կը հրատարակէ աշխատասիրութիւններ հայերէն եւ ռումաներէն լեզուներով։

  • «Թրքական հրոսակախմբերու անծանօթ մի արշաւանք Ռումանիա 1769 թ․» -1940- ռում․,
  • «Ռումին իշխանները Բ․Դռան մօտ» (1941, ռում․),
  • «Թրքական դրամներուն շրջանառութիւնը ռումանական երկրներում» (1944, ռում․,),
  • «Ռումանական բառեր Տրանսիլւանիայի հայերի բարբառում» (1927), «Ռումանիայի վերաբերեալ նօթեր հայ մի հեղինակի մօտ․ Հ․ Ղուկաս Ինճիճեան» (1928),
  • «Քաղուածքներ Կամենիցի հայերի ժամանակագրութիւնէն (1430-1611)» (մաս 1, 1936),
  • «Հայ մշակոյթի պատմութեան ժամանակագրութիւն» 1935-41, ոում,
  • «Հայերուն ժամանակագրական պատմութիւն (հնագոյն շրջանէն մինչեւ 859)»- 1942-1943- ռում․,
  • «Հայ հին եւ նոր գրականութեան դէմքեր՝ Ռուբէն Զարդարեան – 1925, Երուանդ Օտեան-1927, Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան -1930, Մկրտիչ Խրիմեան -1934, Ինչպէս որ էին՝ Դանիէլ Վարուժան -1940», ․․․․․եւ այլ գործեր։
  • «Հայաստանը ըստ թուրք, աշխարհագիրներու» 1965,
  • «Թանզիմաթ եւ հայերը»1966,
  • «Հայ հին եւ նոր գրականութեան նօթեր՝ Կոմիտասին հետ» 1965,
  • «Միսաք Մեծարենց» 1968-1969,
  • «Յովհաննէս Թումանեան» 1969, ․․․․․ եւայլ։
  • 1960-61թ․«Էջմիածին» ամսագրի մէջ լոյս կը տեսնեն իր ուսումնասիրութիւնները՝ Եղիշէ Արք. Դուրեանի, Գարեգին Արք. Խաչատուրեանի, Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի, Կոմիտաս Վարդապետի եւ ուրիշներու մասին։
  • 1965-ին, Պոլսոյ մէջ կը հրատարոակուին «Պոլիս եւ իր դերը» քառահատոր երկերը։
  • 1965-1971 երկարող տարիներուն ընթացքին, իր երբեմնի աշակերտին՝ Վազգէն Ա․ Կաթողիկոսին հրաւէրով, 5 անգամ Հայաստան կ՛այցելէ ու սերտ կապեր կը հաստատէ հայրենիքի մտաւորականութեան հետ։
  • 1970-ին, Փարիզի մէջ կը նշուի իր ծննդեան 80-ամեակին յոբելեանը։
  • 1971-ին, Էջմիածին, կը հրատարակուի «Մատենագրութիւն Բրոֆ․Յ․Ճ․Սիրունու հայագիտական աշխատութիւններ»ի ժողովածուն։
  • 1971-ին, Պատուոյ նախագահ կ՛ընտրուի «Ռումանիոյ Արեւելագէտներու Ընկերակցութեան»։

Յետ մահու՝ Խմբագրել

  • 1977-ին Էջմիածին, կը հրատարակուի՝ «Յ․Ճ․Սիրունու գրական երկերի Մատենագիտութիւն»ը։
  • 2006-ին, Երեւան, կը հրատարակուին իր «Ինքնակենսագրական նօթեր»ը։
  • 2012-ին, կ՛ընտրուի անդամ Ռումանիոյ Կաճառին։

Հատուածներ իր յուշերէն՝

  ․․․Ղալաթիոյ եկեղեցին տեսակ մը ուխտավայր էր Պոլսոյ հայութեան համար: Կառուցուած յանուն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի` ան ժողովուրդին ծանօթ էր իբր «Ամենափրկիչ»: Պոլիսը, ամէն հինգշաբթի, ժամադրութիւն կու տար Ղալաթիոյ ժամուն բակը: Ոչ միայն անգործ մարդիկը, կիներ, աղջիկներ` որոնք ժամէ ժամ կը պտըտէին ուխտի, այլեւ գործի մարդիկ ալ` շուկայ երթալէ առաջ` անգամ մը կու գային Ամենափրկիչին: Ղալաթիոյ հինգշաբթիները տեսակ մը ամուսնական սակարան ալ էին: Յաճախ հոն կու գային հանդիպումներ ունենալու եւ ընտրութիւն կատարելու երկու սեռէ ապագայ թեկնածուներ[2]:  

Փարիզի յոբելեանին օրուան իր բանախօսութենէն՝

  ...անոնց օրով ճամբայ ելայ, անոնք կեանքը լքեցին, առանց որեւէ վայելքի պահ մը ապրած ըլլալու իրենց տքնութեան, իրենց ճգնութեան եւ իրենց տառապանքին փոխարէն: Ես անոնցմէ բախտաւոր եղայ: Բախտաւոր նախ անոր համար, որ իմ պարագայովս հերքուեցաւ այն ապուշ առածը որ Հայ ժողովուրդը ստեղծեր է՝ «գնա մեռիր, եկուր սիրեմ»: Ես լսեցի, կարդացի ինչ որ թերեւս պիտի գրէին մեռնելէս յետոյ: Այդ երջանկութիւնը տրուեցաւ ինձ ապրիլ, բախտատմամբ այն աւելի մեծ արժէքներուն որոնք գացին իրենց երազը իրենց սրտին մէջ պահած: Այլեւս հասած կը նկատեմ վայրկեանը, իրականացնելու պատգամը Չարենցի՝ «հոգեկան միութիւն»... Առանց հոգեկան այդ միութեան մի՛ հաւատաք որ մեր երազները կ'իրականանան. կէս կը մնան: Որպէսզի անոնք կէս չմնան, պէտք է մենք կէս չմնանք, պէտք է ամբողջութիւն մը կ'ազմենք: Այս պահուս մէջս կ'արթննանանգամ մը եւս անունները այն մարդոց, որոնք նման փառքեր վայելելու առիթը չունեցան եւ մեզ ձգեցին յափշտակիչի դերին մէջ։ Ներողութիւն կը խնդրեմ անոնց աճիւններէն....:  

[2]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, հատոր ԻԴ, Պէյրութ 1973, էջ 349 Ամէնուն տարեգիրքը, 1957 Կարօ Գէորգեան

Տե՛ս նաեւ Խմբագրել

Կեդրոնական վարժարան,Պոլիս

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

  1. "Էջմիածին" ամսագրին մասին