Շաւարշ Միսաքեան

Շաւարշ Միսաքեան (աւազանի անունը՝ Եղիազար, 1884, Սեբաստիոյ նահանգ, Սեբաստիոյ Նահանգ (վիլայէթ), Օսմանեան Կայսրութիւն - 26 Յունուար 1957(1957-01-26), Նէյի-սիւր-Սեն, Սենա), հայ հրապարակագիր, ազգային-քաղաքական գործիչ։

Շաւարշ Միսաքեան
Ծնած է 1884
Ծննդավայր Սեբաստիոյ նահանգ, Սեբաստիոյ Նահանգ (վիլայէթ), Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 26 Յունուար 1957(1957-01-26)
Մահուան վայր Նէյի-սիւր-Սեն, Սենա
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Ֆրանսա
Ազգութիւն Հայ[1]
Ուսումնավայր Ազգային Կեդրոնական Վարժարան
Մասնագիտութիւն լրագրող, գլխաւոր խմբագիր, մտավորական, քաղաքական գործիչ
Աշխատավայր Յառաջ
Արածանի
Հայկաշէն
Ազդակ
Ճակատամարտ
Դրօշակ
Վարած պաշտօններ գլխաւոր խմբագիր, գլխաւոր խմբագիր եւ գլխաւոր խմբագիր
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Երեխաներ Արփիկ Միսաքեան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Շաւարշ Միսաքեան ծնած է Սեբաստիա նահանգի Զիմառա գիւղին մէջ։ Վեց տարեկանին ընտանիքը կը փոխադրուի Պոլիս, ուր Շաւարշ կը յաճախէ, յաջորդաբար, Գումգափուի Մայր Վարժարանը, Կալաթայի Կեդրոնականը եւ Կէտիկ Փաշայի Կարկուրեան դպրոցը։ Տասնվեց տարեկանին մուտք կը գործէ հրապարակագրութեան ասպարէզ՝ «Սուրհանդակ» թերթի խմբագրութեամբ։

Շաւարշ Միսաքեանի հրապարակագրական ինքնահաստատումը կը սկսի 1908-ին, երբ Զապէլ Եսայեանի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ Վահրամ Թաթուլի հետ կը ձեռնարկէ Պոլսոյ «Ազդակ» շաբաթաթերթի հրատարակութեան։

1900ական թուականներուն, հրատարակած ու տարածած է յեղափոխական գրականութիւն, աշխատակցելով «Դրօշակ»ին եւ «Ռազմիկ»ին։ 1907ին մտած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերը։ Օսմանեան Սահմանադրութեան վերականգնումէն ետք, հիմնած է «Արծիւ» գրատունը, որ նաեւ հրատարակչական դեր ունեցած է [2]։

1911-1912-ին ստանձնած է Կարնոյ հռչակաւոր «Յառաջ» թերթի խմբագրութիւնը։ իսկ այնուհետեւ վերադարձած է 1913-ին Պոլիս մաս կազմելու համար Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»-ի խմբագրութեան[3]։ Խոյս տալով Ապրիլ 24ի ձերբակալութիւններէն, մօտ տարի մը ապրած է թաքստոցներու մէջ, ազատութեան մէջ գտնուող խումբ մը շարքայիններ գլխաւորելով, որպէս կուսակցական մարմին։ Արժէքաւոր տեղեկութիւններ եւ յօդուածներ հայթայթած է Սոֆիայի «Հայաստան» թերթին՝ ընթացող ճնշումներուն, աքսորներուն եւ ջարդերուն մասին։ Օսմանեան իշխանութիւնները, չկարենալով զինք գտնել, հայրը աքսորած են Գոնիա, բայց ան յաջողած է փախչիլ։

Շ. Միսաքեան պուլկարացի լրտեսի մը դաւաճանութեամբ ձերբակալուած է 26 Մարտ 1916ին, երբ փորձած է Պոլիսէն հեռանալ ու Պուլկարիա ապաստանիլ։ Բանտարկուած ու տանջանքներու ենթարկուած է։ Փորձած է փախչիլ՝ բանտի երրորդ յարկէն վար նետուելով, բայց ոտքը կոտրած ու բռնուած է։ Մահուան դատապարտուելով, մահավճիռը փոխարինուած է հինգ տարուան բանտարկութեամբ։ Բանտին մէջ մնացած է մինչեւ 17 Նոյեմբեր 1918,[4] երբ ազատ արձակուած է Մուտրոսի զինադադարէն ետք (30 Հոկտեմբեր 1918)[2]:

1925-ին հիմնած է Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթը, որուն հրատարակիչն ու վարիչ խմբագիրը մնացած է մինչեւ մահը։ Շաւարշ Միսաքեան «Յառաջ»-ի կողքին նաեւ մաս կը կազմէ «Դրօշակ»-ի խմբագրութեան ու կուսակցական բարձրագոյն պատասխանատու պաշտօն կը վարէ՝ իբրեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, ապա Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ։

‎‎1943-ին, ազգային «Յառաջ» վարժարանի հիմնումէն ետք, անմիջապէս հիմը կը դրուի «Յառաջ» Պատանեկան միութեան, ԼԵՄ-ի «Շ.Միսաքեան» մասնաճիւղին՝ իբրեւ շարունակութիւն Մուսա Լերան պատանեկան միութեան։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին Յղումներ

Խմբագրել