Հայ Ժողովուրդի Մայիսեան Հերոսամարտեր
Հայ ժողովուրդի մայիսեան հերոսամարտեր, Մայիս 1918-ին տեղի ունեցած Ճակատամարտեր, որոնց յաղթական աւարտին շնորհիւ, հայ ժողովուրդը կը փրկուի ֆիզիքական բնաջնջումէն։ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի մարտերէն ետք, կը վերականգնի հայոց պետականութիւնը։ 28 Մայիս 1918-ին, կը հռչակուի Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ Երեւան մայրաքաղաքով։
Մայիսեան հերոսամարտերուն շնորհիւ, հայ ժողովուրդը կը յաջողի թշնամիին արժանի հակահարուած տալ եւ վիժեցնել Արեւելեան Հայաստանը բռնագրաւելու եւ տեղի հայութիւնը ոչնչացնելու երիտթուրքերու ծրագիրը։ Անոնք ամբողջ հայ ժողովուրդի հաւաքական ուժի եւ ազգային միասնականութեան յաղթանակն էին։ Աւելին, եղեռն տեսած, կեանքի ու մահուան եզրին կանգնած հայ ժողովուրդը ոչ միայն կը պահպանէ իր ֆիզիքական գոյութիւնը, այլեւ կը ստիպէ թշնամիին հաշուի նստելու իրեն հետ եւ ճանչնալ իր անկախ ապրելու իրաւունքը։ Մայիսեան հերոսամարտերը հիմք կը հանդիսանան Հայաստանի անկախութեան, կը դառնան հայոց նոր ժամանակներու Աւարայրը, որոնք իրենց խաղացած դերով ու նշանակութեամբ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն հերոսական դրուագներէն կ'ըլլան։ Այս դէպքերով, կարելի է ըսել, կը փակուի հայ ժողովուրդի ողբերգական պատմութեան շրջանը, եւ կը սկսի նորագոյն՝ հայկական պետականութիւններու պատմութեան ժամանակաշրջանը։
Հոկտեմբերեան յեղափոխութիւնը եւ Երզնկայի զինադադարը
Խմբագրել1917-ին, Հոկտեմբերեան յեղափոխութիւնը նոր իրավիճակ կը ստեղծէ Ռուսական կայսրութեան ու անոր ենթակայութեան տակ գտնուող Անդրկովկասի մէջ։ Ռուսաստան դուրս կու գայ Ա. համաշխարհային պատերազմէն (1914-1918)։ Խորհրդային իշխանութեան ընդունած հաշտութեան մասին հրովարտակով կոչ կ'ուղղէր պատերազմող երկիրներուն վերջ տալու ցարական պատերազմին եւ կնքել արդարացի հաշտութիւն։ Սակայն Խորհրդային Ռուսաստանի կառավարութեան կոչը արձագանգ չի գտներ Անտանտի տէրութիւններու կողմէ։ Ուստի Ռուսաստան պատերազմէն դուրս բերելու եւ հաշտութիւն կնքելու նպատակով 1917-ի վերջերուն, խորհրդային կառավարութիւնը զինադադար կը կնքէ Գերմանիոյ հետ, ու կը սկսին անջատ հաշտութեան բանակցութիւնները։
Խորհրդային Ռուսաստանի օրինակով, Անդրկովկասեան կոմիսարիատը եւս, արձագանգելով հաշտութեան գաղափարին, կ'որոշէ զինադադար կայացնել թուրքերուն հետ։ Կողմերը կ'ընդառաջեն եւ 5 Դեկտեմբեր 1917-ին, Երզնկայի մէջ, զինադադար կը ստորագրուի։ Անդրկովկասի համար առաւել կործանարար հետեւանք կ'ունենայ Կովկասեան ռազմաճակատին շուրջ կէս միլիոննոց բանակին քայքայումը։ Կը սկսի ռուսական բանակին քայքայումն ու կազմալուծումը։ Յատկապէս կը նպաստէ այն հանգամանքը, որ խորհրդային կառավարութիւնը հաշտութեան հրովարտակով կը յայտարարէ, թէ աւելի ուշ պիտի կնքուի արդարացի հաշտութեան պայմանագիրը։ 1917-ի վերջին հրահանգն էր՝ ռուսական զօրքերը դուրս բերել Աւստրօ - Հունգարիոյ, Թուրքիոյ եւ Պարսկաստանի գրաւեալ տարածքներէն։ Անոր հետեւանքով, Կովկասեան ռազմաճակատին զօրքերը կը սկսին զանգուածաբար լքել իրենց դիրքերը եւ վերադառնալ տուն։ Այդպիսով՝ գործնականին մէջ կը քայքայուի ու կը մերկանայ շուրջ 750 Քմ. երկարութեամբ ռազմաճակատը։ Հայ ժողովուրդը կրկին կը կանգնի թրքական ներխուժման սպառնալիքին առջեւ։ Թրքական զօրքերու յարձակումը չ'ուշանար[1]։
Թրքական յարձակումը
ԽմբագրելԿովկասեան ռազմաճակատին քայքայման պայմաններուն մէջ, անհրաժեշտ կը դառնայ ինքնապաշտպանութեան նպատակով ազգային զօրամիաւորումներու ստեղծումը։ Հայոց ազգային խորհուրդը, Արեւմտահայ ապահովութեան մարմինը, Պաքուի եւ Երեւանի Հայոց ազգային խորհուրդները մեծ ներդրում կը կատարեն ռուսական բանակին մէջ ծառայող հայ զինուորներէն ու կամաւորական խումբերէն զօրամիաւորներ ստեղծելու գործին մէջ։ Երեւանի ազգային խորհուրդի ղեկավար՝ Արամ Մանուկեան աւելի ուշ կը ստանձնէ Երեւանի դիկտատորի պարտականութիւններ։
Հայկական զօրամասեր կազմակերպելու համար կը ներգրաւեն ցարական բանակի հայազգի զօրավարներ ու բարձրաստիճան սպաներ՝ Թովմաս Նազարբէկեան, Մովսէս Սիլիկեան, Դանիէլ Բէկ Փիրումեանը եւ ուրիշներ։ Մարտ 1918-ին, հայկական զօրամիաւորներէն կը կազմաւորուի Հայկական առանձին բանակային ջոկատը, որուն հրամանատար կը նշանակուի՝ զօրավար Թովմաս Նազարբէկեան, իսկ պատգամաւոր՝ ազատագրական շարժման նշանաւոր գործիչ՝ Դրաստամատ Կանայեան (Դրօ)։
Հայկական ջոկատին մէջ կը մտնէր նաեւ երկրապահ կամաւորական զօրաբաժինը, որուն հրամանատար կը նշանակուի սպարապետի կոչում ստացած՝ զօրավար Անդրանիկը։ Անդրանիկի կողքին կը կռուէին ֆետայիներ Սեբաստացի Մուրատը, Սեպուհը, Գարեգին Նժդեհը եւ ուրիշներ։
Հայկական զօրամիաւորները փաստօրէն կը ստեղծուէին թրքական զօրքերու յարձակման պայմաններուն մէջ եւ կոչուած էին պաշտպանելու ռազմաճակատին գիծը Տրապիզոնէն մինչեւ Վանայ լիճ։ Այդ զօրամիաւորները ապագային կը դառնան հայկական ազգային բանակին հիմքը։ Պրեսթ-Լիթովսքի հաշտութեան բանակցութիւններու օրերուն օսմանեան Թուրքիան, օգտուելով իր հզօր դաշնակից Գերմանիոյ աջակցութենէն, ինչպէս նաեւ Կովկասեան ճակատին կազմալուծումէն, 28 Յունուար 1918-ին խախտելով Երզնկայի զինադադարը, կ'անցնի յարձակման։ Արագօրէն հեռացող ռուսական զօրքը մեծաքանակ զինամթերք կը ձգէ Արեւմտեան Հայաստանի, մէջ։ Անդրանիկի նախաձեռնութեամբ Հայոց ազգային խորհուրդը կ'որոշէ ճակատը պահել եւ Անդրանիկը կը նշանակէ տեղի պաշտպան, շրջանի ղեկավար՝ հակառակ սպայակոյտի կարծիքին։
Հայ կամաւորները առանձին խումբերով կը փորձեն դիմադրութիւն կազմակերպել՝ Երզնկային մէջ՝ Սեբաստացի Մուրատը, Բաբերդի մէջ՝ Սեպուհը, Քղիի մէջ՝ Թուրիկեանը։ Կովկասեան բանակի հրամանատարութիւնը Յունուար 1918-ին Անդրանիկի կը շնորհէ զօրավարի կոչում եւ կը նշանակուի ռազմաճակատի հրամանատար։ Վերջինս կը ժամանէ Ալեքսանդրապոլ, ապա կ'անցնի Կարս, 10 Փետրուարին՝ Էրզրում (Կարին)։ Արիւնահեղ մարտեր մղելով՝ Մուրատ Երզնկայէն գաղթականներուն հետ կը նահանջէ Դերջան, ապա՝ Էրզրում։ Անյաջող կ'ըլլան նաեւ Քղիի մէջ թուրքերն ու քիւրտերը կանգնեցնելու Թուրիկեանի ջանքերը։
Թուրքերու պահանջքով, Անդրկովկասի վրացական եւ ազրպէյճանական քաղաքական ուժերը կը կատարեն երկրամասը Ռուսաստանէն անջատելու նոր քայլ մը։ 10 Փետրուար 1918-ին Թիֆլիսի մէջ, կը կազմուի Անդրկովկասի խորհրդարանը՝ մենշեւիկ Միքոլոկ Չխեիձէի նախագահութեամբ։ Խորհրդարանը կը ներկայացուի 36 վրաց մենշեւիկ, 30 մուսաւաթական, 27 դաշնակցական, 19 ԷսԷռ եւ այլ կուսակցութիւններու պատուիրակներով։ Սէյմը կը դառնայ երկրամասին օրէնսդիր բարձրագոյն մարմինը, իսկ գործադիր մարմինին նորակազմ կառավարութեան նախագահ կը նշանակուի Եւգենի Քեքեչկորին։ Դաշնակցականները (Յովհաննէս Քաջազնունի, Ալեքսանտր Խատիսեան, Խաչատուր Կարճիկեան եւ ուրիշներ), դէմ կանգնելով Ռուսաստանէն անջատուելուն,կը մտնեն Սէյմի մէջ՝ թուրքերու դէմ միայնակ չմնալու ակնկալիքով։ Կը շարունակուի թրքական զօրքերու առաջընթացը։ Փետրուարին, անոնք կը գրաւեն Դերջանն ու Բաբերդը, Մարտի սկիզբ՝ Էրզրումը, ուրկէ Անդրանիկը կը հեռանայ Ալեքսանտրապոլ՝ չստանալով օգնական ոչ մէկ ուժ։ Հայկական ուժերը չեն կրնար առանձին պահել 400 քմ. երկարութեամբ ճակատային գիծը։
Պրեստ-Լիթովսկի պայմանագիրը
ԽմբագրելՊրեստին մէջ, 3 Մարտ 1918-ին Խորհրդային Ռուսաստանի եւ գերմանա-թրքական խմբաւորման միջեւ կը կնքուի պայմանագիրը, որմով Վլատիմիր Լենինի կառավարութիւնը կը հրաժարի Արեւմտեան Ուքրանիայէն, Արեւմտեան Պելառուսիայէն եւ Մերձպալթիքայէն՝ յօգուտ Գերմանիոյ, եւ Արեւմտեան Հայաստանէն՝ յօգուտ Թուրքիոյ։ Թուրքերուն կը տրուի նաեւ Կարսը, Արտահանը, ինչպէս նաեւ Վրաստանէն՝ Պաթումը, որոնք 1878-էն Ռուսական կայսրութեան մաս կը կազմէին։
Այսինքն՝ կը վերականգնէր այն սահմանագիծը, որ գոյութիւն ունեցած էր 1877-1878 ռուս-թրքական պատերազմին[2]։
Թուրքերու ապագայ յառաջխաղացքը դէպի Անդրկովկաս կանխելու եւ գոնէ 1914-ի նախապատերազմեան սահմանները պահպանելու նպատակով, Անդրկովկասեան կոմիսարիատը եւ Սէյմը 1918-ի Մարտի սկիզբէն Տրապիզոնի մէջ Թուրքիոյ հետ հաշտութեան բանակցութիւններ կը սկսին։ Պրեստի պայմանագիրը յաղթաթուղթ կը դառնայ Թուրքիոյ ձեռքին իր հետագայ հարստահարման ծրագիրներն իրականացնելու համար։ Թրքական պատուիրակութիւնը, գօտեպնդուած իր ռազմական յաջողութիւններով, կը պահանջէ Թուրքիոյ յանձնել Կարսը, Արտահանը եւ Պաթումը։ Միաժամանակ Թուրքիա կը պահանջէ, Անդրկովկասը անջատել Ռուսաստանէն, եւ ինքզինք անկախ հռչակել։ Ան նպատակ կը հետապնդէր լուծել իր Բան-թուրքական հարստահարման ծրագիրները։ Նման պայմաններու մէջ, Տրապիզոնի հաշտութեան խորհրդաժողովը կը մտնէ փակուղի, եւ Ապրիլի սկիզբը բանակցութիւնները կ'ընդհատուին։
Սէյմի պատուիրակութեան (նախագահ՝ Ակակի Չխենկելի) 12 անդամներէն 7-ն իսլամ էր։ Ազրպէյճանցի պատուիրակները, ընդառաջելով իրենց թուրք եղբայրներուն պահանջներուն, կողմ էին Պրեստ-Լիթովսկի պայմանագիրով նախատեսուած տարածքները Թուրքիոյ յանձնելուն։ Վրաց պատուիրակները, դէմ կանգնելով Արեւմտեան Հայաստանը եւ Տրապիզոնը Թուրքիոյ ձգելուն, իրականին մէջ ոչ մէկ քայլ կը կատարեն թուրքերու յառաջխաղացքը կանգնեցնելու ուղղութեամբ, աւելին՝ կը մերժեն հայկական կողմին առաջարկը՝ միասին պահելու ճակատը։ Թուրք-անդրկովկասեան անջատ բանակցութիւնները Տրապիզոնի մէջ արդիւնք չեն տար, եւ Սէյմի պատուիրակութիւնը կը վերադառնայ Թիֆլիս։
Իրավիճակի սրումն ու ռազմական բախումները
ԽմբագրելՏրապիզոնի հաշտութեան բանակցութիւններու ձախողութենէն ետք, թրքական զօրքերը կ'արշաւեն Արեւելեան Հայաստան։ Մարտ 1918-ի վերջը կ'իյնայ Սարիղամիշը։ Կովկասեան բանակի հրամանատար՝ վրացի զօրավար Իլիա Օտիշելիձէ, Ակակի Չխենկելիի հրամանով 11-12 Ապրիլ 1918-ին, գրեթէ առանց կռիւի, թշնամիին կը յանձնէ լաւ ամրացուած Կարսի բերդը, որուն պաշտպանութեան հրամանատարը նշանակուած էր զօրավար Թովմաս Նազարբէկեանը։
Թուրք կեղեքիչներու դէմ պայքարի հարցին մէջ, հայ քաղաքական բոլոր կուսակցութիւնները միակամ էին։ Ապրիլ 1918-ին Ալեքսանդրապոլին մէջ, Հայոց Ազգային Խորհուրդին նախաձեռնութեամբ, կը կայանայ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու եւ անկուսակցական գործիչներու խորհրդակցութիւնը։ Խորհրդակցութիւնը կ'որոշէ «բոլոր հնարաւոր միջոցներով շարունակել երկիրի պաշտպանութիւնը»։ Սակայն հայութիւնը առանձին ի վիճակի չէր դիմադրելու թուրք կեղեքիչներուն։ Հայրենիքի պաշտպանութեան գործը կը ստանձնէ Արամ Մանուկեան, որ 1917-ին կը գլխաւորէր Երեւանի ազգային խորհուրդը։ Ան ստացած էր դիկտատորի լայն լիազօրութիւններ՝ իր ձեռքին մէջ կենդրոնացնելով Երեւանի նահանգի ռազմական եւ վարչական իշխանութիւնը, կարգ ու կանոն հաստատելու Երեւանի մէջ, սանձելու աւազակային խումբերու գործողութիւնները, կազմակերպելու զինուորական ուժեր եւ ուղարկելու ռազմաճակատ։ Թուրքիոյ ճնշմամբ, Անդրկովկասի Սէյմը 9 Ապրիլ 1918-ին, վրաց մենշեւիկներու եւ ազերի տաճիկներու ջանքերով որոշում մը կայացուցած է՝ երկրամասը Ռուսաստանէն անջատելու մասին։ Սէյմի հայ պատուիրակութիւնը, որ դէմ էր այդ որոշման, կը մնար փոքրամասնութեան մէջ։ Անդրկովկասի Սէյմը կը հռչակէ Անդրկովկասի Դաշնային Դեմոկրատական Հանրապետութեան անկախութիւնը։ Կը հաստատուի նոր կառավարութիւն՝ Ակակի Չխենկելիի գլխաւորութեամբ։
Անդրկովկասը անկախ յայտարարելով կացութիւնը չի փրկուիր Անդրկովկասեան կառավարութեան մէջ համերաշխութեան չգոյութեան պատճառով։ Նոր կառավարութեան նախագահ՝ Մենշեւիկ Ա. Չխենկելին կը վարէր թրքամէտ քաղաքականութիւն։ Անդրկովկասի երեք հիմնական (հայ, վրացի, ազերի ) ազգերու անմիաբանութիւնն էր պատճառը, որ թրքական զօրքերը ռազմական յաջողութիւններ կ'ունենային։1918-ի գարնան, թուրք-անդրկովկասեան պատերազմը կը վերածուի թուրք-հայկականի։ Բանակային երեք ջոկատներէ կազմուած 50-հազարնոց թրքական «Կարս» զօրամիաւորումը առաջադրանք կը ստանայ նուաճելու ողջ Արեւելեան Հայաստանը, հասնելու Պաքու, Տաղստան եւ Հիւսիսային Իրան։ 15 Մայիսին, անցնելով Ախուրեան գետը, անոնք կը ներխուժեն Ալեքսանտրապոլ։ Թրքական 3-րդ եւ 4-րդ բանակային զօրախումբերը հրաման կը ստանան Արարատեան դաշտէն մտնել Երեւան։ Երեւանեան ուղղութիւնը պաշտպանող մօտ 10-հազարնոց զօրախումբի հրամանատար կը նշանակուի զօրավար Մովսէս Սիլիկեան, հրամանատարութեան կեդրոն կը նշանակուի Վաղարշապատի Գէորգեան ճեմարանի շէնքին մէջ։ Թրքական զօրքերու ռազմական յաջողութիւնները կը հարկադրեն Անդրկովկասի կառավարութիւնը վերսկսելու Տրապիզոնի մէջ ընդհատուած բանակցութիւնները։ Մայիսի սկիզբները, Պաթումի մէջ, կը սկսին թուրք-անդրկովկասեան հաշտութեան նոր բանակցութիւններ։ Սակայն ռազմական յաջողութիւններով արբեցած թուրքերը բնաւ մտադրութիւն չունէին բաւարարուիլ Պրեստի հաշտութեան պայմաններով։ Անոնք կողոպուտի նոր պահանջներ կը ներկայացնեն, որուն պատճառով բանակցութիւնները կրկին կը մտնեն փակուղի[3]։
Սարդարապատի ճակատամարտը
ԽմբագրելՍարդարապատի ուղղութեամբ թուրքերը դուրս կը բերեն 15-հազարնոց զօրք՝ Եագուպ Շեվքէթ փաշայի հրամանատարութեամբ։ Ճակատամարտէն առաջ, Սիլիկեան Գէորգ Ե. Սուրէնեանց կաթողիկոսին կ'առաջարկէ հեռանալ Սեւանի ուղղութեամբ՝ անոր անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով։ Սակայն կաթողիկոսը ոչ միայն չի հեռանար Ս. Էջմիածինէն, այլեւ կը կարգադրէ կոչնակ հնչեցնել բոլոր եկեղեցիներուն մէջ՝ ժողովուրդը թուրքերուն դէմ պայքարի հանելու յորդորով։
Արարատեան դաշտ ներխուժած թուրք զինուորները 21 Մայիսին կը գրաւեն Սարդարապատ գիւղն ու կայարանը։ Հայ ժողովուրդը ազգային-ազատագրական պայքարի կը դիմէ, ուր պիտի վճռուէր անոր գոյութեան հարցը։ Վտանգուած էին Էջմիածինն ու Երեւանը, ուր բազմահազար արեւելահայերէն բացի, հաւաքուած էին հարիւր հազարաւոր արեւմտահայ գաղթականներ։ 22 Մայիսի առաւօտեան ժամը 6-ին, եկեղեցւոյ զանգերու ղօղանջներուն տակ կը սկսի Սարդարապատի պատմական ճակատամարտը։ Սարդարապատի զօրաջոկատը, որուն հրամանատարը՝ գնդապետ Դանիէլ Բէկ-Փիրումեանն էր, հրետանային նախապատրաստութենէն ետք, կ'անցնի հակայարձակման։ Հայկական զինուժը հուժկու գրոհով ետ կ'առնէ թշնամիին կողմէ մէկ օր առաջ գրաւուած Սարդարապատը։ Թուրքերը, մեծ կորուստներ տալով, խուճապահար կը նահանջեն մինչեւ Արաքս կայարանի մօտակայ բարձունքները։ Իսկ քանի մը օր տեւած յամառ ու ծանր մարտերէն ետք, թրքական 15-հազարնոց զօրքը կը ջախջախուի եւ կը նահանջէ դէպի Գիւմրի։ Յաղթանակը կը բարձրացնէ զօրքին եւ ժողովուրդին տրամադրութիւնը։ Հայրենիքի պաշտպանութեան համար ոտքի կ'ելլէ Երեւանի ու Արարատեան դաշտի ողջ հայ բնակչութիւնը։ Հարիւրաւոր մարդիկ, անկախ կուսակցական պատկանելիութենէն, մասնագիտութենէն, քաղաքական համոզումներէն ու տարիքէն, կը ներկայանան զօրամաս եւ կամաւոր կը մեկնին ճակատ։ Գիւղացիները կը տրամադրեն փոխադրամիջոցներ, փամփուշտ, սննդամթերք եւ խրամատներ կը փորեն։ Հերոսամարտը կը ստանայ համաժողովրդական բնոյթ։ Արարատեան դաշտի ինքնապաշտպանութեան ոգին կը հանդիսանայ Երեւանի դիկտատոր՝ Արամ Մանուկեան (1879-1919):
Բաշ Ապարանի ճակատամարտը
Խմբագրել23 Մայիսէն Սիլիկեան իր մարտակազմէն ջոկատ մը կ'ուղարկէ Բաշ Ապարանի ճակատ՝ Դրոյի գլխաւորութեամբ։ Սարդարապատի մէջ կը մնան Պօղոս Բէկ-Փիրումեանի՝ կամաւորներէն կազմուած 5-րդ մահապարտներու գունդը, երկու հեծեալ գունդ, Թռուցիկ Յովսէփի եւ Պանդուխտի (Միքայէլ Սերեան) հեծեալները (1000 ձիաւոր), աշխարհազօրայիններու նորակազմ վաշտերը (աւելի քան 1000 կռուող) եւ այլ զօրամասեր։
Սարդարապատի ճակատամարտի օրերուն թշնամին կու տայ 3500 զոհ եւ կը նահանջէ շուրջ 60 քմ։ Փոխգնդապետ՝ Կարապետ Հասան-Փաշաեանն ու ռազմաճակատ մեկնող զինուորները կ'օրհնէ Հայոց վեհափառ հայրապետը։ Ղազապաշեանի ղեկավարութեամբ ստեղծուած գունդը (800 հոգի) կը հարուածէ հակառակորդին թիկունքը։ Թուրքերը խուճապահար կ'անցնին Ախուրեանի արեւմտեան ափը։ 29 Մայիսին, թուրքերը կը յարձակին Արագած կայարանին վրայ. տեղի կ'ունենան թեժ կռիւներ։ Այդ օրը զօրավար Մովսէս Սիլիկեան կը հրամայէ յարձակումը շարունակել մինչեւ Ալեքսանտրապոլ, սակայն յաջորդ օրը զօրավար Նազարբէկեանի հրամանով կը կասեցուի, իսկ 2 Յունիսէն կը դադրին ռազմական գործողութիւնները ճակատային ողջ գիծին երկայնքով։ Սարդարապատի հերոսամարտը, ուր թշնամին առաջին մեծ պարտութիւնը կը կրէ, ճակատագրական նշանակութիւն կ'ունենայ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի համար։ ճակատամարտին մէջ լաւագոյնս կը դրսեւորուին հայկական ռազմարուեստի աւանդոյթները։ Միւս վճռական մարտը տեղի կ'ունենայ Բաշ Ապարանի ճակատին մէջ։ 20 Մայիսին, գրաւելով Համամլուն (այժմ՝ Սպիտակ)՝ թրքական 39-րդ բաժանմունքը (9-10 հազար զինուոր) կը շարժի դէպի Բաշ Ապարան՝ Աշտարակ-Եղուարդ-Կոտայքի գիծ դուրս գալու եւ Քանաքեռի գրաւումով Երեւանը շրջափակելու նպատակով։ 24 Մայիսին, Դրոյի զօրաջոկատը (շուրջ 5 հազար հոգի) կը մտնէ Ալի Քուչակ՝ Էսադ փաշայի հրամանատարութեամբ դէպի Բաշ Ապարան գացող թուրքերը դիմակայելու նպատակով գաւառապետ՝ Սեդոյի (Սեդրակ Ջալալեան, 1884-1959) հաւաքագրած աշխարհազօրին (շուրջ 9000 հոգի եւ 3000 դրսեկ ու տեղացի քիւրտեր) օգնելու համար։ 26 Մայիսին թուրք, զօրամասերը կ'անցնին ընդհանուր յարձակման։ Կատաղի մարտերը կը շարունակուին մինչեւ 29 Մայիս։ Այդ օրը Բաշ Ապարանի ճակատամարտին, կը ջախջախուի հակառակորդին երկու գունդերը եւ կ'ոչնչանայ ծանր հրետանին։ Թշնամին, մարտադաշտին մէջ ձգելով 200-էն աւելի սպաննուած եւ մեծ թիւով ռազմավար, կը նահանջէ։ Դրոյի զօրքին մէջ, թուրքերուն դէմ կը կռուի եզիտիներու 1500-հոգինոց հեծեալ ջոկատը՝ Ջհանգիր աղայի գլխաւորութեամբ։ Ճակատամարտին մէջ կը զոհուի յայտնի հարիւրապետ՝ Զեմլեակը (Յարութիւն Նանումեան)։
Ղարաքիլիսէի ճակատամարտը
ԽմբագրելԹուրք-հայկական պատերազմի վճռական տեղամասերէն էր նաեւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտը։ Ալեքսանդրապոլի անկումէն ետք, Ղարաքիլիսէի ուղղութեամբ շարժող թրքական զօրամասը 20 Մայիսին կը գրաւէ Ջաջուռը, Աղբուլաղը, Ղալթաղչին, 21 Մայիսին՝ Վորոնցովկան։ 22 Մայիսին, Հայկական ջոկատի հրամանատար՝ զօրավար՝ Թովմաս Նազարբէկան եւ բարձրագոյն հրամանատարութիւնը կը տեղափոխուին Դիլիջան։
Ջալալօղլիի մօտ 21-22 Մայիսի մարտերէն ետք, Անդրանիկի ջոկատը կը կեդրոնանայ Դսեղ գիւղի մէջ եւ ապագայ գործողութիւններուն չի մասնակցիր։ Զօրավար Նազարբէկեանի հրամանով, ջոկատի առաջին զօրամասը եւ երկու լեռնային մարտկոցներ կը փոխադրուին Շահալի (Վահագնի), մնացածները կը կեդրոնանան Դիլիջանի մօտ։ Հայկական զօրքն ունէր 6 հազար զինուոր, 10 հրանօթ եւ շուրջ 20 գնդացիր, թրքական զօրքը (հրամանատար՝ Ջավադ պէյ)՝ 10 հազար զինուոր, 70 հրանօթ եւ 40 գնդացիր։ Ճակատամարտին կը մասնակի նաեւ Գարեգին Նժդեհ՝ իր հեծեալ գունդով (100 հեծեալ)։
Հայկական ուժերը հիմնական հարուածները թուրքերու գերակշիռ ուժերուն կը հասցնեն Ղշլաղ (Դարպաս) գիւղի մօտ, Բզովդալի (Բազում) մատոյցներուն մէջ եւ Մայմեխ լերան լանջերուն։ Մարտերուն մէջ աչքի կ'իյնան գնդապետ Նիկոլա Ղորղանեանի զօրամասը, հերոսաբար զոհուած հրամանատար՝ Գուրգէն Տէր-Մովսիսեանի հրետանաւորները եւ ուրիշներ։ Հայերը կը կրեն զգալի կորուստներ։ Մեծ կ'ըլլան նաեւ թուրքերու կորուստները, սակայն օգնութիւն ստանալով՝ անոնք կ'անցնին հակայարձակման եւ 30 Մայիսին, կը ներխուժեն Ղարաքիլիսէ։ Հայկական ուժերը հարկադրուած կը նահանջեն Դիլիջան։ Ղարաքիլիսէի եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ թուրք ջարդարարները կը կոտորեն հայ բնակչութիւնը։
Ղարաքիլիսէի ճակատամարտին մեծ կորուստներ պատճառելով թշնամիին՝ կը կասեցուի անոր գերակշիռ զօրքին յառաջխաղացքը դէպի Դիլիջան եւ Թիֆլիս։ Սարդարապատի մէջ աչքի կ'իյնան նաեւ հեծելազօրային հրամանատար՝ Յովհաննէս Բաղրամեանը, գնդապետ Դոլուխանեանը, գրագէտ՝ Ակսել Բակունցը, լեզուաբան՝ Գրիգոր Ղափանցեանը, ռուս զինուորականներ՝ Վասիլի Պերեկրեստովը, Սիլինը, յոյն Սակելարին, բազմաթիւ հոգեւորականներ՝ Գարեգին եպիսկոպոս Յովսէփեանի գլխաւորութեամբ, եւ ուրիշներ։
Պաթումի պայմանագիրը
Խմբագրել1918-ի Ապրիլին, Տրապիզոնի մէջ ընդհատուած թուրք-անդրկովկասեան բանակցութիւնները Մայիսի սկիզբներուն կը վերսկսին Պաթումի մէջ։ Թուրքերը, արբեցած իրենց ռազմական յաջողութիւններով, աւելի կողոպտիչ պայմաններ կը ներկայացնեն։ Անոնք 26 Մայիսին վերջնագիր մը կու տան անդրկովկասեան պատուիրակութեան։ Բայց նոյն օրը Անդրկովկասեան Հանրապետութիւնը կը կազմալուծուի եւ անոր իբրեւ հետեւանք՝ կ'որոշուի որ նորահռչակ հանրապետութիւններէն իւրաքանչիւրը ինք պէտք է լուծէ Թուրքիոյ հետ պատերազմի եւ խաղաղութեան հարցը։
Հայաստանի անկախութեան հռչակման օրը՝ 28 Մայիսին, Հայոց Ազգային խորհուրդը կ'որոշէ նոր պատուիրակութիւն ուղարկել Պաթում եւ հաշտութիւն կնքել թուրքերուն հետ։ Նորանկախ Հայաստանի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ալեքսանտր Խատիսեան։ Հակառակ Մայիսեան հերոսամարտերուն, այսուհանդերձ, մահացու վտանգը արեւելահայութեան գլուխէն լիովին չէր վերացած։ Այդ իսկ պատճառով անհրաժեշտ էր հաշտութիւն կնքել եւ քիչ մը դադար առնել։
Մայիսի վերջը կը սկսին հայ-թրքական բանակցութիւնները։ 4 Յունիսին կը կնքուի Պաթումի հաշտութեան պայմանագիրը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Օսմանեան Թուրքիոյ միջեւ։ Պայմանները չափազանց ծանր էին Հայաստանի համար։
Կնքուած պայմանագիրով հայ-թրքական սահմանագիծը այնպէս կը տարուէր, որ երկիրը կը մասնատուէր եւ չնչին տարածք կը մնար Հայաստանի։ Պայմանագիրին համաձայն, Հայաստան կ'ունենար սահմանափակ թիւով զօրք։ Երկաթուղիներու վերահսկողութիւնը պիտի անցնէր Թուրքիայէն, որպէսզի Հայաստանի ճամբով զօրք տեղափոխէր Ազրպէյճան։ Անոր նպատակն էր խորտակել Ստեփան Շահումեանի գլխաւորած Պաքուի գաւառակը եւ տիրանալ Պաքուի նաֆթին։ Ասոնցմէ բացի, Հայաստան պարտաւորուած էր կազմալուծել հայկական ազգային անկանոն զօրախումբերը եւ այլն։
Այսպիսով, Պաթումի պայմանագիրով թուրքիոյ կ'անցնէր ոչ միայն Արեւմտեան Հայաստանը, այլեւ Արեւելեան Հայաստանի զգալի մասը՝ Կարսի մարզը եւ շուրջ հինգ գաւառ։ Հայաստանի Հանրապետութեան կը մնար ընդամէնը 12.000 քառ. քմ. տարածք, որ կ'ընդգրկէր Սեւանայ լիճի աւազանը եւ Արարատեան դաշտին մէկ մասը[4]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Երզնկայի զինադադարը։ Ռազմաճակատի քայքայումը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2015-08-21
- ↑ «Պրեսթ-Լիթովսքի հաշտությունը և Տրապիզոնի բանակցությունները»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-07-01-ին։ արտագրուած է՝ 2015-08-21
- ↑ «Թուրքական զօրքերու ներխուժումը Արեւելեան Հայաստան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2015-08-21
- ↑ «Պաթումի պայմանագիրը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2015-08-21