Սեբաստացի Մուրատ
Սեբաստացի Մուրատ (1874[1][2], Սեբաստիոյ Նահանգ (վիլայէթ), Օսմանեան Կայսրութիւն - 4 Օգոստոս 1918, Պաքու, Ազրպէյճանի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւն[3]), Սեբաստիոյ առասպելական դէմքերէն՝ Ֆետայի եւ հայդուկապետ, հայ ազատագրման շարժուման մասնակցած հայ Ֆետայի՝ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ։[4]
Սեբաստացի Մուրատ | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1874[1][2] |
Ծննդավայր | Սեբաստիոյ Նահանգ (վիլայէթ), Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 4 Օգոստոս 1918 |
Մահուան վայր | Պաքու, Ազրպէյճանի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւն[3] |
Մասնագիտութիւն | քաղաքական գործիչ, ֆետայի |
Կուսակցութիւն | Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն[3] |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է Սեբաստիոյ Կովտուն գիւղին մէջ՝ Սեբաստիայէն 20 քմ արեւելք, ուրկէ ստացած է Սեբաստացի Մուրատ անունը։ Ան աղքատ ընտանիքէ մըն է, որ վերջերս մեկնած էին դէպի Սեբատիա ու շատ համբաւաւոր ու սիրուած դէմք եղած է համայն սեբաստացիներուն համար[5]։ երբ հովիւ եղած ատեն պատահական թուրքեր յարձակեցան վրան՝ զինք սպաննելու եւ հօտը գողնալու համար, Մուրատ սպաննեց յարձակող թուրքերէն մէկը եւ միւսներուն փախուստի մատնեց։ Ոստիկանութիւնը չկրցաւ Մուրատին ձերբակալել, բայց փոխարէնը՝ հօրը բանտարկեց եւ Մուրատ ստիպուեցաւ յանձնուիլ, որպէսզի փրկէ հօրը։ Բանտարկուեցաւ, բայց կարճ՝ քանի մը ամիս տեւեց բանտարկութիւնը, որովհետեւ անչափահաս էր։ Ազատ արձակուեցաւ, բայց հեռացուեցաւ Սեբաստիայէն։ Անցաւ Պոլիս, ուր Պոմոնթիի գործարանին մէջ բեռնակրութիւն ըրաւ եւ երեկոները դպրոց յաճախեց՝ տարրական ուսման եւ գրագիտութեան տիրանալու համար։
Նոյն շրջանին անդամակցեցաւ Հնչակեան կուսակցութեան, որուն կողմէ նախաձեռնուած Աչըքեան պատրիարքին դէմ ցոյցին մասնակցած ըլլալու մեղադրանքով Մուրատ դարձեալ ձերբակալուեցաւ։ Այս անգամ եւրոպական միջամտութեանց շնորհիւ աքսորուեցաւ Պոլիսէն իր ընկերներով։ Անցաւ Եգիպտոս ու Յունաստան։ Բայց արդէն չէր կրնար հայրենիքէն հեռու մնալ։ Գնաց Թիֆլիս, ուր նորակազմ Դաշնակցութիւնը կը խմբէր գաղափարապաշտ հայ երիտասարդները՝ Դէպի Երկիր խումբեր կազմելով։ Մուրատ անդամագրուեցաւ Դաշնակցութեան եւ ուղարկուեցաւ Կարս՝ հոնկէ Երկիր անցնելու համար։ 1903-ին իրականացաւ Մուրատի տարիներու երազը, երբ Թորգոմի առաջին խումբին հետ, իբրեւ պարզ զինուոր, մտաւ երկիր։
Մուշ եւ Սասուն, Հրայր Դժոխքի եւ Գէորգ Չաւուշի կողքին, Սեբաստացի Մուրատ կը դառնայ խիզախ զինուոր եւ կը գրաւէ բոլորին ուշադրութիւնը։ Կարգուեցաւ խմբապետ եւ 1904-ի գարնան, երբ Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան հրամանատարական կազմը կ՚որոշուէր, Մուրատի առաջարկուեցաւ ընդհանուր հրամանատարի պատասխանատուութիւնը։ Բայց Մուրատ կը մերժէ եւ կը պնդէ, որ պաշտօնը տրուի Անդրանիկին։ Ան հռչակ կը ստանայ երբ Երկրորդ Ապստամբութեան աւարտէն ետք, Աղթամար կղզի հաւաքուած ֆետայիներու ժողովէն ետք, Թրքական զօրքի պաշարման շղթան կտրելով, կը գրաւէ նաւ մը եւ իրեն հետեւող ժողովուրդն ու ֆետայիները ապահով Պարսկաստան հասցնէ։
1905-ի հայ-թաթարական կռիւներու ամբողջ տեւողութեան, Նիկոլ Դումանի ընդհանուր հրամանատարութեան տակ մղուած հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան պայքարին յառաջապահներէն հանդիսացաւ Սեբաստացի Մուրատ։ Ան յատկապէս Զանգեզուրի եւ Նախիջեւանի ճակատներուն վրայ մարտեր ղեկավարեց։
1906-ին վերադարձաւ Սասուն, մասնակցեցաւ 1907-ի հերոսական կռիւներուն։ Եւ երբ ապստամբութեան աւարտին, կը մասնակցի Վիեննայի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովին։ Ժողովին ան դաշնակցական մարտիկներուն կամքը կը ներկայացնէր եւ ժողովի որոշումով, կ՚ուղղուի դէպի Պարսկաստան՝ իր պատասխանատու մասնակցութիւնը բերելու համար Սահմանադրական ուժերու կողքին Դաշնակցութեան ծաւալած գործունէութեան։
1908-ին, հռչակուեցաւ Օսմանեան Սահմանադրութիւնը, Մուրատ երկար ժամանակի համար վերադարձաւ Սեբաստիա։ Բնաւ չհաւատաց Սահմանադրութեան եւ շարունակեց ժողովուրդի զինման եւ երիտասարդներու պատրաստութեան գործը։ 1910-ին, իր ընկերներու եւ շրջապատի ճնշման տակ, ամուսնացաւ՝ Դանիէլ Վարուժանի կնքահայրութեամբ (որ Մուրատի պաշտողներէն էր եւ անոր նուիրած է իր քերթուածներէն մէկը)։
Առաջին Աշխարհամարտի նախօրէին, երբ Իթթիհատական ոճրապետութիւնը ձեռնարկեց հայերու զինուորագրումին, Մուրատ ըմբոստացողներէն մէկը եղաւ՝ իր զինակցներով քաշուելով լեռները, որպէսզի ապստամբ հայերու պատրուակ չտայ թուրքերուն։ Ան ետքը Հարիւրաւոր գաղթական ժողովուրդի եւ զինեալ երիտասարդութեաան գլուխն անցած՝ Մուրատ դժուարին ճամբորդութիւն մը կատարեց, թուրքերու կողմէ բռնագրաւուած առագաստանաւով, դէպի Պաթում (Մուրատի ոդիսականին պատմականը կատարած է Զապէլ Եսայեան)։
Կովկաս հասնելով՝ Մուրատ ամբողջապէս նուիրուեցաւ Կամաւորական շարժման։ Ռազմաճակատներու վրայ, իր խոյանքներով, միշտ կացութիւններ փրկեց։ Եւ Արեւմտահայաստան մտնող ռուսական զօրքերուն ու հայ կամաւորներուն հետ՝ Սեբաստացի Մուրատ եւ Կայծակ Առաքել պատմական տարողութեամբ փրկարար գործեր կատարեցին։
Ռուսական զօրքի նահանջէն եւ, այնուհետեւ, լենինեան «տուն-դարձ»ի կոչէն ետք, Մուրատ եւ Սեպուհ, որոնք Սասնոյ կռիւներու օրերէն անբաժան դարձած եւ եղբայրացած էին, կը մեկնին Պաքու՝ որ իրենց ընկերոջ Համազասպի հրամանատարութեան տակ հայ քաջորդիներու շարքերուն մէջ կռուին։ 4 Օգոստոս 1918-ին նահատակուեցաւ Մուրատ՝ պատրաստելով յաջորդ օրուան, 5 Օգոստոս 1918-ի Պաքուի հայութեան յաղթանակը Նուրի փաշայի թրքական զօրքերուն դէմ։
Գրականութիւն
Խմբագրել- Եսայեան Զաբել, Մուրատի ճամբորդութիւնը Սըվազէն Պաթում, Պոսթըն, 1920, 138 էջ, 2-րդ հրատ., Պէյրութ, 1969, 118 էջ, 3-րդ հրատ., Երեւան, 1990, 96 էջ։
- Միքայէլ Վարանդեան, Մուրատ /Սեբաստացի ռազմիկին կեանքն ու գործը/, Պոսթըն, 1931, 348 էջ, 2-րդ հրատ., Թեհրան, 1981, 352 էջ։
- Սեպուհ, Էջեր իմ յուշերէն, հատ. Բ., Պոսթըն, 1929, 315 էջ։
- Թեհլիրեան Սողոմոն «Վերյիշումներ։ Թալեաթի ահաբեկումը», Գահիրէ, 1953, 1956, 474 էջ, Երեւան, 1993, 288 էջ, 2008։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 Faceted Application of Subject Terminology
- ↑ 2,0 2,1 Հայաստանի գրադարանների համահավաք գրացուցակ
- ↑ 3,0 3,1 3,2 3,3 Հայկական սովետական հանրագիտարան, հատոր 8 — հատոր 8. — է. 93.
- ↑ Lewy Guenter (Nov 21, 2005)։ The Armenian massacres in Ottoman Turkey: a disputed genocide։ University of Utah Press։ էջ 31
- ↑ Սեբաստացի Մուրատը Անմահացնելու Համար…
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Mourad de Sébasti. Par Isabelle Kaprielian-Churchill
- - ARF Official Page - Sepasdatsi Mourad Archived 2018-08-29 at the Wayback Machine.