Նիկոլ Դուման
Նիկոլ Դուման (Նիկողայոս Տէր-Յովհաննիսեան, 12 Յունուար 1867- 27 Սեպտեմբեր 1914), հայ ազգային-ազատագրական շարժումի գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ։
Նիկոլ Դուման | |
---|---|
| |
Ծնած է | 12 Յունուար 1867 |
Ծննդավայր | Ծաղկաշատ (Արցախ), Շուշիի գաւառ, Ելիզավետպոլ Նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն |
Մահացած է | 23 Սեպտեմբեր 1914 (47 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Քիսլովոտսք, Georgievsky district, Կովկասյան նահանգապետություն, Ռուսական Կայսրութիւն |
Ուսումնավայր | Շուշիի Թեմական դպրոց |
Մասնագիտութիւն | քաղաքական գործիչ, ֆետայի |
Կուսակցութիւն | Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է 1867-ին Լեռնային Ղարաբաղի Ասկերան շրջանի Ղշլաղ գիւղը։ Աւարտած է Շուշիի թեմական դպրոցը (1887), որ այդ ժամանակաշրջանին հայեցի դաստիարակութեան եւ ընդհանրապէս ուսման կարեւորագոյն օճախներէն մէկն էր հայ իրականութեան մէջ։ Շուշիի թեմական վարժարանը նաեւ յեղափոխաշունչ հայ երիտասարդութեան կազմաւորման հնոցն էր:
Դպրոցական տարիքէն, յեղափոխական գաղափարներով տոգորուած, Նիկոլ աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ աշակերտական ինքնազարգացման խումբերու կազմութեան եւ աշխատանքին։ Թրքահայոց ազատագրութեան դատին զինուորագրուելու, Երկիր անցնելու եւ կենդանի կռիւին նուիրուելու գաղափարը կը համակէ Նիկոլը։
Գործունէութիւն
Խմբագրել- 1887-ին ուսումը աւարտելէ ետք, քանի մը տարի քարտուղարական եւ ուսուցչական պաշտօններ կը վարէ Շուշիի թեմական իշխանութեանց մօտ։ Բայց երազը Երկիր անցնիլն էր, որ իրականութիւն կը դառնայ:
- 1891-ին, երբ Նիկոլ կը միանայ նորակազմ Դաշնակցութեան, որուն Պարսկաստանի վրայով Երկիր հասած առաջին ծիծեռնակներէն մէկը կը հանդիսանայ։ Թաւրիզի մէջ Նիկոլ կը ցուցաբերէ ե՛ւ մտաւորական իր շնորհները, ե՛ւ ռազմական իր բնատուր տաղանդը, ե՛ւ մանաւանդ կազմակերպական իր կարողութիւնները։ Նիկոլի անձին շուրջ եւ իր ճամբով յեղափոխական գործին նկատմամբ ստեղծուած խանդավառութիւնը այնքան մեծ կ'ըլլայ, որ Նիկոլ կ'ուղարկուի Սալմաստ՝ նաեւ սահմանը անցնողներուն հետ նախապատրաստական նոյն աշխատանքը կատարելու համար։ Այդ շրջանին էր նաեւ, որ Նիկոլ կարեւոր ներդրում կ'ունենայ Դաշնակցութեան Սալմաստի զինագործարանի կազմակերպման եւ անոր գործունէութեան ղեկավարման մէջ։
- Եղած է ուսուցիչ հիւսիսային Կովկասի հայկական դպրոցներուն, 1894 - 1896-ին՝ Թաւրիզի եւ Սալմաստի վարժարաններուն։
1895-ի աշնան, Երկիր մուտքի Նիկոլի երազանքը կ'իրականանայ հազիւ, երբ աւելի քան յիսուն հոգինոց խումբով կ'անցնի սահմանը եւ կը հասնի Վան։ Խումբը մեծ ու փոքր ընդհարումներ կ'ունենայ ճամբու ամբողջ ընթացքին, իսկ Նիկոլ կռուի դաշտին վրայ քաջ ու խիզախ մարտիկի իր բացառիկ ընդունակութիւնը ցոյց կու տայ, ինչպէս նաեւ խումբի ղեկավարման զինուորական հրամանատարի բնածին տաղանդը։ Իր քաջագործութիւնները ուղղակի առասպելական ազդեցութիւն կը գործեն քիւրտերուն եւ թուրքերուն վրայ, որոնք «դուման» (փոթորիկ) կը կոչեն զինք։
Վանի եւ յատկապէս գաւառի մէջ կազմակերպական աշխատանքներ կատարելէ ետք, Նիկոլ Դուման Մայիս 1896-ին կը վերադառնայ Սալմաստ. ճանապարհին դարձեալ ընդհարումներ կ'ունենայ, բայց բոլոր կռիւներէն ալ յաղթական դուրս կու գայ՝ դաշնակցական ֆետայիի հերոսական քաջութեան եւ անպարտելիութեան հռչակին արժանանալով։ Այդ կռիւներու շարքին լայն արձագանգ կը գտնէ Դերիկի վանքին կռիւը։ Խումբով (50 հոգի) կ'անցնի Վան։
- Դուման նոր վերադարձած էր Սալմաստ, երբ ռուս–թրքական սահմանին վրայ տեղի կ'ունենայ Վանէն հեռացող հարիւրաւոր հայ երիտասարդներու՝ Պետոյի, Մարտիկի եւ Աւետիսեանի խումբերուն կոտորածը Շարաֆ բէկի Մազրիկ ցեղախումբի ձեռամբ։ Դուման կը յղանայ մեծ արշաւախումբով մը սահմանը կտրելու, Մազրիկ ցեղը պատժելու եւ ընդհանրապէս Երկրի հայութեան կորովը վերականգնելու գաղափարը։ Անոր մէջ կը յառաջանայ Խանասորի արշաւանքի (1897) կազմակերպումին գաղափարը: Հակառակ տարբեր շրջաններէ հնչած առարկութիւններուն, Նիկոլ Դուման ամբողջ ամիսներ հետեւողական ճիգ կը թափէ, որպէսզի իր առաջարկին շուրջ համախոհութիւն առաջացնէ։ Ի վերջոյ Դաշնակցութեան բարձրագոյն ժողովներուն եւ մարմիններուն կողմէ կը ստանայ անհրաժեշտ համաձայնութիւնը եւ 1897-ի գարնան կը ձեռնարկէ Խանասորի արշաւանքի կազմակերպումին, ընդդէմ՝ քրտական մազրիկ ցեղին։
- 1904-ին կը փորձէ խումբով հասնիլ ապստամբ Սասունին օգնութեան, սակայն թուրք-պարսկական սահմանին վրայ՝ Ռազիի մօտ կռիւի կը բռնուի քրտական հերոսակախումբերու հետ եւ տեղ չի հասնիր։
- Նիկոլ կ'անցնի Պաքու, ուր հիմնական դերակատարութիւն կ'ունեայ թէ՛ Քրիստափորի կողքին «Փոթորիկ»ի կազմակերպման, թէ՛ 1905-ի հայ–թաթարական ընդհարումներու ժամանակ Կովկասի հայութեան ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ։ Երկաթեայ խստութեան տէր ռազմիկ Դումանի հռչակը այդ կռիւներուն կը տարածուի Կովկասով մէկ, երբ ի գործ կը դնէ «ակն ընդ ական»ի մարտավարութիւնը՝ պատահական կամ անզէն հայու մը թաթարներու կողմէ սպանութեան հակադարձելով մէկէ աւելի թաթարներու սպանութեամբ…
Ցարական հրահրումով բռնկած եւ թաթարներու կրօնամոլական հայատեացութեամբ ծաւալած ազգամիջեան այդ արիւնալի ընդհարումներէն կը ներշնչուի Դումանի գրած «Ուղեցոյց ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան» գրքոյկը, որ գաղափարական իր հիմքով եւ ռազմավարական իր արեւելումով՝ դասական մեծ ներդրում մը կը մնայ հայ ռազմավարական մտքի գանձարանին մէջ։
- 1906-ին կը ղեկավարէ Երեւանի եւ Արարատեան դաշտին մէջ գործող հայկական ինքնապաշտպանական ուժերը, հմտօրէն կը կազմակերպէ հայերու ինքնապաշտպանութիւնը։ Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրութեան հարցին մէջ, կողմնակից կը դառնայ կազմակերպուած ապստամբութեան։
Նիկոլ Դուման դէմ կ'արտայայտուի 1906-ի Հ.Յ.Դ Խորհուրդի ընդունած եւ Հ.Յ.Դ. Դ. ընդհանուր ժողովի վաւերացումը ստացած «Կովկասեան նախագիծին»։ Ան համաձայն չէր, որ հայերը տարուէին համառուսական հովերով։ Ան դէմ կ'արտայայտուի նաեւ Ա. համաշխարհային պատերազմի սկիզբը հայկական կամաւորական գունդերու ստեղծման գաղափարին։
- 1909-ին ծայր կ'առնէ ցարական հալածանքը Դաշնակցութեան դէմ: Դումանին կը յանձնարարուի հեռանալ Կովկասէն։ Կ'անցնի Պոլիս, հոնկէ՝ Եգիպտոս, ապա՝ Պուլկարիա։
- 1910-ին, Միքայէլ Վարանդեանի հետ Դաշնակցութիւնը կը ներկայացնէ Ընկերվար Միջազգայնականի Քոփենհակընի Համագումարին, որու ընթացքին ռուս յեղափոխականներու հետ լայն բանակցութիւններ կ'ունենայ՝ հակացարական շարժումներուն միջեւ ուժերու համակարգ ստեղծելու առաջադրանքով։
- 1911-ին կը վերադառնայ Երկիր, կը գտնուի Տրապիզոն, Կարին ու Վան, ուր մտադիր էր նուիրուելու կազմակերպական գործունէութեան։ Բայց Վանի ռուս հիւպատոսը, թուրք կուսակալին համոզելով, Դումանը հեռացնել կու տայ Վանէն։
Դուման կ'անցնի Պարսկաստան եւ կը հաստատուի Թաւրիզ, ուր Ռոստոմի յանձնարարութեամբ ամբողջապէս կը նուիրուի Սահմանադրական շարժման պաշտպանութեան՝ սահմանադրական ուժերուն եւ դաշնակցական մարտիկներուն հետ ղեկավարելով քաղաքի ինքնապաշտպանութեան կռիւները միապետական զօրքերու յարձակման դէմ։
Առողջական վիճակ եւ մահ
ԽմբագրելԴումանի առողջական վիճակը կը սկսի վատթարանալ։ Կեղծ անցագիրով կ՚անցնի Թիֆլիս, ուր կուսակցութեան ճնշումով կը մտնէ հիւանդանոց՝ յառաջացած թոքախտը դարմանելու համար։ Այդ պայմաններուն մէջ անգամ ցարական իշխանութիւնները, դատական քննիչ Լըժինի հրահանգով, հիւանդանոցէն կը ձերբակալեն եւ Մետեխի բանտը կը նետեն զինք՝ Մայիս 1914-ին։ Բժիշկներու միջամտութեամբ եւ երաշխաւորութեամբ, Դուման ազատ կ'արձակուի բանտէն եւ կը մտնէ Թիֆլիսի Արամեան հիւանդանոցը։ Կարճ ժամանակ ետք, կը փոխադրուի թոքախտի դէմ դարմանման Կովկասի առողջարանները՝ Պաքուի մերձակայքը։ Նիկոլ Դումանի հոգեկան վիճակը աւելի կը վատթարանայ, մանաւանդ երբ օրը օրին կը հետեւի բռնկող մեծ պատերազմի լուրերուն։ Տեղեակ էր, որ կուսակցութիւնն ու զէնքի իր ընկերները տենդագին լծուած էին Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումին, բայց ինք ուժ չունէր եւ ի վիճակի չէր այլեւս իր ներդրումը բերելու քաղաքական եւ ռազմական այդ բախտորոշ խմորումներու դիմագրաւման պատասխանատու գործին։ 47 տարեկանին, Նիկոլ Դուման կ'որոշէ իր անձնական ատրճանակով անձնասպան ըլլալ, 27 Սեպտեմբեր 1914-ին։ Թէեւ սեփական փամփուշտը եւս չի կրնար տապալել գաղափարական հաստաբուն կաղնին, բայց սրտին փոխարէն թոքերէն խոցուած՝ Նիկոլ Դուման քանի մը օր ետք կ'աւանդէ իր հոգին։
Հայ ժողովուրդին կողմէ սիրուած հերոսին մարդաշատ յուղարկաւորութիւնը տեղի կ'ունենայ Թիֆլիս, Խոջիվանքի Պանթէոնին մէջ։
Նիկոլը կը թաղեն Դաշնակցութեան հիմնադիր՝ Սիմոն Զաւարեանի կողքին։
1930-ական թուականներուն Խորհրդային Վրաստանի կառավարութիւնը կը քանդէ Խոջիվանքը եւ պանթէոնը՝ այնտեղ թաղուած հարիւրաւոր հայ արժանաւոր զաւակներու գերեզմաններուն հետ։
Նիկոլ Դուման մարդը եւ գաղափարական գործիչը
ԽմբագրելԴուման հայ ֆետայիին եւ յեղափոխական մարտիկին մէջ դաշնակցական խղճմտութեամբ ապրելու, մտածելու եւ գործելու արժէքները սերմանող բարոյական ռահվիրան կը հանդիսանայ։ Թշնամիին դէմ անխնայ գտնուելու, բայց «կանանց երբեք ձեռք չտալու» վեհոգութիւնը կը սորվեցնէ՝ Խանասորի արշաւանքին ձօնուած ժողովրդական երգի բառերով։
Ազգերու միջեւ հրահրուած թշնամանքին եւ հակամարտութեանց դէմ կը կանգնի ամբողջ ուժով, ազգամիջեան խաղաղութեան եւ համերաշխութեան անվհատ դրօշակիրը կը մնայ, բայց երբեք մտահան չ'ըներ նաեւ կեանքի դաժան իրականութիւնը եւ շարունակ կը պատգամէ, թէ «ինչ էլ լինի, թէ՛ թշնամուն եւ թէ բարեկամին յարգանք ու պատկառանք ներշնչողը, դժբախտաբար, դեռ կոպիտ ուժն է։ Եւ մի ազգ – եթէ ուզում է մնալ յարգուած, եթէ չի ուզում կորչել – պէտք է լինի զէնքի ընդունակ, միշտ պէտք է լինի կազմ ու պատրաստ ինքնապաշտպանութեան համար, մանաւանդ քաղաքական ցնցումների վայրկեաններում»։
Բնաւ չէր հանդուրժեր նիւթական, կենցաղային կամ ընկերային սայթաքումներու, մեծ թէ փոքր, յեղափոխականի կոչման անարժան այն գործիչներուն, մանաւանդ մարտական հերոսի պատմուճան հագած պատեհապաշտներուն, որոնք իրենց վստահուած պարտականութիւններն ու գործերը կը փորձեն ծառայեցնել իրենց գձուձ եսի շահախնդրութեանց…Նմաններու դէմ էր Դումանի կատաղի պոռթկումը, Մարտ 1893-ին Ռոստոմի ուղղուած իր մէկ նամակին մէջ, ուր հետեւեալ ամօթանքը կը խարանէր անոնց ճակտին. «մեզ, որպէս ժառանգութիւն, մնացել է նրանցից …մանէթ պարտ եւ բարոյական անկում, որ այժմ փարատել ենք տքնում։ Խօմ սուտ չէ, որ ասում են՝ Հարք կերան զազոխ եւ որդւոց ատամունք առան»։
Բարոյական հսկայ էր Արցախի Խաչէն գաւառի Ղշլաղ գիւղի ծնունդ Տէր–Յովհաննիսեան քահանայի որդի Նիկողայոսը։
Դումանի առասպելական հռչակին եւ հերոսական մեծութեան գաղտնիքը պէտք է փնտռել անոր ղարաբաղցի լեռնականի պողպատէ կամքին մէջ, որ անդաւաճան ընկերը եղաւ Դումանի յեղափոխական կեանքին: - Ռուբէն
|
Պողպատեայ կամքի տէր էր Դուման: Յեղափոխականի իր առաջին քայլերէն սկսեալ, իբրեւ Թաւրիզի մէջ հազիւ 24 տարեկան դաշնակցական ուսուցիչ-գործիչ, ան դրսեւորած է թէ՛ գաղափարական-կազմակերպական, թէ՛ մարտական-ռազմական երկաթեայ կարգապահութիւն:
Յետագայ իր ամբողջ գործունէութեան ընթացքին ան մարմնաւորած է հայոց ռազմական ղեկավարի պողպատեայ կամքը` սահմանը անցնող ֆետայական խումբերու կազմակերպումէն մինչեւ Վասպուրականի մէջ դաշնակցական կազմակերպութեան ստեղծումը, Խանասորի արշաւանքի մտայղացումէն, ծրագրումէն ու կազմակերպումէն մինչեւ 1905-ի հայ-թաթարական ընդհարումներուն ռազմական ղեկավարումը, իսկ այնուհետեւ` Պարսկական սահմանադրական շարժումին իր ղեկավար մասնակցութիւնը՝ Ռոստոմի կողքին:
Գերազանցապէս Դաշնակցական էր ան` բառին ամբողջական իմաստով, յեղափոխական կամքեր համատեղելու եւ ներդաշնակելու, խստակեաց ու խստապահանջ իր վարքով՝ երկաթեայ կուռ կարգապահութիւն կերտելու առումով:
Իր գործով ու նկարագիրով` ան ազգային արժէքի վերածած է հայու դաշնակցական կերպարը: Իբրեւ այդպիսին` միայն Դաշնակցութեան չի պատկանիր ան, այլեւ` կ'արժանանայ հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն ու հոսանքներուն անվերապահ գնահատանքին ու պաշտամունքին:
Գրականութիւն
Խմբագրել- Վալադեան Վալադ, Նիկոլ Դուման (մահուան 50 ամեակին առթիւ), ,,Հայրենիք՛՛ ամսագիր, Պոսթըն, 1964, թիւ 5, էջ 8-20, թիւ 6, էջ 24-36, թիւ 7, էջ 43-53, թիւ 8, էջ 43-55, թիւ 9, էջ 27-38, թիւ 11, էջ 40-53, թիւ 12, էջ 23-35, 1965, թիւ 1, էջ 34-46, թիւ 2, էջ 63-75, թիւ 3, էջ 49-63, թիւ 4, էջ 53-63։
- Դիւան Հ. Յ. Դաշնակցութեան, յաւելուած ,,Հայրենիք՛՛ ամսագրի, խմբ. Ս. Վրացեան, հատ. 1, Պոսթըն, 1935, 395 էջ, հատ. 2, Պոսթըն, 1938, 464 էջ։
- Գեւորգյան Համլետ, Նիկոլ Դուման, առաջին հրատ., Երեւան, 2002, երկրորդ հրատ., Երեւան, 2003, երրորդ հրատ., Երեւան, 2013, - http://www.historyofarmenia.am/images/menus/942/nicol_duman.pdf
- Վարանդեան Միքայէլ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութիւն, Երեւան, 1992։
- Ռուբէն, Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները, հատ. Ա., Բ., Պէյրութ, 1979, Թեհրան, 1982, Երեւան, 1990։
- Գեւորգյան Համլետ, Ազատագրական պայքարի հերոսապատումից, Երեւան, 2006, 574 էջ։
- Հրաչիկ Սիմոնյան, Ազատագրական պայքարի ուղիներում, գիրք 4, Երեւան, ԵՊՀ, 2010, 1204 էջ։
- Անդրէ Ամուրեան, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը Պարսկաստանում 1890-1918 թթ., Թեհրան, 1950։
- Անդրէ Ամուրեան, Յեղափոխական Եփրեմի ոդիսականը, Թեհրան, 1972։
- Ամուրեան Անդրէյ, ՀՅԴ, Եփրեմ, Պարսկական Սահմանադրութիւն, Ա. հատ., Թեհրան, 1976, 512 էջ:
- Ամուրեան Անդրէյ, ՀՅԴ, Եփրեմ, Պարսկական Սահմանադրութիւն, Բ. հատ., Թեհրան, 1979, 276 էջ:
- Խանասորի Վարդան, Յիշատակարան, Պէյրութ, 1990, Երեւան, 1993։
- Նիկոլ Դուման (գիծեր իր կեանքէն), Բուխարեստ, 1933: