Բաշ Ապարանի Ճակատամարտ

Բաշ Ապարանի հերոսամարտ, ճակատամարտ Արեւելեան Հայաստան ներխուժած թրքական բանակի եւ հայ կամաւորական ջոկատներու միջեւ 22-29 Մայիս 1918։

Բաշ Ապարանի Ճակատամարտ
Կովկասեան ճակատը
Թուական 22-29 Մայիս 1918
Վայր Բաշ Ապարան, Արեւելեան Հայաստան
Արդիւնք Թրքական զօրքերու ջախջախում
Հակառակորդներ
Կաղապար:Country data Հայաստանի Առաջին ՀանրապետությունՀայաստանի Հանրապետութիւն Կաղապար:Country data Օսմանյան կայսրությունՕսմանեան Կայսրութիւն
Հրամանատարներ
Դրօ Էսատ Փաշա, Քիազիմ Փաշա
Կողմերու ուժեր
6,000 13,000
Կորուստներ
Թեթեւ Ծանր

Ապարանի ճակատամարտը սկսած է 22 Մայիս 1918-ի կէսօրին, երբ Էսատ փաշայի զօրամասը եւ Քիազիմ փաշայի երկու գունդերը (աւելի քան 10000 զինուոր ու թալանի պատրաստ 3000-էն աւելի դրսեկ, տեղացի թուրք ու քիւրտ յելուզակ) մտած են Ապարան գաւառի սահմանը։ Հետախուզական յառաջապահ գումարտակը ուշ երեկոյեան հասած է Միրաքի կամուրջին դիմաց եւ թնդացած է անոնց վրայ արձակուած ապարանցի աշխարհազօրայիններու հրացանազարկը։

Սակայն ճակատամարտը սկսած էր աւելի առաջ, երբ 15 Մայիսին թուրքերը մտած էին Ալեքսանդրապոլ (այժմ՝ Գիւմրի) եւ Արագած սարի հարաւակողմով ու հիւսիսակողմով շարժած են դէպի Հայաստանի սիրտը՝ Երեւան։

Հիւսիսակողմով արշաւող թուրքերը անարգել մտած են Սպիտակ, գրաւած են շրջակայ գիւղերը եւ ընթացքէն շրջած են դէպի Ապարանի ճանապարհը։ Համընդհանուր խուճապ սկսած է։ Սկսած են տեղահանուիլ նաեւ Ապարանի սահմանային գիւղերը։ Հիւսիսակողմէն արշաւող թուրքերու ճանապարհը հնարաւոր էր փակել Աշտարակի մօտ, Եղվարդի մէջ, Երեւանի սահմանագլուխը։ Բայց Ապարանի մէջ թուրքերու առաջը առնելու մասին որեւէ ծրագիր նախապէս չէր կազմուած։ Եւ այդ ճակատագրական պահուն, երբ կը թուէր, որ այլեւս ոչ մէկ ուժ կրնար Ապարանի գաւառամասին մէջ փակել թուրքերու ճանապարհը, Ազգային խորհուրդի նախագահ Արամ Մանուկեանի հրամանով Ապարանի գաւառապետ Սեդրակ Ջալալեանը եւ Ապարանի գաւառի Արագիւղ գիւղի բնակիչ, Երեւանի ոստիկանութեան աշխատակից Արսէն Տէր-Պօղոսեանը սկսած են ծանօթանալ իրավիճակին։ Անոնք հանդիպած են Տէր-Յովհաննէս Տէր-Մինասեանի հետ։ Իրավիճակի վերլուծութենէն ծնած է ինքնապաշտպանութեան վճիռը. կանգնիլ թշնամիին դէմ, չգաղթել եւ չյանձնուիլ անոր ողորմածութեան։

Ինքնապաշտպանութեան հրամանատարութիւնը իրենց վրայ վերցուցած են Սեդրակ Ջալալեանն ու Արսէն Տէր-Պօղոսեանը, ստեղծուած է պաշտպանութեան խորհուրդ Տէր-Յովհաննէս Տէր-Մինասեանի նախագահութեամբ։

Սեդրակ Ջալալեանի անձնական պաշտպանութեան ձիաւորները հրաման ստացած են փակել նահանջի ճանապարհը եւ զէնք կրելու ընդունակ բոլոր տղամարդիկը վերադարձնել Ապարան գիւղ։

Հերոսամարտը Ըստ Օրերու

Խմբագրել
  • 17 Մայիս-ին գաւառին մէջ յայտարարուած է պատերազմական իրավիճակ։ Անընդհատ զարկած են եկեղեցիներու զանգերը։ Գիւղերու տանուտէրերը, քահանաները մարտի ընդունակ տասնութ տարեկանէն վեր բոլոր տղամարդիկը զինած եւ ուղարկած են պաշտպանութեան խորհուրդի տրամադրութեան տակ։ Սեդրակ Ջալալեանն ու Արսէն Տէր-Պօղոսեանը ուսումնասիրելով տեղանքը՝ որոշած են պաշտպանութեան առաջին գիծը հաստատել Նիգաւան-Միրաք գիւղերու միջեւ գտնուող բարձունքներուն վրայ։ Նորակազմ զօրաջոկատներն ալ ուղարկուած են այդ գիծը։
  • 20 Մայիսին այդ գիծին վրայ արդէն եղած է շուրջ 1500 աշխարհազօրային։ Գաւառին մէջ իրավիճակը կայունացած է, Ապարան գիւղէն արեւելք գտնուող գիւղերու տեղահանութիւնը կանգ առած է։
  • 22 Մայիս, կէսօր։ Պաշտպանութեան առաջին, ինչպէս նաեւ ուղղակի Ապարան գիւղի մօտ ձեւաւորուած երկրորդ գիծին վրայ աշխարհազօրայիններու թիւը հասած է 3500-ի։ Փաստօրէն, Ապարանի գրեթէ իւրաքանչիւր գիւղ մօտ հարիւր տղամարդ ուղարկած էր ճակատ։ Ճիշդ է, ժամանակակից զէնք բոլորը չէ որ ունէին, զինամթերքը սակաւ էր, գնդացիրները երկու էին, իսկ թնդանօթներ չկային, բայց առկայ էր անկոտրում կամքը եւ սեփական հողը, տունը, հարազատներուն պաշտպանելու վճռակամութիւնը։ Նոյն օրուան երեկոյեան թուրքերու յառաջապահ ջոկատները, որոնք ոչ մէկ դիմադրութեան չէին սպասեր, գնդակոծութենէն շփոթած եւ կորուստներ տալով, ետ քաշուած ու սպասած են 23 Մայիսի լուսաբացին։ Գիշերը, փաստօրէն, ինչպէս եւ Արագած լերան արեւմտեան ստորոտը՝ Սարդարապատի մէջ, Արագած լերան արեւելեան ստորոտը եւս ձեւաւորուած է ռազմաճակատ։ Երեւանի մէջ ճիշդ գնահատուած է ստեղծուած իրավիճակը եւ նոյն գիշերը նոր ձեւաւորուած ռազմաճակատի հրամանատար նշանակուած է բազմափորձ Դրօն՝ Դրաստամատ Կանայեանը։
  • 23 Մայիս, Հայաստանի մէջ պահեստային զինուած ուժեր չկային։ Ամբողջ օրը Ապարանի ռազմաճակատին վրայ թշնամիին դիմադրած են ապարանցի աշխարհազօրայինները։ Թուրքերը հրետանիի եւ գնդացիրային կրակով ճնշած են մօտ 8 քիլոմեթրանոց ռազմաճակատի ամբողջ գիծը պահող աշխարհազօրայիններուն։ Չնայած յամառ դիմադրութեան՝ կորուստները զգալի էին եւ մարտական գործողութիւնները ղեկավարող Արսէն Տէր-Պօղոսեանը երեկոյեան հրամայած է նահանջել երկրորդ գիծ։ Ապարանի եւ Աշտարակի գաւառակներու թիկունքային գիւղերէն Սեդրակ Ջալալեանը կրցած է մարտադաշտ ուղարկել աշխարհազօրայիններու քանի մը նոր ջոկատ։ Առաջինը մարտադաշտ հասած են 100 դովրեցիներ՝ քահանայ Տէր Գէորգի գլխաւորութեամբ։ Երեկոյեան միայն ապարանցի աշխարհազօրայիններու թիւը հասած է 4500-ի, աշտարակցիներուն հետ՝ 5000-ի։ Դրօն ոտքի հանած է ու Ապարանի ճակատ ճանապարհած է գրեթէ բոլոր զինուած խումբերը։ Մինչեւ կէս գիշեր Ապարանի ռազմաճակատ հասած են գանձակեցի պորուչիկ Զեմլիակի (Յարութիւն Նանումեան), զանգեզուրցի Եապոնի, գառնեցի Մարտիրոսի, Քաչալ Ղազարի, սասունցի Մանուկի, մակուեցի Մեսրոպի (հին պայազիտցիներոպ), բուլանղցի Մուրատի ջոկատները։
  • 24 Մայիսին, Արամ Մանուկեանի գիտութեամբ՝ Երեւանի զօրաբաժինի հրամանատարութիւնը որոշած է Սարդարապատէն Ապարանի ռազմաճակատ փոխադրել կանոնաւոր ռազմական միաւորումներ։ Օրուան առաջին կիսուն Արագածի ստորոտով՝ Արագած - Քուչակ գիւղերու վրայով ճակատ մտած է եւ ռազմաճակատի ձախ կողմին վրայ դիրքաւորուած է գնդապետ Դոլուխանեանի 6-րդ հրաձգային գունդը, որ համալրուած էր հիմնականօրէն ապարանցի մարտիկներով։ Նոյն օրուան ընթացքին Ապարանի ռազմաճակատ հասած են փոխգնդապետ Կորելկովի հեծեալ գունդը, կապիտաններ Սակելիարիի եւ Քլիչի հրետանային մարտկոցները, որոնցմէ մէկը դիրքաւորուած է Ապարան գիւղի "Դեմեր" կոչուող հատուածին մէջ։ Աշխարհազօրքի, զինուած խումբերու, զօրամիաւորումներու մարտիկներու ընդհանուր թիւը 7000-ը անցած է։
  • 25 Մայիս.- Թրքական բանակի հրամանատար Վեհիպ փաշան Հայաստանի երեք ուղղութիւններու վրայ՝ Սարդարապատի, Ապարանի, Վանաձորի ուղղութեամբ գործող զօրամիաւորումներուն վճռական յարձակման հրաման տուած է եւ այդ օրը Ապարանի ճակատը դարձած է Հայաստանի մէջ ծաւալած պատերազմի կեդրոն։ Բաւական էր թուրքերը այստեղ ճեղքէին պաշտպանութիւնը եւ անմիջականօրէն հարուածի տակ կը մնար Սարդարապատը։ Կէսօրին, անձրեւի տակ թուրքերը փորձած են Սարալանջ գիւղէն արեւելք ինկած հատուածին մէջ անցնիլ յորդած Քասախ գետը, դուրս գալ աշխարհազօրայիններու թիկունքը եւ կոտրել ապարանցիներու դիմադրութիւնը։ Պահը դարձած է օրհասական, բայց տեղ հասած ջոկատները, գրաւելով Քասախի երկու ափերու բարձունքները, կրակի տակ առած են թուրքերը ու ստիպած են անկանոն նահանջել։ Օրուան երկրորդ կիսուն թուրքերը կատաղի գրոհի ձեռնարկած են Արագածի փէշին։ Գերակշիռ ուժերով անոնք յաջողած են ճեղքել հայերուն պաշտպանութիւնը Ալուջայի ձորի մօտ եւ աւելի քան մէկ քիլոմեթր թափանցել հայերու թիկունքը։ Ճակատը թէեւ մեծ դժուարութեամբ, բայց փակուած է եւ թուրքերը յայտնուած են երկկողմ կրակի տակ։ Եղուարդի կողմէ մարտադաշտ հասած գնդապետ Զալինեանի 300 զինուորներն ու Արագածի փէշով յառաջացող փարպեցի աշխարհազօրայիններու հարիւրեակը (Տէր Գէորգ քահանայի գլխաւորութեամբ) փակած են թուրքերու ճանապարհը, եւ վերջիններս յայտնուելով եռակողմ կրակի տակ՝ ամբողջութեամբ ոչնչացած են (միայն քիչերը յաջողած են դէպի Արագածի գագաթը փախչելով՝ փրկուիլ)։ Կէսօրին Ապարանի ռազմաճակատին վրայ նոր վտանգի ուղղութիւններ ի յայտ եկած են։ Թրքական հրամանատարութեան պահանջով Ապարանի գաւառի արեւելեան կողմէն՝ Ձորագլուխ գիւղի ուղղութեամբ յարձակումի անցած են Հանքաւանի մէջ բնակող թուրքերը։ Թշնամիի ճանապարհը այս ուղղութեամբ փակած է Ձորագլուխի, Թթուջուրի, Չքնաղի բնակիչներէն կազմուած միացեալ ջոկատը։ Մարտը տեղի ունեցած է Կարմիր վանք հնավայր-բնակավայրի մատոյցներուն վրայ։ Թուրքերը չյաջողելով կոտրել ապարանցի աշխարհազօրայիններու դիմադրութիւնը, չորս ժամուան մարտէն ետք ետ քաշուած են՝ մարտադաշտին մէջ ձգելով քսանէն աւելի դիակ։ Զոհուած է նաեւ ձորագլխեցի տիրացու Յարութիւնը։ Գրեթէ նոյն ժամանակ Բուժական գիւղի կողմէն աւելի քան հինգ հարիւր թուրքեր նոր ճակատ բացած են Նորաշէն-Երնջատափ գիւղերու ուղղութեամբ։ Յարձակման մասին տեղեկացուած հայկական հրամանատարութիւնը այս ուղղութեամբ եւս հասցուցած էր պաշտպանական խրամատներ փորել Նորաշէն գիւղէն շուրջ երկու քիլոմեթր արեւելք գտնուող աւերակ բերդէն մինչեւ Երնջատափ գիւղի քարհանքը։ Պաշտպանական այս հատուածին մէջ կեդրոնացուած են Նորաշէն եւ Երնջատափ գիւղերու գրեթէ բոլոր տղամարդիկ. շուրջ երեք հարիւր հոգի։ Սկսած մարտի լուրը ստանալուն պէս հայկական հրամանատարութիւնը այս ճակատը ուղարկած է Վարդենիս գիւղէն հաւաքագրուած հարիւրեակը։ Այս ուղղութեամբ մարտը շարունակուած է մինչեւ յաջորդ օրուան վերջը։ Այս ուղղութեամբ եւս թուրքերը չեն յաջողած խուճապ յառաջացնել արդէն երեք կողմէ կռուող ապարանցիներուն դէմ եւ հնարաւորութիւն ստեղծել թրքական հիմնական ուժերուն համար, ճեղքելու ռազմաճակատի կեդրոնական հատուածը։ Թուրքերը այս ուղղութեամբ տուած են հարիւրէն աւելի զոհ։ Հայկական կողմէն զոհւած են 17 նորաշէնցի, 3 երնջատափցի, 1 վարդենիսցի։ Ապարանի հերոսամարտի նախորդ ուսումնասիրողներէն որեւէ մէկը Ձորագլուխի եւ Նորաշէն-Երնջատափի ռազմագործողութիւններուն մասին տեղեկութիւն չունի, իսկ ուրիշներն ալ կարծած են, թէ թուրքերը ճեղքած են ճակատը եւ հասած են մինչեւ Քուչակ եւ Երնջատափ։ Թուրքերը այդ օրը մարտադաշտին մէջ թողած են 1000-էն աւելի դիակ, գնդացիրներ, զէնք, զինամթերք։
  • 26 Մայիս.- Դիրքային փոփոխութիւններ չեն եղած։ Թուրքերը քանի մը ուղղութիւններու վրայ փորձած են առաջ շարժիլ, սակայն չեն յաջողած։ Օրուան վերջը Սարդարապատէն Ապարան փոխադրուած են կապիտան Խորէն Իգիթխանեանի հրետանային մարտկոցը, գնդապետ Յովսէփեանի 5-րդ հրաձգային գունդը։
  • 27 Մայիս.- Ապարանի ռազմաճակատին վրայ հայ աշխարհազօրայիններու, զինուած խումբերու, կադրային զինուորներու թիւը անցած է 9000-ը։ Թէեւ թուրքերը դարձեալ թուական գերազանցութիւն ունէին, բայց հոգեբանական առաւելութիւնը անվերապահօրէն անցած էր հայերու կողմը։ Չկարողանալով դիմագրաւել հայերու գրոհներուն՝ թուրքերը թողած են Նիգաւանը, Մելիքգիւղը եւ կեդրոնացած են Ճահճուտի մօտակայ բարձունքներուն վրայ։
  • 28 Մայիս.- Թիֆլիսի մէջ գործող Հայոց Ազգային խորհուրդը Հայաստանը յայտարարած է անկախ պետութիւն եւ ստանձնած՝ իշխանութեան պատասխանատուութիւնը։ Բայց Ապարանի ռազմաճակատին վրայ այդ կարեւորագոյն նորութիւնը թերեւս չէին գիտեր։ Դրաստամատ Կանայեանը անձամբ ամբողջ ճակատը տարած է թշնամիին դէմ գրոհի։ Դիրքերը գրաւուած են զոհերու գնով։ Այդ օրը զոհուած են սեբաստացի Ազարիկը, գանձակեցի Զեմլիակը, գառնեցի Մարտիրոսի հօրեղբորորդին եւ այլ քաջորդիներ։ Չնայած կորուստներուն՝ հայերը գրոհը չեն դադրեցներ նաեւ գիշերը։
  • 29 Մայիս.- Թրքական զօրամասի արիւնաքամ մնացորդները սպիտակ դրօշ պարզած են։

Հերոսամարտի Պատմական Նշանակութիւնը

Խմբագրել

Ապարանի ինքնապաշտպանական հերոսամարտը աւարտած է փառահեղ յաղթանակով։ Թուրքերը այդ ճակատին վրայ տուած են 3000-էն աւելի զոհ։ Մեծ է Ապարանի ինքնապաշտպանական հերոսամարտի պատմական նշանակութիւնը։ Անիկա չի զիջիր Սարդարապատի ճակատամարտին։ Այդ հերոսամարտերը մեր ժողովուրդի գոյատեւման նոր Աւարայրն էին, մէկը՝ Արաքս գետի, միւսը՝ Քասախ գետի ափին։

Հերոսամարտի Յուշարձանը

Խմբագրել
 
Դրաստամատ Կանայեանի գերեզմանը «Վերածնունդ» յուշարձանի արեւմտեան եզրաթումբի վրայ

Ապարանի եւ հարեւան գաւառներէն օգնութեան եկած աշխարհազօրայիններու, զինուորներու յիշատակին բացառապէս Ապարանի ժողովուրդի պայքարի արդիւնքով, խորհրդային տարիներուն՝ 1974-1979, բազմավաստակ ճարտարապետ Ռաֆայել Իսրայէլեանի նախագիծով, կանգնեցուած է սերունդներու յիշողութեան ուղղուած «Վերածնունդ» յուշարձան-կոթողը։ Յուշարձանի հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցած է 28 Մայիս 1979-ին։ Յուշարձանի կառուցման աշխատանքներուն զուգահեռ, բարեկարգուած ու կանաչապատուած է շուրջ 7 հեքթար տարածք։ Տնկուած է մօտ 500 եղեւին եւ աւելի քան 500 բարտի։ Հիմնուած են նշանաւոր հիւրերու, զինակոչիկներու, նորապսակներու ծառուղիները։

Արցախեան ազատամարտին զոհուած ապարանցիներուն յուղարկաւորելու համար, 1991-ին ընտրուած է յուշարձանի արեւելեան եզրաթումբը, ուր տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած է որպէս գերեզման-յուշահամալիր։

28 Մայիս 2000-ին «Վերածնունդ» յուշարձանի արեւմտեան եզրաթումբին վրայ յուղարկաւորուած է Ապարանի հերոսամարտի ղեկավար Դրոյի՝ Դրաստամատ Կանայեանի աճիւնը։ Ճիշտ կ'ըլլայ, որ այստեղ վերայուղարկաւորուին նաեւ ճակատամարտի կազմակերպիչներ Սեդրակ Ջալալեանի (թաղուած է Տիթրոյթի մէջ) եւ Արսէն Տէր-Պօղոսեանի (թաղուած է Պուխարեսթի հայկական եկեղեցւոյ մօտ) աճիւնները։

Տասնամեակներու ընթացքին Ապարանի հերոսամարտի յուշարձանը վերածուած է հայրենիքի համար կռուած եւ հայրենիքի համար ինկած հերոսներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրի։

Ապարանի հերոսամարտի փառահեղ յաղթանակի առիթով, 28 Մայիս 2005-ին "Նիկ-Ապարան (կազմակերպութիւն)" հայրենակցական հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ Արագածի շուրջը՝ աւելի քան 160 քիլոմեթրանոց շրջագիծով կազմակերպուած է աննախադէպ միջոցառում՝ "Միասնութեան շուրջպարը"։

Գրականութիւն

Խմբագրել