Տիթրոյիթ (անգլերէն՝ Detroit [dɪˈtrɔɪt]), քաղաք ԱՄՆ-ի հիւսիս-արեւելեան մասի մէջ, Միշիկըն նահանգի մէջ։ Քաղաքը կը գտնուի նահանգի հարաւ-արեւելեան անկիւնը եւ տեղակայուած է Տիթրոյիթ գետ-ի ափին։ Քաղաքի հարեւանութեամբ կը գտնուի Քանատայի հետ ԱՄՆ-ի միջպետական սահմանը։ Բնակչութիւնը կը կազմէ 713 777 մարդ (2010 թուականի տուեալներով), արուարձաններու հետ՝ 4,4 միլիոն մարդ։

Տիթրոյիթ
անգլերէն՝ Detroit
Դրօշակ Զինանշան


Speramus Meliora; Resurget Cineribus
Երկիր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ԱՄՆ
Mayor of Detroit, Michigan? Mike Duggan?[1][2][3]
Օրէնսդրական մարմին Detroit City Council?
Հիմնադրուած է՝ 1701
Տարածութիւն 370,028011 քմ² քմ²
ջրայինը 2,8828 տոկոս
ԲԾՄ 183 մեթր մ
Բնակչութիւն 639 111 մարդ (1 Ապրիլ 2020)[4]
Կը գտնուի ափին Տիթրոյիթ եւ River Rouge
Ժամային գօտի Հիւսիս-ամերիկեան ժամային գօտի
Հեռախօսային ցուցանիշ 313
Փոստային ցուցանիշ 48201
Անուանուած է Տիթրոյիթ գետ
Պաշտօնական կայքէջ detroitmi.gov

Անուանում Խմբագրել

Ֆրանսերէն տեթրուա (Détroit՝ «նեղուց, նեղ անցք՝ անցում, կիրճ») անուանման անգլերէն արտասանութիւնն է։ Անուանումը սկզբնապէս վերաբերած է Սենթ Քլեր եւ Էրի լիճերու միջեւ եղած նեղուցին, ուր կը գտնուի Տիթրոյիթը։ Հիմնադրած են ֆրանսացիները 1701 թուականին՝ Քանատայի հետ սահմանային Տիթրոյիթ գետ-ի ափին։

1760 թուականին բռնագրաւած են անգլիացիները։ 18-րդ դարու վերջը մտած է ԱՄՆ֊ի կազմին մէջ[5]։

Կլիմայ Խմբագրել

Կաղապար:Եղանակի աղիւսակ

Տիթրոյիթի քոյր քաղաքները Խմբագրել

Հայերը Տիթրոյիթի մէջ Խմբագրել

ՏԻԹՐՈՅԻԹ «Մանուկեան» Մասնաշէնք Արուեստի Դպրոցին Մէջ Խմբագրել

11 Դեկտեմբեր 2008-ին Տիթրոյիթի Արուեստի դպրոցը պատուեց իր երկարամեայ գործընկերներէն՝ 1920ական թուականներուն Միացեալ Նահանգներ գաղթած յայտնի բարերար Ալեք Մանուկեանի որդին՝ Ռիչըրտ Մանուկեանը, թանգարանի ամերիկեան արուեստի նոր մասնաշէնքը կոչելով անոր անունով։[6]

ՏԻԹՐՈՅԻԹ.- ՀՕՄի Տիթրոյիթի մասնաճիւղը Խմբագրել

2009-ին, ՀՕՄի Տիթրոյիթի մասնաճիւղը իր հինգ ենթամասնաճիւղերով՝ «Սիպիլ», «Շաքէ», «Ցոլիկ», «Մարօ» եւ «Զապէլ», տօնախմբեց Հայ օգնութեան միութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակը՝ աւելի քան 150 հայորդիներու մասնակցութեամբ:

Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հարիւրամեակի յանձնախումբի անդամներուն կողմէ յղացուած նոր գաղափարով մը: Մասնակիցներուն ժամադրավայրն էր St. Clear Shore-ը, Կիրակի, Յունիս 7ի յետմիջօրէին, իսկ տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ «Ovation» եռայարկ շքեղ զբօսանաւուն վրայ:[7]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել