Զամպիա, որ Հիւսիսային Ռոտեզիոյ նախկին բրիտանական հոգատարութիւնն է, կը գտնուի հարաւային Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ, սահմանակից ունենալով, հիւսիսէն՝ Քոնկոյի Հանրապետութիւնը եւ Թանզանիա, արեւելքէն՝ Մալաուի եւ Մոզամպիք, հարաւէն՝ Ռոտեզիա (հարաւային) եւ Պոցուանա, արեւմուտքէն՝ հարաւ-արեւմտեան Ափրիկէ եւ Անկոլա։

Զամպիա
Զամբիայի դրոշ? Զինանշանը


Կը ներառնէ Central Province?, Copperbelt Province?, Eastern Province?, Luapula Province?, Lusaka Province?, Northern Province?, Northwestern Province?, Southern Province?, Արևմտյան պրովինցիա? եւ Muchinga Province?
Պետական լեզու անգլերէն[1]
Մայրաքաղաք Լուզաքա
Օրէնսդիր մարմին National Assembly?
Երկրի ղեկավար Hakainde Hichilema?
Կառավարութեան ղեկավար Edgar Lungu?
Ազգաբնակչութիւն 2009 նախահաշիվը 12,935,000
Օրհներգ Stand and Sing of Zambia, Proud and Free?
Կարգախօս One Zambia, One Nation
Հիմնադրուած է 24 Հոկտեմբեր 1964 թ.
Արժոյթ Զամպիական կուաչա (ZMK)
Ժամային համակարգ UTC+2 եւ Africa/Lusaka?[2]
Հեռաձայնային համակարգ +260
Համացանցի յղում .zm?
Մարդկային ներուժի զարգացման թիւ 0,565[3]
statehouse.gov.zm

Հողը բարեբեր է եւ կան արօտավայրեր։

Գլխաւոր քաղաքներ

Խմբագրել

Գլխաւոր քաղաքներն են՝ մայրաքաղաքը՝ Լուզաքա, Նտոլա, Քիթուէ։

Պատմութիւն եւ Կառավարութիւն

Խմբագրել

Քրիստոնէութեան սկզբնական շրջաններուն, Զամպիա բնակավայրն էր հնդիկ գաղթականներու։ Արաբները հոն հաստատուիլ սկսան 740-էն։ 1888 - 1924 կառավարուեցաւ Բրիտանական Հարաւային Ափրիկէի ընկերութեան կողմէ, իսկ այդ թուականին բրիտանական կառավարութիւնը ստանձնեց երկրին վարչութիւնը։

Բրիտանական հասարապետութեան շրջագիծէն ներս Զամպիա Հիւսիսային Ռոտեզիա անուան տակ մէկ երկիրն էր Նիասալանտի եւ Հարաւային Ռոտեզիոյ հետ կազմուած դաշնակցային պետութեան։ Սակայն բնիկները ընդդիմացան այդ վարչաձեւին։ Մ. Բրիտանիա չյաջողեցաւ իր կամքի պարտադրել եւ երկիրը անկախութիւն ստացաւ 24 Հոկտեմբեր 1964-ին։ Նախագահ ընտրուեցաւ Ազգայնական կուսակցութեան պետ Քենեթ Քաունտա։ Նախագահը՝ կ՛ընտրուի ժողովրդային ուղղակի քուէարկութեամբ։ Խորհրդարանը ունի 80 անդամ, որոնց 75-ը կ՛ընտրուի ուղղակի քուէարկութեամբ, իսկ հինգը կը նշանակուին նախագահին կողմէ։

Սահմանադրութիւնը մասնաւոր տրամադրութիւն ունի հոն բնակող սպիտակամորթներուն համար։

Զամպիա անդամ է ՄԱԿին (1 Դեկտեմբեր 1964), Ափրիկէի Միութեան Կազմակերպութեան եւ Բրիտանական հասարակապետութեան։

Կը հետեուի չէզոք քաղաքականութեան։

Պաշտօնական լեզզուն է պասուքոն, կը խօսուին անգլերէն եւ Ափրիկէնտերներու լեզուն, ինչպէս նաեւ պանթու բարբառներ։

Տնտեսական Պայմաններ

Խմբագրել

Գլխաւոր արտադրութիւնն է պղինձը, որուն համար աշխարհի Գ. երկիրն է։ Ունի նաեւ զինկ, կապար, քոպալթ եւ մանկանէզ։ Որպէս երկրագործական արտադրութիւն, ունի ծխախոտ, եգիպտացորեն, կաղին։ Կան հարուստ անտառներ։ Բաղդատաբար դրացի երկիրներուն, Զամպիա հարուստ է, շնորհիւ իր պղինձին։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Բնակչութիւն

Խմբագրել

Աղբիւր

Խմբագրել
  • Երուանդ Մոնոֆարեան (1968), «Հանրագիտակ», Համազգայինի տպարան, Պէյրութ, էջ 101-103։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել