Դսեղ

գիւղ Հայաստանի Լոռու մարզ‎ին մէջ

Դսեղ, գիւղ Հայաստանի Հանրապետութեան Լոռի մարզին մէջ։ Գիւղը ըստ բազմաթիւ հաւաստի աղբիւրներու, հիմնադրուած է թերեւս Ք.ա., որու վերաբերեալ կան գիտական հիմնաւորումներ ունեցող տուեալներ[2]:

Գիւղ
Դսեղ
Երկիր  Հայաստան
Մարզ Լոռուայ Մարզ
Տարածութիւն 39.47 քմ²
ԲԾՄ 1225 մեթր
Պաշտօնական լեզու հայերէն
Բնակչութիւն 2137 մարդ (2011)[1]
Ազգային կազմ Հայեր
Կրօնական կազմ Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Տեղաբնականուն դսեղցի
Ժամային գօտի UTC+4։00
Պաշտօնական կայքէջ dsegh.am

Ընդհանուր տուեալներ

Խմբագրել
  • Բնակչութիւնը՝ 2500
  • Մակերեսը՝ 39.47 քմ2
  • Գիւղի մակարդակը ծովէն բարձր է՝ 1250-1350 մ.

Գոյութիւն ունի Դսեղ անուան ստուգաբանութեան հետ կապուած երկու տարբերակ.

  1. Դսեղ կը նշանակէ դուրս տեղ, այսինքն` բնակավայրերէն զատուած, առանձնացուած տեղ,
  2. ըստ աւանդազրոյցներու` ձորի գիւղերէն տարբերելու համար սարահարթի գիւղը կոչած են Դրսի գեղ կամ Դսեղ:

Բնակչութիւն

Խմբագրել

Դսեղի ազգաբնակչութեան փոփոխութիւնը.[3]

Տարի 1831 1897 1926 1939 1959 1970 1979 2001 2004
Բնակչութիւն 473 1231 2655 3482 2990 3114 2554 2573 2149

Տնտեսութիւն

Խմբագրել

Բնակչութիւնը հիմնականին կը զբաղուի հացահատիկի, գետնախնձորի, բանջարաբոստանային եւ կերային մշակութեամբ։ Անասնապահութեամբ զբաղողները կ՛արտադրեն կաթ, միս, հաւկիթ, բուրդ եւ մեղր։

Պատմամշակութային Յուշարձաններ

Խմբագրել

Գիւղի տարածքին կայ չորս եկեղեցի։ Ամենամեծը Բարձրաքաշ Սուրբ Գրիգոր եկեղեցին է` կառուցուած 13-րդ դարուն Մամիկոնեաններու տոհմի կողմէն. գիւղի հիւսիսային նոյնանուն ձորին մէջ կը գտնուի կիսաքանդ վիճակի մէջ։ Գիւղի հին մեծ գերեզմանատունը կը գտնուի 645-ին կառուցուած համեմատաբար փոքր միանաւ եկեղեցւոյ աւերակները։

Դեպետի ձորին մէջ՝ գիւղի արեւմտեան կողմը, կիսաքանդ վիճակի մէջ կանգնած է Քառասնից Մանկաց եկեղեցին։ Ըստ ճակատի արձանագրութեան` օծուած է 1256-ին Հաղբատի վանքի վանահայր Համազասպի կողմէ։ Գիւղի տարածքին կայ չորս մատուռ։ Կանգուն մնացած են Սուրբ Սարգիս եւ Դդի գլուխի Բալայ Գիքորի կառուցած մատուռները։

Գիւղի կեդրոնը՝ Թումանեանի տուն թանգարանի հարեւանութեամբ կը գտնուի գործող եկեղեցին։ Սկզբնական շինութենէն մնացած մասերը կը վերագրուին 7-րդ դարուն։ Եկեղեցին քանի մը անգամ ենթարկուած է վերանորոգման, իսկ 20-րդ դարու սկիզբը` վերակառուցման:

Գիւղի շրջակայքը կան նաեւ քարանձաւներ, որոնք օգտագործուած են մարդոց կողմէ հնագոյն ժամանակներէն ի վեր իբրեւ կացարան, իսկ հետագային միայն անասուններու համար։ Անոնցմէ են «Դռնաւոր էրը», Ծակ քարը եւ գիւղէն Ձորագէս իջնելու Մուտի աջ կողմի ցած քարայրը, որ կը կրէ նաեւ մարդու կողմէ յարմարեցման հետքեր։

Բնական Յուշարձաններ

Խմբագրել

Գիւղէն հարաւ արեւելեան կողմի «Ծովաքար» կոչուող սարի ստորոտը կը գտնուի «Ծովեր» կոչուող գեղեցիկ լիճը։ Սովետական կարգերու ժամանակ ան կը մտնէր ոռոգման համակարգի մէջ։

Գիւղի կեդրոնական հրապարակի վրայ կը գտնուի մշակոյթի տունը՝ 250 տեղ ունեցող դահլիճով եւ 11000 գիրք ունեցող գրադարանով, ինչպէս նաեւ Յովհաննէս Թումանեանի պրոնզէ արձանը։

Հասարակական Կառոյցներ

Խմբագրել

2013-ի դրութեամբ գիւղին մէջ կայ միջնակարգ դպրոց, ուր կ՛աշխատին մօտ 50 ուսուցիչ։ Դսեղի նոր հիւանդանոցը կառուցուած է «Կարմիր Խաչ»ի միջոցներով`Սպիտակի աւերիչ երկրաշաժէն ետք իբրեւ օգնութիւն գիւղին[2]։

2014-էն համայնքին մէջ հիմնուած է Ստեղծագործարան դպրոցին մէջ՝ արուեստագիտութեամբ յագեցած դասասենեակ, Արուեստի սենեակ, վերանորոգուած է դպրոցական ճաշարանն ու ստեղծուած ատամնակայան տարրական դպրոցականներու համար։ Հայաստանի մանուկներ բարեգործական հիմնադրամի ջանքերով գիւղին մէջ կը գործէ նաեւ բուժկէտ։

Նշանաւոր Անձեր

Խմբագրել

Պատկերադարան

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Հայաստանի 2011 թ. մարդահամարի արդյունքները
  2. 2,0 2,1 «Դսեղ» [permanent dead link]
  3. «Հայաստանի հանրապետութեան բնակավայրերու բառարան, էջ 70»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-09-12-ին։ արտագրուած է՝ 2019-04-26