Թովմաս Նազարբէկեան

Զօրավար Թովմաս Նազարբէկեան (Նազարբէկով). ռազմական գործիչ, ռուսական բանակի զօրավար-հազարապետ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան զօրավար տեղակալ, գլխաւոր հրամանատար Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, սպարապետ, ազգային հերոս, անկուսակցական, 1918 մայիսեան հերոսամարտերու ընդհանուր հրամանատար:

Թովմաս Նազարբէկեան
Ծնած է 4 Ապրիլ 1855(1855-04-04)
Ծննդավայր Թիֆլիս, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 19 Փետրուար 1931(1931-02-19) (75 տարեկանին)
Մահուան վայր Թիֆլիս, Խորհրդային Միութիւն[1]
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Ուսումնավայր Մոսկվայի երկրորդ կադետական կորպուս?[1]
Մասնագիտութիւն զինուորական, քաղաքական գործիչ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 4 Օգոստոս 1855-ին, Թիֆլիս, ունեւոր ընտանիքի մը յարկին տակ: Ընդհանրապէս ռուսական շրջանակի մէջ կը կազմաւորուի, զինուորականի իր կրթութիւնը կը ստանայ Մոսկուայի մէջ. ցարական զինուորական բարձրագոյն վարժարանը կ'աւարտէ եւ նորահաս սպայ էր տակաւին, երբ ռազմական իր տաղանդին ու քաջագործութիւններուն կրակի մկրտութիւն կը ստանայ 1877-1878 թուականներուն ռուս-թրքական պատերազմի ընթացքին: Բայց յատկապէս 1904-1905 թուականներուն ռուս-ճափոնական պատերազմին գնդապետի աստիճանով իր մասնակցութեամբ է, որ Նազարբէկովի հերոսական սխրանքները մեծ հռչակ կ'ապահովեն անոր եւ կ'արժանացնեն ցարական բանակի հրամանատարութեան ոսկեայ սուրի պարգեւին:

1903-1905 թուականներուն նաեւ ցարական Ռուսիոյ հակահայ ոտնձգութիւններու ժամանակաշրջաններուն էին: Հայ եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման փորձով իր բարձրակէտին հասած «Հայաստանն առանց հայու» ցարիզմին ծաւալած հալածանքը իր հակահայ դրսեւորումը կ'ունենայ նաեւ ռուս կայսերական բանակէն ներս, երբ հայ ծագումով բարձրաստիճան զինուորականները հեռու կը պահուին զօրաբաժիններու հրամանատարութեան իրենց պաշտօններէն: Նոյնը կը պատահի նաեւ զօր. Նազարբէկեանի պարագային, որ անվարան կը ներկայանայ իր գերադասին եւ կը ներկայացնէ ցարական բանակէն իր հրաժարականը` խրոխտութեամբ յայտարարելով, թէ ո՛չ միայն հայկական ծագում ունի, այլեւ լիարժէք հա՛յ է ու հպարտ է իր հայութեամբ:

Ամբողջ տասը տարի ռուսական բանակէն հեռու մնալէ ետք, 1914-ին, Ա. Աշխարհամարտի բռնկումին հետ, ցարական քաղաքականութիւնը շրջադարձ կ'ապրի հայութիւնը ներգրաւելու նպատակով, ռուսական բանակի վերին հրամանատարութիւնը վերստին ծառայութեան կը կանչէ զօր. Նազարբէկեանը` անոր յանձնելով Կովկասեան Բ. հրացանաձիգ զօրաբաժինի հրամանատարութիւնը:

Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ կռուի Կովկասեան ճակատին վրայ, 22 Հոկտեմբեր 1914-էն կը դառնայ Կովկասեան 2-րդ հրաձգային զօրագունդի, իսկ 18 Նոյեմբեր 1916-ին Կովկասեան 2-րդ հրաձգային բաժինի հրամանատար[2]:

Գործունէութիւն

Խմբագրել
  • 16-18 Ապրիլ 1915-ի Տիլմանի ճակատամարտին զօր. Նազարբէկեան ջախջախիչ պարտութեան կը մատնէ հարաւ-արեւելքէն` պարսկական սահմանէն Հայաստանի ուղղութեամբ արշաւող Խալիլ փաշային զօրքը, որուն համար կ'արժանանայ Գէորգիեւեան խաչի 4-րդ աստիճանի շքանշանին:
  • Զօր. Նազարբէկեան մարտական հմտութիւն կը ցուցաբերէ, երբ մուտք կը գործէ Պիթլիս, կ'ազատագրէ Մուշը եւ կ'արշաւէ Վան ուղղութեամբ եւ կ'ազատագրէ Վասպուրականի հայութիւնը:
  • 1917-ին Թիֆլիս հաստատուած Հայ ազգային խորհուրդը հայկական զօրաբանակի ընդհանուր հրամանատար կը նշանակէ զօրավար Նազարբէկեանը[3]:
  • 10 Ապրիլ 1918-ին Նազարբէկեան հետեւեալ տխրահռչակ հեռագիրը կը ստանայ.
  Կ'առաջարկեմ, համապատասխան Անդրկովկասեան կառավարութեան կողմէ Թուրքիոյ հետ կնքուած զինադադարին, յանձնել Կարսի բերդը, ամբողջ ռազմաճակատին դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները եւ բանագնաց ուղարկել Կարսի բերդի դատարկման ժամկէտն ու պայմանները մշակելու համար: Ձեր զօրքերը պէտք է ետ քաշուին բերդին ամրոցներէն, իսկ թրքական զօրքերը` կանգ առնեն երկու քիլոմեթրի վրայ, չհասած բերդի ամրոցներուն: Կարսի մարզի շրջանը մինչեւ Ալեքսանդրապոլ պէտք է մաքրուի 3 օրուան ընթացքին:
- Անդրկովկասեան կառավարութեան նախագահ Ա. Չխենկելի ռազմական նախարարի փոխարէն Օտիշելիձէ:
 

Նազարբէկեան կը փորձէ կապուիլ Թիֆլիսի Ազգային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ, սակայն չի յաջողիր: Ան կը խորհրդակցի զինուորականներուն հետ, որոնք բոլորն ալ կ'առաջարկեն ենթարկուիլ հրամանին: Թուրքերուն հետ կը բանակցին գնդապետ Մորելը եւ Կարսի կայազօրի պետ Դէեւը:

  • Ապրիլ 11-ին Նազարբէկեանին կը յանձնարարեն ամբողջ զօրքը տեղափոխել Ալեքսանդրապոլ, որուն կը հետեւին շուրջ 20. 000 բնակիչներ:
  • Ապրիլ 12-ին` երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Կարս կը մտնէ թրքական 11-րդ զօրաբաժինի առաջապահ մասը[4]:
  • Թովմաս Նազարբէկեանի ընդհանուր հրամանատարութեամբ հայկական զօրքերը Մայիս 1918-ին երրորդ տասնօրեակին կը կասեցնէ թուրքերու հետագայ յառաջխաղացքը Վանաձորի (Ղարաքիլիսա) ուղղութեամբ:
  • Զօր. Նազարբէկեան պատմակշիռ ներդրում կ'ունենայ Հայաստանի անկախութիւնը կերտած Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի հերոսական ճակատամարտերու ղեկավարման մէջ` այնուհետեւ արժանանալով նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային բանակի սպարապետի բարձրագոյն պաշտօնին:
  • 25 Մարտ 1919-ին` Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուորական խորհուրդի նախագահ եւ զօրքերու հրամանատար կը նշանակուի:
  • 15 Յուլիս 1919-ին անոր կը շնորհուի զօրավար-տեղակալի կոչում:

Հայոց բանակին բերած իր ներդրումը

Խմբագրել

Հայաստանի Հանրապետութեան զօրաբանակի ստեղծման մէջ անուրանալի դեր կ'ունենայ Զօր. Նազարբէկեան:

Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն ետք, Նազարբէկեանի որոշումով, հայ զինուորը կ'ունենայ իր յատուկ համազգեստը` ռուսականի փոխարէն, հայերէնի կը թարգմանուի զինուորական կանոնագիրքը ու հայերէնով կը տրուին հրամանները:

Վերջին տարիները
Խմբագրել

Խորհրդային կարգեր հաստատուելէ ետք, Լենին-Քեմալ մեղսակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան տիրացած հայանուն պոլշեւիկները իրենց առաջին հարուածը կ'ուղղեն հայոց սպարապետին`Յունուար 1921-ին. 1200 սպաներու հետ զայն հետիոտն աքսորելով մինչեւ Մոսկուայի մերձակայքը: Ապա` Ռյազանի համակեդրոնացման ճամբար:Թէեւ քանի մը ամիս ետք` Մայիս 1921-ին, խորհրդայինները ներում կը շնորհեն եւ վերջ կու տան հայոց սպարապետին աքսորին, բայց զօրավար Նազարբէկեանի առջեւ վերջնականապէս կը փակուին ազգային ծառայութեան բոլոր դռները:

Ան կ'որոշէ հաստատուիլ իր ծննդավայր Թիֆլիսի մէջ, ուր կ'ապրի ծայրահեղ աղքատութեան մէջ եւ կը գրէ իր յուշերը:

Անկախ Հայաստանի կերտման նուիրուած սպարապետ զօր. Թովմաս Նազարբէկեանը կը մահանայ 19 Փետրուար 1931-ին:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել