Պետիկ Ինճէեան
Պետիկ Ինճէեան ( 3 Նոյեմբեր 1950, Այնճար - 27 Մայիս 1976, Փարիզ), Ան զաւակն էր Յովհաննէս եւ Ալիս Ինճէեաններուն, ծնած 3 Նոյեմբեր 1950-ին, Այնճար։ Փոքր տարիքէն յատուկ սէր ցուցաբերած էր մարզանքին եւ որսին հանդէպ, որ հետագային արտայայտուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Յ.Դ.-ի իր անդամակցութեամբ եւ աշխոյժ գործունէութեամբ։ Մաքուր կենցաղով ու բարի եւ հեզ բնաւորութեամբ, ծառայասէր Պետիկը բոլորին սիրելին էր։ Ազգային գործերուն մէջ երբեք խտրութիւն չէր դներ։ Իր համոզումը այն էր, որ երիտասարդները պէտք է հոգան ժողովուրդին բոլոր պէտքերը եւ ուղղակիօրէն աշխատին ժողովուրդին հետ գետնի վրայ։
Պետիկ Ինճէեան | |
---|---|
Ծնած է | 3 Նոյեմբեր 1950 |
Ծննդավայր | Այնճար |
Մահացած է | 27 Մայիս 1976 |
Մահուան վայր | Փարիզ, Ֆրանսա |
Ազգութիւն | Հայ |
Ծնողներ | Յովհաննէս եւ Ալիս Ինճէեաններ |
27 Մայիս 1976-ին, Փարիզի հայկական կեդրոնի սենեակներէն մէկուն մէջ, կը նահատակուի ընկեր Պետիկը[1]։
Պետիկ Ինճէեան Լիզպոնի տղոց նման գիտցաւ արհամարհել կեանքը ու զոհեց կեանքը իր ազգին եւ հայրենիքին համար[2]:
Ահաւասիկ այսպէս, զինեալ պայքարի առաջին նահատակը կը դառնար հերոսական Մուսա Լերան ժողովուրդի թոռներէն մէկը՝ որ ամբողջական նուիրումով կ՛ապացուցէր թէ Հայ Դատը չէ մեռած, թէ հայ ժողովուրդի զաւակները պիտի պայքարին մինչեւ ստանան իրենց արդար իրաւունքները։