Աքրոփոլիս (Աթէնք)
Աքրոփոլի Ακρόπολη (հին յուն․՝ Η Ακρόπολις)․ կրային ժայռոտ բլուր մըն է, ծովուն մակերեսէն 156 մ բարձրութեամբ եւ Աթէնք քաղաքին մակարդակէն՝ 70 մ։ Անոր մակարդակը տրապէզաձեւ (սեղանաձեւ) է` 300 մ երկարութեամբ եւ 150 մ լայնութեամբ։ Բլուրը անհասանելի է բացի արեւմտեան կողմէն, ուր կը գտնուի հսկայ ամրոց-մուտքը, Փրոփիլէա Προπύλαια։ Համաշխարհային Ժառանգութեան Յուշարձան (Եունեսքօ) է:
Բնակավայր | |
---|---|
Աքրոփոլիս | |
հին յուն․՝ Ακρόπολη Αθηνών | |
Աքրոփոլին մայրամուտին | |
Երկիր | Յունաստան |
Առաջին յիշատակում | Ք․ա․ 3-րդ հազարամեակ |
Տարածութիւն | 300 մ երկ. եւ 150 մ լայն. քմ² |
ԲԾՄ | ծովուն մակերեսէն 156 մ, իսկ Աթէնք քաղաքէն՝ 70 մ մ |
Պարգեւներ | Եունեսքոյի Համաշխարհային Ժառանգութիւն |
Անուանուած է | հնագիտական վայր. կ՛ընգրկէ Փարթենոնասի, Փրոփիլէայի, Էրեխթիոնի եւ Աթինա Նիքի գլխաւոր տաճարներն ու յուշարձանները |
Անուան ստուգաբանութիւնը
ԽմբագրելԱնունը յառաջ եկած է յունարէն ἄκρον (աքրոն - akron, ամենաբարձր մաս, վերջածայր) եւ πόλις (պոլիս, փոլիս - polis, քաղաք)։
Այլ անուանում
ԽմբագրելՀնագոյն տարիներուն ծանօթ էր որպէս Քեքրոփիա (յառաջացած առասպելական օձ-մարդէն). Քեքրոփաս, Աթէնքի ենթադրական թագաւորը։
Առասպելը
ԽմբագրելԸստ յունական դիցաբանութեան, Աքրոփոլին կապուած է Աթէնք մայրաքաղաքին անուանակոչումին հետ։ Քաղաքին հովանաւորութեան համար Աթինա աստուածուհիշին կը մրցի Պոսիդոն (Փոսիտոնաս) աստուծոյ հետ եւ յաղթական դուրս կու գայ։ Առասպելը կ’ըսէ թէ Աթէնքի թագաւոր Քեքրոփաս՝ կէս մարդ, կէս օձ, կ’որոշէ թէ երկուքէն ո՛վ որ ամենաթանկագին նուէրը տայ քաղաքին, զինք քաղաքին Պաշտպանը պիտի նշանակէ։ Երկու մրցակիցները, Աքրոփոլիսին ժայռը կը բարձրանան։ Փոսիտոնաս եռաժանիով մը յատակը կը զարնէ եւ երեւան կ’ելլէ զուլալ ջուրերով առուակ մը որ կը կոչեն «Էրեխթիոնի ծով»։ Աթինա նիզակով յատակը կը զարնէ եւ կ’երեւի փոքր ձիթենի մը։ Թագաւորը կը զմայլի աստուածուհիին նուէրով` սնունդ, ձէթ եւ փայտ․ ձիթենին կը պահէ եւ Աթինան կը կարգէ քաղաքին պաշտպանը։ Փոսիտոնաս, նեղացած, կը մեկնի` անիծելով քաղաքը, որ երբեք բաւարար ջուր չունենայ։ Այդ օրէն Աթէնքի ջուրի տագնապը կը սկսի։[1] [2] [3]
Պատմութիւն
ԽմբագրելԲնակավայր եւ ամրոց
ԽմբագրելՀնագիտական պեղումները կը ցուցնեն թէ Աքրոփոլիսին բլուրը բնակուած է Ք․Ա․ 3-րդ հազարամեակէն։ Բլուրը ինքնին բնական ամրոց է եւ բնակավայրի նախապայմանները կ’ընծայէ․ գետինը լայն եւ տափարակ է, իսկ լանջերուն ջուրի աղբիւրներ կան։ Թուքիտիտիս կը գրէ թէ՝ «ἡ Ἀκρόπολις ἡ νῦν οὖσα πόλις ῆν» Թիսէայէն առաջ քաղաքը կը կազմէին Աքրոփոլիսը եւ անոր ժայռին տակ դէպի հարաւ գտնուող բնակավայրը։
Տեղական իշխանին ապարանքը կը գնտուէր այն վայրին, ուր դարեր ետք պիտի կառուցուի Էրէխթիօ տաճարը Ερέχθειο։ Ժամանակի ընթացքին Աքրոփոլիսին բնակավայրին իշխանը Ատիկէին յունական ցեղերը խաղաղութեամբ կը միացնէ Ք․Ա․ 2-րդ հազարամեակին երկրորդ կէսին, ի բացառեալ Էլեւսինան Ελευσίνα։ Աւանդութիւնը կ’ըսէ թէ այդ իշխանը Թիսէասն էր։ Թշնամիներէ յարձակումներուն վտանգին տակ, ան Աքրոփոլիսին շրջաբոլորը կը պարսպատէ․ պատը ունի 760 մ երկարութիւն, մինչեւ 10 մ բարձրութիւն եւ 3,5 մ – 6 մ հաստութիւն։ Հետագային այս պատը Քիքլոփիա Թիխի Κυκλώπεια Τείχη կը կոչուի։
Դորիացիներու կամ «Յունական ցեղերու» Δωριείς ներխուժումէն ետք (Ք․Ա․ 11-րդ դար) ժառանգական մենապետութեան կարգը կը ջնջուի եւ հողատէրերու դասակարգը իշխանութեան գլուխը կ’անցնի․ կը հաստատուի ազնուականներուն իշխանութիւնը։ Աքրոփոլիսը կը դադրի վարչական կեդրոն ըլլալէ․ վարի քաղաքը (ժայռին շուրջը գտնուող բնակավայրը)` ասդի-ն άστυ (թարգմ․՝ քաղաք) իշխանութիւնը կը վառէ։ Աքրոփոլիսին ժայռը այլեւս կը գործածուի կրօնական ծէսերու համար, հակառակ անոր որ մինչեւ Դ. դարուն քաղաք πόλις կ’անուանուի։ Հոն, ուր միկենեան քաղաքակրթութեան ժամանակաշրջանին տեղական իշխանին ապարանքը կը գտնուէր, քաղաքին պաշտպան Աթինա աստուածուհիին նուիրուած տաճար մը կը կառուցուի' Աթինա Փոլիատա Αθηνά Πολιάδα․ այս տաճարին մասին Հոմերոսը կ’ակնարկէ Իլիատային մէջ (գիրք 2, տող 546-549*)։
Οἳ δ᾽ ἄρ᾽ Ἀθήνας εἶχον ἐϋκτίμενον πτολίεθρον
δῆμον Ἐρεχθῆος μεγαλήτορος, ὅν ποτ᾽ Ἀθήνη
θρέψε Διὸς θυγάτηρ, τέκε δὲ ζείδωρος ἄρουρα,
κὰδ δ᾽ ἐν Ἀθήνῃς εἷσεν ἑῷ ἐν πίονι νηῷ·
όπως επίσης και στην Οδύσσεια.
Աթինա Փոլիատա տաճարին մէջ Աթինա աստուածուհիին ձիթենիի փայտէ կառուցուած արձանը (ξόανον) կը պահուէր․ ըստ աւանդութեան երկինքէն ինկած էր։ Տաճարին մօտ կային Քեքրոփասին դամբանը, Աթինա աստւածուհիին ձիթենին, Էրեխթիիտա ծովը եւ Փոսիտոնաս աստուծոյ եռաժանիով հարուածին հետքերը։ Տաճարէն մնացած երկու քարէ հիմերուն վրայ (էրեխթիոնին հարաւային պատին մօտ) կը յենուին հին տաճարին յառաջամասի փայտէ սիւները։
Ք․ա. 6-րդ դար մինչեւ Աքրոփոլիսին վեռակառուցումը
ԽմբագրելՔ․Ա․ 6-րդ դարէն Աթինայի տաճարին աւերակներուն վրայ կը սկսին կառուցուիլ աթենացիներուն սրբավայրերը, օինակ՝ էքադոպետոս (Հեկատոմպեդոս) Εκατόμπεδος (հին յ/րէն․՝ ἑκατόν=հարիւր, πούς=ոտք)։ Այս սրբավայրերը յունապարսկական պատերազմներուն ընթացքին կը քանդուին։ Աթինա աստուածուհիին տաճարը կը վերաշինուի աւելի փառաւոր ձեւով։
Գտնուած են նաեւ արձանագրութիւններ եւ քանդակներու կտորներ։ Անոնք կ’ապացուցանեն թէ արխայիք (հնագոյն) ժամանակաշրջանին αρχαϊκή εποχή (Ք․Ա․ 8-րդ դար – 5-րդ դար) Աքրոփոլի ժայռին վրայ նոյնպէս կային աւելի փոքր շինութիւններ, ուր դրամ եւ թանգարժէք իրեր կը պահուէին։
Էքադոպետոս
ԽմբագրելԱյս տաճարը կը կառուցուի Ք․Ա․ 6-րդ դարուն կէսերուն (570–550), Փիսիսդրադոսին իշխանութեան շրջանին։ Էքադոպետոս կը կոչուի, որովհետեւ 100 «ատիկեան ոտք» երկարութիւն ունէր։ Դորիան ոճի ճակտոցներով տաճար էր եւ Աթինա աստուածուհիին նուիրուած էր։ Յունապարսկական պատերազմներուն ընթացքին կը քանդուի։ Ըստ հնագէտներուն հետագային անոր աւերակներուն վրայ կը կառուցուի Փարթենոն տաճարը։
Աքրոփոլիին վերակառուցումը
ԽմբագրելՊարիսպին եւ տաճարներուն վերակառուցումը կը սկսի պարսիկներուն պարտութենէն ետէ, Ք․Ա․ 465-ին, Փերիքլեսի իշխանութեան շրջանին։ Ընդհանուր հսկիչ Ֆիտիասն է եւ Մնիսիքլիս, Իքդինոս եւ Քալլիքրադիս ճարտարապետները վերակառուցման աշխատանքներուն պատասխանատուներն են։ Կը կառուցուին եւ կը զարդարուին՝ Փարթենոն (Παρθενώνας), Էրեխթիոն, Փրոփիլէա եւ Ափդերու Նիքիս տաճարը (կամ՝ Աթինա աստուածուհիին տաճարը):
Փիսիսդրադոսին իշխանութեան շրջանին կային բազմաթիւ արձաններ՝ պղինձէ կամ մարմարէ, անօթներ եւ նման իրեր։ Այս իրերը քաղաքացիները Աթինային կը նուիրէին։
Փրոփիլէա
ԽմբագրելՓրոփիլէա (Προπύλαια) անունը առաջացած է «փրօ» προ ածանցէն եւ «փիլի» πύλη (թարգմ․՝ դուռ) բառէն․ կը նշանակէ Աքրոփոլիսին կեդրոնական դուռը, մուտքը։
Դորիական ոճով կառուցուածքին շինութիւնը կը սկսի Ք․Ա․ 436-ին, Փարթենոնա տաճարին շինութեան աւարտէն ետք։ Մնիսիքլիսն է ճարտարապետը։
Շէնքը երեք մասի բաժնուած է։ Կեդրոնը կը գտնուի երկար տաճարաձեւ Դորիական ոճով շէնք մը, բարձր ճակտոցով։ Անոր աջին եւ ձախին շինուած բեմակողմերը դորիական ոճի առանց ճակտոցի տաճարներու կը նմանին, սակայն որոնց առաստաղը` ճակտոցաձեւ է։
Կեդրոնական շէնքը աննման է հին յունական ճարտարապետութեան մէջ։ Դորիական ոճի վեց սիւներ անոր ճակատը կը զարտարեն․ անոնք բարձրանալով կը նրբանան (նիհարնան)։ Անոնց վրայ կը յենուի պարզ ճակտոց մը։ Գլխաւոր սրահը կը բաժնուի երեք դասի երկուական շարք յոնիական ոճի սիւներով՝ երեք ամէն մէկ կողմը։
Փրոփիլէային կառուցումը երբեք չաւարտիր։ Ք․Ա․ 431-ին․ Պեղոպոնեզեան Պատերազմը կը սկսի եւ կառուցման աշխատանքները կը դադրին։ Ք․Ա․ 429-ին, Փերիքլիս կը մեռնի եւ անոր յաջորդները աշխատանքներուն լրման համար չեն հետաքրքրուիր։
-
Փրոփիլէա․ 1887 թ/ի պատկերացում, Falke Jacob Von
-
Նկար 1962, Փաոլօ Մոնթի, Աքրոփոլիս – Փրոփիլէա
-
Փրոփիլէա․ 1887 թ/ի պատկերացում, Falke Jacob Von
-
Նկար 2019 Օգոստ․ - Փրոփիլէա, արեւմուտքէն դիտուած․
-
Փրոփիլէային յատակագիծը
-
Փրոփիլէա, 19-րդ դարու պատկերացում - Louis-François Boitte, 1864.
Ափդերու Նիքիս տաճարը
ԽմբագրելԱփդերու Նիքիս տաճարը (Ναός της Απτέρου Νίκης) ամբողջովին մարմարէ շինուած փոքր տաճար մըն է։ Կառուցուած է Ք․Ա․ 427 - 424։ Ճարտարապետն է Քալիքրաթիս։ Քառասիւն, յոնիական ոճով տաճար։ Անոր կոնքին (σηκός cella) Աթինա Յաղթողին արձանը կար․ ան ձախ ձեռքին սաղաւարտ բռնած էր եւ աջին՝ նուռ․ կը խորհրդանշէ վարի աշխարհին աստուածները։ Տաճարին գօտեքանդակը եւ ճակտոցները ունէին քանդակուած պատկերացումներ։ Արեւմտեան գօտեքանդակը յոյներուն եւ հեծեալ արեւելցիներուն (շատ հաւանական աթենացիներն ու յոյները որ պարսիկներուն կը յաղթեն) կռիւներու հարթաքանդակ պատկերացումներով զարդարուած է։ Իսկ արեւելեան գոտեքանդակը 12 աստուածներուն Δωδεκάθεο ժողովը կը պատկերացնէ գլխաւորութեամբ Զեւս աստուծոյ Δίας (կամ՝ Ζευς)․ Արամազդ՝ հայկական հեթանոսական կրօնին համաձայն։
Սիւներուն հիմերուն զարդարանքները, սիւնագլուխներն ու վերնախարիսխը եւ հարթաքանդակ գօտին կառուցուած են Փենտելի լերան մարմարով μάρμαρο Πεντέλης -Pentelic marble։ Այսպէս տաճարը ոսկեղէնի գանձատուփի կը նմանի։
1687-ին թուրքերը տաճարը կը քանդեն եւ անոր քարերով անոնց ամրոցները կը զօրացնեն։
1836-ին, գերմանացի հնագէտներ լաւ վիճակի մէջ գտնուած տաճարին աւերակներով, զայն կը վերականգնեն։ Սակայն պատկերացումներուն քանդակները չկան, որովհետեւ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Լորտ Էլղին կը կողոպտէ․ անոնք այժմ Անգլիոյ Բրիտանական թանգարանը կը գտնուին։
Փարթենոնաս
ԽմբագրելՅուշարձանին նկարագրութիւն
ԽմբագրելԱքրոփոլիին ամենամեծ եւ պաշտօնական շինութիւնը Փարթենոնասն է։ Կառուցուած օրէն մինչեւ մեր օրերուն աշխարհի հիացումին կ’արժանանայ։ Դորիական ոճով կառուցումներուն գագաթնակետն է։ Ամբոջովին Փենտելի լերան մարմարով կառուցուած է, բացի սիւնապատուանդանէն στυλοβάτη stylobate․ կրաքարէ կառուցուած։
Հազուագիւտ տաճարներէն է որ ամբողջովին մարմարէ կառուցուած են եւ միակ Դորիական ոճովը՝ որուն բոլոր ճակտոցները հարթաքանդակներ ունին։
Տաճարին շինութեան աշխատանքները թուականին կը սկսին (Ք․Ա․ 448/7)։ Իսկ բացումը (Ք․Ա․ 432) կը կատարուի։ Ճարտարապետներն են՝ Իքդինոս եւ Քալիքրադիս, շատ հաւանական է նաեւ՝ Ֆիտիան որ պատասխանատու է անոր քանդակներու զարդարումին։
Քանդակազարդներուն, գերանին (επιστύλιο) եւ առաստաղի քանդակներուն (φάτνωμα) մեծ մասին գրուած զարդարումները կարմիր, կապոյտ եւ ոսկեգոյն էին։
Սիւնաշարքը լայնքին ունի 8 սիւներ եւ երկայնքին՝ 17։ Անոնք անսովոր խտութեամբ տեղադրուած են։ Նեղ կողմերուն կայ նաեւ վեց սիւներով երկրորդ շարք մը։ Ուրիշ անսովոր երեւոյթ մըն է կոնքին երկայնքը շրջապատող յոնիական ոճով գօտեքանդակի ներկայութիւնը։
Փարթենոնը կը ներկայացնէ համեմատական կատարեալ ներդաշնակութիւն մը։ Գեղագիտական գլուխ գործոց մըն է։
Իսկ վայրը այցելուն Փրոփիլէայէն հազիւ մտած անմիջապէս կը տեսնէ ամբողջ տաճարը, ոչ միայն մուտքը։
Տաճարին երկայնքին երեքի մասի բաժանումը եղած է ամենայն ներդաշնակութեամբ․ եզակի յունական արուեստին մէջ։ Գերմանացի Hoffnerը եւ Pennethorne առաջիններն են հաստատելու թէ Փարթենոնասին հանգրուանները կոր են․ անոնք կեդրոնին կ’ուռին, իսկ երկար եւ նեղ կողմերուն «չափազանց» կոչուած կորեր կը կազմեն։ Այս համընկած կորերը, այդ տպաւորութիւնը կը ձգեն թէ տաճարը լայն շունչ մը առած է զետեղուելէն առաջ։
Իսկ պատերը եւ սիւնաշարքը դէպի ներս կը հակին․ շինութիւնը մեծ բուրգի հիմը կը կազմէ։
Սիւները իրարմէ անհաւասար չափով զետեղուած են։ Անոնք բարձրանալով կը «նիհարնան»։ Իսկ անոնց բարձրութիւնը 2/5-ին հասած՝ հակառակ շարժում մը կը ներկայացնեն որ ուռեցքի կը նմանի եւ «ένταση» կը կոչուի․ նպատակը այն էր որ սիւնը աշխուժացնէ ուժը, որպէսզի կարողանայ ընդունիլ, կրել ծոպին ծանրութիւնը։
Տաճարին ճակտոցները հետեւեալները կը պատկերացեն․-
Խմբագրել- Արեւելեանը «Ղիղանտոմախիա» Γιγαντομαχία թարգմ․՝ վիթխարիներու կռիւը,
- արեւմուտքինը Ամազոններուն կռիւը Αμαζονομαχία,
- հարաւայինը Քենտաւրոմախիա Κενταυρομαχία թարգմ․՝ յուշկապարիկներուն կռիւը
- հիւսիսայինը Տրոյեան պատերազմը Τρωικός Πόλεμος։
Գօտեքանդակը
ԽմբագրելՏաճարին 160 մերկայնքով եւ 1 մ լայնքով գօտեգանդակը Փանաթինէա (Աթէնքին ամենակարեւոր կրօնական տօնը) թափօրը կը պատկերացնէ: Այս հսկայ գործը մէկ հոգի աշխատած եւ լրացուցած է․ հեղինակին անունը մեզի չէ հասած, սակայն կ’ենթադրուի թէ Ֆիտիան է եւ կամ անոր աշակերտներէն մէկը։ Գօտեքանդակին նիւթը նորաձեւութիւն մըն է, որովհետեւ առասպել/ներ չի պատմեր, այլ՝ իրական եղելութիւն մը․ թափօրի պահը ուր Աթէնքի ժողովուրդը Աթինա աստուածուհիին քօղը կը յանձնէ։
Գօտեքանդակին պատկերացումները
ԽմբագրելԱրեւմտեան մասին կ’երեւի պատրաստութիւնը Քերամիքօ Κεραμεικό շրջանին մէջ։ Կայ նաեւ քանդակ մը, որուն վրայ կան միայն մէկ մարդ եւ մէկ ձի։ ԱՆոնց յատկանիշները մանրամասնօրէն կը ներկայացուին․ կը կարծուի թէ Ֆիտիային գործն է։
Արեւելեան, տաճարին մուտքին մասին կը պատկերացուին Աթինա Αθηνά, Զեւս Δίας կամ Ζεύς, Իրա Ήρα եւ ուրիշ աստուածներ որոնք թափորին կը մասնակցին․ անոնց միջեւ կ’երեւի փոքրիկ մը որ քուրմին քօղը կը յանձնէ։ Թափօրը սկիզբէն մինչեւ վերջ կը ներկայացնեն 400 մարդոց ու աստուածներու եւ 200 կենդանիներու կերպարանքներ, օրինակ՝ ոչխարներ, կովեր եւ ձիեր։ Ընդհանուր պատկերացումը իր հարստութեամբ եւ ճշգրտութեամբ հիացում կը պատճառէ։
Հիւսիսային մասին կը ներկայացուին զանազան կերպարանքներ․ ճամբորդներ, երաժիշտներ, նաւեր, «թալոֆորի» θαλλοφόροι (անոնք որոնք ձիթենի կը բռնէին), «քանիֆորի» κανηφόροι (կոյսեր որոնք զոհողութեան իրերով կողով կը կրէին) եւ սափոր կրողներ։
Ճակտոցներ
ԽմբագրելԱրեւելեան ճակտոցը, մուտքին վրայ, Աթինա աստուածուհիին ծնունդը կը ներկայացնէ։
Արեւմտեան ճակտոցը, որ Փրոփիլէայէն երեւելի է, կը ներկայացնէ Աթինային եւ Փոսիտոնասին վէճը Աթէնքին տիրութեան համար։
Տաճարին ներքնամասը
ԽմբագրելՏաճարին ներսի մասը, կար երկյարկանի դորիական ոճով «Π» ձեւի սիւնաշարք մը որ վերնատուն մը կը կազմէր․ հոնկէ այցելուները տարբեր անկիւններէ, կէտերէ կրնային դիտել ու հիանալ Աթինա աստուածուհիին ոսկիայ փղոսկրէ արձանը։ Ետեւի սենեակին մէջ գանձը կը պահուէր․ Աթինա աստուածուհիին նուիրուած թանկարժէք իրեր։
Տաճարին առաստաղը յենուած էր յոնիական ոճով 4 սիւներու վրայ։ Իսկ տանիքը՝ փայտէ հսկայ գերաններու վրայ։
Պատկերասրահ
Խմբագրել-
Փարթենոնաս – յատակագիծը․ 1/Փրոնաոս (արեւելեան կողմ) - 2/Էքադոպետոս նէոս (արեւել․կողմ) - 3/Ոսկեփղոսկրեայ Աթենային արձանը - 4/կոյսերուն սրահ-գանձարան, (արեւմ․ կողմը) – 5/Օփիսթոտոմա (արեւմ․կողմ)
-
Փարթենոն տաճարը
-
Աթինա աստ/հի կոյս․ հսկայ աձրանը Փարթենոնաս տաճարին մէջ
-
Փարթենոն․ Ճակտոցի, գօտեքանդակի եւ ծոպաքանդակի գծագրուած պատկերացում - Gottfried Semper, 1836թ․
-
Աքրոփոլի․ 3D պատկերացում
Էրեհթիօ
ԽմբագրելԸստ յունական դիցաբանութեան Աթինա եւ Փոսիտոնաս աստուածներուն վէճը Աթէնքի Տէր-Պաշտպանը ըլլալու համար տեղի կ’ունենայ այդ վայրը։ Փոսիտոնան եռաժանիով մը յատակը կը զարնէ եւ երեւան կ’ելլէ զուլալ ջուրերով առուակ մը որ հետագային կը կոչուի «Էրեխթիիտա ծով»։ Աթինա, նիզակով յատակը կը զարնէ եւ կը ծնի փոքր ձիթենի մը։ Թագաւորը եւ աստուածները կը զմայլին աստուածուհիին նուէրով` սնունդ, ձէթ եւ փայտ․ Աթինան Աթէնքի պաշտպան կը կարգեն։
Աթենացիները սակայն, կը փաղձան երկու աստուածները հաշտեցնել։ Այդ պատճառով, տաճար մը կը կառուցեն, ուր նոյն յարկին տակ անոնց նուիրուած մէկական սրբավայր կը զետեղեն։ Այսպէս կը կառուցուի Աքրոփոլիի շինութիւններէն ճարտարապետական առումով ուրոյն այս տաճարը։
Առասպելը կը պատմէ թէ այդ վայրին Էրէխթոնիօ իշխանին ապարանքը կը գնտուէր եւ այդ պատճառով տաճարը կը կոչուի անոր անունով։
Ք․Ա․ 421-ին տաճարին կառուցումը կը սկսի եւ կ’աւարտի Ք․Ա․ 406-ին։ Ճարտարապետներն են՝ Ֆիտիաս եւ Մնիսիքլիս։ Յոնեական ոճի գլուխ գործոց մըն է։ Ամբողջութեամբ կառուցուած է Փենտելի լերան մարմարով, իսկ գօտեքանդակները՝ էլեւսինայի (Ελευσίνα) կրաքարով։ Տաճարը ծանօթ է իր «հաւկթաձեւ ու նետաձեւ» եւ «գծագոհար» ալիքաւոր զարդարանքներու օրինակներով։
Կոյսերուն Սիւնազարդը
ԽմբագրելՏաճարին հիւսիսային կողմը կայ 6 յոնիական ոճի սիւնաշարքը եւ հարաւային կողմը՝ աշխարահռչակ «Կոյսերուն Սիւնազարդը»․ վեց կոյսեր՝ Քարիադիտես, որոնք ենթակիր սիւներ են․ այս մասը գոց պատշգամի կը նմանի։ Քարիադիտեսները Պեղոպոնեզի Լաքոնիա Λακωνία շրջանէն գեղեցիկ դուստրեր էին։
Պատկերասրահ
Խմբագրել-
Էրէխթիօ տաճարին յատակագիծը
-
Էրէխթիօ․ արեւմտիան կողմը - մայրամուտ, Օգոստոսի լիալուսին
-
Քարիադիտես
-
Էրէխթիօ տաճար․ Կոյսերուն սիւնազարդը՝ Քարիադիտես
Ուրիշ յուշարձաններ
ԽմբագրելԱքրոփոլիին ժայռին վրայ կը գտնուէն նաեւ ուրիշ յուշարձաններ ալ․ թուենք ամենակարեւորները։
Վրաւրոնիօ Βραυρώνειο տաճարը։ Կառուցուած Ք․Ա․ 459-ին։ Աւերակներէն մաս մը փրկուած են Փրոփիլէային հարաւ-արեւելեան անկիւնը։
Աթինա փրոմախու-ին Άγαλμα της Προμάχου Αθηνάς պղինձէ արձանը․ փրոմախոս կը նշանակէ ան, որ պատերազի առաջին գիծին վրայ է։ Կառուցուած է Ք․Ա․ 450-ին, Ֆիտիայէն։ Այժմ, կան միայն անոր պատուանդանին հետքերը։
Արիֆորիոն Αρρηφόριον․ բնակարան երկու փոքրիկ աղջկներու, որոնց պարտականութիւններն էին Արիֆորիա Αρρηφόρια (կամ՝ Ερρηφόρια) տօնախմբութեան ժամանակ փոխադրել Սուրբ Սպասները եւ Փանաթինէա տօնին համար հիւսել Աթինա աստուածուհիին քօղը եւ տօնին օրը՝ յանձնել։
Ակրիփային պատուանդանը․ կ’ենթադրուի թէ կառուցուած ըլլայ Ք․Ա․ 178-ին, Էւմենի Բ․ ին ժամանակ Փանաթինէա խաղերուն ընթացքին անոր տարած մէկ յաղթանակին համար։ Հսկայ պատուանդանին վրան կար քառաձի (չորս ձիերով) կառք մը (յուն.`τέθριππο), ուր Էւմենին եւ եղբայրը Աթալոն նստած են։ Ք․Ա․ 27-ին ձիակառքը Մարքօ Ակրիփային (Μάρκο Αγρίππα - Marcus Vipsanius Agrippa) կառքով կը փոխարինուի։ Այժմ միայն պատուանդանը կայ։
Հռոմին եւ Օգոստոս Կայսրին Տաճարը․ Կառուցուած է Ք․Ա․ 17-10 թուականներուն, ի պատիւ Հռոմի աստուածուհիին եւ Օգոստոս կայսրին։ Կը գտնուի Փարթենոնասին արեւելեան կողմը։
Խալքոթիքի Χαλκοθήκη (թարգմ․՝ պղինձէ մթերանոցը). Կառուցուած էր Ք․Ա․ 5-րդ դարու կէսերուն։ Կը գտնուէր Փրոփիլէային եւ Փարթենոնասին միջեւ։ Անոր պահակները Փարթենոնասին գանձին մատակարարներն էին։ Շինութեան անունը յայնտի եղաւ Ք․Ա․ 4-րդ դարու գտնուած արձանագրութիւններէն, իսկ աւերակներէն մասեր գտնուած են Վրաւրոնիօ-ին արեւելեան եւ Փարթենոնասին հարաւ արեւմտեան կողմը։
Պատկերասրահ
Խմբագրել-
3D համակարգիչէ ելած նկար․ կը պատկերացնէ Վրաւրոնիօ տաճարը։ Աջին՝ Փրոփիլէան եւ ձախին Խալքոթիքին Χαλκοθήκη Chalkotheke.
-
Աքրոփոլի․ կ՛երեւի Աթինա Փրոմախու պղինձէ արձանը
-
Ակրիփային Պատուանդանը, Աքրոփոլի
-
Հռոմի եւ Օգոստոս Կայսրին Տաճարին աւերակները․ Աքրոփոլի
Աքրոփոլիին ժայռին շուրջի կառուցուածքները
ԽմբագրելՀերոտիոն (Իրոտիօ) կամ՝ Հերովդէս Ատիկեցիին երաժշտանոց-Թատրոնը․ կը կառուցուի Աթէնքի հարուստ բնակիչ՝ Հերովդես Ատիկեցիին (Ἡρῴδης ὁ Ἀττικός - Herodes Atticus) կողմէն, Ք․Ա․ 2-րդ դարուն, ի պատիւ իր կնոջ՝ Ապիա Անիա Ռեգիլլայի։ Կառուցման նպատակն է, որ Աթէնքը ունենայ երաժշտութեան համերգներու յատուկ թատրոն։ Կը փոխարինէ աւելի հին Փերիքլեսի Թատրոնը, որ Ք․Ա․ 85-ին․ հռոմէացի Սիլա Sulla զօրավարը կը հրկիզէ։ Կիսաբոլոր թատրոնը 5 000 հոգի կը հիւրասիրէ եւ ունի 32 շարք մարմարէ նստարաններ (կանգներ)։ Թատրոնը ժամանակին մայրի փայտի տանիք ունէր։
1848 մինչեւ 1857 կը կատարուին առաջին հնագիտական պեղումները։ 1950-ին կը սկսի թատրոնին հերթական վերականգնումը։ Այժմ, ամառուան եղանակին հոն կը կատարուին միջազգային տարողութեամբ ելոյթներ։
Եւմենիսին ճեմելիքը․ Կը գտնուի Հերոտիոն եւ Տիոնիսօ Թատրոններուն միջեւ։ Կառուցուած է Փերկամօ քաղաքի թագաւոր Եւմենիս Բ․-ին Ευμένης Β΄ της Περγάμου կողմէն (Ք․Ա․ 160)։ Այսօր անոր երկայնքը 163 մ է (մաս մը կը քանդուի Հերոտիոն Թատրոնին շինութեան ատեն), սակայն կառուցուած շրջանին ՝ 190 մ էր։ Երկյարկանի է։ Առաջին յարկին արտաքին սիւները դորիական ոճով կառուցուած են, երկրորդ յարկինները՝ յոնիական։ Իսկ ներքին սիւները փոխադարձաբար՝ յոնիական եւ փերկամոնեան (Փոքր Ասիոյ արեւմտեան յունական գաղթօճախ Փերղամօ կամ՝ Փերկամօ քաղաքէն)։
Ասքլիփիոնին տաճարը․ Կը գտնուի Եւմենէս ճեմելիքին հիւսիս-արեւելքը եւ Տիոնիսոս Թատրոնին արեւմուտքը։
Տիոնիսոսի Թատրոնը․ Տիոնիսոսի Թատրոնը Θέατρο του Διονύσου․ հին Աթէնքի ամենակարեւոր բացօթեայ թատրոնը։ Աշխարհի առաջին թատրոնը կը նկատուի։ Կը գտնուի 3 մեթր բարձր, համանուն տաճարէն։ Կը հիւրասիրէր Մեծ Տիոնիսիա թատերական փառատօնը․ Աթէնք քաղաքին ամենամեծ տօնը։ Կառուցուած է Ք․Ա․ 6-րդ դարուն Փիսիսդրաթիներու Հարստութեան շրջանին։
Փերիքլեսի Թատրոնը․ Փերիքլեսի Թատրոնը Ωδείον του Περικλέους։ Փերիքլեսին ժամանակ (Ք․Ա․ 435), կառուցուած 4000քմ տարածքով թատրոն, որպէսզի Փանաթինէա խաղերուն ընթացքին երաժշտական համերգները կատարուին։ պեղումները կը ցուցնեն թէ տանիքը կը յենուէր 90 ներքին սիւներու․ ինը շարքի վրայ տասական սիւներ։ Կը գտնուի Տիոնիսօ Թատրոնին արեւելեան կողմը։
Տիոնիսոսին տաճարը․ համանուն թատրոնը տաճարին շարունակութիւնը կը կազմէր։ Կը գտնուէր Տիոնիսօ Թատրոնին հարաւը։
Պատկերասրահ
Խմբագրել-
1880 թ․ Պատկերացում Տիոնիսօ Թատրոնին
-
Տիոնիսօ թատրոն
-
Հերոտիոն Թատրոնը, Աքրոփոլիի լանջին
-
Հերոտիոն եւ փարթենոնաս տաճարը
-
Էւմենոս սրբավայրին արեւմտեան մաս․ պատկերոացում Պերլինի Պերկամօ Թանգարանին կողմէ․նկար՝ 2004թ․
Հռոմէական շրջանէն մինչեւ Յունաստանի 1821-ի ապստամբութիւնը
ԽմբագրելՀռոմէական ժամանակաշրջանին կ’աւելնան քանի մը աննշան շինութիւններ։
Բիւզանդական շրջանին, Փարթենոնը քրիստոնէական տաճարի կը վերածուի։ Իսկ ֆրանքներու տիրապետութեան ատեն՝ Կաթոլիկ դաւանանքի եկեղեցի եւ օսմանեան շրջանին՝ մզկիթի։ Նաեւ, Աքրոփոլիսին հարաւային պատին տակ գտնուող Տիոնիսօ աստուծոյ նուիրուած թատրոնին «Տիոնիսօ Թատրոն» Θέατρο του Διονύσου (Ք․Ա․ 6-րդ դար) կեդրոնին վրայի վերնատունը Սուրբ Սփիլիոդիսա Աստուածածնին նուիրուած մատուռի կը վերածուի։
Օսմանեան տիրապետութեան շրջանին է որ Աքրոփոլին մեծապէս կը վնասուի։ Հոն թուրքերը վառօդ կ’ամբարեն։ 1645 թուականին, կայծակահար վառօդը Փրոփիլէան կը պայթեցնէ։ 1687-ին Վենետիկցիները գլխաւորութեամբ Ֆրակիսքօ Մոռոզինիի, Աթէնքը կը պաշարեն եւ Փարթենոնան կը պայթեցնեն։ Տաճարը գրեթէ ամբողջութեամբ կը քանդուի։ Այդ օրերէն ետք, տաճարը կանոնաւոր հերթականութեամբ կը կողոպտուի։
19-րդ դարասկիզբին, յունական ապստամբութենէն ճիշդ առաջ, Կոստանդնուպոլսոյ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմաս Պրիւսի, ծանօթ իբրեւ Լորտ Էլղին Thomas Bruce (7e comte d'Elgin) անունով եւ անոր գործակալները լուրջ վնասներ կը պատճառեն երբ կը կողոպտեն քանդակներ, արձաններ, սիւներ եւ Անգլիա կը տանին․ Փարթենոնասին գօտեքանդակը ζωοφόρος frieze, սիւնաճակատներ metope, ճակտոցներ pediment, մէկ Քարիադիտա Καρυάτιδα caryatid (կնոջական կերպով քանդակ, որ շէնքերու յենակէտ կը ծառայէ) եւ Էրեխթիօ տաճարէն սիւն մը։ Այս բոլորին համար թուրքերուն 35․000 ոսկի կը վճարէ, իսկ Աթենացիներուն ժամացոյց մը կը նուիրէ (կը զետեղէ Հին Շուկային մէջ)։
Նորագոյն շրջան
Խմբագրել1821 թուականի ծագած յունական ապստամբութեան շրջանին Աքրոփոլին պարբերաբար յոյներէն եւ թուրքերէն կը պաշարուի։ Յունաստանի Ազատագրումէն ետք, կը սկսին հնագիտական աշխատանքները եւ յուշարձաններուն վերանորոգումը։
Պարսկական Խրամը
ԽմբագրելՊարսկական Խրամ․ Պարսիկները երբ Թերմոփիլես ճակատամարտէն յաղթական դուրս կ’ելլեն, (Ք․Ա․ 480), Աթէնքը կ’աւերեն։ Քանի մը տարի ետք, ազատ Աթէնքի ղեկավար՝ Փերիքլիս, Աքրոփոլին վերակառուցել կու տայ։ Աքրոփոլիին շուրջերը գտնուած բոլոր աւերակները կը հաւաքուին եւ պարսկական խրամ կոչուած հսկայ փոսին մէջ կը զետեղուին ու հողով կը ծածկուին։
Պարսկական Խրամը կը յայտնաբերուի ԺԹ․ դարու եղած հնագիտական խեղումներուն ընթացքին։
Նոր կառուցումներ
ԽմբագրելԲիւզանդական ժամակաշրջանին եւ անկէ ետք եղած փոքր շինութիւններէն զատ, 1865 - 1874 ժայռին հարաւ-արեւելեան ցած մասին «Աքրոփոլիին Թանգարան»ը կը կառուցուի, Արեւելքէն՝ Արեւմուտք արեւելումով։ Կառուցուած է գրեթէ գետնահաւասար, որպէսզի գեղագիտականօրէն չվնասէ հին յուշարձանները։ 1953-ին, թանգարանը մեծցնելու աշխատանքները հերթականութեամբ կը սկսին․ 1956-ին, առաջին սրահները կը բացուին, իսկ 1964 վերակառուցումը կը լրանայ։ Սակայն, շարունակ ընդարձակումները գոհացում չեն տար հնագիտական իրերու ցուցադրման եւ 1999-ին նոր արդի թանգարանի շինութեան աշխատանքները կը սկսին։ 2009-ին Աքրոփոլիսի հին թանգարանին պարունակութիւնը կը տեղափոխուի նորաշէն համանուն թանգարը, որ կը գտնուի Աքրոփոլիսին հարաւային կողմը եզերող Տիոնիսիու Աէրոփաղիդու փողոցին Մաքրիղեաննիի հնագիտական վայրին վրայ։
1987 -էն Աքրոփոլիսին յուշարձանները մաս կը կազմեն Եունեսքոյին Համաշխարհային Ժառանգութեան Ցանկին մէջ։
Աքրոփոլիին յատակագիծը
Խմբագրել- Փարթենոնաս
- Աթինա աստուածուհիին տաճար
- Էրեխթիոն
- Աթինա Փրոմախու արձան
- Փրոփիլէա
- Աթինա Յաղթող/Յաղթական տաճար
- Ելեւսինիոն
- Վրաւրոնիօ
- Խալքոթիքի
- Փանտրոսիոն
- Արիֆորիոն
- Աթինա Փոլիատա տաճար
- Տիա Փոլիատա տաճար
- Փանթէոն տաճար
- Հերովդէս Ատիկեցիի Թատրոն
- Եւմենէսի ճեմելիք
- Ասքլիփիոն տաճար
- Տիոնիսօ Թատրոն
- Փերիքլեսին Թատրոնը
- Տիոնիսոսին տաճարը
[4] [5] [6] [7] [8] [9] [10] [11] [12] [13] [14] [15] [16] [17] [18] [19] [20] [21] [22] [23] [24] [25] [26] [27] [28] [29] [30] [31] [32] [33] [34] [35] [36][37] [38] [39]
Մանոլիս Ղլեզոս
ԽմբագրելԲ․ համաշխարհային պատերազմին ընթացքին Յունաստանը Գերմանիոյ նացիական ուժերը կը գրաւեն։ Յոյները երբեք չեն ընդունիր գերմանական լուծը եւ ընդիմադիր խումբեր կազմելով կը պայքարին ներխուժողներուն դէմ։ Գերմանացիները Աքրոփոլիսի սուրբ ժայռին վրայ կը բարձրացնեն գերմանական նացիական դրօշը։ Յոյն երիտասարդ ընդիմադիր Մանոլիս Ղլեզոս Μανώλης Γλέζος եւ ընդիմադրող ընկերներէն Լաքիս Սանտաս Λάκης Σαντάς (երկուքն ալ 20 տարեկան) 1941-ին, Մայիս 30 - 31 գիշերուան, առանց յայտնուելու կը յաջողին մագլցիլ ժայռը, վար կ’առնեն նացիներուն դրօշը եւ յունական դրօշակը կը բարձրացնեն։ Գերմանացիները արարքին «անյայտ յանցաւորներուն» մահապատիժի կը դատապարտեն, սակայն չեն կարողանար երբեք անոնց բռնել։ Հետագային, Մանոլիս Ղլեզոս կարեւոր դեր կ’ունենայ Յունաստանի հասարակական եւ յառաջադէմ քաղաքական կեանքին մէջ։ Կը մահանայ խոր ծերութեան մէջ, 30 Մարտ 2020-ին։ [40][41]
Անաֆիոթիքա
ԽմբագրելԱթէնքի այն թաղամասն է որ կը գտնուի Աքրոփոլիսին հիւսիս արեւելեան մասը։ Թաղամասը կը կառուցուի ԺԹ․ դարուն ընթացքին, երբ էգէական Ծովուն մէջ գտնուող Անաֆի կղզիէն բանուորներ Աթէնք կու գան իբրեւ շինող, որմնադիր բանուոր, որպէսզի իրենց ներդրումը բերեն Աթէնքին վերակառուցման եւ Օթոն թագաւորին արքունիքին կառուցման համար։ Անոնք կը վերակառուցեն ԺԷ․ դարու երկու եկեղեցիներ՝ Սուրբ Սիմէոն եւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցիները։
Թաղամասը կը կառուցուի հետեւելով Քիքլատես կղզիներուն ճարտարապետական ոճին։ [42]
Աքրոփոլիին Մշակութային կարեւորութիւնը
ԽմբագրելԱթենացիները չորս տարին անգամ մը կը կազմակերպէին Փանաթինէա խաղերը․ անոնց համբաւը կը մրցակցէր Ողիմպիական խաղերուն։
Արեւմտեան Մշակոյթին յատկանիշ եւ դասական մշակոյթի իւրայատուկ յուշարձան մըն է․ բաց թանգարան մը։
Պատկերասրահ
Խմբագրել-
Աքրոփոլի․ դիտուած Աէրոփաղիդու կամ՝ Արիոս Փաղոս բլուրէն
-
Արիոս Փաղոս բլուրը դիտուած Աքրոփոլիէն
-
Լիքավիդոս Բլուրը, Աքրոփոլիսէն դիտուած -նկար՝ 2019 Սեպտեմբեր
-
Աքրոփոլի․ հիւսիսային պատ
-
Աքրոփոլիի թանգարանը եւ վարը՝ Տիոնիսոսի թատրոնը․ ԱՔրոՓոլիսէն դիտուած․ նկար՝ 2019 Սեպտեմբեր
-
Օլիմպիու Զեւս յուշարձանը եւ Ատրիթդոս Բլուրը - նկար՝ 2019 Սեպտեմբեր
-
Աքրոփոլի․ հարաւային պատը եւ Ասքլիփիոնի սրբավայրը․ նկար՝ 2019 Սեպտ․
Աղբիւրներ
ԽմբագրելԱթէնքին յուշարձանները-pdf (file:///C:/Users/anide/Downloads/downloaded.pdf)
Տե՛ս նաեւ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Եունեսքոյի Ժառանգութեան Ցանկ (անգլերէն)
- ↑ Բառարան, acro
- ↑ Հին Յունաստան, Աթինա աստուածուհին (ֆր.)
- ↑ Թուքիտիտիս, Պատմութիւն, գիրք 2, գլուխ՝ 15, պարբ․՝ 3 (2.15.3) (յունարէն)
- ↑ Հոմեռոս, Իլիատա, գիրք 2, տող 546 (յունարէն)
- ↑ Ակրոպոլիս Բլուրին ցայտուքներն ու աղբիւրները (անգլերէն)
- ↑ Աթէնքի պարսպաւոր պատերը, Ioanna Venieri, հնագէտ (յունարէն)
- ↑ «Ակրոպոլիսի թանգարան, Էքադոպետոս(յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-08-06-ին։ արտագրուած է՝ 2020-03-30
- ↑ Պրիտանական հանրագիտարան, Փեսիսդրադոս(անգլերէն)
- ↑ Հնագիտութիւն Աթէնք քաղաքին, Փրոփիլէա(յունարէն)
- ↑ Հին Շուկան եւ Ակրոպոլիս(յունարէն)
- ↑ Իլատա – Հոմեռոս․ Il. 2.546(յունարէն)
- ↑ Աթէնքի Ակրոպոլիսին վերակառուցումը․ Dr. Fani Mallouchou-Tufano․ 1/18/2006(յունարէն)
- ↑ Բաց դպրոց․ Զ․ դասարանի Պատմութեան գիրք (յունարէն)
- ↑ «Ակրոպոլիսի թանգարանի հաւաքածոները(յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-09-23-ին։ արտագրուած է՝ 2020-03-30
- ↑ Յունական Մշակոյթ - Պարթենոն(յունարէն)
- ↑ Բառարան․ հին յունարենէ՝ անգլերէն
- ↑ Ռօլէնի (Charles Rollin) Գաղղիացւոյ ՀՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ, հատոր վեցերորդ էջեր՝ 582, 688, Վենետիկ ՌՄՀԸ (1829)(յունարէն)
- ↑ Պատմութիւն արեւմտեան ճարտարապետութեան, էջ՝ 39, David Watkin, տպգր․ Laurence King, 1-6-2016(յունարէն)
- ↑ Փաւսանիաս, Յունաստանի նկարագրութիւն-ուղեւորութիւն, Ատտիկէ – գլուխ 26, պարբերութիւն՝ 5(յունարէն)
- ↑ Յունական ճարտարապետութիւն եւ անոր Քանդակագործութիւնը Ian Jenkins,Harvard University Press, 2006 թ․(յունարէն)
- ↑ Սըր Ճոն Թանգարան, Անգլիա, Լոնտոն․ Էրէխթիօ տաճարի գօտեքանդակէն կնոջական կերպարանքի օրինակ մը(անգլերէն)
- ↑ Հնագիտութիւն Աթէնք քաղաքին, Արրիֆորիոն(յունարէն)
- ↑ Յունաստանի Մշակոյթի եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութիւն․ Ակրիփային պատուանդանը(յունարէն)
- ↑ Աթէնքին յուշարձանները, Ակրիփային պատուանդանը էջ՝ 74-76 (յունարէն)
- ↑ Հնագիտութիւն Աթէնք քաղաքին, Հռոմէական Աթէնքը(յունարէն)
- ↑ []
- ↑ Հին Աթէնքը 3D ներկայացումով(անգլերէն)
- ↑ Յունական Արձանագրութիւններ(յունարէն)
- ↑ Յունական արձանագրութիւններուն պատմութիւնը(յունարէն)
- ↑ Յունաստանի Մշակոյթի Նախարարութիւն, Հերոտիոնի Թատրոնը(յունարէն)
- ↑ «Աթէնքի փառատօն․ Հերոտիոն թատրոնին պատմութիւնը(յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-02-24-ին։ արտագրուած է՝ 2020-03-30
- ↑ Հնագիտութիւն Աթէնք քաղաքին, Տիոնիսօ Թատրոն(յունարէն)
- ↑ Հնագիտութիւն Աթէնք քաղաքին, Փերիքլեսի Թատրոն(յունարէն)
- ↑ Հնագիտութիւն Աթէնք քաղաքին, Փերիքլեսի Թատրոն(յունարէն)
- ↑ «Փանաթինէա փառատօնը(յունարէն)»։ արխիւացուած բնօրինակէն 2012-08-07-ին։ արտագրուած է՝ 2012-08-07
- ↑ Պարսկական Խրամը(յունարէն)
- ↑ []
- ↑ []
- ↑ CNN«Ատիօ» Մանոլի Ղլեզոյին(յունարէն)
- ↑ CNN Մանոլիս Ղլեզոս, կեանքը (յունարէն)
- ↑ Հնագիտութիւն Աթէնք քաղաքին․ Անաֆիօդիքա(յունարէն)
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- [1] Յունական Արձանագրութիւններ (անգլերէն)
- [2]Տիոնիսօին թատրոնը (անգլերէն)
- [3] Անաֆիոթիքա(անգլերէն)
- [4] Փարթենոն(անգլերէն)
- [5] Քեքրոփաս(անգլերէն)
- [6] Փերիքլիս(անգլերէն)
- [7] Փրոփիլէա(անգլերէն)
- [8] էրէխթիօ(անգլերէն)
- [9] Աթինա Ափթերու Նիքիս տաճարը(անգլերէն)
- [10] Արխայիքի ժամանակաշրջան(անգլերէն)
- [11] Փիսիսդրադոս(անգլերէն)
- [12] Էքադոպետոս տաճարը(անգլերէն)
- [13] Ֆիտիաս(անգլերէն)
- [14] Իքթինոս(անգլերէն)
- [15] Քալիքրադիս(անգլերէն)
- [16] Մնիսիքլիս(անգլերէն)
- [17] Էրէխթիոս Թագաւոր(անգլերէն)
- [18] Վրավրոնիօ տաճարը(անգլերէն)
- [19] Քարիադիտես(անգլերէն)
- [20] Հերովտես Ատիկեցին(անգլերէն)
- [21] Փանաթինէա(ֆր.)
- [22] Հին Ողիմպիական Խաղեր(անգլերէն)
- [23] Աթինա կոյս(ֆր.)
- [24] Արիոս Փաղոս(ֆր.)
- [25] Մանոլիս Ղլեզոս(յունարէն)