Նիդա լեռնադաշտ
Նիդա լեռնադաշտ (յուն․՝ Νίδα)․ Կրետէի լեռնադաշտ։ Կը գտնուի 1․450 մ․ բարձրութեան վրայ, Փսիլորիթիսի արեւելան եւ արեւմտեան լեռնազանգուածներուն միջեւ։ Անոյեայէն 22 քլ հեռու է։ Լեռնադաշտի արեւտեան ծայրամասէն կը սկսի լեռնային Ε4 արահետը որ կը հասնի Փսիլորիթիսին Իդա գագաթը։ Հոն կը գտնուի նաեւ Իդէոն Անտրօ կարեւոր հնավայրը։
Մարքի Պոսքինի քարտեսագիրին ԺԷ․ դարու քարտէսին վրայ, Նիդա լեռնադաշտը Իդա գագաթին հետ նոյն անունով նշուած են եւ կը զանազանուին հետեւեալ ձեւով՝ գագաթը արձանագրուած է որպէս M ((monte) IDA) եւ լեռնադաշտը՝ CAMPA IDA։ Կ՛ենթադրուի թէ մինչեւ տուեալ քարտէսին հրատարակումը, Փսիլորիթիսին տարածքին մէջ ընդգրկուող վայրերէն (լեռնադաշտը, գագաթը, Իդէօ Անտրօ) երկու վայրերը՝ գագաթը եւ լեռնադաշտը նոյն անունը ունեցած են եւ Նիդա տեղանունը հաւանաբար յառաջացած է «իս թին Իդա» (εις την Ίδα) խօսքէն։
Պատկերասրահ
ԽմբագրելՆիդա լեռնադաշտի նկարներ