Իդէօ Անտրօ (հին յուն․՝ Ἰδαῖον Ἄντρον կամ Αρσένιο), Կրետէ, Յունաստան։ Փսիլորիթիսի Իդա լեռան լանջերուն վրայ քարայր, ուր ըստ յունական դիցաբանութեան Զեւս մօրը խնամքին տակ, հօրմէն՝ Քրոնոսէն գաղտնի, մեծցաւ։ Ծանօթ է նաեւ որպէս «Սբիլիարա թիս վոսքոբուլաս», «Վիթլէեմ թիս արպէոթիթաս», «սբիլիօ» (σπηλιάρα της βοσκοπούλας, Βηθλεέμ της αρχαιότητας, σπήλιο)։[1][2]

Բնակավայր
Իդէօ Անտրօ
Ιδαίο Άντρο, (հին յուն․՝Ἰδαῖον Ἄντρον)
Իդէօ Անտրօ հնավայր, Փսիլորիթի, Կրետէ
Երկիր Յունաստան
Շրջան Կրետէ

Տեղեկութիւն

Խմբագրել

Կրետէին հռչակաւոր քարայրներէն է, ծանօթ է Ք․Ա․4000 թուականէն։

Առասպելը կը պատմէ թէ Իդէօ Ադրոյին մուտքը Քուրիթեսները կը հսկէին։ Անոնք ամէն անգամ որ փոքրիկ Զեւս կու լար, անոնք իրենց թուրերը կը զարնէին իրենց բռնած վահաններուն վրայ, որպէսզի լացը Քրոնոս չլսէ։ Ըստ ուրիշ մեկնաբանութեամբ, անոնք զրահապատ՝ աշխուժ պար մը կը պարէին, որպէսզի զրահներուն ձայնը ծածկէ փոքրիկ Զեւսին լացը։[3][4]

1884-ին քարայրին մէջ առաջին անգամ կը կատարուին հնաբանական պեղումներ։ Այնուհետեւ պարբերաբար կը շարունակուին։ Յայտնաբերուած են մինոասեան ժամանակաջրջանին պատկանող բազմաթիւ իրեր, ինչպէս օրինակէ՝ հնադարեան արձաններ, շիշեր, պղինձէ վահաններ, եւայլն։ Անոնք կը պահուին Իրաքլիոնի Հնաբանական Թանգարանին մէջ։

Քնոսոսէն դէպի Իդէօ Ադրօ ճամբուն վրայ, կը գտնուի Զոմինթոսի հնաբանական վայրը, ուր ըստ ուսումնասիրութիւններուն յայտնաբերուած է մինոասեան կառոյց մը։[5]

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել