Ղուրնիա (յուն․՝Γουρνιά), կը հնչուի Ղուրնիա՛․ Մինոասեան քաղաքակրթութեան պալատական համալիր եւ Ք․Ա․ 2-րդ հազարամեակի Կրետէին կարեւոր քաղաքներէն (Քնոսոսէն, Ֆեսթոսէն, Զաքրոսէն, Մալիայէն ետք)։ Կը գտնուի Կրետէին արեւելեան ծայրամասը՝ Երափեթրա քաղաքապետութիւն, Լասիթի մարզ։

Ղուրնիա
Ղուրնիա
Γουρνιά
Երկիր Յունաստան
Շրջան Կրետէ
Հիմնադրուած է՝ Ք․Ա․1550-1450

Տեղեկութիւններ

Խմբագրել

Ղուրնիային հնաբանական պեղումները սկսած են Ի․ դարասկիզբին։ Յայտնաբերումները կը վկայեն թէ եղած է Մինոասեան քաղաքակրթութեան պալատ։ Հնադարեան պալատական համալիրը լաւ վիճակի մէջ պահպանուած ըլլալով, անոր տրուած է «Մինոասեան Կրետէին Բոմբէյը»։

Յայտնաբերումներ

Խմբագրել

Պալատական համալիրին աւերակներուն հետ միասին, յայտնաբերուած են նաեւ ծիսական իրեր, ինչպէս նաեւ անօթներ, հնոցներ եւ եփելու վայրեր։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Առաջին անգամ բնակուած է Վաղ Մինոասեան Գ․ ժամանակաշրջանին՝ Ք․Ա․2300-ին։ Բնակիչներուն գլխաւոր զբաղումները եղած են ձկնորսութիւնը, հողագործութիւնը, անասնապահութիւնն եւ կաւագործութիւնը։

Պալատական համալիրը կառուցուած է Միջին Մինոասեան ժամանակաշրջանին։ Բնակավայրին հետ կործանուած է, ինչպէս բոլոր մնացեալ մինոասեան քաղաքները, մօտաւորապէս Ք․Ա․ 1450-ին։ Բնակավայրը վերջնականապէս կը լքուի Ք․Ա․1200-ին։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Հնաբանական վայրը

Խմբագրել

Յայտնաբերուած հնաբանական իրեր

Խմբագրել

[1] [2] [3]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել