Հայ Աւետարանական Եկեղեցի

Կաղապար:Արեւելահայերէն

Հայ Աւետարանական Եկեղեցի (Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցի) հայկական եկեղեցի է։ Կը պատկանի Աւետարանական (Բողոքական) ընդհանրական եկեղեցիին։ Հայ Աւետարանական եկեղեցին պաշտօնապէս սկսած է որպէս ինքնավար հոգեւորական յանրութիւն 1 Յուլիս 1846-ին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ։

Ծագում եւ տարածումԽմբագրել

Պոլսոյ Պատրիարքարանի շրջանակին մէջ կազմուած «Բարեպաշտից Միութիւն»ը նախակարապետը կ'ըլլայ Հայ Աւետարանական Շարժման, որ կը միտէր բարեկարգուած տեսնել Հայ Առաքելական Եկեղեցին: Անոնք կը նկատուին անհնազանդ տարրեր եւ կը մերժուին Եկեղեցիին առաջնորդ տարրէն: Ստիպուած՝ կը հիմնեն Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցին, եւ կ'աշխատին ճանաչում ձեռք ձգել որպէս կրօնական զատ համայնք: Շուտով կը հիմնուին նոր եկեղեցիներ եւ կրթական հաստատութիւններ, որոնք կը վայելեն օժանդակութիւնը համաշխարհային ամերիկեան թէ եւրոպական զանազան բարեկարգեալ եկեղեցիներու, եւ երկար տարիներ շարունակ կը ստանան անոնց բարոյական թէ նիւթական գործակցութիւնը:

19րդ դարու կէսերէն Հայ աւետարանական շարժումը կը տարածուի Կոստանդնուպոլսոյ, Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան այլ հայաշատ շրջաններուն մէջ։ 1860-ական թուականներէն Թուրքիոյ տարբեր շրջաններու մէջ հայ աւետարանական եկեղեցիներ կը կազմակերպուին։

«Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցին» շուտով կը տարածուի Հայ Ազգին մէջ, ներկայ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ամբողջ տարածքին, ուր Հայ ժողովուրդը կ'ապրէր: Կը հիմնուին նոր եկեղեզիներ, բարձրագոյն ուսման եւ աստուածաբանութեան կրթարաններ, որոնք կը դաստիարակեն սերունդներ եւ կը պատրաստեն նոր առաջնորդութիւն՝ եկեղեցիներուն եւ այլ առաքելութիւններուն համար: Ասոնք կը վայելեն համաշխարհային, ամերիկեան եւ եւրոպական բարեկարգեալ եկեղեզիներու բարոյական թէ նիւթական նեցուկը: Տեղական եկեղեցիները եւ հաստատութիւնները կը միաւորուին վարչական հեղինակութեան աշխարհագրական շրջանային չորս մարմիններու տակ, որոնք կը կոչուին «Միութիւններ»: Այս միութիւնները, ըստ կարիքի եւ կարելիութեանց եւ օժանդակութիւնովը վերոյիշեալ օտարազգի գործակից-ներուն, կը հիմնեն որբանոցներ, հիւանդանոցներ, աղքատախնամ կեդրոններ եւ աշխատանոցներ՝ օգնութեան ձեռք երկարելու Հայ ազգի զաւակներուն:

1850-ի տուեալներով՝ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու թիւն է 8. հաղորդական անդամներու թիւը՝ 240. հոգեւոր հովիւներ՝ 6:

1895-ին գոյութիւն ունին 111 եկեղեցիներ. հոգեւոր հովիւներ՝ 90 եւ հաղորդական անդամներ՝ 11835: 1913-14-ին, եկեղեցիներ՝ 137. հոգեւոր հովիւներ 82 եւ հաղորդական անդամներ՝ 13891:

Մեծ Եղեռնէն ետքԽմբագրել

Այս զարգացումը կ'երկարի մինչեւ Մեծ Եղեռն, երբ Հայ Ազգը կ'ենթարկուի ցեղասպանութեան եւ տարագրումի: Հայ Աւետարանական Եկեղեցին եւս Թուրքիոյ տարածքին կ'ենթարկուի ջարդին իր յիսուն հազարէ աւելի ժողովուրդով, եւ վերջապէս՝ կը տարագրուի Ազգին հետ: Այս նախճիրէն զերծ կը մնան մօտ քսան հազար Հայ Աւետարանականներ որոնք այլ երկիրներու մէջ կ'ապրէին: Ուրեմն՝ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին ներկայիս աշխարհատարած է: Անոր տեղական եկեղեցիները, գտնուելով եկեղեցական բարեկարգեալ եւ ժողովրդավար նոյն հասկացողութեան եւ ուղղութեան մէջ՝ դարձեալ կը միաւորուին վարչական հեղինակութեան աշխարհագրական մարմիններու տակ, տարածուելոով Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի կարգ մը երկիրներուն մէջ ինչպէս նաեւ Յիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկա։

Անկախ ձեւով գործունէութիւն ունին նաեւ աւետարանական զանազան հոգեւոր եղբայրութիւնները եւ շաբաթապահները։

Հայ Աւետարանական յամայնքը կը վարէ շարք մը դպրոցներ ուր կը յաճախեն ոչ միայն բողոքական ուսանողներ այլ նաեւ մեծաթիւ աշակերտներ զանազան հայ յարանուանութիւններէ։ Հայ Աւետարանական յամայնքին կը պատկանի նաեւ Հայկազեան Համալսարանը Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ ըլլալով Սփիւռքի միակ հայկական համալսարանը։

ԿազմակերպումԽմբագրել

Հայ աւետարանական միութիւններԽմբագրել

Սփիւռքի մէջ կան 5 հայ աւետարանական միութիւններ՝

  • Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Միութիւն (Անգլերէն՝ Union of Armenian Evangelical Churches in the Near East (UAECNE)) - Ստեղծուած է 1924 թուականին, կեդրոնը՝ Պէյրութ է, եւ կ՜ընդգրկէ Սուրիոյ, Լիբանանի, Իրանի, Թուրքիոյ, Յունաստանի, Եգիպտոսի եկեղեցիները։ Ունի 28 եկեղեցիներ, 13 դպրոցներ, 1 համալսարան, 4 ընկերային կեդրոն, 3 համագումարի կեդրոններ։
  • Ֆրանսայի Հայ Աւետարանական Միութիւն (Ֆրանսերէն՝ Union des Eglises Evangeliques Arméniennes de France (UEEAF)) - Ստեղծուած է 1927 թուականին, ճանչուած է պաշտօնապէս 1946 թուականին, կեդրոնը՝ Փարիզ։ Կը հովանաւորէ Եւրոպայի աշխարհամասը։ Ունի 29 եկեղեցիներ եւ հաղորդակցականներ, 2 համագումարի կեդրոն, 1 հանգստեան տուն։
  • Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն (Armenian Evangelical Union of North America (AEUNA)) - Ստեղծուած է 1971 թուականին, կեդրոնը՝ Նիու Ճըրզի եւ կ՜ընդգրկէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները եւ Գանատան։ Ունի 29 եկեղեցիներ եւ հաղորդակցականներ, 1 դպրոց, 2 համագումարի կեդրոններ։
  • Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցիի Միութիւն։ Կը գործէ Հայաստան, Արցախ, Կովկաս։ 43 եկեղեցիներ եւ հաղորդակցականներ, 1 դպրոց, 5 ընկերաբժշկա-կան կեդրոններ, 8 հոգածութեան ենթակայ մանկապարտէզներ, 2 համագումարի կեդրոններ, 1 գրադարան, 1 աստուածաբանական։
  • Եւրասիայի Հայ Աւետարանական Միութիւն։ Կը գործէ Ռուսիոյ եւ նախկին Խորհրդային Միութեան շրջաններու մէջ։ Ունի 8 եկեղեցիներ եւ հաղորդակցականներ

Կան նաեւ երեք անկախ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներ՝ Հարաւային Ամերիկա եւ Հայ Աւետարանական Եղբայրութեան Եկեղեցիներ տարբեր երկիրներու մէջ:

Հայաստանի մէջԽմբագրել

1918-1930 թուականներուն, հայ աւետարանական համայնքի թիւը Հայաստանի մէջ 3000 էր, իսկ ամբողջ Անդրկովկասի մէջ՝ մօտ 4000։

Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին վերջին քառորդ դարուն զարգացող եւ վերահաստատուող թեւը՝ Հայաստանի, Արցախի եւ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներու եկեղեցիները կը հանդիսանան: Տասնիններորդ դարու կէսերուն՝ բարեկարգչական եւ կրթական տարբեր շարժումներ տարածուեցան եւ որպէս եկեղեցիներ եւ դպրոցներ՝ հաստատուեցան Հայաստան, Արցախ եւ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի կարգ մը մասերուն մէջ:

Սովետական Խորհրդային կարգերու ժամանակ ասոնք նոսրացան, ապա՝ արգիլուեցան եւ ժողովուրդը ցրուեցաւ: Գործօն մնացին միայն Երեւանի եւ Կիւմրիի փոքր եկեղեցիները, որոնց արտօնուեցաւ գործել, քանի որ այս վերջինները կապուեցան Մոսկուայի Աւետարանական Մկրտական Եկեղեցիին, որ Ուղղափառ Եկեղեցիներէն զատ՝ արտօնուած բացառութիւն մը եղաւ համայնավար կարգերու ժամանակ:

1946-էն սկսեալ, արտասահմանէն Հայաստան ներգաղթող բազմաթիւ հայորդիներու կարգին, մեծաթիւ Հայ Աւետարանականներ եւս հայրենադարձ եղան: Ասոնց մեծ մասը, յատկապէս՝ Երեւանէն դուրս հաստատուողները, զրկուեցան Եկեղեցիէ եւ քրիստոնէական դաստիարակութենէ:

1988-ի աղիտալի երկրաշարժէն, եւ յատկապէս Հայաստանի եւ Արցախի անկախացումէն ետք՝ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը բութաց օժանդակութիւներ հասցնելու հայրենի ժողովուրդին՝ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներուն անունով: Հաստատուեցան օժանդակութեանց կեդրոններ եւ կազմակերպուեցան արտասահմանեան օժանդակութեանց առաքումներ: Տեղական պահանջով՝ վերակազմուեցան եկեղեցիներ եւ հաստատուեցան նորերը: Օժանդակութեանց, բժշկական կեդրոններու եւ ծառայութիւններու կողքին՝ հիմնուեցաւ Աւետարանական Աստուածաբանական Ակադեմիան՝ պատրաստելու համար առաջնորդներ նոր շրջանին համար: Վերահաստատուեցաւ Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցին, որպէս ժառանգորդը նախաեղեռնեան Այրարատեան Միութեան: Նաեւ կազմուեցաւ Եւրասիայի Միութիւնը, ի մի հաւաքելով աշխատանքի եւ այլ նպատակներով նախկին Սովետ Միութեան տարբեր քաղաքները հաստատուած Հայ Աւետարանականներով:

1991 թուականէն Հայաստանի մէջ սկսած է գործել Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Երեւանի գրասենեակը։ 1 Յուլիս 1994 էն սկսեալ, Հայ Աւետարանական Եկեղեցին ստացած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պաշտօնապես գործելու իրաւունք։ Հայաստանի մէջ ներկայիս կը գործեն Հայաստանյայց աւետարանական 50 եկեղեցի եւ աղօթատեղի։

Այլ ՀաստատութիւններԽմբագրել

Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք եւ աւելի ուշ եւս, Հայ Աւետարանական Եկեղեցիները կը հիմնեն աւետարանչական եւ բարեսիրական իրենց ընկերակցութիւնները:

1918-ին՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ կը հիմնուի «Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն»ը, Արեւելեան Նահանգներու մէջ արդէն հիմնուած եկեղեցիներուն կողմէ: Ներկայիս՝ անոր կեդրոնը կը գտնուի Փարամըս – Նիու Ճըրզիի մէջ։ Ունի 22000 անդամ եւ կը գործէ 24 երկիրներու մէջ:

1950-ական թուականներէն սկսեալ կը գործէ «Ստեփան Փիլիպոսեան Հիմնարկ»ը, որու հիմնադրամը տրամադրուած է Ս. Փիլիպոսեանի կտակով, որուն կեդրոնը Գալիֆորնիայի մէջ է:

1988-ի մեծ երկրաշարժէն ետք՝ Ֆրանսայի Միութեան կողմէ կը հիմնուի «Յոյս Հայաստանի» բարեսիրական ընկերակցութիւնը, որ կ'օգնէ Հայրենիքին:

Ասոնցմէ զատ, նաեւ ասոնց հետ առնչուած, կը գործեն Գանատայի, Աւստրալիոյ, Սաօ Փաուլոյի, Մոնթէվիտէոյի, Պուէնոս Այրէսի, Պարսկաստանի Աւետարանչական Ընկերակցութիւնները, որոնք կը համադրեն տեղական բարեսիրական ձեռնարկներ:

Հայ Աւետարանական Համաշխարհային ԽորհուրդԽմբագրել

Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը, հիմնուած՝ 1978-ին, ի մի կը բերէ վերոյիշեալ եկեղեցական հինգ միութիւնները եւ բարեսիրական կազմակերպութիւնները: Ան կը համադրէ տարբեր Հայ Աւետարանական միութիւններու յարաբերութիւնները եւ աշխատանքները: Ան ունի իր «Ընդհանուր Ժողով»ը եւ իր «Գործադիր Ժողով»ը, որոնք կը կազմուին անդամ միութիւններու ներկայացու-ցիչներով, եւ որու նախագահութիւնը կը վստահուի տարբեր «Միութիւն»ներէ եկող հոգեւոր հովիւներու, հերթական դրութեամբ: Հայ Աւետարանական Համաշխար-հային Խորհուրդը, ի պահանջել հարկին, նաեւ կը ծառայէ որպէս ներկայացուցիչ ընդհանուր Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցիին:

ՀաւատամքըԽմբագրել

Հայ Աւետարանական Եկեղեցին, ըլլալով գործօն մէկ մասնիկը համաշխարհային բարեկարգեալ եկեղեցիներու ընտանիքին, եւ որպէս համաշխարհային ճանաչում վայելող պատմական Եկեղեցի՝ իր հաւատքը կ'ապրի եւ կը յայտարարէ գլխաւոր երեք հանգանակներու հիման վրայ։ Ասոնք են.- Առաքելական (առաքեալներու) Հանգանակը, Նիկիական Հանգանակը եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Հաւատոյ Հանգանակը: Առաջին երկուքը ընդունուած են բոլոր Եկեղեցիներուն կողմէ, Կաթողիկէ թէ Ուղղափառ, իսկ երրորդը՝ յատուկ է Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին: Առ այդ՝ այս հանգանակներուն հիման վրայ կարգ մը տեղական եկեղեցիներ զարգացուցած են նաեւ իրենց յատուկ աժմէական հանգանակներ:

Իր հաւատամքին հիման վրայ՝ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին ինքնուրոյն շեշտով շեշտած է եւ կը շեշտէ Աստուածաշունչի գերակայ իշխանութիւնը, քրիստոնէական դաստիարակութիւնը, անձնական հաւատքով վերստին ծնունդի անհրաժեշտութիւնը եւ բոլոր հաւատացեալներու քահանայութեան եւ ժողովրդավար դրութեան սկզբունքները: Ան չունի կրօնաւորներու դասակարգ, ուստի անոր Հոգեւոր Հովիւները կրօնական զգեստաւորում չունին, բացի պաշտամունքներու եւ այլ յատուկ պարագաներու մէջ՝ պատշաճութեան նպատակով: Պաշտամունքի ձեւը պարզ է եւ կը կատարուի ժողովուրդին հասկնալի լեզուով:

Հայ Աւետարանական Եկեղեցին իր աստուածաբանութեան մէջ կը հիմնուի Սուրբ Երրորդութեան ամենակալութեան հիման վրայ։ Ան կը շեշտէ Հօր Աստուծոյ ստեղծագործ, պահպանիչ եւ սիրող Հայր ըլլալը: Ան կը շեշտէ Տէր Յիսուս Քրիստոսի կատարեալ աստուածութիւնը եւ կատարեալ մարդեղութիւնը, Անոր բերած կատարեալ քաւութիւնը եւ փրկութիւնը, Անոր մարմնով մեռնիլը խաչին վրայ, յարութիւնը, համբարձումը (փառաւորութիւնը) եւ մարմնով երկրորդ գալուստը, Անոր բացարձակ միջնորդութիւնը եւ բարեխօսութիւնը: Ան կը շեշտէ նաեւ Սուրբ Հոգիին կեդրոնական դերը անհատ մարդուն հաւատքին եւ սրբութեան կեանքին կապակցութեամբ:

Հայ Աւետարանական Եկեղեցին իր վարդապետական հասկացողութիւններուն մէջ կը հիմնուի Աստուածաշունչի գերակայ իշխանութեան վրայ։ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը կեդրոնական տեղ կը գրաւէ անոր վարդապետութեան մէջ։ Ամէն բան կը բղխի Աստուծոյ Խօսքէն: Այս հետեւողութիւնով՝ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին կը պահէ բոլոր հաւատացեալներու քահանայութեան վարդապետութիւնը, հաւատացեալներու խումբին Եկեղեցի ըլլալու վարդապետութիւնը, անձնական հաւատքի էական ըլլալու վարդապետութիւնը, եւ ասոնց հետեւողութիւնով՝ իր ընդունած խորհուրդները:

ԽորհուրդներԽմբագրել

Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին ընդունած խորհուրդները երկուք են.- Մկրտութիւն եւ Հաղորդութիւն:

Մկրտութիւնը

Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին մէջ՝ Աստուծոյ օրհնութեան եւ շնորհքին արտաքին նշանն է: Անոր էական կեդրոնական ազդակը Սուրբ Երրորդութեան՝ Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի անունն է: Այդ անունին կը մկրտուին բոլոր անոնք որոնք կը խնդրեն մկրտուիլ: Այդ Անունը վեր է եկեղեցական իշխանութենէ, անձնական հասկացողութենէ-սրբութենէ եւ նիւթական արտայայտութենէ (ջուրի գործածութեան ձեւերէ եւ այլ նիւթերէ): Ահա թէ ինչու՝ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին Սուրբ Երրորդութեան անունին կը մկրտէ մանուկներ, անոնց ծնողաց յանձնառութեան հիման վրայ, զանոնք նուիրելով Աստուծոյ: Ան նաեւ կը մկրտէ չափահասներ իրենց խնդրանքին եւ սուրբ կեանք ապրելու յանձնառութեան հիման վրայ։ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին կրկնամկրտութիւնը կը մերժէ, քանի որ ան կ'ընդունի Սուրբ Երրորդութեան անունով կատարուած ամէն մկրտութիւն, ինչ եկեղեցիի մէջ ալ կատարուած ըլլայ այն:

Սուրբ Հաղորդութիւնը

Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին մէջ՝ հաւատացեալներու միասնական թէ անհատական յայտարարութիւնն է, թէ անոնք գիտակցաբար կը պատկանին Տէր Յիսուս Քրիստոսի Եկեղեցիին եւ կարօտ են Տէրոջ շնորհքին եւ յանձնառու Անոր հնազանդելու: Հաղորդութեան Սեղանին վրայ հացը եւ գինին խորհրդանիշներն ու յիշեցումներն են Տէրոջ մարմինին եւ արիւնին, եւ ոչ՝ եղափոխուած մասունքներ: Զանոնք ստացող անձը կը յայտարարէ իր ամբողջական անարժանութիւնը՝ Տէրոջ առջեւ, գերազանցօրէն արժանի սեպելով Տէր Յիսուս Քրիստոսը փառքի, իշխանութեան եւ իր անսակարկ հաւատարմութեան: Ուրեմն՝ Հաղորդութիւնը նաեւ յանձնառութեան յայտարարութիւն է հաւատացեալին կողմէ, ապրելու Տէր Յիսուս Քրիստոսի պատուէրներուն համաձայն:

Յարաբերութիւններ այլ եկեղեցիներու հետԽմբագրել

Հայ Աւետարանական Եկեղեցին իր յարաբերութիւններուն մէջ կը հիմնուի ամէն Եկեղեցիի ինքնիշխան ըլլալու սկզբունքին վրայ։ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը «ճշմարիտ ու հաւատարիմ» կերպով քարոզող ամէն Եկեղեցի, ինչ ալ ըլլան անոր վարդապետական կամ մշակութային տարբերութիւնները իրմէ՝ Քոյր Եկեղեցի է Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին համար: Միայն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը կոչուի «Մայր Եկեղեցի», տրուած ըլլալով Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի պատմական ծնունդի պայմանները: Ուստի, Հայ Աւետարանական Եկեղեցին «Էքիւմէնիք» է իր էութեան մէջ, եւ ոչ այլամերժ: Ան գործօն, երբեմն՝ հիմնադիր անդամ է համաշխարհային թէ շրջանային եկեղեցական խորհուրդներու, եւ կը գործակցի անդամ այլ Եկեղեցիներու հետ: Անշուշտ, որպէս նոյն Ազգին զաւակները՝ գործակցութիւնները շատ աւելի գործնական են Հայ Առաքելական եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիներուն հետ, առաքելութեանց եւ ծառայութեանց մարզերուն մէջ յատկապէս: Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին հեղինակաւոր եւ ինքնիշխան կեցուածքները կը հիմնուին իր եկեղեցաբանութեան վրայ, եւ ոչ՝ քաղաքականութիւններու եւ պարագաներու տնօրինութեան հիման վրայ:

ԱղբիւրներԽմբագրել

Տես նաեւԽմբագրել

Արտաքին յղումներԽմբագրել