Վարագայ (Սուրբ Նշանի) Վանք

Վարագայ (Սուրբ Նշանի Վանք), կը գտնուի Վանէն 5 քմ․ հարաւ-արեւելք, Վարագ լերան վրայ[1]։

Վարագավանք, 1913
Հայկական բարձրաւանդակ- կեդրոնը՝ Վանայ լիճ
1) Ս. Սոֆիա 2) Ս. Յովհաննէս 3) Ս. Աստուածածին (կայ) 4) Ս. Գէորգ (կայ) 5) Ս.Նշան 6) Ս.Խաչ (կայ) 7) Ս. Սիոն (կայ) 8) Ժամատուն

Աշխարհագրական դիրք

Խմբագրել

Վարագ լերան լանջը նեղ ձորով մը երկուքի կը բաժնուի․ արեւելեան՝ վերին եւ արեւմտեան՝ ներքին (Վան քաղաքին կողմը)։ Այդ երկու մասերուն վրայ կը կանգնէին Վարագայ վանքերը, Վերին Վարագ՝ բարձր դիրքի վրայ եւ Ներքին` Ստորին Վարագ, Վարագայ Ս․ Նշանի, Աւագ Ս․ Նշան եւ կամ՝ Վարագավանք․ ծովի մակերեսէն 1800մ․ բարձութեամբ հովիտի մը վրայ[2]։

Հեռուէն երկու վանքերը կը թողէին մէկ համալիրի տպաւորութիւն[3]։ Վարագավանքը երկար ժամանակ եղած էր եպիսկոպոսանիստ, եւ անոր վանահայրերը նաեւ կը համարուէին Վանի եւ շրջակայ գիւղերուն առաջնորդ։[4],[5]

Հիմնադրութիւն

Խմբագրել

Հիմնադրութեան յստակ թուական չկայ։ Կան հետեւեալ գրաւոր աւանդութիւնները կամ արձանագրութիւնները։

Պատմական

Խմբագրել

Վանքին հիմնադրումը կը համընկնի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչի ներկայութեան նաեւ Ս. Նշան մասունքի յայտնութեան թուականին՝ 7-րդ դար։

Աւետարանի մը աւանդութիւն

Խմբագրել

Աւետարանի մը մէջ գրուած աւանդութեան համաձայն[3]), Հռիփ­­­սի­­­­­­­մէ կոյսե­­­­­­­րը Գա­­­յեանէ մայ­­­րա­­­­­­­պետին առաջ­­­նորդու­­­թեամբ կը հաս­­­նին Հա­­­յաս­­­տան։ Հալածանքներէն փրկուելու համար կը հասնին Վա­­­րագայ լեռ, ու անոր Գա­­­լիլիա կո­­­չուող գա­­­գաթին քա­­­րայրնե­­­րէն մէ­­­կուն մէջ կը պահեն Խա­­­չափայ­­­տին մա­­­սունքը։ Կոյսերէն ոմանք կը մնան Վա­­­րագայ լե­­­րան վրայ՝ սպա­­­սար­­կ­ելու Ս. Նշա­­­նը։ Մնացեալնե­­­րը Հռիփ­­­սի­­­­­­­մէ կոյսին ու Գա­­­յեանէ մայ­­­րա­­­­­­­պետին հետ կը հասնին Էջ­­­միածին, այն ատեն երբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կ'ելլէ Խոր Վի­­­րապէն։ Ան կ'այ­­­ցե­­­­­­­լէ Վա­­­րագայ լե­­­րան ճգնա­­­ւոր­­­նե­­­­­­­րուն, որոնք անոր անունով կը կա­­­ռու­­­ցեն եկե­­­ղեցի մը։ Ս. մա­­­սունքը Վա­­­րագայ լե­­­րան վրայ կը պա­­­հուի մին­­­չեւ 7-րդ դա­­­ր։

Վարդ պատ­­­րիկ Ռշտու­­­նիի օրօվ՝ 653-ին, Թո­­­դիկ ճգնա­­­ւորը իր Յո­­­վէլ աշա­­­կեր­­­տին հետ ուխտի կ'երթայ Վա­­­րագայ լեռ։ Անոնք եր­­­կար ատեն հոն կը ճգնին եւ կ'աղօ­­­թեն՝ փա­­­փաքե­­­­­­­լով գտնել սուրբ մա­­­սունքը։ Իրիկուն մը լե­­­րան գա­­­գաթին լոյս կը ծա­­­գի եւ կը լու­­­սա­­­­­­­ւորէ ամբողջ լե­­­ռը, ապա 12 լոյ­­­սէ սիւ­­­ներ կը խո­­­յանան դէպի եր­­­կինք եւ 12 օր շա­­­րու­­­նակ կը լու­­­սա­­­­­­­ւորեն շուրջ բո­­­լորը։ Կ՚ըսեն, թէ սուրբ մա­­­սունքը իր մաս­­­նա­­­­­­­տու­­­փով լոյ­­­սե­­­­­­­րուն մէջէն կը բարձրա­­­նայ ու կը մտնէ եկե­­­ղեցի՝ Ս. Սե­­­ղանին։ Եւ այդ լոյ­­­սէն ձայն մը կը հաս­­­նի. «Քրիս­­­տոս հա­­­ճեցաւ բնա­­­կիլ Ս. Նշա­­­նին մէջ՝ Հա­­­յոց աշ­­­խարհի պահ­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան եւ փրկու­­­թեան հա­­­մար»։

Յայսմաւուրք եւ ժողովրդական աւանդութիւն

Խմբագրել

Ըստ Յայսմաւուրքին, ինչպէս նաեւ ժողովրդական աւանդութեան, Վարագայ եկեղեցիներու հիմնադիրը Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչն է։ Իսկ մասունքին յայտնումին կ'արժանանայ Թոդիկ աղօթասէր ճգնաւորը, 664-ին:

Շինարարութեան պատուէր

Խմբագրել

Ներ­­­սէս Գ. Տա­­­յեցի Շի­­­նող կա­­­թողի­­­կոս եւ Թէոդորոս իշխանի որդի Վարդ սպարապետը, երբ կ'իմանան մասունքին յայտնումին մասին, կ'երթան Վարագայ լեռ՝ տեսնելու կատարուած հրաշքը: Հայրապետը կը պատուիրէ լու­­­սե­­­­­­­ղէն սիւ­­­նե­­­­­­­րուն տե­­­ղը կա­­­ռու­­­ցել 12 սիւներով եկե­­­ղեցի մը, որ կ'անուանուի Ս. Նշան: Կը գրէ նաեւ «Նշա­­­նաւ ամե­­­նայաղթ» շա­­­րակա­­­նը, որ կ՚եր­­­գո­­­­­­­ւի տօ­­­նին․ «Որ նշանաւ ամենայաղթ, Խաչի քո, Քրիստոս, Բարձեր զդատապարտութիւն, Ազգի մարդկան»: (Շարականին երաժշտութիւնը՝ [6])

Տեղեկագրութիւն

Խմբագրել

Վերին Վարագի բարձր դիրքը՝ սաստիկ ցուրտը, պատճառ կ'ըլլայ որ ճգնաւորները 8-րդ դարու վերջերը տեղափոխուին Ներքին Վարագ։ 9-րդ դարուն Վարագավանքը կազմակերպուած է արդէն, սակայն զայն կը գրաւեն Ութմանիկները (արաբական ցեղախումբ մը)․ Աշոտ Արծրունի իշխանը[7] կը յաջողի ազատագրել վանքը, իսկ բանտէն ազատել կրօնաւորներն ու Գրիգոր վանահայրը։ 10-րդ դարուն, Գագիկ թագաւորին [8] օրով, վանքը կը շէննայ․ Գագիկին տիկինը՝ Մլքէ թագուհին կառուցել կու տայ Ս․ Աստուածածին եկեղեցին եւ ձեռնամուխ կ'ըլլայ «Զարդագիրք Աւետարան»ին, զոր կը նուիրէ վանքին[3]։

981-ին Խուշուշ թագուհին՝ Սենեքերիմ[9] Արծրունի թագաւորին տիկինը, կառուցել կու տայ Ս․ Սոֆիա եկեղեցին։

Մոնկոլներու Հայաստան արշաւանքի տարիներուն, 1318 թուականին Վանքը ներքին լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւէ, որոնք աւերիչ կը հանդիսանան․ սակայն Պետրոս եպս․ եւ անոր օգնականները՝ Յովասափ եւ Կարապետ գիտնական, կը դիմադրեն եւ կը վերականգնեն աւերակները[3]: 1354-ին Եփրեմ քհն․ ժառանգաբար ստացած Աստուածաշունչ մատեան մը Վարագայ Ս․ Նշանին կը նուիրէ։ Իսկ 1392-ին թուրքերէն յափշտակուած «Սողոմոնի Առակներն» եւ «ԺԲ․ մարգարէից գիրքը» ետ կ'առնուին ու Վանքին կը վերադարձուին։

1400-ին վանքին մէջ վարակիչ մահացու հիւանդութեան պատճառով քանի մը հոգեւորականներ կը մահանան։ 1402-ին Անանիա Վարագեցի Վանքին մէջ խաչքար մը կը կանգնեցնէ։ 1421-ին Վանքին «Ճաշոց» մը կը նուիրուի, որմով յայտնի կը դառնայ, թէ Վանի առաջնորդն է հանճարեղ վրդ․ Մարգարայ․ Մարգար առաջնորդը եղած է Գրիգոր Տաթեւացիին աշակերտը։ 1425-ին Խոճա Աստուածատուր յափշտակուած «Նարեկ» մը կը գնէ եւ Վերին Վարագ կը բերէ։ Այդ տարիներուն, Յովհաննէս եպս․-ի օրով, բազմաթիւ ձեռագիրներ կ'արտագրուին։

 
Երուսաղէմի Ս․ Յակոբ
 
Վանայ լիճը, Աղթամար կղզին եւ Ս․ Խաչ եկեղեցին (նկարը՝ հարաւէն)

1505-1525 թուականներուն Շահ Իսմայէլի կառավարութեան տարիներուն, անոր տիկինը 1519-ին կը միաբանի Վարագավանք եւ «Աւետարան» մը կը նորոգէ։ Պարսկաթրքական կռիւներու ընթացքին, Վասպուրականն ու Վարագավանքը կողոպուտի եւ աւերի կ'ենթարկուին[2]։ Սակայն շուտով վանքը կը վերականգնի։ Այդ տարիներուն հռչակ կ'ունենայ Զաքարիա երգասացը, որ կ'երգէ «չքնաղ երգ»ը «ԶՎարագն ասեմ»։ 1581-էն սկսեալ, Վարագավանքին մէջ համբաւ կը վայելէ Վարագեցի Բարսեղ՝ իր արտաքին եւ գրական գործունէութեամբ։

17-րդ դարասկիզբին, Մարտիրոս արք․ օրերուն, Վարագավանքը նախանձելի վիճակի կը հասնի։ Նաեւ Մարտիրոս արք․ Վարագավանքէն զատ, կը յաջողի թեթեւցնել Երուսաղէմի Ս․ Յակոբայ Վանքին պարտքերը։ 1648-ին Վանայ շրջանին մէջ կը պատահի աղիտալի երկրաշարժ մը։ Վարագավանքի եկեղեցիներէն հինգը կը քանդուի, սակայն անմիջապէս կը վերականգնի Կիրակոս վանահօր ջանքերով եւ շնորհիւ բարերարներու՝ խոճաներ Ամրխան, Յովհաննէս եւ Դիլանչի, չալապի Մարխաս։ Այս վերաշինութիւններուն ընթացքին Ս․ Խաչ եկեղեցին կը վերածուի մատենադարանի։ Սակայն քիչ ետք, վանքը կ'ենթարկուի կողոպուտի․ կը չարչարուին կրօնաւորները ե՛ւ վանահայրը, որպէսզի ցոյց տան գանձերուն վայրը։ Աւազակները կը շարունակեն փնտռել ու կը յաջողին գտնել գանձարանն ու այն դարանը, ուր դարերու ընթացքին պահուած էր Խա­­­չափայ­­­տ Ս. Նշանը։ Այս չարչարանքներուն պատճառով երեք երիցագոյն վանականներ կը մահանան։[3] Գանձերը կը տարուին Խոշաբ: 1655-ին հա­­­յերը կ՚ազա­­­տեն մա­­­սունքը։ Նոյն թուականին, Աղթամարի կաթողիկոսութիւնը կը փորձէ տիրանալ Վարագավանքին, սակայն հարցը կը լուծէ Էջմիածինի Յակոբ Կաթողիկոսը՝ լիազօրելով Պօղոս Վարդապետը։ Կարապետ վարդապետին վանահայրութեան օրերուն, համբաւի կ'արժանանայ Գրիգոր Վարագեցին։

18-րդ դարու ընթացքին, Վարագավանքը կը շարունակէ ծաղկիլ։ Կը գրուին բազմաթիւ Յիշատակարաններ։ Գրիգոր եպս․ Ճունճունկանց Խաչափայտ Ս. Նշանը կը փոխադրէ Վանի Էջմիածին եկեղեցին։ Վարագավանքին մէջ անոր համար զետեղուած է խաչքար մը։ Ան նաեւ կը վերանորոգէ Ս․ Խաչ եկեղեցին։

 
Արծուի Վասպուրական ամսագիրի օրինակ մը

1803-ին տէր Ղազար դարպասին պարիսպը կը նորոգէ։ Վանահայր Սարգիս կը հրաժարի եւ անոր յաջորդող Մկրտիչ վրդ․ Գաղատացիին 1832-ին Թամուր փաշան խեղդամահ կ'ընէ։ Վանի մեծամեծները կը խանգարեն Վանքին կանոնաւոր ընթացքին՝ կը խառնուին անոր կեանքին ու գործին։ Այս պատճառով, վերընտրուած Ղազար Բերկրցին եւս, ինչպէս իր նախորդ Սարգիս վանահայրը, կը հրաժարի իր պաշտօնէն։ Յաջորդ առաջնորդերը նոյնպէս կը հրաժարին. Պետրոս արք․ Կուրապցին, Մկրտիչ վրդ․ Նարեկացին, Մովսէս Լիմնեցին։ Գաբրիէլ Վ․ Շորոյեան, էջմիածին կ'երթայ ու եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի։ Ան Վարագավանքին մէջ շինարարական աշխատանքի կը լծուի, հայերուն կրթական մակարդակը կը փորձէ բարձրացնել։ Նաեւ Ս․ Սիոն եկեղեցին շտեմարանի կը վերածէ։ Իր առաջնորդութեան օրերուն Վարագ կու գայ Մկրտիչ Խրիմեան, որ իր գործունէութեամբ մեծ համբաւ կը շինէ[10]։

 
Մկրտիչ Խրիմեան (Խրիմեան Հայրիկ)

Մկրտիչ Խրիմեան կը բանայ Ժառանգաւորաց վարժարանը՝ դպրոց եւ տպարան, ուր կը տպուի «Արծուի Վասպուրական»[11] թերթը։ Սոյն վարժարանը կը վերածուի Երկրագործական վարժարանի։ Վարագավանքը Վանի առաջնորդարանի տիրութենէն կ'անջատուի։ Երբ Մկրտիչ Խրիմեանին (Խրիմեան Հայրիկ) 1885-ին Բարձր դուռը Պոլիս կը կանչէ, Վարագավանքի վանահայրութիւնը դարձեալ կ'անցնի Վանի թեմին։ Անոր յաջորդը՝ Գրիգորիս Արք. Ալեաթճեան (կը պաշտօնավարէ մինչեւ 1888) կը նորոգէ տպարանը, Ժառանգաւորաց դպրոցի շէնքն ու այլ շինութիւններ։

Անոր յաջորդներուն օրով վանքը կը շարունակէ իր շէն ընթացքը մինչեւ Յունիս 1896, երբ Վանի կոտորածի օրերուն, ինչպէս ամբողջ շրջանը, կ'ենթարկուի քիւրտ եւ թուրք թալանողներու յարձակման։ Վանքին միաբանները, Ժառանգաւորաց դպրոցի աշակերտները եւ վանք աշխատող մշակների՝ կը սպաննուին, վանքապատկան շարժական գոյքը, անասուներն ու արջառը, կը կողոպտուին։ Կը հրկիզուին եւ աւերակի կը վերածուին վանքին վարչական շինութիւններուն մեծ մասը։

Վանքը կ՛ամայանայ։

Խաչափայտ Ս․ մասունքին «արկածախնդրութիւնները»

Խմբագրել

Խա­­­չափայ­­­տ Սրբազան մասունքը մինչեւ 1021 կը մնայ Վարագավանք, երբ՝ Սենեքերիմ Արծրունին կը տեղափոխէ Սեբաստիա: Անոր մահէն ետք, մասունքը կը վերադառնայ հին տեղը եւ հոն կը մնայ մինչեւ 1651 թ.։ Աւազակներ կը կողոպտեն զայն, սակայն միաբաններն ու հաւատացեալներ կը հետապնդեն։ Այսպէս, Մարխաս Չալապին վճառելով մեծ փրկագին, Ս․ Խաչը ետ կ՛առնէ․ կը զետեղուի Վանի Ս. Տի­­­րամօր եկե­­­ղեցիին մէջ, որ կ՚անո­­­ւանա­­­փոխո­­­ւի Ս. Նշա­­­նի (կամ Էջմիածին)։ Այստեղ սուրբ մա­­­սունքը կը մնայ մինչեւ 1915 թո­ւականը։

Վանքի կալուած

Խմբագրել

Վանքը ըլլալով նաեւ Վանի առաջնորդանիստ, ունեցաւ լայն գործունէութիւն: Հոն զարգացաւ հայ գրչագրութեան ու մանրանկարչութեան արուեստը: Վանքը հարուստ էր։ Ունէր անշարժ եւ շարժական հարստութիւն:

Ունէր 619 կտոր (այդ օրերու չափանիշ) վարելահող եւ հսկայ տարածութեամբ արօտատեղի: Իր տօնական օրերուն շատ նուէրներ կը ստանար. ուխտաւորներու հոծ բազմութիւն մը Վարագ կու գար:

Վարագավանքը կը տօնէր Համբարձման[12] Հինգշաբթի Օրը եւ Վա­­­րագայ Սուրբ Խա­­­չի տօ­­­նը, որ կը տօնուի Խաչ­­­վե­­­­­­­րացէն եր­­­կու շա­­­բաթ ետք՝ Սեպ­­­տեմբե­­­րի 25-էն Հոկ­­­տեմբե­­­ր 1-ին ին­­­կած Կի­­­րակի օրը։

Վանքը - Եկեղեցիներու նկարագրութիւն

Խմբագրել

Ներքին Վարագավանք կամ՝ Վարագայ Ս․Նշանի վանք եւ կամ Վարագավանք (թրք․ Yedi Kilise)։ Մէկ կողմէն կը նայէր դէպի ձորակը եւ Ներքին Վարագ, միւս կողմէն՝ դէպի Վան քաղաք եւ Վանայ լիճ։ Կը բաղկանար համախմբուած եօթը եկեղեցիներէ, որոնք կ՛երկարէին Վանքի բակին հիւսիս արեւելեան կողմէն դէպի հարաւ։ Բակին արեւմտեան եւ հարաւային երկայնքին կը գտնուէին երկյարկանի շէնքեր․ անոնք կ՛ըմդգրկէին վանական խցեր, Ժառանգաւորաց վարժարանը եւ ծխական դպրոցները, եպիսկոպոսարանը եւ այլ օժանդակ սենեակներ։ Վանքին գլխաւոր մուտքը կը գտնուէր համալիրի հարաւ արեւմտեան կողմը։ Անոր կից՝ վանական գոմն ու փարախը։

 
Քարտէս - Վարագայ լերն ու Վարագավանքի դիրքը

Ստորեւ, եկեղեցիները կը նշուին կարգով, ըստ վանքին համալիրի յատակագիծին․ հիւսիս արեւելեան կողմէն դէպի արեւելք (ձախէն աջ) չորս եկեղեցիներ՝ Ս․Նշան, Ս․Աստուածածին, Ս․Յովհաննէս եւ Սուրբ Սօֆիա եւ անոնց առջեւը մնացեալ երեքը՝ Ս․Խաչ, Ս․Գէորգ եւ Ս․Սիոն։[2],[13],[14]

Ս․Նշան․- Պզտիկ եկեղեցի մըն էր, պայտաձեւ կամարներով եւ փայտակերտ գմբէթով։ Անոր հարաւ արեւմտեան դուռը կը կապուէր Ս․Աստուածածին եկեղեցիին հետ։

Ս․ Աստուածածին․- Վարագի բոլոր եկեղեցիներէն ամենագեղեցիկը․ անոր յատակագիծը նման էր Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցուոյ յատակագիծին։ Շինուած էր անտաշ մեծ քարերէ, իսկ կաթողիկէն՝ թրծուած աղիւսէ։ Եկեղեցին խաչաձեւ էր, անսիւն, չորս խորաններով, եւ զարդարուած էր 12 անկիւն ունեցող գմբէթով եւ բրգաձեւ կաթողիկէով։ Առանձնայատկութիւններէն էր այն, որ չորս պատերը անմիջապէս իրարու չէին միանար, այլ ամէն անկիւն մէկական խորշ ունէր, որոնց մէջէն դուռ կը բացուէր դէպի խորանները։ Արեւմտեան կողմի խորշերուն դռները փակուած էին, որովհետեւ այս խորշերէն մէկը Արծրունի թագաւորին, միւսը՝ թագուհիին աղօթատեղին էր։ Եկեղեցւոյ բոլոր կամարները պայտաձեւ էին։ Չորս նեղ ու փոքր պատուհաններ անփայլ լոյս կը սփռէին։ Միայն, արեւմտեան դուռը կը նայէր գաւիթին, որ յայտնի էր Ս.Գէորգ անունով։ Եկեղեցւոյ մէկ անկիւն մը միայն զետեղուած էր գեղեցիկ խաչքար մը, որուն արձանագրութիւնը երկաթագիր էր։ Պատերը ճերմակ ներկուած էին [2],[14]։

Ս․Յովհաննէս կամ «Քառասուն աբեղայից եկեղեցի»ն․- Շինուած էր սրբատաշ քարերով։ Ունէր պայտաձեւ կամարներ, կամարակապ կոզակ*, ութանկիւն կաթողիկէ՝ չորս լուսամուտերով։ Ս․ Սոֆիա եկեղեցուոյ հետ կը կապուէր հարաւ արեւմտեան դուռէն։[2]

Ս. Սոֆիա․- Կը կոչուէր նաեւ Բերգաւոր․ հաւանական է թէ պատերազմի կամ վտանգի օրերուն վանականները հոն կը պատսպարուէին, որովհետեւ պաշտպանուելու յարմարութիւններ ունէր։ Կոզակը կիսակլոր էր։ Անոր արեւմտեան պատին վրայ կար արձանագրութիւն մը (զոր արտատպած էր «Արծիւ Վասպուրական» թերթը), ըստ որուն՝ եկեղեցին կառուցած էին Սենեքերիմ Արծրունի թագաւոր եւ իր տիկինը։

Ս․Խաչ․- Շինուած էր սրբատաշ քարերով, ունէր կիսակլոր կոզակ մը եւ փայտաշէն գմբէթ։ Մատենադարանի վերածուեցաւ։

Ս․Գէորգ․- Ունէր մուտքի նախասրահ մը։ Գաւիթը քառակուսի էր, ութանկիւն գմբէթով, հարուստ՝ իւղաներկ պատկերներով։ Անոր հիւսիսային պատին արեւմտեան անկիւնը կը տանէր Ս․Խաչ եկեղեցին։ Ս․Աստուածածին տանող մուտքը արեւելեան կողմն էր, իսկ հիւսիսային պատին արեւելեան անկիւնի խորշը՝ մկրտարանն էր։ Հոն թաղուած էին Սենեքերիմ թագաւորը ու իր տիկինը, եւ Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոսը։ [3],[2]

Ս․Սիոն․- Կը գտնուէր Ս․Գէորգին հարաւային կողմը։ Երբ կաթողիկէն եւ պատերուն մեծ մասը կ՛աւերուին, ցորենի շտեմարանի կը վերածուի։

կոզակ=եկեղեցւոյ խորանի մեծ կամարի մէջտեղը

Յիշատակումի արժանի է Վերին Վարագը՝ Վերին Վարագավանքը եւ կամ՝ Ս․ Գրիգոր վանքը․ [15] կը գտնուէր բարձրաւանդակի վրայ, Ներքին Վարագավանքէն հիւսիս արեւելք։ Ունէր երեք եկեղեցի՝ Ս․ Փրկիչ, Ս․ Աստուածածին եւ Ս․ Հռիփսիմեանց կամ Գրիգորի մատուռ։ Անոր շինութիւնը կատարուած էր երեք փուլով։ Նախ Հռիփսիմեան կոյսերուն կողմէն՝ Ս․ Աստուածածինը, որ կը գտնուէր «Կարմրուոր» կոչուած սարալանջին վրայ եւ «կը բացուէր» դէպի Շուշանց գիւղը, Վան քաղաքի Այգեստանը եւ Վանայ լիճը։ 9-րդ դէպի 10-րդ դարուն՝ կիսակլոր Ս․Փրկիչը, եւ Ս․Գրիգորի մատուրը․ վերջինը ունէր մկրտարանի խորշ մը հիւսիսային պատին, այսինքն՝ կ՛ընդունէր այցելուներ։

Մատենագրութիւն

Խմբագրել

Վանքը ըլլալով նաեւ Վանի առաջնորդանիստ, ունեցաւ լայն գործունէութիւն: Հոն զարգացաւ հայ գրչագրութեան ու մանրանկարչութեան արուեստը:

Ստորեւ տրուած ցանկէն զատ, Վանքը հարուստ էր արձանագրութիւններով եւ «Յիշատակարան»ներով։

  • 8-րդ դար՝ «վանահայրերուն պատմութիւնը» Տաճատ ճգնաւորին արձանագրութիւններ
  • 922 «Զարդագիրք Աւետարան»
  • 1293 «Աւետարան»
  • 14-րդ դարուն սկիզբը, արտագրութիւն Եպիփան Կիպրացիին գրութիւններուն (Յովհաննէս քհնյ․)
  • 1309 արտագրութիւն Յակոբ Մեծ Պարոնենցի կազմած «Աւետարան»ի (Ստեփանոս սրկ․ Վարագեցի)
  • 1318 եւ յաջորդող տարիներուն համար, Յովհաննէս քահանան կը գրէ «Գիրք մանկութեան» յիշատակարանը
  • 1401 «Ճառընտիր»
  • 1435 «Աւետարան»
  • 15-րդ դարուն առաջին կիսուն, ձեռագրերու արտագրում
  • 1442 «Յայսմաւուրք»
  • 1444 «Աւետարան»
  • 1445 եւ 1446 մէկական «Յայսմաւուրք»
  • 1448 «Գանձարան» (Եկեղեցական տարուան տօներուն նուիրուած հանդիսաւոր երգաշարքերն ամփոփող հայկական միջնադարեան ձեռագիր մատեան) մը
  • 1452 «Աւետարան»ի մը արտատպում
  • 1486 «Գանձարան» մը
  • 1507 «Յովհաննու Աւետարան»ի արտատպում՝ Յովհ․ Մանգասարենց եւ «Շարակնոց»՝ Զաքարիա աբղ․
  • 1511 «Աւետարան» մը՝ Զաքարիա աբղ․
  • 1534 «Մաշտոց» «ծիսարան-ծէս՝ կրօնական արարողութիւն» մը
  • 16-րդ դարուն կէսերուն, «Գանձարան» մը՝ Ներսէս կրօնաւոր Վարագեցի
  • 1559 «Աւետարան»ի մը արտագրում՝ Յովհաննէս
  • 1602 «Աստուածաշունչ»
  • 1617 «Աւետարան»
  • 1644 «Սաղմոսարան»՝ Սահակ քհնյ․
  • 1660 «Շարակնոց»
  • 1679 «Յիշատակարան»
  • 1684 «Յայսմաւուրք» ժամանակագրութիւն՝ Գրիգոր Վարագեցի
  • 1721 Արձանագրութիւն-յիշատակարան Բարթողոմէոս Շուշանցի
  • 1739 «Աւետարան»՝ Կարապետ վրդ․
  • 1754 «Ձեռագրի մը յիշատակարանը»
  • 1772 «Պրոկզի Աստուածաբանութեան շաղկապած մեկնութիւնը»
  • 1775 «Մեկնութիւն ԺԲ․ Մարգարէից»՝ Գէորք Նագաշ
  • 1857 «Արծուի Վասպուրական»

Վանահայրեր - առաջնորդներ

Խմբագրել
  • Ճգնաւորներ՝ Թոթիկ եւ Յովէլ
  • Տէր Երեմիա, հայր Տաճատ
  • Գրիգոր (9-րդ դարու կիսէն ետք)
  • 909 եպիսկոպոս է Յակոբ
  • 949 վանահայր է Անանիա Մոկացի
  • 11-րդ դարուն՝ Պօղոս Վրդ․
  • 12-րդ դարուն՝ Ստեփանոս Տիրացուն եւ Սարգիս եպիսկոպոս
  • 1231 առաջնորդ է Ղուկաս
  • 1300 առաջնորդ է Պետրոս
  • 1304 առաջնորդ է Յովհաննէս «իմաստասէր»ը
  • 1310 վանահայրեր՝ Սարգիս եւ ապա Պետրոս՝ յետագային Պետրոս «վեհիմաստ հովապետ» եպիսկոպոս
  • 14-րդ դարուն երկրորդ կիսուն, առաջնորդ է Տէր Պօղոս
  • 1393 առաջնորդ է Տէր Սահակ
  • 1419 առաջնորդ է Տէր Ատոմ «սրբասէրը»
  • 1421 առաջնորդ է Յովհաննէս եպիսկ․ յետաքային կը կոչուի Մեծն Յովհաննէս․ հաւանաբար զանազանուելու անոր յաջորդէն
  • 1486 առաջնորդ է Յովհաննէս արք․
  • 16-րդ դարասկիզբին՝ առաջնորդ է Ատոմը
  • 1510, առաջնորդ է Կարապետ արք․
  • 1555 առաջնորդ է Ներսէս եպիսկոպոս
  • 1560, առաջնորդ է Սահակ արք․
  • 1565 առաջնորդ է Մարգար՝ «հեզ ու հանդարտ յաչո ամենին»․ խոր ծերութեան պատճառաւ, 1595թ․ անոր պարտականութիւնները կը կատարեն՝ Ստեփանոս արք․ եւ Կարապետ
  • 1600 առաջնորդ է Մարտիրոս
  • 1647 առաջնորդ ՝ Կիրակոս Վրդ․
  • 1660 առաջնորդ է Պօղոս աստուածաբան Վրդ․ եւ գիտապետ
  • 1669 առաջնորդ է Յովհաննէս Վրդ․
  • 1679 առաջնորդ է Կարապետ Վրդ․ (կը յաջորդէ Յովասափ Ղափանցիին՝ վանահայր մի քանի տարուան համար)
  • 1697 առաջնորդ է Ստեփանոս Բաղիշեցին
  • 1711 առաջնորդ է Բարթողոմէոս Շուշանցին
  • 1739 առաջնորդ է Յովհաննէս «քաջրարուն վարդապետը»
  • Յովհաննէսի աթոռակից եւ յաջորդը կ՛ըլլայ Սամուէլ վրդ․
  • 1754 առաջնորդ է Գրիգոր եպ․ Ճունճունկանց
  • 1775 առաջնորդ է Բաղդասար արք․
  • 19-րդ դարասկիզբին վանահայր է՝ Յարութիւն Բաղիշեցին
  • 1817 առաջնորդ է Սարգիս վրդ․ Պարտիզակցին
  • 1825 վեր ի վարոյ առաջնորդ է Մկրտիչ վրդ․
  • 1832 առաջնորդ է Ղազար Բերկրցի
  • 1836 առաջնորդ է Յարութիւն վրդ․ Սարայլեան
  • Յաջորդաբար առաջնորդներ եղած են՝ Պետրոս արք․ Կուրապցին, Մկրտիչ վրդ․ Նարեկացին, Մովսէս Լիմնեցին եւ Գաբրիէլ Շորոյեան
  • 1857 Մկրտիչ Խրիմեան
  • 1885-1886 Գրիգորիս Արքեպիսկոպոս Ալեաթճեանը

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Տես նաեւ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել