Յայսմաւուրք
Յայսմաւուրք ԺԳ․ (13-րդ հռովմէական թուանշաններով՝ XIII ) դարէն կիրառուող այս անուանունը կը ծագի գրաբարեան «Յայսմ աւուր»` «այս օրը» բառակապակցութիւններէն, ինչով կը սկսի սուրբերու պատմութիւնը), ծիսամատեան, ուր կը պարունակէ սուրբերու կեանքի (վարքի) եւ նահատակութեան (վկայութեան) պատմութիւնները, որոնք հաւաքուելով, գրի կ'առնեն Դ․ (4-րդ) դար` Եւսեբիոս Կեսարեացւոյ կողմէն։ «Հաւաքումն պատմութեան մարտիրոսաց հնոց» խորագիրը կրող այդ ժողովածուն կը կորի Զ․ (6-րդ) դար, ինչ որ անհրաժեշտութիւն կը դառնայ վերստին հաւաքել եւ կազմել նոր ժողովածուներ՝ ծիսական նպատակներով։ Ի տարբերութիւն սուրբերու յիշատակի կատարման համար Յոյն եւ Լատին եկեղեցիներու որդեգրած արեգակնային, ամսաթուային կարգի, որ անշարժ է, Հայոց եկեղեցին կընդունի յոթնեկական դրութիւնը, որ շարժական է։ Սակայն հայոց մէջ կը կիրարուի նաեւ սրբոց յիշատակման մէկ եղանակ եւս՝ համաձայն անուններու այբենական կարգի։
Յայսմաւուրքի կազմաւորում
ԽմբագրելՀայոց Յայսմաւուրքը կը կազմաւորուի V–XV դդ. ընթացքին։ Մատենագրական աղբիւրները Յայսմաւուրքի կազմաւորումը կը կապեն Սողոմոն Մաքենացւոյ, Գագիկ վարդապետի (IX–X դդ.) եւ Ատոմ եպիսկոպոսի (X դ.) անուան հետ։ Հայոց Յայսմաւուրքի կազմաւորմանը զգալիօրէն կը նպաստէ յոյն Յայսմաւուրքի հայերէն թարգմանութեանը (991 թ.), երբ կ՛իրականացուի Յովսէփ Կոստանդնուպոլսեցին։ Յատկապէս կարեւոր կ'ըլլայ Գրիգոր Բ Վկայասեր կաթողիկոսի կազմած Յայսմաւուրքը, որ, ենթարկուելով զանազան փոփոխութիւններու, ժամանակի ընթացքին ձեռք կը բերէ կայուն նկարագիր եւ հիմքը կը դառնայ այդ ծիսամատեանի տարբեր խմբագրումներու համար։
Յայսմաւուրք խմբագրութիւնները
ԽմբագրելՀայոց Յայսմաւուրքն ունի չորս խմբագրությիւն. Իսրայել Խաչենցիի (մահ. 1249), Կիրակոս Գանձակեցւոյ, Գրիգոր Է Անավարզեցի կաթողիկոսի եւ Գրիգոր Խլաթեցւոյ։ Տէր Իսրայել Խաչենցին իր Յայսմաւուրքը կը կազմէ Վանական Վարդապետի (XIII դ.) եւ Հասան-Ջալալ Դոլա իշխանի պատուէրով։ Ան կը ճշգրտէ Գրիգոր Բ Վկայասերի սահմանած՝ հայ նահատակներու վկայութեան օրերը եւ անոնք կը տեղադրէ Յովսէփ Կոստանդնուպոլսեցիի թարգմանած յունական Յայսմաւուրքի մէջ։ Տէր Իսրայելը անոր օրուա մէջ նշուող տօնի կարգը՝ առաջնութիւնը տալով հայոց տօնակարգին։ Ի տարբերութիւն թէ՛ Տէր Իսրայէլի, որ տարուայ տօնաշարն կը սկսի Յունուար 1-էն (Բարսեղ Կեսարացու վարքով), եւ թէ՛ Յովսէփ Կոստանդնուպոլսեցիի թարգմանած ժողովածուի, որտեղ տարին կը սկսի Սեպտեմբերով (Սիմէոն Սիւնակեացի վարքով), Կիրակոս Գանձակեցին իր Յայսմավուրքի համար կ՛ընտրէ հայկական ամսակարգը՝ Գրիգոր Բ Վկայասէրի օրինակով տօնաշարն սկսելով Նաւասարդի 1-էն, որ օգոստոս 11-ըն է (կը սկսի Յովհաննէս Մկրտիչի տօնով)։ Անոր շնորհիւ Կիրակոս Գանձակեցւոյ խմբագրած Յայսմաւուրքը ձեռք կը բերէ ազգային կերպարանք։ Անոր կազմած Յ-ի առաջին խմբագրութեան մէջ (1252) կը ներմուծուին վկայաբանական նոր միաւորներ, իսկ 1269-ին ցոյց կու տայ ընդօրինակուած Յ-ի մէջ՝ եւս 170-ը։ Գրիգոր Է Անաւարզեցւոյ կազմած Յայսմաւուրքը նախորդներէն կը տարբերի ոչ հայկական՝ լատինկան տօնակարգով։ Հայոց Յ-ի լատինականացուիլը նպատակ ունէր նպաստելու Հայ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու մերձեցմանը, որ ի յայտ կը բերէ Գրիգոր Է Անաւարզեցւոյ քաղաքական կողմնորոշումը։ Գրիգոր Է Անաւարզեցւոյ կազմած Յայսմավուրքը, որ հիմնուած էր Տէր Իսրայելի Յայսմավուրքի վրայ, Գրիգոր Փեշտիմալճեանի ձեռքով վերախմբագրելէ ետք՝ 1834-ին թիւրութեամբ կը հրատարակուի իբրեւ Տէր Իսրայելի խմբագրութիւն։ Գրիգոր Խլաթեցւոյ կազմած Յայսմաւուրքը զգալիօրէն կը տարբերի նախորդ խմբագրութիւններէն իր ծաւալով, ընդգրկած նիւթերու բազմազանութեամբ։ Անոր խմբագրութիւնը Կիրակոս Գանձակեցւոյ Յայսմաւուրքի ընդարձակ տարբերակն է, որ ունի աւելի քան 700 միաւոր։ Ան աչքի կը զարնէ իր ընդգրկած պատմական նիւթի հարստութեամբ։ Հեղինակը ոչ միայն կը հաւաքէ նախկինին շարադրուած վարքերն ու վկայաբանութիւնները, այլեւ անոնց մէջ կը ներմուծէ նորանոր տուեալներ, որոնք ունին պատմագիտական արժէք։ Ան կը փոխէ ատոնց լեզուն՝ դարձնելով ժողովրդին մատչելի։ Գրիգոր Խլաթեցւոյ Յայսմաւուրքի մէջ բազմաթիւ տեղանուններ կան, անձնանուններու ժողովրդական ստուգաբանութեան օրինակները։ Ան լայն տեղ կը յատկացնէ ժողողովրդական բարքերու, կենցաղի, նիստուկացի, սովորութիւններու նկարագրութեանը։
Գրականութիւն
Խմբագրել- Աւդալբեգեան Մ., «Յայսմաւուրք» ժողովածուները եւ անոնց պատմագրական արժէքը, Երեւան,1982։
- Պողարեան Ն., Ծիսագիտութիւն, Նիւ Յորք, 1990, էջ 47–62։
- Վարդանեան Ռ., Հայոց Տոնացոյցը (4–18-րդ դարեր), Երեւան, 1999։
- Մա թեւոսեան Ա., Մարաբեան Ս., Գրիգոր Ծերենց Խլաթեցի, Երեւան, 2000, էջ 95–106։