Գառնիկ Բանեան (1910, Կիւրին, Սեբաստիոյ նահանգ, Թուրքիա - 23 Յուլիս 1989(1989-07-23), Պէյրութ, Լիբանան), հայ ուսուցիչ, խմբագիր, հասարակական ու ազգային գործիչ, երեսփոխան: Գառնիկ Բանեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ արժանացած է «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին:[1]

Գառնիկ Բանեան
Ծնած է 1910
Ծննդավայր Կիւրին, Սեբաստիոյ նահանգ, Թուրքիա
Մահացած է 23 Յուլիս 1989(1989-07-23)
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Ազդուած է Սիմոն Վրացեան
Մասնագիտութիւն ուսուցիչ, Խմբագիր, հանրային գործիչ
Վարած պաշտօններ երեսփոխան
Երեխաներ Հուրի եւ Շաղիկ

Կը պատկանի այն սերունդին, որ կը կոչուի «Որբերու սերունդ»։ Մինչեւ պատանեկան տարիքը կը ճաշակէ որբանոցի դառնութիւնները, մասնաւորաբար առաջին շրջանին, երբ կը մնայ Այնթուրայի, ապա Ժպէյլի որբանոցը։

Ուսման երազով տարուած՝ 1930-ին կը դառնայ նորաբաց Հայ Ճեմարանին նախապատրաստական դասարանի 15 աշակերտներէն մէկը։ 1935-ին եղած է Ճեմարանի առաջին հունձքի 8 շրջանաւարտներէն մէկը: Այնուհետեւ իր կեանքը եղած է ուսման, դասաւանդութեան եւ գիրի, գրականութեան աշխարհը: Ամուսնացած է եւ ունեցած երկու զաւակներ՝ Հուրի եւ Շաղիկ[2]: Շուտով Ճեմարանի տնօրէնութեան կողմէ աշխատանքի կը հրաւիրուի։ Կը դասաւանդէ հայերէն եւ հայոց պատմութիւն։ 1951-52 տարեշրջանին՝ տնօրէն Սիմոն Վրացեանի կողքին, կը սկսի գործել իբրեւեւ վարչական գործերու օգնական։ Այս պաշտօնը հաւատարմօրէն կը վարէ մինչեւ իր մահը։

Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան հիմնադիր եւ առաջին վարչական անդամներէն է[3]։ Ան միութեան հրատարակչական, դասախօսական եւ խմբագրական գործերուն խթան կը հանդիսանայ։

1944-ին իր անձնական ճիգերով լոյս կ'ընծայէ «Ակօս» երկամսեակի առաջին թիւը եւ ստանձնած՝ խմբագրութեան պաշտօնը։ Ան հեղինակած է Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող յուշագրական գիրք մը «Յուշեր Մանկութեան Եւ Որբութեան» ( յուշագրութիւն, 1992, Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Պէյրութ[4]), որ անգլերէնի թարգմանուած է Սիմոն Պէօճէքեանի կողմէ՝ "Goodbye, Antoura: A Memoir of the Armenian Genocide"[5]։ Գիրքը նաեւ թարգմանուած է ֆրանսերէնի եւ թրքերէնի։

Եղած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ։ Մաս կազմած է Լիբանանի ազգային իշխանութեան քաղաքական եւ ուսումնական մարմիններուն։ Ընտրուած է ազգային երեսփոխան[6]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել