Հրաչ Տասնապետեան
Հրաչ Եդուարդ Տասնապետեան (28 Յուլիս 1928, Հալէպ - 16 Մարտ 2001, Պէյրութ), հայ կրթական մշակ, մտաւորական, հրապարակախոս եւ ազգային-քաղաքական գործիչ։
Հրաչ Տասնապետեան | |
---|---|
Ծնած է | 28 Յուլիս 1928 |
Ծննդավայր | Հալէպ |
Մահացած է | 16 Մարտ 2001 |
Ազգութիւն | Հայ |
Մասնագիտութիւն | Քիմիագէտ-ճարտարագէտ |
Աշխատավայր | Հայ կրթական մշակ, մտաւորական, հրապարակախօս եւ ազգային-քաղաքական գործիչ |
Երեխաներ | Շուշիկ, Թամար եւ Սանան |
Կրթութիւնը
ԽմբագրելՏասնապետեան յաճախած է ծննդավայր Հալէպի Ազգային Հայկազեան մանկապարտէզը, ապա նախակրթարանը։ Տարի մը Մխիթարեան վարժարան յաճախելէ ետք, անցած է Հալէպի Ֆրանսական Լիսեն, որու փակումէն ետք՝ երկրորդական ուսման վերջին երկու տարիները՝ 1945 էն սկսեալ, ամբողջացուցած է Պէյրութի Ֆրանսական Լիսէին մէջ։ Տարի մը հետեւած է Պէյրութի Ուսողութեան եւ Բնագիտութեան Ուսմանց ու Հետազօտութիւններու Կեդրոնի դասընթացքներուն, ապա 1947-ին մեկնած է Լիոն (Ֆրանսա)։ Ստանալէ ետք բնագիտութեան տիտղոսը, երկու տարի աշակերտած է Ճարտարարուեստական Քիմիագիտութեան Բարձրագոյն դպրոցին, ուրկէ վկայուած է իբրեւ քիմիագէտ-ճարտարագէտ։ Թեկնածու դառնալով տոքթորական աւարտաճառի, տարի մը փորձագիտական աշխատանքի ընդունուած է Փեշինէ ընկերութեան մէջ[1]։
Մանկավարժական գործունէութիւնը
Խմբագրել1953-ի ամառը, Պէյրութի Համազգայինի ճեմարանի տնօրէն՝ Սիմոն Վրացեան, Հրաչ Տասնապետեանը հրաւիրած է Ճեմարան, իբրեւ բնագիտութեան ու տարրաբանութեան ուսուցիչ։ 1953-ի Հոկտեմբերին, հաստատուելով Պէյրութ, մինչեւ իր մահը Հրաչ Տասնապետեանի կեանքը կը կապուի Նշան Փալանճեան, ապա Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարաններուն։
1968-ի ամառը, Հրաչ Տասնապետեան կը նշանակուի Ճեմարանի տնօրէն։ Գիտութեան բազմատաղանդ ուսուցիչը, 32 տարի Համազգայինի ի սպաս կը դնէ իր մտաւորական ու վարչական կարողութիւնները։ Դպրոցի ուսումնական վերելքին, տնտեսական հաւասարակշռութեան ապահովման, աշակերտութեան թուական աճին ու ճեմարանի ճառագայթումին ի նպաստ ճիգերը կ'արդիւնաւորուին ըստ ամենայնի։ Ճեմարանը անխափան կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, լիբանանեան քաղաքացիական երկարատեւ պատերազմի թոհուբոհին մէջ, կայքէ կայք տեղափոխուելով երբեմն, վերիվայրումներով ու բազմապիսի դժուարութիւններով, բայց միշտ աներեր։ Այդ նոյն շրջանին կը կառուցուին Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի եւ Նորսիկեան մանկապարտէզի շէնքերը։
Այդ ընթացքին, Հրաչ Տասնապետեան կը հրատարակէ նաեւ հայերէնով գիտութեան դպրոցական դասագիրքերու շարք մը, որ երկար տարիներ կը գործածուի թէ՛ Ճեմարանի եւ թէ՛ լիբանանահայ այլ վարժարաններու մէջ։ Որոշ ժամանակ եղած է նաեւ Լիբանանահայոց թեմի Ուսումնական Խորհուրդի անդամ։
Տասնապետեան 1974-ին կարճ շրջան մը եղած է նորաբաց Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկի առաջին տնօրէնը, իսկ հետագային երկար տարիներ դասախօսած է նոյն հաստատութեան մէջ։
Կուսակցական գործունէութիւնը
ԽմբագրելՀրաչ Տասնապետեանի հասարակական կեանքը առաւելաբար կապուած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան հետ, որուն շարքերուն միացած է 1946-ին։ Հասակ առած դաշնակցական ընտանիքի մէջ, ան յատկապէս կրած է ազդեցութիւնը իր հօրեղբօր՝ կուսակցական գործիչ Յակոբ Սիմոնիի։ Պէյրութի եւ Փարիզի մէջ Ռուբէն Տէր Մինասեանի, իսկ աւելի ուշ Սիմոն Վրացեանի հետ մտերմութեան մէջ կազմաւորուած է ու արմատացած դաշնակցական Հրաչ Տասնապետեանի գաղափարական աշխարհը, որ միշտ կը դրսեւորուի ազգային արժէքներու պաշտամունքով, հայութեան եւ Հայաստանի իրաւունքներու պաշտպանութեամբ, դաշնակցական խիզախութեամբ ու կարգապահութեամբ։
Հ.Յ.Դ. Զաւարեան Ուսանողական Միութեան վարչութենէն ետք՝ քանի մը շրջան եղած է Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ։ Հրաչ Տասնապետեան Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր Ժողովին առաջին անգամ կը մասնակցի 1967-ին եւ անմիջապէս կ'ընտրուի Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ։ Յաջորդական ընտրութիւններով ան Բիւրոյի անդամ կը մնայ մինչեւ 1995, վերջին մէկ տարին դառնալով Բիւրոյի ներկայացուցիչ։
Հրաչ Տասնապետեանի դերը ուշագրաւ կը դառնայ յատկապէս յարաբերական աշխատանքներու մէջ՝ հայ, բայց յատկապէս՝ օտար շրջանակներու հետ յարաբերութիւններու մարզին մէջ։ Ան Հայ Դատի հետապնդման, ազգային առաջադրանքներու դրսեւորման ասպարէզներուն մէջ իր ժամանակաշրջանի առաջամարտիկներէն էր։
Հայագիտական աշխատանքները
ԽմբագրելՀակառակ որ Տասնապետեան հայագիտական մասնագիտական կրթութիւն չէր ստացած, իր հայրենասիրական ամուր համոզումներն ու կուսակցական կեանքէն ներս իր խորասուզուիլը երիտասարդ տարիքէն իր մօտ լուրջ հետաքրքրութիւններ կը յառաջացնեն հայագիտութեան այլազան բնագաւառներու, մասնաւորապէս՝ հայկական ճարտարապետութեան ու հայոց արդի պատմութեան հանդէպ։
Հայկական ճարտարապետութեան ուսումնասիրական քանի մը աշխատանքներ հրատարակելէ ետք, Հրաչ Տասնապետեան ամբողջովին կը նուիրուի Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմութեան, գաղափարական ու կազմակերպական խնդիրներու գիտական ուսումնասիրութեան։
1970-ական թուականներուն, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի որոշումով, 4 կամ 5 ամառներ կը զբաղի Պոսթընի Հ.Յ.Դ. արխիւներու դասաւորման, ցուցակագրման ու պատճէնահանման գործով, այնուհետեւ միշտ մնալով այդ արխիւներու բծախնդիր ուսումնասիրող մը։ Իր խմբագրումով կամ իր գրչի արգասիքով հատորով կը հրատարակուին շուրջ քսան աշխատութիւններ, առանց հաշուելու մամուլի մէջ տպուած առաւել կամ նուազ ընդարձակ յօդուածներն ու յօդուածաշարքերը։
ԺԹ. դարու վերջաւորութեան եւ Ի. դարու սկիզբի արեւմտահայ ազգային- ազատագրական շարժման, ի մասնաւորի՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութեան այլազան խնդիրներուն նուիրուած են Տասնապետեանի «Հ. Յ. Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցի հոլովոյթը» (1974), «Ո՞վ է դաշնակցականը» (1975), «Հայկական Հարցը» (1977), «Յեղափոխութիւն» (1978), «Իննսունամեայ հաշուեկշիռ» (1985), «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իր կազմութենէն մինչեւ Ժ. Ընդհ. Ժողովը (1890-1924)» (1988), «Հայ յեղափոխական շարժումը մինչեւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան կազմութիւնը» (1990) եւ «Հ. Յ. Դաշնակցութեան յեղափոխական-մարտական գործունէութիւնը» (1994) ուսումնասիրութիւններն ու հանրամատչելի երկերը։ Անոնցմէ մէկ քանին թարգմանուած են նաեւ արաբերէնի, անգլերէնի ու ֆրանսերէնի։
Տասնապետեանի հայագիտական թողօնին մաս կը կազմեն նաեւ «Հ.Յ.Դ. Արխիւ» խորագիրը կրող իր խմբագրած երկու ցուցակ-հատորները (1980-81), որոնք կը վերաբերին կուսակցութեան պատմութեան առաջին տասնամեակին՝ մինչեւ 1901, «Նիւթեր Հ.Յ.Դ. պատմութեան համար» շարքի առաջին չորս հատորները (1972-82), ուր ներկայացուած են մինչեւ 1907 հասնող բազմաթիւ կուսակցական փաստաթուղթեր, Արամ Մանուկեանին, Քրիստափոր Միքայէլեանին առնչուող, ինչպէս նաեւ «Ռոստոմ» (1979), «Ռոստոմ. Նամականի» (1999) եւ «Սիմոն Զաւարեան» (հ. 1-3, 1983-97) սկզբնաղբիւրներու ժողովածուները։
Յետմահու լոյս տեսած են «Պատմութիւն հայ յեղափոխական մարժման Եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան» եւ «Յօդուածներու ժողովածու» (2007) հատորները։
Երկեր
Խմբագրել- Տասնապետեան, Հրաչ, «Հ. Յ. Դաշնակցութեան յեղափոխական-մարտական գործունէութիւնը», «Դրօշակ», Աթէնք, 1994, թիւ 21, էջ 18-29, թիւ 22, էջ 28-38:
- Տասնապետեան, Հրաչ, «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իր կազմութենէն մինչեւ Ժ. ընդհանուր ժողովը (1890-1924 թթ.)», Աթէնք, 1988, 259 էջ:
- Տասնապետեան, Հրաչ, «Պատմութիւն հայ յեղափոխական շարժման եւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան», Պէյրութ, 2009, 504 էջ:
- Տասնապետեան, Հրաչ, «Ո՞վ է դաշնակցականը», Պէյրութ, 1975, 58 էջ:
- Տասնապետեան, Հրաչ, «Յօդուածներու ժողովածու», Պէյրութ, 2007, 639 էջ:
- Տասնապետեան, Հրաչ, «Յեղափոխութիւն», Պէյրութ, 1978, 159 էջ:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «ԴԷՄՔԵՐ ԵՒ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-08-29-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-22