Հայ Դատի Յանձնախումբ
Հայ դատի յանձնախումբ (անգլ. Armenian National Committe^iuj ազգային կոմիտէ), ՀՅԴ կուսակցութեան Ամն-ի մասնաճիւղի հասարակական աշխատանքներու եւ կառավարական յարաբերութիւններու ազգային յանձնախումբն է։ Կը պաշտպանէ հայ ժողովրդի պահանջքներն ու ազգային ձգտումները, կը ներկայացնէ հայութեան հաւաքական տեսակէտը բոլոր մակարդակներով։ Ամն-ի մէջ ունի երկու հիմնական բաժանմունք արեւելեան եւ արեւմտեան։ Տնօրէններուն խորհուրդը յարաբերութիւններն կ'իրականացնէ դաշնակցային, իսկ մասնաճիւղային խորհուրդները՝ շրջանային մակարդակով։ Հայ դատը գրասենեակները ունի Ուաշինկթընի, Պոսթընի, Լոս Անճելըսի, Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Ֆրեզնոյի մէջ, իսկ յանձնախմբներ ունի Ամն-ի միւս հայաշատ քաղաքներուն մէջ։
Հայ դատի կանոնադրութիւն
ԽմբագրելԸստ յանձնախումբի կանոնադրութեան, Հայ դատը կամ աւելի լայն առումով՝ հայկական հարցը մէկ համադրոյթ է, որ ունի քաղաքական, տարածքային, բարոյական, սոցիալ-տնտեսական եւ իրաւական հայեցակէտ։ Ելելով հայ իրականութեան այժմեայ վիճակէն, երբ ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ եւ Կովկասի հայաբնակ շրջաններուն մէջ կ'ապրին հայ ժողովուրդին գրեթէ կէսը, միւսը՝ խորհրդային Միութեան այլ մասերուն մէջ ու աշխարհի շատ երկրներու մէջ, իսկ Հանրապետութեան տարածքը կը զբաղեցնէ Սեւրի պայմանագիրը (1920) ճանաչուած եւ Վուտրօ Ուիլսընի գծած սահմաններով հայկական հողերու միայն 1/6 մասը, երբ բռնագրաւուած արեւմտեան Հայաստանը ամայի ու դատարկուած կը մնայ իր բնիկ բնակչութենէն (մինչ այդ սփիւռքահայերը իրենց ինքնութիւնը կորցնելու մշտական վտանգի տակ են), եւ թուրք, կառավարութիւնը նպատակամղուած կը փորձէ ջնջել արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայերու պատմական ներկայութեան ամէն մէկ հետք (պատմ. յուշարձաններու աւերման ու անոնց պատկանելութեան Ճիշդը չարափոխելու համար). երբ միջազգային իրաւունքը 1915-ին սկսած հայերու ցեղասպանութիւնը կը ճանաչայ որպէս շարունակուող յանցանք, Հայ դատը կը գտնէ, որ Արեւմտեան Հայաստանն ու Արեւելեան Հայաստանը պէտք է միաւորուին մէկ միացեալ հայկական պետութեան մէջ։ Այն պէտք է ընդգրկէ նաեւ ԽՍՀՄ-ի (այժմ արդէն՝ նախկին) հայկական այն տարածքները, որոնք արհեստականօրէն անջատուած են այսօրուան Հայաստանէն: Հայկական հարցի լուծումը կը պահանջէ ոչ միայն գոհացում ու հատուցում ցեղասպանութեան կամ հայերուն կորուստներուն համար, այլեւ ազատ եւ ռամկավար պետութեան ստեղծում։
Հայ դատի գործառոյթները
ԽմբագրելՀայ դատի քաղաքական գործողութիւններու եւ կառավարական կապերու բաժինը կ'օժանդակէ հայերու ցեղասպանութիւնը դատապարտող օրէնսդրական գործերու ստեղծման տեղական, դաշնակցային եւ միջազգային մակարդակներով, ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ հայ ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքին խախտումներուն վրայ։ Նշելու միջոցառումներէն են հայերու ցեղասպանութեան վերաբերեալ Ամն-ի կոնգրէսի ներկայացուցիչներու պալատի ընդունած բանաձեւը (1984) եւ Լեռնային Ղարաբաղի մասին սենատի յանձնարարականը (1989): Կալիֆորնիայի մէջ նահանգային իշխանութիւններու որոշմամբ 1990-ի Ապրիլ 24-ը նշուած է որպէս ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր։ Նահանգի հանրային դպրոցներուն մէջ մտցուած են հայերու ցեղասպանութեան դասընթացներ, կազմուած են դասագիրք «Հայ Դատ»: Հայ դատը ֆինանսաւորած է ցեղասպանութեան մասին տեսաժապաւէններու արտադրութիւնը, ցոյցեր ու հանրային այլ միջոցառումներ կազմակերպած է Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի դէմ՝ դատապարտելով հայերու ցեղասպանութիւնն ու ջարդերը այդ երկիրներուն մէջ, Արցախի ու Հայաստանի շրջափակին մէջ։
Հայ դատի յանձնախումբերը
ԽմբագրելՀայ դատին կից կը գործէ հետազօտական կեդրոն, որ կ'ուսումնասիրէ եւ կը վերլուծէ իրադրութիւնը Հայաստանի մէջ, Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան եւ Թուրքիոյ մէջ։ Անոր ջանքերով մասնաւորապէս լոյս տեսած են հայոց ցեղասպանութեան, Արցախի եւ Ազրպէյճանի իրադրութեան վերաբերող շարք մը աշխատութիւններ։
Հայ դատի տեղական յանձնախումբերը կը գործէն Եւրոպայի, Մերձաւոր Արեւելքի, Լատինական Ամերիկայի շարք մը երկրներու մէջ, 1991-էն՝ Երեւանի մէջ։ Եւրոպայի, յատկապէս Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերը 1970-1980-ական թուականներուն զգալի աշխատանք կատարեցին հայկական հարցին վերաբերեալ միջազգային հասարակական կարծիքի ձեւաւորման ուղղութեամբ, եւ նպաստեցին հայկական հարցին քննարկման՝ Եւրոխորհրդարանին մէջ։