ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ կազմակերպութիւն

Կազմակերպութիւնը

Խմբագրել

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը (European Armenian Federation for Justice and Democracy-EAFJD) հասարակական կազմակերպութիւն է, որ հիմնադրուեր է 2000 թուականին Փարիզ: 2002 թուականէն ի վեր EAFJD-ի գրասենեակը տեղափոխուեր է Պրիւքսել, Պելճիքա [1]: Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախմբի գրասենեակը Հայ դատի յանձնախումբերու՝ աշխարհի չորս տարածաշրջանային գրասենեակներէն մէկն է: Այն եւրոպական կարեւորագոյն օրէնսդիր հարթակներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ կը ծաւալէ հայ դատի պաշտպանութեանը, ինչպես նաեւ հայութեան արտաքին մարտահրաւէրներու յաղթահարմանն ու շահերու հետապնդմանն ուղղուած գործունէութիւն: Աւանդական քարոզչական գործունէութեանը զուգահեռ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը կը կազմակերպէ եւրոպական հանրութեանն ուղղուած բազմաթիւ իրազէկման միջոցառումներ, ինչպէս համաժողովներ ականաւոր միջազգային գիտնականներու մասնակցութեամբ, քննարկումններ, ֆոթո-ցուցահանդէսներ, շարժապատկերի դիտումներ[2]:

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը կը համակարգէ Հայ դատի յանձնախումբերու գործունէութիւնը եւրոպական 13 երկիրի մէջ: Հայ դատի յանձնախումբեր կը գործեն Աւստրիայի, Պելճիքայի, Պուլկարիոյ, Կիպրոսի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Յունաստանի, Նիտերլանտներու, Լեհաստանի, Ռումանիոյ, Շուէտի, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Սպանիոյ մէջ[3]:

Առաքելութիւնը

Խմբագրել

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի գործունէութեան հիմնական ոլորտներն են`

  • Եւրոպական միութեան, ԵՄ անդամ երկիրներու եւ միջազգային կառոյցներու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ դատապարտում, ճանաչում եւ հատուցում Թուրքիայի կողմէն
  • Արցախի բնակչութեան հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութիւն եւ պարտադրուած մեկուսացման վերացում, Արցախի ընտրական գործընթացներուն միջազգային դիտորդական առաքելութիւններու համակազմակերպում
  • Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու ամրապնդում եւ խորացում
  • Միջին արեւելքի հայութեան խնդիրներու բարձրաձայնում

Գործունէութիւնը

Խմբագրել

Հայոց ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւն

Խմբագրել

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը առանցքային կը համարէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ դատապարտումը եւրոպական կառոյցներու եւ երկիրներու խորհրդարաններու կողմէն: Կազմակերպութիւնը կարեւոր կը համարէ Թուրքիայի կողմէն Ցեղասպանութեան ճանաչմանը եւ հայոց պահանջատիրութեանն ուղղուած գործունէութիւնը, ցեղասպանութեան հատուցումներու, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէմ պայքարն ու որոշ երկրներու մէջ արդէն գործող ժխտողականութեան քրէականացումը:

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի համար Արցախի բնակչութեան ազատ ինքնորոշման, սեփական ապագան ինքնուրոյն տնօրինելու եւ այլ հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութիւնն անկիւնաքարային է:

Կազմակերպութեան գլխաւոր նպատակներէն է Արցախի ժողովուրդին պարտադրուած մեկուսացման յաղթահարումը, Արցախ-Եւրոպա յարաբերութիւններու խթանումը: Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը առաջնային կը համարէ Արցախի ժողովուրդի բոլոր հիմնարար իրաւունքներու՝ ի թիւս ազատ տեղաշարժման, ուսման, կեանքի իրաւունքի պաշտպանութեանը:

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի գործունէութիւնն ուղղուած է խորհրդարանական դիւանագիտութեան խթանմանը Արցախի Ազգային ժողովի եւ Եւրոպական խորհրդարանի, ինչպէս նաեւ եւրոպական երկիրներու օրենսդիր մարմիններու միջեւ: Այս առումով մեծ նշանակութիւն ունին Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախմբի գրասենեակի նախաձեռնած փոխանակման ծրագիրները եւ երկխօսութեանն ուղղուած բազմաթիւ միջոցառումները:

Վերջին տարիներուն Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը նշանակալից դեր խաղցեր է եւրոպական տարբեր երկիրներու եւ Եւրոպական խորհրդարանի մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբերու ստեղծման մէջ [4],[5],[6]: Կազմակերպութիւնը խիստ կարեւոր կը համարէ Արցախի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդումը, տնտեսական զարգացումը, քաղաքացիական հասարակութեան աշխուժացումը, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հիմնարար ազատութիւններու վրայ հիմնուած երկիր կառուցելու տեսլականի իրագործումը: Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը գործունէութիւն կը ծաւալէ, որպէսզի Արցախը Եւրոպայի մէջ ներկայանայ իր զբօսաշրջային ներուժով, հարուստ պատմամշակութային ժառանգութեամբ եւ ձեռքբերումներով [7],[8]:

ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւնների ընդլայնման և խորացման սատարում

Խմբագրել

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի գործունէութեան կարեւոր ճիւղ է նաեւ Հայաստան-Եւրոպա յարաբերութիւններու ամրապնդումը եւ ընդլայնումը: Այս առումով Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը կարեւոր ձեռքբերում կը համարէ 2017 թուականի 24 նոյեմբերին Հայաստանի և ԵՄ-ի միջև համապարփակ և ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի ստորագրումը [9]:

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի եւ ԵՄ-ում ՀՀ առաքելութեան համատեղ ջանքերով 2013 թուականին Եւրոպական խորհրդարանի մէջ ձեւավորուեցաւ ԵՄ-Հայաստան բարեկամական խումբը [10]: 2015 թուականին, Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններէն յետոյ, Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբը վերակազմաւորուեցաւ: Այժմ խումբը բաղկացած է 50-էն աւելի պատգամաւորէ եւ նպատակ ունի ամրապնդել կողմերու միջեւ համագործակցութիւնը [11]:

Ունենալով սերտ կապեր Եւրոպական խորհրդարանում՝ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակն աջակցում է հայկական պատուիրակութիւններուն Եւրանեսթ եւ PCC խորհրդարական ձեւաչափերուն մէջ: Գրասենեակը նաեւ աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալէ Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի մէջ՝ համագործակցելով խորհրդարանական վեհաժողովի հայկական պատուիրակութեան հետ [12]:

Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու խթանմանը կը ծառայէ նաեւ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախաձեռնած «Վահան Հովհաննիսեան ուսուցողական աշխատանքային ծրագիրը», որ մեկնարկեր է 2018 թուականին: Ծրագիրի ծիրէն ներս ընտրական փուլն անցած հայաստանաբնակ երիտասարները հնարաւորութիւն կը ստանան գործնական հմտութիւններ եւ գիտելիքներ ձեռք բերել Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի մէջ եւ ծանօթանալ ԵՄ կառոյցներու՝ յատկապէս Եւրոպական խորհրդարանի առօրեայ աշխատանքներուն [13]:

Միջին արևելքի հայութեան խնդիրներու բարձրաձայնում

Խմբագրել

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը կը բարձրաձայնէ եւ եւրոպական հանրութեանը կ'իրազեկէ Միջին արեւելքի հայութեան խնդիրներու վերաբերեալ: 2015 թ. Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի օժանդակութեամբ լրագրողական եւ քաղաքական պատուիրակութիւն՝ պելճիքացի պատգմավաւոր Ճորճ Տալեմանի եւ շարք մը լրագրողներու մասնակցութեամբ մեկնեցաւ Սուրիա՝ Քեսապ եւ Լաթաքիա՝ տեղւոյն իրավիճակին ծանօթանալու նպատակով[14][15]։ 2017 թուականի Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը հիւրընկալեց Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արքեպիսկոպոս Սարգիսեանին, որ շարք մը քաղաքական հանդիպումներ ունեցաւ Պելճիքայի շրջանային եւ ֆետերալ խորհրդարաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ հանդիպեցաւ Եւրոպական միութեան Մարդասիրական օգնութեան եւ ճգնաժամային կառավարման հարցերով յանձնակատար Քրիսթոս Սթիլիանիտեսին: Հանդիպումներու ժամանակ Շահան արքեպիսկոպոս Սարգիսեանը իրազեկեց Սուրիոյ հայ համայնքի խնդիրներու եւ մարտահրաւէերներու մասին[16]։ Այցի ընթացքին Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի կողմէն կազմակերպուեցաւ դրամահաւաք՝ ուղղուած Հալէպի հայ համայնքի վերականգնմանը[17]։

Համայնքային աշխուժութիւն

Խմբագրել

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը աշխուժ կը համագործակցի եւրոպական տարբեր համայնքային կառոյցներուն հետ եւ կ'օժանդակէ նախաձեռնութիւններու եւ միջոցառումներու կազմակերպման հարցը։ Եւրոպահայութեան ձայնը լսելի դարձնելու նպատակով իւրաքանչյուր չորս տարին մէկ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը Պելճիքայի մէջ կը կազմակերպէ «Եւրոպահայերու համագումար», որը հարթակ է հայ եւ եւրոպացի քաղաքական գործիչներու, դիւանագետներու, կրօնական առաջնորդներու, ակադեմական շրջանակներու, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու, հայկական համայնքներու ներկայացուցիչներու, անհատներու համար` քննարկելու ժամանակակից մարտահրաւէրները եւ ատոնք դիմակայելու ուղիները[18]։ Վերջին համագումարը կայացեր է 2017 թուականի 18-19 Հոկտեմբերի՝ Պրիւքսելի մէջ [19]։

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը կը համագործակցի նաեւ Հայ դատի աշխարհասփիւռ գրասենեակներու հետ, որոնցմէ են` Armenian National Committee of America, (АNCA), Armenian National Committee of Australia-ն, Միջին արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակը, Հարաւային Ամերիկայի հայ դատի յանձնախումբը։

Դիտորդական առաքելութիւններ

Խմբագրել

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը մեծապէս կարեւոր կը համարէ արդար ընտրութիւններու դերը որպէս ժողովրդավարութեան հիմնասիւն: Ուստի վերջին տարիներուն Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ անկախ միջազգային մասնագէտներու խումբեր Արցախի ընտրական գործընթացներու դիտորդական առաքելութիւն կ'իրականացնեն` հիմնուած ԺՄԻԳ դիտորդական առաքելութիւնների մեթոտաբանութեան վրայ:

Այս մեթոտաբանութեան վրայ հիմնուած առաջին դիտորդական առաքելութիունը կազմակերպուեցաւ 2015 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններու [20], ապա 2017 թուականի սահմանադրութեան բարեփոխումներու հանրաքուէի դիտարկման համար [21]: Ասոնք Արցախի ընտրական գործընթացներուն ԺՄԻԳ մեթոտաբանութեան վրայ հիմնուած առաջին միջազգային դիտորդական առաքելութիւններն են: Ընտրական գործընթացները բարեւելաւելուն զուգընթաց այս առաքելութիւնները կը նպաստեն Արցախի՝ մեկուսացումէն դուրս բերմանը [22]:

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի անձնակազմը որպէս միջազգային դիտորդներ մասնակցեցաւ Թուրքիայի ընդհանուր խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ 2015 թուականի Յունիսին [23] եւ 2015 թվականի նոյեմբերին [24], ինչպէս նաեւ 2014 թուականի Մարտին Թուրքիայի ՏԻՄ ընտրութիւններուն [25]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի հիմնադրութեան 15 ամեակ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-11-24-ին 
  2. «Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-01-31-ին 
  3. «Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-01-31-ին 
  4. «Création de cercle d’amitié à l’égard de la République d’Artsakh»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-01-22-ին 
  5. Արցախի հետ բարեկամության խումբ։ https://www.youtube.com/watch?v=9I-qhZtCf-g 
  6. «Friendship Group between Dutch-speaking Belgian Parliamentarians and Artsakh Republic was launched»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-05-27-ին 
  7. «“Artsakh Days” held in Brussels»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-06-20-ին 
  8. «Պրուսելի մէջ Կայացած ՑՈՒՑԱՀԱՆԴէսին Ներկայացուեր Է ԱՐՑԱԽԻ Զբօսաշրջային Ներուժը» [permanent dead link]
  9. «New agreement signed between the European Union and Armenia» 
  10. «The EU-Armenia Friendship Group has been established in the European Parliament» 
  11. «EU-Armenia Friendship Group re-launched» 
  12. https://web.archive.org/web/20180829051943/http://www.arfd.info/2015/03/17/arf-d-hosts-meeting-with-euronest-representatives/։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-08-29-ին 
  13. https://web.archive.org/web/20180620005338/http://eafjd.eu/eu-armenia-relations.html։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-06-20-ին 
  14. «La RTBF, La Libre et le sénateur George Dallemagne en Syrie a l’invitation des CDCA de Belgique (ANC Belgium) et FEAJD (EAFJD)» 
  15. «Une semaine en Syrie pour Georges Dallemagne» 
  16. «The Prelate of Aleppo Armenians, Archbishop Shahan Sarkissian in Brussels, May 1-3.»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-05-27-ին 
  17. Պելճիքայի հայ համայնքը կատարած է դրամահաւաք սուրիահայութեանն օժանդակելու համար
  18. Եւրոպահայերու երրորդ համագումարին օրակարգային է ԼՂՀ ճանաչումը
  19. https://web.archive.org/web/20190527133909/http://www.eafjd.eu/pr4thconv.html։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-05-27-ին 
  20. «Armenian National Committee – International — Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդ EAFJD Deploys an International Team of Observers to Nagorno Karabakh Parliamentary Elections» 
  21. «Statement of the International Independent Observation Mission on Nagorno-Karabakh Parliamentary Elections 2015»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-08-12-ին 
  22. https://armenpress.am/arm/news/898209/evropaci-gortsichneri-aycy-arcakh-sharunakvelu-e-hay-dati.html 
  23. «Armenian Observers in Turkey’s Parliamentary Election» 
  24. https://www.facebook.com/European.Armenian.Federation/posts/1215052038512079 
  25. «ՀՅԴ Հայ դատի պատուիրակութիւն մը որպէս դիտորդ [[Վան]]ի մէջ հետեւեր է Թուրքիայի ՏԻՄ ընտրութիւններուն» 

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Հայ Դատի Յանձնախումբ