Հայկական ճարտարապետութիւն

Հայկական ճարտարապետութիւն, ճարտարապետական ոճ, որ ստեղծուած է ու կ'օգտագործուի, վերջին 4,500 տարիներու ընթացքին, հայ ժողովուրդին կողմէ՝ Հայկական լեռնաշխարհի տարածքին[1][2]։

Գեղարդի վանքը Կոտայքի մարզին մէջ հայկական ճարտարապետութեան վառ օրինակ է

Հայկական ճարտարապետութիւնը կը բնորոշուի զարգացման իր բարձր մակարդակով, գեղարուեստական հարուստ աւանդոյթներով եւ յատկապէս ազգային ինքնատիպութեամբ, որ, բացի բնական պայմաններէն, կացութաձեւէն եւ ժողովրդական ակունքներէն, պայմանաւորուած է նաեւ տեղական շինանիւթերու, յատկապէս տուֆի բազմազանութեամբ ու գեղարուեստաֆիզիքական յատկանիշներով։

Հիմնական առանձնայատկութիւններ

Խմբագրել

Միջնադարեան հայկական ճարտարապետութիւնը ու յատկապէս եկեղեցաշինութիւնը, որ կը նկատուի աշխարհի առաջին ազգային եկեղեցաշինական ազգային ոճը, ունին շարք մը առանձնայատկութիւններ[3]։

Այդ յատկանիշներն են՝

  • Առաջին հերթին սրածայր գմբէթը, որ կը խորհրդանշէ Արարատ լեռը[4]։
  • Քարէ պատրաստուած ըլլալը, յատկապէս տուֆէ կամ պազալթէ (երկաթաքար)։
  • Որմնանկարներ
  • Մեծ սիւներ
  • Լոյսի հետաքրքրական օգտագործում:

Հայկական եկեղեցիներու դասակարգում

Խմբագրել

Թորոս Թորամանեան առանձնացուցած է հետեւեալ դասերը՝

Ըստ Թորամանեանի
Դաս Օրինակ
Պազիլիքա Երերոյքի տաճար
Գմբէթաւոր պազիլիքա Տեկոր
Էջմիածնատիպ Էջմիածինի Մայր Տաճար
Ուղղագիծ քառանկիւն Ս. Գայեանէ եկեղեցի
Շառաւիղային Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցի (Էջմիածին)
Զուարթնոցատիպ Զուարթնոց

Հայկական ճարտարապետութեան փուլերը

Խմբագրել

Հնագոյն փուլ

Խմբագրել

Հայկական ճարտարապետութեան հնագոյն փուլը կ'ընդգրկէ Ք․Ա․ 4-րդ– 1 հազարամեակները. պահպանուած են քարեդարեան անձաւներ, պղնձեդարեան եւ պրոնզեդարեան բնակատեղիներ, դամբարանադաշտեր, մեգալիթեան կառոյցներ, բերդշէներ, ժայռափորագրութիւններ։

Հին փուլ

Խմբագրել

Հին փուլը կ'ընդգրկէ կազմաւորուած հայկական պետականութեան ժամանակաշրջանի՝ Ք.Ա. 6րդ–3-րդ դարերու, ստրկատիրական կացութաձեւի ճարտարապետութիւնը։ Այդ ժամանակաշրջանը կարեւոր կը նկատուի այն առումով, որ յատկապէս հայկական մշակոյթի եւ Հայկական լեռնաշխարհի մէջ բնակող այլ ցեղերու մշակոյթներու փոխառնչութեամբ։ Այս փուլի մշակոյթին հիմնական պաշտամունքային կառոյցները հեթանոսական մեհեաններն ու տաճարներն էին, որոնց տեղերը հետագային կը կառուցուին քրիստոնէական վաղ շրջանի շինութիւններուն զգալի մասը։

Վաղ միջնադար

Խմբագրել

Վաղ միջնադարը (Դ.-Է. դարեր) հայկական մշակոյթի զարգացման այն փուլն է, երբ ձեւաւորուած է հայկական կոթողական ճարտարապետութեան ազգային նկարագիրը (Դ.-Ե. դարեր) եւ հասունութեան ու կատարելութեան (Զ.- Է. դարեր) շրջաններն են։

Զարգացած միջնադարեան փուլ

Խմբագրել

Զարգացած միջնադարեան փուլը, ըստ ընդունուած պարբերացման, կ'ընդգրկէ Թ. դարու վերջէն մինչեւ Ժդ. դարը՝ Թ.-Ժա. եւ Ժբ.-Ժդ. դարերու ենթափուլերով։ Թ.-Ժա. դարերուն զարգացման բարձր մակարդակի հասած է քաղաքաշինութիւնը (Անի, Դուին, Կարս, Վան եւ այլն), ստեղծուած են վանական համալիրներ (Տաթեւ, Սեւան, Գնդեվանք, Հոռոմոս, Խծկոնք, Հաղբատ, Սանահին եւ այլն)։ Ժբ.- Ժդ. դարերուն ընդլայնուած են համալիրները, ստեղծուած նորերը, կատարելագործուած է քաղաքաշինական արուեստը, հարստացած են արտայայտչամիջոցները, շինարարական-կառուցուածքային հնարքները, կարեւորուած է աշխարհիկ շէնքերու (գրատուն, սեղանատուն, հիւրանոց-կարաւանատուն), ճարտարագիտական եւ պաշտպանական կառոյցներու շինարարութիւնը, կազմաւորուած են ճարտարապետական դպրոցներ Սիւնիքի, Վասպուրականի, Գուգարքի, Արցախի եւ այլ շրջաններու մէջ։ Միջնադարեան հայկական ճարտարապետութեան վերջին փուլը կ'ընդգրկէ Ժէ.- Ժը. դարերը. երեւան եկած են նոր յատկանիշներ՝ քաղաքաշինութեան եւ բնակարանային ճարտարապետութեան ոլորտներուն մէջ, մասամբ պակսած են կառոյցներու յիշատակութիւնը, գեղարուեստական արտայայտչականութիւնը։ Նոր փուլի (Ժթ. դարէն մինչեւ Ի.դարու առաջին երկու տասնամեակներ) ճարտարապետութեան բնորոշ են մերձեցումը ռուսական մշակոյթին եւ քաղաքաշինութեան (Երեւան, Ալեքսանդրապոլ (այժմ՝ Գիւմրի), Գորիս, Նոր Պայազիտ եւ այլն) զարգացումը՝ դասականութեան ու կանոնաւոր յատակագծման սկզբունքներու կիրառմամբ։ Եթէ միջնադարեան ճարտարապետութեան նախորդ փուլերուն բնակավայրի դիմագիծը բնորոշողը պաշտամունքային կառոյցներու ճարտարապետութիւնն էր, ապա նոր փուլին առաջնային դարձած են քաղաքաշինութիւնը եւ ժողովրդական տան ճարտարապետութիւնը։

Նորագոյն փուլ

Խմբագրել

Նորագոյն փուլը խորհրդահայ ճարտարապետութեան շրջանն է՝ 19201990 թուականներուն, երբ գիւղական եւ քաղաքային բնակավայրերուն մէջ ծաւալած է զանգուածային բնակարանաշինութիւն, կառուցուած են ուսումնական, մշակութային, թաղային-կենցաղային սպասարկման իրեր, հաղորդակցութիւններ եւ ենթակառուցուածքներ, բարելաւուած են բնակավայրերու առողջապահական պայմանները, կարեւորուած բնապահպանական խնդիրները։

Արդի փուլ

Խմբագրել

Արդի փուլի (1990-ական թուականներու սկիզբէն)՝ Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան ճարտարապետութեան բնորոշ են որոշակի որակական փոփոխութիւնները, տիպային եւ կարգաւորիչ պահանջներու մեղմացումը, նոր շինանիւթերու, կառուցուածքներու ու արուեստագիտութեան կիրարկումը, ճարտարապետական ազգային աւանդոյթներու եւ համաշխարհային փորձի զուգադրումը։

Հայկական ճարտարապետութիւնը խարսխուած է ազգային մշակոյթի հարուստ աւանդոյթներու վրայ։ Կարեւոր են նաեւ այլ ժողովուրդներու հետ մշակութային շփումներն ու փոխազդեցութիւնները։ Հայրենի (Թորոս Թորամանեան եւ ուրիշներ) եւ օտար (Տիւպուա, Շառլ Տիհլ, Յոզէֆ Ստրժիգովսկի, Նիկողայոս Մառ եւ ուրիշներ) հեղինակներէն շատերը նշած են հայկական միջնադարեան ճարտարապետութեան ազդեցութիւնը՝ Արեւմտեան Եւրոպայի ճարտարապետութեան վրայ։ Հայկականն ալ իր հերթին ազդեցութիւն կրած է այլ երկիրներու ճարտարապետութենէն, ինչպէս Ք.Ա. 3-րդ դարուն՝ հայկական հելլենիզմի շրջանին, Հին Յունաստանի ճարտարապետութենէն. լաւագոյն օրինակը յունա-հռոմէական սիւնապատ տիպի Գառնիի տաճարն է (Ա. դար)։

Հայկական ճարտարապետութեան յուշարձաններէն Զուարթնոցը, Գեղարդավանքը, Հաղբատը, Սանահինը եւ Նորավանքը ընդգրկուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային «Արժէքներու ցանկին մէջ»։[5]

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  1. Garbis Armen, 1992
  2. Vazken Lawrence Parsegian, 1996
  3. «Architecture, Arts of Armenia (c) Dr. Dickran Kouymjian , Armenian Studies Program, California State University, Fresno»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-12-31-ին։ արտագրուած է՝ 2015-02-15 
  4. Garbis Armen, 1992, pages 71
  5. «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-12-31-ին։ արտագրուած է՝ 2015-02-15