Գնդեվանք, միջնադարեան եկեղեցական համալիր։ Կը գտնուի Վայոց ձոր մարզի Գնդեվազ գիւղէն դէպի արեւմուտք, Արփա Գետի ձախ ափին։

Գնդեվանք

Պատմութիւն Խմբագրել

Տասներորդ դարուն՝ Սիւնեաց իշխանաց Սմբատի կինը, Արծրունեաց մեծ նախարար Գրիգոր Գ․ Դերենիկի դուստրն ու Գագիկ թագաւորի քոյրը՝ Իշխանուհի Սոփիան, ուխտի կ'երթան Գնդեվանք կոչուող Խորաձոր վայրը՝ մենակեացներու մօտ։ Գիշերը՝ տիկինը երազ կը տեսնէ եւ կ'որոշէ այդտեղ եկեղեցի կառուցել ի յիշատակ իր հոգիին, ինչպէս նաեւ իշխանաց իշխան Սմբատի եւ անոր որդիներու արեւշատութեան համար։ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին կը կառուցուի 931-936 թուականներուն, Հայր Սարգիսի առաջնորդութեամբ եւ նկարիչ Եղիշէ երէցի աջակցութեամբ։ Եկեղեցիին ներքնամասը կը գտնուի չորս աւետարանիչներու բարձրաքանդակները։ Պահպանուած է նաեւ Քրիստոսի պատկերի առանձին դրուագները։ Եկեղեցւոյ հիւսիսային աւանդատան արեւմտեան պատին պատկերուած է Աստուածամօր կերպարը, որ վարպետութեամբ պատրաստուած է: Եկեղեցւոյ կառոյցը սրբատաշ պազալտով շինուած է, քառախորան՝ խաչաձեւ կեդրոնագմբեթ յօրինուածքով: Եղիշէ երէցը եկեղեցւոյ ներսը զարդարած է որմնանկարներով, որոնցմէ խորանի պատին տեղադրած է Քրիստոսի պատկերին փոքր հատուածը: 999-ին, վանահայր Քրիստափորը կը կառուցէ եկեղեցւոյ արեւմտեան գաւիթը: 1008-ին, վանահայր Սարգիսի ջանքերով, 22քմ. երկարութեամբ ջրանցք կը կառուցուի վանքապատկան հողերը ոռոգելու համար: 1604-ին, պարսից շահ Աբբասը կը քանդէ Գնդեվանքը եւ Գնդեվազ գիւղի բնակիչներուն՝ տեղահան կ'ընէ: 1691-ին, վանահայր Պետրոս վարդապետը կը նորոգէ վանքի եկեղեցին եւ գաւիթը, վանքը կը շրջապատէ աշտարակաւոր պարիսպով եւ վանքի կողքին կը կառուցէ բնակելի ու տնտեսական շինութիւններ:

Գնդեվանքի բակին մէջ գոյութիւն ունին 10-16րդ դարերու խաչքարեր եւ տապանաքարեր: Պահպանուած են բազմաթիւ վիմագրական արձանագրութիւններ: Համալիրի հարաւային կողմը կը գտնուի սեղանատուն, որ մեծ դահլիճ մըն է բաղկացած՝ նկուղէ, օժանդակ սենեակներէ ու կրակարանէ: Գնդեվանքը շրջապատուած է հիասքանչ բնութեամբ: Վանքը ներդաշնակութեան ապացոյց մըն է հայկական բնութեան եւ ճարտարապետութեան միջեւ: Սուրբ նահատակներու անուանակոչութեամբ, վանքին մէջ բնակութիւն հաստատած են ճգնաւոր ու խստակրօն մարդիկ, իսկ ձորը դարձած է մենաստան։ Երանելի տիկինը վանքը Գնդեվանք կոչած է։

Գնդեվանքի արեւմտեան պատին վրայ արձանագրուած է իշխանուհիին արժանայիշատակ գործունէութեան հետեւեալ վկայութիւնը.«Մատանի էր անակն Վայոց ձոր, շինեցի զսա եւ եդի ակն ի վերայ», /առանց ակի մատանի էր Վայոց Ձորը, կառուցեցի Գնդեվանքը եւ որպէս մատանիի քար՝ դրի վրան/։

Աւանդութիւն Խմբագրել

Վանքի անուանումին հետ կապուած քանի մը աւանդութիւն գոյութիւն ունի:

  • Ճգնաւոր Սուփան Գնդունիի անունով վանքը կոչուած է Գնդեվանք:
  • Իշխանուհին կը վաճառէ իր ականջի գինդերը, որպէսզի կարողանայ վերջացնել եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքները: Այդ գինդերուն համար վանքը կը կոչուի Գնդեվանք:
  • Սմբատ թագաւորի կինը՝ Սոփիա տիկինը կը փափաքի այստեղ վանք մը կառուցել։ Գիշերը երազին մէջ կը տեսնէ մարդ մը, որ իրեն կ'ըսէ՝ «Սոփիա տիկին, կատարէ մտածածդ»։ Առաւօտեան, ան կը սկսի վանքի շինարարութեան։ Երբ վանքի կառուցումը կ'աւարտի, տիկինը ձորի վանականներուն կը հրաւիրէ նոր վանքը։ Վանականներուն մէջ կը գտնուէր Ովաննէս անունով մէկը, որ ծերութեան պատճառով ոտքի կենալու կարողութիւն չունէր եւ նստած կ'աղօթէր, այդ պատճառով Գունտ Ովաննէս կ'ըսէին իրեն։ Ովաննէսը կը դառնայ վանքի առաջին վանահայրը եւ վանքը իր անունով կը կոչուի Գունտ Ովաննէսի վանք, Գնդեվազ, ետքը՝ Գնդեվանք:

Պատկերասրահ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել