Խծկոնք վանք, Անիէն հարաւ՝ գրեթէ ոչնչացուած հայկական վանական համալիր։

Խծկոնք վանքը մինչեւ 1920 թ.

Պատմութիւնը

Խմբագրել

Այս գեղեցիկ վանքը, որ թուրքերէն յայտնի է որպ՝ ս Պէշքիլիսէ (Հինգ եկեղեցի), կը գտնուի Անիէն 25 ք․մ․ հարաւ-արեւմուտք։ Կառուցուած է Դիգոր (հին անունը՝ Տեկոր) գաւառի կեդրոնին մօտ գտնուող հարթավայրին մէջ՝ երեք ժայռերու ծերպերուն վրայ։ Վանքն ընդհանուր առմամբ ունի հինգ եկեղեցի, որոնք բոլորը ունին գմբէթ եւ կառուցուած են սրբատաշ քարերէ։ Անոնք Սուրբ Կարապետ, Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Ստեփանոս, Սուրբ Գրիգոր եւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցիներն են։ Մեր օրերը հասած է միայն Սուրբ Սարգիս եկեղեցին։

Չկայ որեւէ արձանագրութիւն, որ կը վկայէ եկեղեցիներուն եւ վանքին հիմնադրման ու շինարարութեան մասին։ Վանքը 13-րդ դարուն մոնղոլական արշաւանքներէն յետոյ լքուած է։ 1878 թ., երբ Կարսի մարզն անցած է ռուսական ղեկավարութեան, Պէշքիլիսէն վերադարձուցած են հայոց եկեղեցիին։

Շէնքերը վերանորոգուած են եւ վանքը կրկին բացուած է ծիսական արարողութեան համար։ Վանականներու եւ ուխտաւորներու՝ օթեւանելու համար, հնարաւորութիւն ստեղծուած է։ Ասոնք կառուցուած են ամենամեծ ելուստի եզրին՝ ստորին հովիտով անցնող գետի կողքին, ինչպէս նաեւ՝ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հիւսիս-արեւելքին։ 1989 թ. Սուրբ Սարգիս եկեղեցին երկրաշարժէն մեծ վնաս կրած է։ Կառոյցի պեթոնէ հիմքը՝ մասերու բաժանուած է եւ եկեղեցին այժմ կործանման եզրի մէջ է։


Յովհաննէս Առաքեալ եկեղեցի (Սուրբ Կարապետ)

Խմբագրել

Այս եկեղեցին թերեւս վանքի ամենահին եկեղեցին էր եւ հնարաւոր է, որ մնացած ըլլայ 7-րդ կամ ալ 10-րդ դարէն (սակայն գմբէթի վրայի անձրեւանոցի տեսքով տանիքը, որ պետք է կառուցուած ըլլայ յետագային)։ Պատերու ամենահին գրութիւնը թուագրուած է 1001 կամ ալ 1006 թ., ուր կը յիշատակուի Գագիկ թագաւորի կինը՝ Կատրամիդէ թագուհին։

Գմբէթի ճակատային մասի՝ անկիւնային կամարներուն վրայ յենուող եկեղեցիի տանիքը, ունեցած է քառանիստ խորանաձեւ ներքին կառոյց։ Բացի պատի փոքրիկ խորանաձեւ հիմքերէն՝ ոչինչ մնացած է։

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի

Խմբագրել

Այս եկեղեցին կը գտնուի Յովհաննէս Առաքեալ եկեղեցւոյ հարաւային մասին մէջ։ Հաւանաբար այս կոթողը 10–րդ դարու կը պատկանի։ Եկեղեցւոյ ներսը կիսաշրջանաձեւ (խորանաձեւ) է, գմբէթով ծածկուած քառակուսիէ բացի՝ ոչինչ չեղած է։ Նաեւ եղած են Սուրբ Կարապետ եւ այս եկեղեցւոյ միջեւ կառուցուած սրահի աւերակներ։ Այսօր ոչինչ մնացած է։

Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայ եկեղեցի

Խմբագրել

Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայ եկեղեցին կը գտնուի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ դիմաց՝ առանձին ժայռի վրայ։ Հաւանաբար եկեղեցին կը պատկանի 10-րդ կամ 11-րդ դարուն։ Դուրսէն ուղղանկիւն, ներսէն երկկողմանի մատուռի ու կիսաշրջանաձեւ խորանով խաչի ձեւ ունի։ Մուտքը գաղտնի է, եղած է հարաւային ճակատէն, որ գտնելը դժուար է։ Եկեղեցւոյ շրջակայքը շրջապատուած եղաշ է չպաշտպանուած խաչքարերով։ Ասում են, որ եկեղեցու շրջակայքը՝ 1208 թ.–ին, Քեչրորի (Գեչիվան-Թունչկաեյա) շրջափակման մէջ մահացածներու գերեզմաններն են։ Մնացած է միայն հիմքերուն մէկ մասը։

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի

Խմբագրել

Կառոյցը միւս եկեղեցիներէն աւելի արեւելք է։ Աս ալ հաւանաբար կը պատկանի 10-րդ կամ էլ 11-րդ դարուն։ Փոքր հիմքը՝ նախագիծին համեմատ, բարձր եղած է եւ պարիսպով շրջապատուած՝ հրապարակի գերեզմանին մէջ տեղադրուած յայտնի երկար խաչքար եղած է, որ թուագրուած է 1031 թ.։ Եկեղեցին այսօր ամբողջովին փլուզուած է. քարերու քանի մը բեկորներէն բացի ոչինչ մնացած է։ 1986 թ. այս եկեղեցւոյ վերեւի լանջին վրայ գտնուող միջնադարեան գերեզմանները աւերուած են գանձագողներու կողմէ։

Սուրբ Սարգիս եկեղեցի

Խմբագրել

Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոոյ հիւսիսային ճակատի արձանագրութիւնը. «Յանուն Աստծոյ` ես՝ Գրիգորի որդի Դաւիթս՝ Զաքարեան գեներալը, 1214 թ. տեսել եմ Սուրբ Խծկոնք վանքի շքեղութիւնը… եւ իմ ունեցուածքից Վահանարճեշ գիւղի կէսը ինձ եւ նախնիներիս համար որպէս յիշատակ նուիրեցի Սուրբ Սարգիս եկեղեցուն։ Այդ իսկ պատճառով ես, վանահայր Յովհաննէսը եւ միւս մեր եղբայրները ամէն տարի առանց ձախողման Դաւիթի, Յակոբի, Պօղոսի եւ Պետրոսի տօներին եւ Սուրբ Շողակաթին բոլոր եկեղեցիներում պատարագներին մասնակցեցինք։ եթէ կայ ինչ որ մէկը, ով դէմ է այս յուշարձանին եւ ցանկանում է խոչընդոտել, ինչքան էլ որ վաստակած լինի Աստուծոյ հովանավորութիւնը, թող անիծուի»։

Այս վանքը եղած է ամենամեծ եկեղեցին եւ այժմ այն միակ եկեղեցին է, որ դեռ կանգուն է։ Չկայ որեւէ արձանագրութիւն, որ կը պատմէ կառուցման տարեթիւի կամ ալ պայմաններու մասին, սակայն 12-րդ դարու պատմիչ Սամուէլ Անեցիի համաձայն՝ եկեղեցին կառուցուած է 1025 թ. Սարգիս իշխանի հրամանով։ Պատերուն ամենահին արձանագրութիւնը կը պատկանի 1033 թ.։ 1211 թ. մէկ այլ արձանագրութիւն կը նշէ, որ վանքը փրկուած է մուսուլմանական ղեկավարներէն։ Եկեղեցին գմբէթաւոր, քառանիստ խորանով, կեդրոնական նախագիծային է, դուրսէն՝ շրջանաձեւ։ Գմբէթը նստեցուած է խոյակներով ամրացուած ճակատի վրայ։ Այս գմբէթն ունի անկիւնային անձեւանոցի տեսքով տանիք։ Եթէ աս կը թուագրուած է 1025 թ.–ին, ապա այս տեսակ տանիքը հայկական եկեղեցիներուն հանդիպող ամենահին օրինակն է։

Չորս անկիւնն ալ երկու յարկանի փոքրիկ սենեակներ ունին։ Ներքեւի յարկերը մատուռ են։ Վերին յարկի սենեակները կը հասնին ներսի պատի բարձր, նեղ եւ դժուար հասանելի մուտքերէն։ Հաւանաբար այս սենեակները թանկարժէք իրեր պահելու եւ տանիք բարձրանալու համար եղած են։

Իւրաքանչիւր ծորանին մէջ մէկական պատուհան կայ։ Ներքին հատուածին այս պատուհանները կը ցուցադրեն բաւական անսովոր քիւեր։ Սրանք խորանի պատերուն մէջ մխրճուած սիւներու վրայ նստած ճակատային թեք կորի ձեւ ունին։ Սիւներու եւ ճակատի միջեւ տարօրինակ սիւնի եզրազարդ կայ, որ կը նմանի շրջապատուած փայտէ գլանի շերտերու։ Ծայրէ ծայր ձգուող քիւով եզրազարդին գագաթն ամբողջութեամբ կը շրջապատէ ներքին ճակատը։ Էլեմենթներու նման ծածկը օտար է հայկական ճարտարապետութեան։

Արտաքին պատերը պատուած են նրբագեղ բութ կամարներով, որոնք կառոյցի ճակատը կը բաժանեն քսան հատուածներու։ Կամարներուն միջեւ գտնուող հարթ մակերեսներու մեծամասնութեան վրայ մեծ, պարզ եւ խորը փորագրուած երկար արձանագրութիւններ կան։

Եկեղեցւոյ հիւսիսային պատին կողքը՝ ջանասիրաբար կառուցուած մեծ խաչքար մը եղած է։ Եկեղցւոյ հիւսիս–արեւելեան կողմը եւս նման յուշարձան մը եղած է։