Թրիփոլի (Լիբանան)

Թրիփոլի (արաբերէն՝ طرابلس‎,[1]}} լիբանանեան արաբերէն՝ Թրապլոս,[2] թրքերէն՝ Թրապլուսշամ) հիւսիսային Լիբանանի մեծագոյն եւ Լիբանանի երկրորդ մեծագոյն քաղաքն է: Կը գտնուի Պէյրութէն 85 քիլոմեթր դէպի հիւսիս՝ Միջերկրականի արեւելեան ափին վրայ։ Թրիփոլի՝ Լիբանանի հիւսիսային նաւահանգիստը, հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի մարզի մայրաքաղաքն է: Թրիփոլի իր մէջ կը ներառէ չորս կղզիներու շարք մը, որոնք Լիբանանի միակ կղզիներն են, որոնցմէ Արմաւենիի կղզին պաշտպանուած շրջան է, քանի որ անոր մէջ կը բնակին վտանգուած ծովային կրիաներ, հազուագիւտ փոկեր եւ գաղթող թռչուններ:

Քաղաք
Թրիփոլի
արաբերէն՝ طرابلس
Ժամացոյցի ուղղութեամբ՝ վերէն ձախ. Սուրբ Ժիլի Ռեմոնի ամրոց, Մանսուրի Մեծ Մզկիթի մինարէ, մեմլուքեան ճարտարապետութիւն, ծովային տեսարան, ասորի կաթողիկէ եկեղեցի
Երկիր  Լիբանան
Երկրամաս Հիւսիսային Լիբանան
Համայնք Սիւննի իսլամ, քրիստոնեայ
Առաջին յիշատակում մ.թ.ա. 14-րդ դար
Այլ անուանումներ Թրապլուս
Տարածութիւն 14 քմ²
ԲԾՄ 222 մեթր
Խօսուող լեզուներ Արաբերէն, Անգլերէն, Ֆրանսերէն, Հայերէն
Բնակչութիւն 227857 մարդ
Հեռախօսային ցուցանիշ 06
Պաշտօնական կայքէջ tripoli-lebanon.org
Թրիփոլիի պատուած Ապու Ալի գետը

Թրիփոլիի մէջ կը գտնուի Լիբանանի մէջ խաչակրական շրջանէն մնացած մեծագոյն ամրոցը (Սուրբ Ժիլի Ռեմոնի ամրոցը), ինչպէս նաեւ մեմլուքներու ճարտարապետական ժառանգութենէն երկրորդ մեծագոյն մասը (Քահիրէէն), հակառակ անոր, որ Թրիփոլիի պատմութիւնը սկսած է մ.թ.ա. XIV դարուն:

Լիբանանի կազմութեամբ եւ 1948-ի Սուրիա-Լիբանան միութեան ընդհատումով, Պէյրութի նման տնտեսական եւ առեւտրական կարեւորութիւն ունեցող Թրիփոլի Սուրիոյ հետ վաճառականական կապերը կը կտրէ, ինչ որ պատճառ կը դառնայ քաղաքի զարգացման նահանջին:[3]

Թրիփոլի սահմանակից է ծովեզերեայ Ալ-Մինա քաղաքին, որ աշխարհագրականօրէն մաս կը կազմէ Մեծ Թրիփոլիին:

Անուանումներ

Խմբագրել

Փիւնիկեան ժամանակներէն, Թրիփոլի կ'ունենայ զանազան անուանումներ: Հաւանաբար Ամառնա գիրերով նշուած «Տերպլի»-ն սեմական բարբարով մը կը համապատասխանէ այսօրուան արաբերէնով Թարապուլուսին: Մ.թ.ա. XIV դարուն «Ահլիա» կամ «Ուահլիա» անունները նոյնպէս կը նշուին:[4] Ասորեստանի Աշուրնասիրփալ Բ. թագաւորի Թրիփոլիի գրաւման արձանագրութեան մէջ, քաղաքին անունը կը նշուի որպէս Մահալլաթա կամ Մահլաթա, Մայզա եւ Քայզա:[5]

Փիւնիկեցիներու իշխանութեան ժամանակ, Թրիփոլին կը կոչուի Աթհար:[6] Երբ հին յոյները կը հաստատուին քաղաքին մէջ, զայն կը կոչեն Թրիփոլիս, որ կը նշանակէ «երեք քաղաքներ»:[7] Արաբները զայն կ'անուանեն Թարապուլուս կամ Թարապուլուս Ալ-Շամ (վերագրելով Մեծն Սուրիոյ, որ նաեւ կը կոչուէր «Պիլատ Ալ-Շամ»), որպէսզի զատորոշեն Լիպիոյ Թրիփոլիէն:

Այսօր, Թրիփոլին կը ճանչցուի Ալ-Ֆայհա (الفيحاء) անունով, որ կու գայ արաբերէն ֆահա բայէն, որ կը գործածուի հոտի եւ համի ցրման գործընթացը ցոյց տալու համար: Թրիփոլի նշանաւոր էր իր նարինջի պարտէզներով: Ծաղկումի շրջանին, նարինջի ծաղիկներու բեղմնափոշին օդին մէջ կը տարածուի, իր հոտը տարածելով իր քաղաքին եւ արուարձաններուն մէջ:[8]

Կլիմայ

Խմբագրել

Թրիփոլի ունի Միջերկրական կլիմայ՝ մեղմ ձմեռներով եւ տաք ամառներով: Տարուան ընթացքին ջերմաստիճանը կը բարեխառնուի Արեւմտեան Եւրոպայէն եկած հոսանքով: Այսպիսով, բաղդատած Լիբանանի այլ քաղաքներու, ձմրան Թրիփոլիի ջերմաստիճանը աւելի տաք է եւ ամրան աւելի զով: Շատ քիչ կը ձիւնէ Թրիփոլիի մէջ՝ հազիւ 10 տարին անգամ մը, բայց կարկուները յաճախակի են՝ մանաւանդ ձմրան: Թրիփոլիի մէջ ընդհանրապէս ձմեռը կ'անձրեւէ, իսկ ամառը բաւական չոր է:

Պատմութիւն

Խմբագրել
 
Թրիփոլիի մէջ պատմական շրջաններ

Թրիփոլիի մէջ հաստատուելու վկայութիւններ կան Ք.Ա. 1400-էն ի վեր: Ք.Ա. 9-րդ դարուն, փիւնիկեցիները Թրիփոլիի մէջ առեւտրական կեդրոն մը կը հիմնեն, ապա պարսկական իշխանութեան տակ, Թրիփոլի Փիւնիկէի Սայտա, Սուր եւ Արուատ նահանգներու լիկայի կեդրոնը: Հելլենիստական շրջանին, Թրիփոլին մարտական նաւահանգիստ էր եւ կ'ապրէր կիսանկախ վիճակ մը: Մ.թ.ա. 64-ին, Թրիփոլի կ'անցնի հռոմէական իշխանութեան տակ: Պէյրութի 551-ի երկրաշարժն ու ջրհեղեղը Միջերկրականի այլ քաղաքներուն կողքին կը կործանէ Բիւզանդիոնի Թրիփոլի քաղաքը:

Ումաուիներու իշխանութեան ժամանակ, Թրիփոլի կը դառնայ առեւտրական եւ նաւաշինական կեդրոն մը: Ֆաթիմիէներու շրջանին, Թրիփոլի կ'ապրի կիսանկախ շրջան մը եւ ուսանելու կեդրոն մը կը դառնայ: 12-րդ դարու սկիզբը, խաչակիրները կը յարձակին քաղաքին վրայ եւ 1109-ին անոնք վերջապէս կը յաջողին քաղաք մուտք գործել: Այս յարձակումին պատճառով, քաղաքը շատ մեծ կորուստներ կը կրէ, ինչպէս նաեւ կը հրկիզուի Թրիփոլիի հռչակաւոր «Տարլ Ալ-Իլմ» գրադարանը: Խաչակրական շրջանին, քաղաքը Թրիփոլիի նահանգին մայրաքաղաքը կը դառնայ: 1289-ին, անիկա կ'անցնի Մեմլուքներու ձեռքը եւ հին նաւահանգիստը կը քանդուի: Նոր քաղաք մը կը կառուցուի հին պալատին կողքին: 1516-էն 1918 երկարող օսմանեան տիրապետութեան ժամանակ, Թրիփոլի ձեռք կը ձգէ բարգաւաճման եւ առեւտրական կարեւորութիւն: 1920-էն 1943, Թրիփոլի եւ Լիբանանի միւս բոլոր քաղաքները կ'անցնին ֆրանսական հովանաւորութեան տակ, որմէ ետք Լիբանան պաշտօնապէս կ'անկախանայ:

Հին Թրիփոլի

Խմբագրել

Շատ մը պատմաբաններ կը մերժեն փիւնիկեան գոյութիւնը Թրիփոլիի մէջ նախքան մ.թ.ա. VIII դար (երբեմն ալ՝ IV դար): Ուրիշներ ալ կը պնդեն, թէ փիւնիկեան նաւահանգիստին հիւսիսային եւ հարաւային բաժինները ցոյց կու տան, որ փիւնիկեան Թրիփոլին աւելի առաջ հիմնադրուած է:

Թրիփոլի քաղաքին մէջ շատ պեղումներ չեն կատարուած, քանի որ անոր հին բաժինը մինչեւ այտօր թաղուած կը մնայ այսօրուան Ալ-Մինա քաղաքին տակ, սակայն, պատահականօրէն գտնուած հնութիւնները կը պահուին թանգարաններու մէջ։ Ալ-Մինայի մէջ կատարուած պեղումները կը յայտնաբերեն գայլերու, օձաձուկերու եւ յամոյրներու գանկերու մնացորդներ, հարաւային նաւահանգիստի քարափէն մաս մը, աղալու ջաղացքներ, տեսակաւոր սիւներ, անիւներ, խողովակներ եւ հելլենիստական վերջին շրջանէն գերեզմանատուն մը: Խաչակիրներու պալատին մէջ խորաչափութեամբ երեւան կու գան պրոնզէ դարու վերջաւորութեան, երկաթէ դարու, հռոմէական, բիւզանդական եւ ֆաթիմայական շրջաններէն մնացորդներ:[9]

 
Թրիփոլիի աւերակներ

Թրիփոլի կը դառնայ վաճառականական կեդրոն եւ հիւսիսային Փիւնիկէի ծովային եւ կարաւանի առեւտուրներու գլխաւոր նաւահանգիստը:

Սելեւկեաններու իշխանութեան ժամանակ, Թրիփոլի իր մետաղէ դրամները կը պատրաստէ (մ.թ.ա. 112) եւ ինքնավար վիճակ կ'ունենայ մ.թ.ա. 104-էն մինչեւ մ.թ.ա. 64: Այդ ժամանակ, Թրիփոլի նաւաշինութեան մայրի ծառի տախտակի առեւտուրի կեդրոն էր:

Հռոմէական եւ բիւզանդական շրջաններուն, իր ռազմական դիրքին պատճառով (ան Անտիոքը կը կապէր Պտողեմոսին, Թրիփոլի կ'ապրի շինարարական շրջան մը. կը կառուցուին կարեւոր հանրային շէնքեր, ինչպէս՝ քաղաքապետարանի մարզադաշտը: Ինչպէս Արատեանները, Սուրի եւ Սայտայի ժողովուրդները, Թրիփոլիի ժողովուրդը նոյնպէս կը վարէ վարչական ինքնավարական կեանք: Երկրին միւս քաղաքները կը բաժնուին այդ երեք շրջաններուն միջեւ:

Ումայեան Եւ Աբասեան Թրիփոլի (645/646–1109)

Խմբագրել

Արաբներու բնակութենէն ետք, Թրիփոլի կը դառնայ Միջերկրականի կարեւորագոյն առեւտրական կեդրոններէն մէկը: Անիկա Դամասկոսի նաւահանգիստն էր, ինչպէս նաեւ արաբական ծովուժի երկրորդ նաւահանգիստը Աղեքսանդրիայէն ետք: Անիկա նաեւ զարգացած տնտեսական եւ նաւաշինական կեդրոն եւ Քութամա Իսմայիլի Շիա Պանու Ամմար ամիրներու ժամանակ հարուստ վարչական տարածք էր:[10] 1047-ին Թրիփոլի այցելած ճամբորդ Նասիր Ի Խուսրոյ իր յուշագրութեան մէջ կը գրէ, որ այդ շրջանին բնակչութեան թիւը կը հասնի 20000-ի, որուն մեծամասնութիւնը Ալաուիներ են: Պաշտօնապէս, Թրիփոլի մաս կը կազմէր Դամասկոսի զինուորական նահանգին:[11]

Խաչակրական Թրիփոլի (1109–1289)

Խմբագրել
 
Սուրբ Ժիլի Ռեմոնի ամրոցը

Այս ժամանակաշրջանին, Թրիփոլին կը դառնայ Թրիփոլիի նահանգին գլխաւոր քաղաքը: Նահանգը կը տարածուէր Ժպէյլէն Լաթաքիա եւ իր մէջ կը ներառէր Աքքարը: Անիկա նաեւ եպիսկոսանիստ քաղաք էր։ Թրիփոլի զբաղ նաւահանգիստ էր եւ մետաքսի արտադրութեան կարեւոր կեդրոն մը: Այդ ժամանակի կարեւոր արտադրութիւններն էին լիմոնը, նարինջն ու շաքարեղեգը: Փրանկեան իշխանութեան ժամանակ, մօտաւորապէս 180 տարի, արեւմտեան լեզուն կը տարածուի Թրիփոլիի եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ։ Այդ ժամանակ, Թրիփոլիի մէջ կ'ապրէին արեւմտեան եւրոպացիներ, յոյներ, հայեր, մարոնիներ, նեստորականներ, հրեաներ եւ իսլամներ: Խաչակրական շրջանին, շատ մեծ թիւ մը կը հաստատուի ամրոցին շուրջ, որ կը դառնայ արուարձան մը, ուր կը կառուցուին Սրբուհի Մարիամի եկեղեցին ու Քարմելեան եկեղեցին: Այս բոլորին կողքին, Թրիփիլիի նահանգը Հիւանդախնամներու Միաբանութեան գլխաւոր զինուորակայան էր։ Նահանգը իր գոյութինը կը կորսնցնէ 1289-ին, երբ Եգիպտոսի մեմլուք սուլթան Քալաուն կը գրաւէ քաղաքը:

Մեմլուքեան Թրիփոլի (14-րդ դար)

Խմբագրել
 
Մանսուրի մզկիթին մինարէ

Մեմլուքեան ժամանակաշրջանին, Թրիփոլին կը դառնայ մեմլուքեան Սուրիոյ վեց թագաւորութիւններու կեդրոնական քաղաքն ու նահանգային մայրաքաղաքը: Թագաւորութիւնը կը բաժնուի վեց «ուիլայաներու» (նահանգներու) եւ կը տարածուի հարաւէն Ժպէյլէն Աքրա լեռներ եւ հիւսիսէն Լաթաքիայէն Ալաուիներու լեռներ: Ան նաեւ իր մէջ կը ներառէր Հերմելը, Աքքարն ու «Քրաքի ձիերը» (Krak des Chevaliers):[12]

Թրիփոլի կը դառնայ կարեւոր վաճառականական նաւահանգիստ մը Սուրիոյ համար՝ Եւրոպայի մատակարարելով քաղցրեղէն, նկան եւ փոշի շաքար (յատկապէս 14-րդ դարու վերջաւորութեան): Երկրագործութեան եւ փոքր շինարարութիւններու գլխաւոր արտադրութիւններէն էին թթու պտուղները, ձիթապտուղի ձէթ, օճառ եւ կերպասեղէն (բամպակ եւ մետաքս, յատկապէս՝ թաւիշ):

Մեմլուքներու ժամանակ, իշխող դասակարգը կը ստանձնէ գլխաւոր զինուորական, քաղաքական եւ կառավարման գործեր: Արաբները կը կազմեն բնակչութեան կորիզը (կրօնական, արտադրողական եւ նիւթական գործեր) եւ քաղաքին միւս բնակիչներն էին քաղաքին բնիկները, Սուրիոյ տարբեր շրջաններէ եկած գաղթականները, հիւսիսային ափրիկեցիներ, որոնք եկած էին Քալաուունի բանակին հետ Թրիփոլին ազատագրելու ժամանակ, Արեւելքի ուղղափառ քրիստոնեաները, Արեւմուտքէն ընտանիքներ եւ հրեայ փոքրամասնութիւն մը: Մեմլուքեան Թրիփոլիի բնակչութեան թիւը կը կազմէր 20000-էն 40000, որ շատ նուազ էր բաղդատած Դամասկոսի եւ Հալէպի:[12]

Մեմլուքեան Թրիփոլի կ'արձանագրէ շատ բարձր քաղաքային աճ եւ քաղաքային յառաջդիմութիւն (ըստ ճամբորդներու): Քաղաքը ծովեզերեայ կողմէն ունէր եօթը բերդեր՝ պաշտպանութեան համար, իր մէջ ներառելով այսօրուան Առիւծի աշտարակը: Այդ ժամանակ, Սուրբ Ժիլի պալատը Մեմլուքեան Թրիփոլիի ամրոցն էր։ «Իշխանի Ջուրի Խողովակներ»-ը դարձեալ կը գործածուին Ռաշիինի աղբիւրէն ջուր ապահովելու համար: Շատ մը կամուրջներ կը կառուցուին եւ շուրջը գտնուող այգիները կը տարածուին մինչեւ չոր մասերը: Տուներուն զուլալ ջուր կը հասնի անոնց տանիքներէն:

Կրօնական եւ դարաւոր շինարարութեամբ մեմլուքեան Թրիփոլին լաւ օրինակ մը ներկայացնէ այդ ժամանակի ճարտարապետութեան: Այդ շինարարութիւններէն ամէնէն հինը կառուցուած են 12-13-րդ դարու եկեղեցիներու քարերէ: Այդ օրերու ճարտարապետական յատկութիւնները կը նշմարուին մզկիթներուն եւ «մատրասա»-ներուն (իսլամական դպրոց) մէջ։ Մատրասաները շատ մեծ ուշադրութիւն կը գրաւեն՝ իրենց իւրայատուկ կառոյցով եւ յարդարանքով՝ տեղ մը մեղուի փեթակի ձեւ ունեցող առաստաղով, միւս կողմը ձեւաւոր անկիւնով մը, եւ այլն: Ամէնէն գեղեցիկներէն է «Ալ-Պուրթասիա» մատրասան:

 
Արեւելեան Թրիփոլի

Մեմլուքեան Թրիփոլիի հանրային շէնքերը կը յատկանշուին իրենց նստարաններու եւ շէնքի երեսներու խնամքով եւ փողոցներու դասաւորումներով: Լաւապէս տաշուած ու ձեւուած քառերը (տեղական աւազաքառը) կը գործածուէր իբրեւ շինարարական նիւթ եւ իբրեւ յարդարանքի նիւթ՝ բարձունքներու վրայ եւ բացութիւններու շուրջ: Բարձր պատերը կը հանդիսանային սիւները: Բոլոր վայրերը՝ սկսեալ աղօթարաններէն մինչեւ պարզ քառակուսի սենեակները գրեթէ խաչաձեւ կամարներով կը ծածկուէին: Կամարներ կը կառուցուէին կարեւոր կեդրոններու վրայ, ինչպէս՝ գերեզմանները, միհրապները եւ ծածկուած դաշտերը:[9]

Մեմլուքեան շէնքերու զարդարումները կը կեդրոնանային շինութեան ամէնէն շատ երեւելի մասերուն վրայ, ինչպէս մինարէները, դռնակները, պատուհանները, գետինի սալապատումը եւ այլն: Այդ ժամանակի յարդարանքները կարելի է բաժնել 2 մասի՝ շինարարական յարդարանք եւ յարմարած յարդարանք:[9]

Թրիփոլի կարեւոր շինութիւններէն էին 6 մզկիթներ (Մանսուրի Մեծ Մզկիթը, Ալ-Աթթար, Թայնալ, Ալ-Ուուայսիյաթ, Ալ-Պուրթասի եւ Ալ-Թաուպաթ մզկիթները): Կային նաեւ երկու թաղային մզկիթներ եւ երկու այլ մզկիթներ, որոնք կառուցուած էին պարապ տարածութիւններու վրայ։ Մեմլուքեան Թրիփոլին ունէր 16 մատրասաներ, որոնցմէ չորսը ամբողջովին ոչնչացած է: Այս մատրասաներէն 6 հատը կը գտնուէին Մեծ Մզկիթին շուրջ: Թրիփոլի նաեւ ունէր Խանքաներ, խաներ, երեք համմամներ:

Օսմանեան Թրիփոլի (1516–1918)

Խմբագրել

Օսմանեան տիրապետութեան ժամանակ, Թրիփոլի գլխաւոր քաղաքը կը դառնայ Թրիփոլիի էլայէթին, որ կը տարածուէր Ժպէյլէն Թարսուս եւ ներքին Սուրիոյ Համա եւ Հոմս քաղաքներ: Շրջանի միւս երկու էյալէթներն էին Հալէպի էլայէթը եւ Շամի էլայէթը: Մինչեւ 1612, Թրիփոլի Հալէպի նաւահանգիստը կը նկատուէր: Անիկա նաեւ կախեալ էր Սուրիոյ ներքին առեւտուրէն եւ լեռնային շրջաններու հարկահաւաքէն: 17-18-րդ դարերուն, շատ մեծ թիւով ֆրանսացի վաճառականներ կու գան Թրիփոլիի նաւահանգիստ, որ հետզհետէ կը դառնայ Եւրոպայի նաւահանգիստներու մրցակից: 19-րդ դարուն, Թրիփոլի մաս կը կազմէ Պէյրութի վիլայէթին իբրեւ սանճագ մը մինչեւ 1918, երբ կ'անցնի Բրիտանիոյ իշխանութեան տակ:

Սուլէյման Ա.-ի օրերուն օսմանցիները կը վերականգնեն Թրիփոլիի բերդը: Ապա, կառավարիչները խաչակրական շրջանները փոփոխութեան կ'ենթարկեն եւ զանոնք կ'օգտագործեն իբրեւ զօրանոցներ եւ բանտեր: Քաղաքին կեդրոնը կը կառուցուի Խան Ալ-Սապունը՝ քաղաքը հսկելու համար: Օսմանեան Թրիփոլիի հարաւը կ'ապրի շինարարական յառաջընթացք. կը կառուցուին Ալ-Մուալլաք (1559) եւ Ալ-Թահհան (17-րդ դարու սկիզբ) մզկիթները ու կը վերականգնուի Ալ-Թաուպահ մզկիթը, որ ջրհեղեղի պատճառով կը կործանուի 1612-ին):

Ժողովրդագրութիւն

Խմբագրել

Թրիփոլիի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը պատկանի Սուննի իսլամ համայնքին: Լիբանանի Ալաուի համայնքը կ'ապրի Ժապալ Մոհսեն թաղամասին մէջ։ Իսկ քրիստոնեայ բնակչութեան տոկոսը կը կազմէ 10 առ հարիւր:[3][13]

Գլխաւոր Վայրեր

Խմբագրել

Սուրբ Ժիլի Ռեմոնի Ամրոց

Խմբագրել

Բերդը իր անունը կ'առնէ Սուրբ Ժիլի Ռեմոնէն, որ քաղաքը տիրած է 1902-ին եւ հրամայած է կառուցել այս ամրոցը, զոր ինք կը կոչէ Մոն Փելերին: Բուն պալատը 1289-ին կը հրկիզուի եւ կը վերակառուցուի քանի մը առիթներով:

Այսօրուան մեր տեսած ամրոցը կը կառուցուի օսմանեան տիրապետութեան ժամանակ: Անիկա ունի մեծ օսմանեան մուտք մը, որուն վրայ փորագրուած է Սուլէյման Ա.-ի կողմէ: 19-րդ դարու սկիզբին, ամրոցը շատ ամուր ձեւով կը վերականգնի Թրիփոլիի օսմանցի կառավարիչ Մուսթաֆա Աղա Պարպարի կողմէ:

Ժամացոյցի Աշտարակը

Խմբագրել
 
Ալ-Թել ժամացոյցի աշտարակ

Ժամացոյցի աշտարակը Թրիփոլիի ամէնէն նշանաւոր կոթողներէն է: Անիկա կը գտնուի Ալ-Թել հրապարակին վրայ եւ կառուցուած է օսմանցիներուն կողմէ՝ իբրեւ քաղաքին նուէր: Ժամացոյցի աշտարակը ամբողջովին կը վերանորոգուի 1992-ին՝ հիւսիսային Լիբանանի թրքական դեսպանին՝ Սոպհի Աքքարի բարերարութեամբ եւ ապա Փետրուար 2016-ին, Թուրքիոյ վարչապետին նուիրատուութեամբ եւ Թրիփոլիի քաղաքապետութեան մշակութային կոթողներու կոմիտէի համագործակցութեամբ: Թրիփոլիի ամէնէն հին հանրային պարտէզներէն Ալ-Մանշիէն կը գտնուի ժամացոյցի աշտարակին կից:

Համմամներ

Խմբագրել
 
Համմամ Ալ-Նուրի

Մեմլուք կառավարիչներուն կողմէ կառուցուած համմամները շքեղ էին եւ անոնցմէ շատերը մինչեւ այսօր կը գոյատեւեն: Ամէնէն նշանաւորներէն են.

  • Ապըտ
  • Ազ-Ըլ-Տին
  • Հաժեպ
  • Ժատիտ
  • Ալ-Նուրի, որ կառուցուած է 1333-ին, մեմլուք կառավարիչ Նուր Ալ-Տինի կողմէ: Անիկա կը գտնուի Մեծ Մզկիթին շրջակայքին մէջ:[14]

Օսքար Նիմըրի Ռաշիտ Քարամէի Անուան Խաղավայրը

Խմբագրել

1963-ին, Օսքար Նիմըրի կը վստահուի Թրիփոլիի միջազգային խաղավայրի յատակագիծին պատրաստութիւնը, սակայն 1975-ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով շինարարութիւնը կիսատ կը մնայ: Այս 10000 հեքթար տարածքը իր 15 շէնքերով մինչեւ այսօր անաւարտ են:

Ցամաքէն Հեռու Կղզիներ

Խմբագրել
 
Արմաւենիի կղզիներու բնական պահպանման կեդրոն.

Թրիփոլի շատ մը կղզիներ ունի: Մեծագոյն կղզին կը կոչուի «Արմաւենի ծառերու կղզի» կամ «Նապաստակներու կղզի»:

Նապաստակներու Կղզի

Խմբագրել

Այս կղզին 20 հեքթար տարածութեամբ շրջանի մեծագոյ կղզի է: Կղզին կը կոչուի «Արանեպ»-ի կամ նապաստակներու կղզի, քանի որ 20-րդ դարուն սկիզբը՝ ֆրանսացիներու իշխանութեան ժամանակ, շատ մեծ թիւով նապաստակներ կ'աճէին այդ վայրին մէջ։ Ներկայիս, այդ կղզին կը ծառայէ իբրեւ կանաչ կրեաներու, հազուագիւտ թռչուններու եւ նապաստակներու պահպանման վայր: 1992-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-յի կողմէ անիկա կը հռչակուի իբրեւ պահպանուած վայր, որով ճամբարներ ու խարոյկ սարքելը արգիլուած են: Իր գեղեցիկ տեսարանէն անկախ, Արմաւենիի կղզին մշակութային կոթող մըն է: 1973-ին կատարուած պեղումներէն ի յայտ կու գայ խաչակրական ժամանակներէն մարդոց գոյութիւնը կղզիին վրայ:

Պաքար Կղզիները

Խմբագրել

Ծանօթ է Ապտիւլուահապ կղզի անունով: Օսմանեան օրերէն մինչեւ այսօր, կղզին վարձու տրուած է Ատել եւ Խէյրըտտին Ապտիւլուահապներուն, որոնք նաւաշինութեամբ կը զբաղին: Խաչակիրներուն ժամանակ, կղզին կը կոչուէր Սուրբ Թովմաս: Պաքարի կղզին ամէնէն մօտիկն է ցամաքին եւ կարելի է կամուրջով մը ցամաքէն այս կղզին անցնիլ:

Պելլան Կղզի

Խմբագրել

Կղզիին անունը կու գայ անոր վրայ ապրող բոյսէ մը, որով կը շինուի ցախը: Մարդիկ կը կարծեն, որ անոր անունը կու գայ «կապոյտ կէտ», որ 20-րդ դարու սկիզբը յայտնուած է կղզիին եզերքը:

Ֆանար Կղզի

Խմբագրել

Կղզին ունի 1600 քառակուսի մեթր տարածութիւն:

Կրօնական Կառոյցներ

Խմբագրել

Եկեղեցիներ

Խմբագրել

Թրիփոլիի եկեղեցիներուն մեծ մասը կը յիշեցնէ քաղաքի պատմութիւնը: Անոնք նաեւ ցոյց կու տան քաղաքին քրիստոնեայ համայնքին ներկայութիւնը.

  • Կաթողիկէ Պշարա եկեղեցի
  • Հայ Աւետարանական Ս. Մկրտիչ Եկեղեցի
  • Յոյն կաթողիկէներու լատին եկեղեցի
  • Մութրան եկեղեցի
  • Հայ Առաքելական Սուրբ Հոգեգալուստ եկեղեցի
  • Յոյն կաթողիկէ եկեղեցի
  • Ասորի Ուղղափառ Սուրբ Ըֆրէմ եկեղեցի
  • Սուրբ Եղիա Ուղղափառ եկեղեցի
  • Ուխտաւորներու լերան Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցի
  • Սուրբ Գէորգ կաթողիկէ եկեղեցի
  • Սուրբ Գէորգ Ուղղափառ վանք
  • Սուրբ Գէորգ Ուղղափառ եկեղեցի - Մար Ժերժիոս
  • Ասորի կաթողիկէներու Սուրբ Յովսէփ եկեղեցի
  • Սուրբ Մարուն (Մար Մարուն) եկեղեցի
  • Մարոնիներու Սրբուկի Մարիամ Սալվատոր եկեղեցի
  • Մարոնիներու Սրբուհի Մարիամ (Սայտէ) եկեղեցի
  • Սուրբ Միքայէլ Ուղղափառ եկեղեցի
  • Մարոնիներու Սուրբ Միքայէլ եկեղեցի – Ալ-Քուպպէ
  • Մարոնիներու Սուրբ Միքայէլ եկեղեցի
  • Յոյն Ուղղափառ Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցի
  • Սուրբ Թովմաս եկեղեցի

Մզկիթներ

Խմբագրել

thumb|Թայնալ մզկիթ Թրիփոլի հարուստ է մզկիթներով, որոնք կը տարածուին ամբողջ քաղաքին մէջ։ Ամէն թաղամասի մէջ կարելի է մզկիթ գտնել: Մեմլուքներու տիրապետութեան շրջանին, կառուցուած են մեծ թիւով մզկիթներ, որոնցմէ շատեր մինչեւ հիմա կանգուն են.

Նշանաւոր մզկիթներէն են.

  • Աթթար
  • Ապու Պաքր Ալ-Սիտտիք
  • Արղուն Շահ
  • Պրթասի
  • Քապիր Ալ-Ալի
  • Մահմուտ Պէյք Սանժաք
  • Մանսուրի մեծ մզկիթ
  • Օմար իպն Ալ-Խաթթապ մզկիթ
  • Սիտի Ապտիւլ Ուահետ
  • Թաուպահ մզկիթ
  • Թաուժիհ մզկիթ
  • Թայնալ մզկիթ
  • Ալ-Պաշիր մզկիթ
  • Համզա մզկիթ
  • Ալ-Ռահմա մզկիթ
  • Ալ-Սալամ մզկիթ

Կրթութիւն

Խմբագրել

Թրիփոլի ունի մեծ թիւով անձնական եւ պետական դպրոցներ: Թրիփոլիին եւ իր շրջակայքին մէջ կը գտնուին մեծ թիւով համալսարաններ:

Թրիփոլիի եւ իր շրջակայքի համալսարաններէն են.

  • Թրիփոլիի համալսարան - Լիբանան
  • Լիբանանեան Համալսարան - Հիւսիսային Լիբանանի մասնաճիւղ
  • Սուրբ Յովսէփ համալսարան - Հիւսիսային Լիբանան
  • Լիբանանեան Միջազգային Համալսարան (Lebanese International University - LIU) - Տահր Ալ-Էյն
  • Թրիփոլիի Մանար Համալսարան
  • Ժինան համալսարան
  • Պալամանտ համալսարան - Քըլհատ, Ալ-Քուրա
  • Մեր Մայրը Համալսարան - Պարսա, Ալ-Քուրա

Թրիփոլիի Միջազգային Խաղավայր

Խմբագրել

thumb|խաղավայրը Թրիփոլիի միջազգային խաղավայրը, որ նախապէս կը կոչուէր Ռաշիտ Քարամէի միջազգային ցուցահանդէսի կեդրոն, բազմաթիւ շինութիւններէն են, որոնք յատակագիծը պատրաստուած է պրազիլցի ճարտարապետ Օսքար Նիմեյըրի կողմէ: Վայրը կառուցուած համաշխարհային ձեռնարկի մը համար, սակայն 1975-ի պայթած քաղաքացիական պատերազմը վերջնականապէս կը կասեցնէ աշխատանքը: Խաղավայրը կը գրաւէ 1 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն եւ կը բաղկանայ 15 կիսաւարտ շէնքերէ:[15] Այժմ այդ վայրը լքուած է: Խօսքեր եղած վայրը վերականգնելու մասին, սակայն քաղաքական եւ ապահովական պատճառներով ձախողած է:

Առեւտուր

Խմբագրել

Թրիփոլին, որ ժամանակին տնտեսապէս համահաւասար էր Պէյրութին, կ'ապրի նեղ պայմաններ:[3] Շատ մը միութիւններ, ինչպէս՝ Թրիփոլիի Առեւտրական Վերականգման Միութիւնը, ջանք կը թափեն քաղաքին մշակութային արտադրութիւնները արտահանման գործին մէջ՝ ինչպէս կահ-կարասիներ, պղինձէ զարդեր, ինչպէս նաեւ նոր արհեստներու ընդարձակման գործին մէջ՝ այսինքն արհեստագիտութեան ներմուծումը եւ նաւահանգիստի յառաջդիմած աշխատանքը:[16]

2008-ին կը հիմնուի Թրիփոլիի Յատուկ Տնտեսական Բաժինը, որուն նպատակն է տուրքերէ զերծ պահել ծրագիրներ, որոնց դրամագլուխը կը գերազանցէ 300000$-ը եւ որոնց աշխատողներու կէսէն աւելի լիբանանցի են:[17] Այս 55 հեքթար տարածութիւնը կը գտնուի Թրիփոլիի նաւահանգիստին կից:[18]

Վերջերս, կազմուած է «Թրիփոլիի Տեսլական 2020» վերականգման ծրագիրը, որուն նպատակն է քաջալերել նիւթական ներդրումը, մարզումը՝ բարելաւելու համար քաղաքի տնտեսական պայմանները: Այս ծրագրին նեցուկ կը կանգնին Թրիփոլիի կարեւորագոյն քաղաքական դէմքեր եւ առեւտրականներ, իսկ ծրագիրը կը հովանաւորուի Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Թրիփոլիի խորհրդարանի անդամներու գրասենեակները:[19]

Օճառի Խանը

Խմբագրել

thumb|Թրիփոլիի օճառի խանը Խանը կը գտնուի քառակուսի դաշտի մը մօտ եւ ունի շատրուան, օճառ պատրաստելու արհեստանոցներ ու խանութներ:

15-րդ դարու վերջաւորութեան, Թրիփոլիի կառավարիչ Եուսէֆ պէյք Սայֆա կը հիմնէ «Խան Ալ-Սապուն»-ը (Օճառ արտադրողներու պանդոկ): Այս վաճառատան շինութիւնը կ'աւարտի XVI դարու սկիզբը՝ մեմլուքեան տիրապետութեան վերջին օրերուն: Թրիփոլիի այս օճառի շուկան այդքան հանրածանօթ կը դառնայ, որ այլեւս միայն տեղւոյն վրայ ծախելու փոխարէն օճառներ կ'արտածէին դէպի Եւրոպա:

Սկիզբը, այս անուշահոտ օճառներ իրարու կը նուիրէին Եւրոպայի մէջ, ինչ որ պատճառ կը դառնայ այս գործին յառաջդիմութեան: Օճառներու բարձր պահանջքին պատճառով, օճառ շինողները կը սկսին այս մէկը իրենց արհեստը նկատել եւ կը սկսին անոնցմէ արտածել դէպի այլ արաբական ու ասիական երկիրներ: Այժմ, Թրիփոլիի մէջ կարելի է գտնել բազմաթիւ տեսակներով հնադարեան այս օճառներէն՝ ինչպէս վէրքի դէմ օճառներ, մորթը խոնաւցելու, փափուկնելու եւ այլ տեսակներ:

Այս օճառներու պատրաստութեան համար կը գործածուի ձիթապտուղի ձէթը: Թրիփոլիի օճառը նաեւ կը պարունակէ մեղր, ձէթի տեսակներ եւ հոտաւէտ բոյսեր, ինչպէս՝ ծաղիկներ, փեթակներ եւ խոտեր: Այս օճառները արեւուն տակ կը չորցնեն, չոր օդով շրջապատի մը, որպէսզի ջուրը լաւապէս շոգիանայ: Այս չորնալու գործընթացը կը տեւէ մօտաւորապէս 3 ամիս: Երբ ջուրը շոգիանայ, ճերմակ բարակ կեղեւ մը կը յայտնուի օճառին մակերեսը, որ կը կազմուի ծովուն աղին պատճառով: Արհեստաւորը օճառը մեծ ուշադրութեամբ «կը սանտրէ» իր ձեռքով, մինչեւ որ այդ ճերմակ կեղեւը չքանայ:

Խան Ալ-Խայյաթին - Դերձակներու Խանը

Խմբագրել
 
Դերձակներու խանը

Դերձակներու խանը կառուցուած է 14-րդ դարուն: Անիկա 60 մեթր երկարութեամբ անցք մըն է, որուն երկու կողմերը շրջապատուած են կամարներով:[20]

Արաբական Անուշեղէն

Խմբագրել

Թրիփոլի շատ նշանաւոր է անուշեղէնով, ինչ որ ուշադրութիւնը կը գրաւէ այցելուներուն: Կարգ մը անուշավաճառներ մասնաճիւղեր ունին ամբողջ Լիբանանի տարածքին եւ Լիբանանէն դուրս, ինչպէս՝ Ապտիւլ Ռահման եւ Ռաֆաաթ Ալ-Հալլապ անուշավաճառները, որոնք Թրիփոլիէն դուրս մասնաճիւղեր հիմնելով եւ տուփով անուշեղէն դուրս ուղարկելով հռչակ ստացած են:

Միջազգային Կապեր

Խմբագրել

Քոյր Քաղաքներ

Խմբագրել

Թրիփոլիի քոյր քաղաքներն են.

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «طَرَابُلُس: Lebanon»։ Geographical Names։ արտագրուած է՝ 2010-12-13 
  2. «Trâblous: Lebanon»։ Geographical Names։ արտագրուած է՝ 2010-12-13 
  3. 3,0 3,1 3,2 http://www.mafhoum.com/press10/312P1.htm
  4. Les peuples et les civilisations du Proche Orient by Jawād Būlus. p. 308.
  5. Wanderings −2: History of the Jews by Chaim Potok. p. 169.
  6. History of Syria, Including Lebanon and Palestine by Philip Khuri Hitti. p. 225.
  7. Lebanon in Pictures by Peter Roop, Sam Schultz, Margaret J. Goldstein. p. 17.
  8. Ghazi Omar Tadmouri (30 October 2009)։ «Names of Tripoli through the history»։ Tripoli City։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 8 October 2014-ին։ արտագրուած է՝ 14 November 2011 
  9. 9,0 9,1 9,2 Saliba, R., Jeblawi, S., and Ajami, G., Tripoli the Old City: Monument Survey – Mosques and Madrasas; A Sourcebook of Maps and Architectural Drawings, Beirut: American University of Beirut Publications, 1995. Կաղապար:Page needed
  10. William Harris (19 Jul 2012)։ Lebanon: A History, 600–2011 (illustrated հրտրկթն․)։ Oxford University Press։ էջ 49։ ISBN 9780195181111 
  11. Tadmouri, O. AS., Lubnan min al-fath al-islami hatta sukut al-dawla al-'umawiyya (13–132 H/ 634–750 CE): Silsilat Dirasat fi Tarih AlSahel AlShami, Tripoli, 1990. Arabic.
  12. 12,0 12,1 Tadmouri, O. AS., Tarikh Tarablus al-siyasi wa'-hadari Aabr al-'usour, Tripoli, 1984. (արաբ.)
  13. Riad Yazbeck. Return of the Pink Panthers? Archived 2012-02-19 at the Wayback Machine.. Mideast Monitor. Vol. 3, No. 2, August 2008
  14. «Tripoli-Lebanon.com Hammam Al Nouri Page»։ www.tripoli-lebanon.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-11-12-ին։ արտագրուած է՝ 2019-03-27 
  15. McManus Manus (3 November 2016)։ «International Fair of Tripoli by Oscar Niemeyer»։ e-architect։ արտագրուած է՝ 26 November 2016 
  16. «Projects :: BIAT»։ biatcenter.org։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-07-06-ին։ արտագրուած է՝ 2019-03-30 
  17. «About us»։ Tripoli Special Economic Zone։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-07-16-ին։ արտագրուած է՝ 2018-07-16 
  18. «Lebanon's former finance minister hails special economic zone achievements»։ Xinhua Net։ 2018-07-05։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-07-04-ին։ արտագրուած է՝ 2019-03-30 
  19. «Robert Fadel – روبير فاضل»։ www.robertfadel.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-11-17-ին։ արտագրուած է՝ 2015-10-16 
  20. «Tripoli-Lebanon.com Tourism-Khans Page»։ www.tripoli-lebanon.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-01-02-ին։ արտագրուած է՝ 2019-03-30 
Հրատարակուած 19-20-րդ դարերուն
Հրատարակուած 21-րդ դարուն
  • C. Edmund Bosworth, խմբգր․ (2007)։ «Tripoli, in Lebanon»։ Historic Cities of the Islamic World։ Leiden: Koninklijke Brill 
  • «Tripoli»։ Grove Encyclopedia of Islamic Art & Architecture։ Oxford University Press։ 2009 

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել