Փիւնիկէ
Փիւնիկէ (յուն․՝ Φοινίκη), հնագոյն պետութիւն Միջերկրական ծովու արեւելեան ափին,
ժողովուրդ
ԽմբագրելՓիւնիկէի մէջ բնակած են փիւնիկեցիները, որոնք հոն եկած են Էրիթրէական ծովու ափերէն: Հաւանական է, որ Ք.ա. 5-4-րդ հազարամեակներու ընթացքին, փիւնիկեցիները Միջերկրական ծովու ափին հիմնած են բնակավայրեր, որոնք աստիճանաբար դարձած են առեւտրաարհեստաւորական եւ նաւահանգստեան կեդրոններ` Սիտոն, Տիւրոս եւ Պիպլոս[1]: Ք.ա. 2-րդ հազարամեակին, Փիւնիկէն գիւղատնտեսական տարածքներ ունեցող քաղաք-պետութիւններու համախմբութիւն մըն էր: Փիւնիկէն իր աշխարհագրական յարմար դիրքին շնորհիւ գործուն մասնակցութիւն ունեցած է Միջագետքի ու Նեղոսի հովիտի հետ ցամաքային առեւտուրին եւ տիրած է Միջերկրականի ծովային ուղիներւն վրայ:
Ք.ա. 2-րդ հազարամեակ
ԽմբագրելՔ.ա. 2-րդ հազարամեակին սկիզբը, երկիրը գտնուած է եգիպտական փարաւոններւ գերիշխանութեան տակ, որ, սակայն, Փիւնիկէի քաղաք-պետութիւնները չէ խանգարած Հիւսիսային Միջագետքի պետութիւններուն հետ[2] դիւանագիտական յարաբերութիւններ պահպանելու:
ազատագրում եգիպտական լուծէն
ԽմբագրելՔ.ա. 13- 12-րդ դարերուն, Փիւնիկէի քաղաքները ազատագրուած են եգիպտական լուծէն: Ք.ա. 10-րդ դարուն, Տիւրոսի թագաւոր Ածիրամ Փիւնիկէի տարածքին մէջ կազմած է Տիւրոս-Սիտոնի միացեալ թագաւորութիւնը, որ դարձած է Փիւնիկէի ամբողջ ծովափին գերիշխող ուժը (hegemony): Իր օրով, Իսրայէլ-Յուդայի թագաւորութեան հետ հաստատած է ռազմաքաղաքական սերտ դաշինք մը: Տիւրոս աստիճանաբար կորսնցուցած է իր ազդեցութիւնը, եւ Ք.ա. 10-րդ դարու վերջերուն՝ Փիւնիկէի քաղաքները դարձած են ինքնիշխան: Ք.Ա. 2-րդ եւ առաջին դարերուն, Փիւնիկէի պետութեան մէջ նշանակալից երեւոյթ էր Միջերկրականի կեդրոնական եւ արեւմտեան ափերու գաղութաբնակեցումը: Փիւնիկեցի առեւտրականներն ու ծովահէնները հոն թափանցած են Ք.ա. 2-րդ հազարամեակի կէսին: Փիւնիկէն գաղութներ հիմնած է Հարաւային Սպանիոյ, Սիկիլիոյ, Սարտինիոյ եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ[3][4]: Ք.ա. 9-7-րդ դարերուն, այդ գաղութները ձեռք բերած են քաղաքական ինքնիշխանութիւն եւ աստիճանաբար մտած են փիւնիկեան նախկին գաղութ Կարթագէնի պետութեան մէջ: Փիւնիկեան քաղաքները, Ք.ա. 8-7-րդ դարերուն, ենթարկուած են ասորեստանցիներու յարձակման: Ք.ա. VIII դարուն, Փիւնիկէի հիւսիսը հիմնուած է ասորեստանեան կուսակալութիւն մը, բայց եւ այնպէս՝ Փիւնիկեան քաղաքները պահպանած են ներքին ինքնավարութիւնը եւ սեփական թագաւորներու իշխանութիւնը: Ք.ա. 722-ին, ասորեստանցիները ճնշած են տիւրոսցիներուն վրայ, իսկ 701-ին` Փիւնիկէի հարաւը Սիտոնի գլխաւորած ապստամբութիւնը: Ք.ա. 677-ին, Սիտոնը կործանած է, իսկ Պիպլոսը, Տիւրոսը եւ այլ քաղաքներ ճանչցած են Ասորեստանին գերիշխանութիւնը[5]: Ք.ա. 605-ին Ասորեստանի անկումէն ետք, Փիւնիկէն կռուախնձոր դարձած է Նոր Բաբելոնեան թագաւորութեան եւ Եգիպտոսի միջեւ: Ք.ա. 539-332-ին մտած է Աքեմենեան պետութեան կազմին մէջ: Փիւնիկէի նաւատորմը պարսիկներուն կողմէ գործօն մասնակցութիւն ունեցած է Ք.ա. 500-449-ի յոյն-պարսկական պատերազմներուն: Ք.ա. 4-րդ-առաջին դարերուն Փիւնիկէն գտնուած է Ալեքսանտր Մակեդոնացիի, պտղոմեաններու եւ սելեւկեաններու պետութեան կազմին մէջ: Ք.ա. 2-րդ-առաջին դարերուն, Կիպրոսի մէջ ստեղծուած է յունա-փիւնիկեան թագաւորութիւն մը: Ք.ա. առաջին դարու կէսին, Փիւնիկէն գտնուած է Տիգրան Բ. Մեծի հայկական կայսրութեան մէջ, այնուհետեւ մտած է հռոմէական Ասորիքի բնակավայրերուն կազմի մէջ: Փիւնիկեցիները աստիճանաբար ձուլուած են Ասորիքի միւս բնակչութեան մէջ:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «The Phoenicians (1500–300 B.C.) - Thematic Essay - Heilbrunn Timeline of Art History - The Metropolitan Museum of Art»
- ↑ «Phoenicia – The Rise of Sidon»։ The Encyclopedia of World History, Sixth edition։ Houghton Mifflin Company։ 2001։ էջ 1։ արտագրուած է՝ 2008-12-11
- ↑ Glenn Markoe.Phoenicians. p108. University of California Press 2000
- ↑ Zellig Sabbettai Harris. A grammar of the Phoenician language. p6. 1990
- ↑ Ju. B. Tsirkin։ «Canaan. Phoenicia. Sidon.»։ էջ 274։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-10-10-ին։ արտագրուած է՝ 2016-06-27