Նեղոս գետ
Նեղոս[1] (արաբերէն՝ النيل, ալ-Նիլ, Հին եգիպտերէն՝ Իթերու), գետ Ափրիկէի մէջ։ Երկայնքը 6,853 Քմ. է։ Գլխաւորաբար կ'անցնի երկու երկիրներէ՝ Սուտան եւ Եգիպտոս։
Նեղոս գետը յայտնաբերուած է առնուազն 30 մլն. տարի առաջ:
Նեղոս կը համարուի մարդկութեան քաղաքակրթութեան հիմնական «օրրաններէն» մէկը[2]:
Անունը
ԽմբագրելՀին եգիպտերէնով Նեղոսի անունն էր՝ Հ'փի կամ Իթերու, որ կը նշանակէ գետ[3]: Ղպտիերէն «Փիարօ» անունը նոյն ծագումը ունի։
«Նեղոս» բառը ծագած է գետին յունարէն Νείλος Նեյլոս անունէն։
Նեղոսին հոսքը
ԽմբագրելՆեղոս սկիզբ կ'առնէ Կեդրոնական Ափրիկէէն եւ կը հոսի հիւսիս՝ դէպի Միջերկրական ծով։ Նախքան ծով թափիլը Նեղոս լայն գետահովիտ մը կը յառաջացնէ։ Ափրիկէի այդ մասի կլիման, ուրկէ Նեղոս կը հոսի, չոր եւ տաք է։ Անձրեւները շատ հազուադէպ են։ Հողերուն մեծ մասը քարքարոտ անապատներ են։ Նեղոս ընդհանրապէս վարար հոսք մը կ'ունենայ Յուլիս ամսուան ընթացքին։ Այդ շրջանին ջուրերը կը հեղեղեն ափամերձ մեծ տարածքներ։ Նեղոսի ջուրերը իրենց հետ կը բերեն հսկայական քանակութեամբ տիղմ, ինչ որ հողը շատ բերրի կը դարձնէ։ Եգիպտոսի մեծ գետն է, որմէ կախեալ է ամբողջ երկրին տնտեսութիւնը։
Նեղոս սկիզբ կ'առնէ Ափրիկէի կեդրոնը գտնուող Վիքթորիա լիճէն եւ կը թափի Միջերկրական ծով։ Նեղոսի բերրի հովիտը (վերին Եգիպտոսի հովիտին լայնքը 19 Քմ.-էն աւելի չէ) երկու կողմէն ալ սահմանակից է անապատին։ Ամէն տարի գարնան գետը դուրս կու գայ իր ափերէն՝ տեղատուութենէն ետք տիղմի հաստ շերտ մը ձգելով, որմէ ետք մերձակայ դաշտավայրերը առատ բերք կու տան։ Գետը նաեւ շահաւէտ փոխադրամիջոց է՝ երկրին մէկ ծայրէն միւսը ապրանքներ տեղափոխելու համար։ Ներկայիս Գահիրէի մօտերը 19 Քմ. դէպի հիւսիս Նեղոս կը բաժնուի երկու վտակներու՝ արեւմտեան եւ արեւելեան, որոնց միջեւ ինկած ճահճուտը յայտնի է Տելթա անունով։ Նեղոս նկարագրուած է Յովսէփին ժամանակակից Փարաւոնի երազին մէջ։ Մովսէսի ծնած շրջանին Փարաւոն կը հրամայէ Նեղոսը նետել հրեաներէն ծնած բոլոր արու զաւակներուն։ Մովսէս զամբիւղի մէջ կը ձգեն գետափնեայ ծանծաղուտի մը մէջ։ Նեղոսին հետ կապուած են նաեւ «տասը պատուհասներէն» մէկ քանին, որոնք Աստուած ուղարկած էր որպէս պատիժ Փարաւոնին՝ իսրայէլացիները ազատ չարձակելուն համար։ Նեղոսի մասին յաճախ յիշատակած են մարգարէները։
Նեղոսն ու Պապիրոսը
ԽմբագրելՆեղոսի երկայնքով ապրող մարդիկ շատ վաղուց թուփերէն կը պատրաստէին մակոյկներ, իսկ հետագային՝ նաեւ համեմատաբար մեծ նաւակներ։ Գետով կը տեղափոխէին հացահատիկ, սննդամթերք, անասուններ, շինարարական նիւթեր։ Նեղոսի ափերուն կ'աճէր զարմանալի բոյս մը՝ պապիրոսը։ Անոնցմէ կարելի էր նաւակներ պատրաստել։ Պապիրոսի յատուկ մշակուած ցօղուններէն կը ստանային հիանալի թերթանման նիւթ մը, որու վրա կրնային գրել։ Անիկա եւս պապիրոս կը կոչուէր։
Աշխարհագրական դիրք
ԽմբագրելՆեղոս գետի ակունքներուն աշխարհագրական դիրքին գտնուելու վայրը անյայտ էր հին ժամանակներէն մինչեւ Ժթ. դար, երբ վերջապէս կը պարզուի, որ անիկա Վիքթորիա լիճն է։ Նեղոսի հովիտը երբեմն կ'որոշեն այդ լիճէն սկսեալ, հակառակ անոր որ անոր մէջ կը թափին բաւականին մեծ գետեր։ Նեղոսի ակունքը կը համարուի Ռուկարար գետը, որ Գահեր գետի վտակներէն է։ Իր հերթին Գահեր գետը կը թափի Վիքթորիա լիճ։ Դուրս գալով Վիքթորիա լիճի հիւսիսային ծայրամասէն՝ գետը, որ այս վայրերուն մէջ կը կոչուի Վիքթորիա-Նեղոս, կ'անցնի քարէ պատնէշներու մէջէն՝ բազմաթիւ խոտորումներ ու ջրվէժներ յառաջացնելով։ Այս ընթացքին անոր մակերեսը Վիքթորիա լիճէն 670 մեթր ցած կ'ըլլայ։ Յետոյ, անցնելով Գոգօ լիճը, գետը համեմատաբար կարճ տարածութեան վրայ կ'ունենայ 400 մեթր իջեցումներ եւ կը թափի Մապուտօ-Սեսենեկօ լիճ։ Անկէ դուրս գալով՝ Նեղոս կ'ընդունի Ասվա գետը, որմէ ետք ալ անոր ջուրերը կ'անցնին Սուտանի հարթավայրով։ Ճուպա քաղաքէն վար, գետը շուրջ 900 Քմ. տարածքով կ'անցնի «Սետտ» ճահճային շրջանը։ Հոս կը կոչուի «Պահր ալ-ժապալ» (լեռնային ծովը)։ Հոս գետին հոսքը կը խաթարուի եղէգներու եւ ջրիմուռներու զանգուածներու պատճառով, եւ անիկա դժուարութեամբ կ'անցնի այս շրջանը՝ կորսցնելով իր ջուրերուն 2/3-րդը գոլորշիացման եւ բուսական ծածկոյթի ոռոգման վրայ։ Միանալով Ալ-Գազալ վտակին՝ գետը կը ստանայ Սպիտակ Նեղոս անուանումը եւ դուրս կու գայ ճահճային շրջանէն։ Անոր կը միանայ նաեւ Սոպաթ գետը, որ գրեթէ կրկնակի կ'աւելցնէ անոր ջուրերը։ Յետոյ Նեղոս հանգիստ կը հոսի լայն կիսաանապատային հովիտով մինչեւ Խարթում քաղաքը։ Սետտ ճահճային շրջանէն մինչեւ Խարթում քաղաքին մօտակայքը գետը կը ցածնայ եւ կը հասնի 80 մեթրի։ Խարթում քաղաքին քով Սպիտակ Նեղոսին մէջ կը թափի Կապոյտ Նեղոսը, որ սկիզբ կ'առնէ Տանա լիճէն[4]։ Հոսկէ մինչեւ Միջերկրական ծով գետը կը կոչուի Նեղոս։ Անիկա Խարթումի եւ Ասուանի միջեւ կը կազմէ 290 մ.։ Նուպիական անապատին մօտերը Նեղոս գետը կ'ընդունի իր վերջին մեծ վտակը՝ Աթպարա գետը։
Գետին հովիտը
ԽմբագրելՆեղոսի Ասուանէն մինչեւ Գահիրէ (900 Քմ.) թեքութիւնը շատ քիչ է, եւ գետը կը հոսի շատ լայն հովիտով (20-25 Քմ.)։ Գահիրէէն 20 Քմ. անդին կը սկսի Նեղոսի հովիտը (տարածութիւնը 22-24 000 Քմ.²՝ բազմաթիւ գետակներով եւ լճակներով։ Անիկա տարածուած է Միջերկրական ծովու ափին՝ Ալեքսանդրիայէն մինչեւ Պոր-Սաիտ 260 Քմ. ընդհանուր երկարութեամբ)։ Նեղոսի հունը հոս կը բաժնուի 9 մեծ եւ բազմաթիւ փոքր գետերու։ Երկու հիմնական գետերը ՝ Դամյատը (արեւելեան) եւ Ռաշիտը/ արեւմտյան/ ունին շուրջ 200 Քմ. երկարութիւն իւրաքանչիւրը։ Իպրահիմ ջրանցքին եւ Եուսուֆ գետակին միջոցով Նեղոսին ջուրերուն մէկ մասը կը լեցուի Պիրկետ-Կարուն լիճը, որ իր հերթին կ'ոռոգէ Ֆայյում Ովասիսը։ Իսմաիլի ջրանցքով Նեղոսի քաղցրահամ ջուրերով կ'ոռոգուին Սուեսի ջրանցքին շրջանը, իսկ Մահմուտիա ջրանցքով՝ Ալեքսանդրիա քաղաքը եւ անոր շրջակայքը։ Նեղոսի երկայնքը շուրջ 6700 Քմ. է (գիրքերու մէջ յաճախ կը գրուի 6671 Քմ. )։ Վիքթորիա լիճէն մինչեւ միջերկրական ծով 5600 Քմ. է։ Նեղոսի հովիտը աշխարհի ամենամեծ գետային հովիտներէն է։ Անիկա կազմաւորուած է մեծ ծովային խորշի մը մէջ՝ անընդհատ լեցուելով գետային ջուրերով եւ ունի ծաղիկի տեսք։
Տեղումներու յաճախականութիւն
ԽմբագրելԳետին հովիտին հասարակած մասին մէջ տեղումներու երկու ձեւ կը նշմարուի՝ գարնանային (Մարտ-Մայիս) եւ աշնանային (Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր), որմով ալ պայմանաւորուած է այս շրջաններու գետերու մեծ ջրառատութիւնը գարնանային եւ ձմեռնային եղանակներուն։ Սուտանի եւ Կապոյտ Նեղոսի աւազանին մէջ Յուլիսէն Սեպտեմբեր ամիսներուն կ'անձրեւէ։ Սուտանի մէջ Նեղոս վարար հոսք կ'ունենայ ամրան եւ ջուրին գոլորշիացման պատճառով շատ ջուր ալ կը սպառէ։ Նեղոսին սնուցման գործին մէջ գլխաւոր դեր կը կատարէ Կապոյտ Նեղոսը, որ ամրան Նեղոսի ջուրերուն 60-70 %-ը կը մատակարարէ։ Այս բոլորին հետ համընթաց՝ Կեդրոնական եւ Հիւսիսային Սուտանի մէջ եւ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան մէջ Նեղոսի ջուրերուն բարձրացումը կը կատարուի ամառնային և աշնանային եղանակներուն։ Այսպէս ստորին Եգիպտոսի մէջ ջուրերու բարձրացում տեղի կ'ունենայ Յուլիսէն Հոկտեմբեր ամիսներուն։ Ասուանի ջրամբարին միջին ծախսը 2600 մ.³ վայրկեան է, ամենաշատը՝ մինչև 15000 մ³, ամենաքիչը՝ մօտաւորապէս 500 մ.³ վայրկեան։
Նեղոսին ջրամբարները
ԽմբագրելՄինչեւ ջրամբարներու կառուցումը Նեղոս գետը ուժեղ հեղեղումներ կ' ունենար։ Ասուանի ջրամբարէն տարեկան դուրս եկած ջուրը կը կազմէր 62 միլիոն մ³ , որոնց մեծ մասը տիղմի տեսքով «կը նստի» դաշտերու, ցանքերուն եւ ջրամբարներուն մէջ։ Նեղոս յատկապէս կարեւոր է Եգիպտոսի համար, որովհետեւ Նեղոսի տելթային 10-15 քիլոմեթրնոց հատուածին մէջ կ'ապրի երկրին բնակչության 97 %-ը։ Ասուանի մեծ ջրամբարի կառուցումը թոյլ տուած է կարգաւորել Նեղոսի հոսքը, ուժեղ հեղեղումներու վնասը վերացնել նաեւ թոյլ կու տայ ընդլայնել ոռոգուող տարածքները։ Սուտանի մէջ Նեղոսի ջուրերը աւելի մեծ կարեւորութիւն ունին Ճեզիրայի շրջանին համար, քանի որ այս շրջանը կը զբաղի բամպակի արտադրութեամբ։ Բացի Ասուանի մեծ ջրամբարէն, Նեղոսի վրա գոյություն ունին նաեւ այլ մեծ եւ փոքր ջրամբարներ/ Ասուան-5/5 Քմ.³, Նասերի ջրամբարը, Ժապալլ Աուլիան՝ Սպիտակ Նեղոսի վրայ (2.5 Քմ.³ եւ այլն)։
Պատկերասրահ
Խմբագրել-
Գահիրէն եւ Նեղոս գետը
-
Գետը՝ Եթովպիոյ մէջ
-
Ասուանի մէջ
-
Նեղոսի ափին գիւղ մը՝ 1891-ին
-
Գետին վրայ նաւ մը՝ 1900-ին
-
Առագաստանաւեր՝ Նեղոսի վրայ
-
Նեղոսը Luxor-ի մէջ
-
Նեղոսը եւ Եգիպտոսի առօրեան
-
Նեղոս գետը՝ երեկոյեան
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Նեղոսը
- ↑ «Նեղոսի յայտնաբերումը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-06-12-ին։ արտագրուած է՝ 2020-06-12
- ↑ Faulkner, Raymond O. (1962)։ Concise Dictionary of Middle Egyptian։ Griffith Institute։ էջ 33
- ↑ Սպիտակ եւ Կապոյտ Նեղոսներ