Տիանա Աբգար (Տիանա Աղաբեկ–Աբգարեան, 12 Հոկտեմբեր 1859(1859-10-12)[1], Եանկոն, Բրիտանական Հնդկաստան, Բրիտանական կայսրութիւն - 8 Յուլիս 1937(1937-07-08)[1], Եոքոհամա, Ճափոն), գրող, հրապարակախօս, մարդասէր, հասարակական գործիչ եւ դեսպան․ 1920-ին Ճափոնի եւ Հեռաւոր Արեւելքի մէջ նշանակուած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան դեսպան: Տիանա Աբգարի թոռնիկը՝ Միմի Մալայեան Տիանա Աբգարի նուիրուած ֆիլմի բեմադրիչն է[2]:

Տիանա Աբգար
Ծննդեան անուն հայ.՝ Գայանե Աղաբեգ
Ծնած է 12 Հոկտեմբեր 1859(1859-10-12)[1]
Ծննդավայր Եանկոն, Բրիտանական Հնդկաստան, Բրիտանական կայսրութիւն
Մահացած է 8 Յուլիս 1937(1937-07-08)[1] (77 տարեկանին)
Մահուան վայր Եոքոհամա, Ճափոն
Քաղաքացիութիւն  Բրիտանական Հնդկաստան
 Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, գրագէտ, դիւանագէտ, հրապարակախօս, արձակագիր

Կեանքն Ու Գործունէութիւնը

Խմբագրել

Կեանքը Կալկաթայի Մէջ

Խմբագրել

Փոքր տարիքին ընտանիքը հաստատուած է Կալկաթա, ուր աշխոյժ հայկական գաղութ մը գոյութիւն ունէր: Ծնողքը պարսկահայ էր, հայրը՝ Նոր Ջուղա քաղաքէն, իսկ մայրը՝ Շիրազէն։ Ընտանիքին 7 զաւակներէն ամէնափոքր էր։ Ուսումը ստացած է Կալկաթայի Ս. Սանդխտեան վարժարանի աղջիկներուն դպրոցին մէջ։ Ան սահուն կը խօսէր հայերէն, անգլերէն, հինտուներէն եւ ճափոներէն:[3]

1888-ին, կ'ամուսնանայ Աբգար Միքայէլ Աբգարին հետ, որուն մօր ընտանիքին արմատները Տիանային մօրը ծննդավայրէն էին։

Աբգարներուն ընտանիքին անդամները մեծանուն առեւտրականներ էին հարաւային եւ ծայրագոյն արեւելքի զանազան երկիրներուն մէջ։

Կեանքը Ճափոնի Մէջ

Խմբագրել

1891-ին, երիտասարդ զոյգը կը հաստատուի Ճափոնի Եոքոհամա քաղաքը, ուր եւ կ՛ընդլայնէ ընտանեկան առեւտուրի գործունէութիւնը հիմնելով արտահանման – ներածման առեւտրական ընկերութիւն մը։ Տիանա կը զբաղի 3 զաւակներուն դաստիարակութեամբ եւ միաժամանակ կը սկսի գրել։ Իրարու ետեւէ լոյս կը տեսնեն անոր գրական եւ պատմագիտական 10 գիրքերը, որոնցմէ 3-ը նուիրուած էին Հայաստանի եւ հայութեան դէմ գործուած բռնութիւններուն, ջարդերուն եւ տեղահանութեան[3][4]։

Տիանա Աբգար օտար շրջանակներուն մէջ համարձակօրէն կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդին ծանր վիճակը Օսմանեան կայսրութեան մէջ։ Շնորհիւ իր ջանքերուն էր որ Ճափոնը կ՛ըլլայ այն առաջին երկիրներէն որ կը ճանչնայ 1920-ին Հայաստանի անկախութիւնը։

Տիանա Աբգար Դեսպան՝ Նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան

Խմբագրել

Գնահատելով Տիանա Աբգարին հայրենասէր գործունէութիւնը, այդ օրերուն Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Համօ Օհանջանեանը անոր կը նշանակէ Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան Ճափոնի դեսպան եւ Եոքոհամայի հիւպատոս։[3] Ան մեծ ճիգ կը թափէ Հայաստանի նորաստեղծ հանրապետութեան ճանաչման համար ու կը յարգուի միջազգային դիւանագիտական շրջանակներէն։ Սակայն չի բաւարարուիր անորմով․ կը զբաղի նաեւ բարեսիրական գործունէութեամբ, օգնելով 1915Ցեղասպանութենէն փրկուած գաղթականներուն՝ օրինաւոր հաստատուին եւրոպական երկիրներուն մէջ։

Ան իր պաշտօնէն կը դադրի Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումով։

Ամենայն Հայոց Գէորգ Ե․ կաթողիկոսը, ըստ արժանւոյն գնահատելով Աբգարի գործունէութիւնը, 1926-ին անոր կ՛արժանացնէ յատուկ կոնդակով` հայ ժողովուրդի շահերուն ծառայելու եւ դժուար պահերուն անոր կողքին ըլլալուն համար:

Տիանա Աբգար կը մահանայ Եոքոհամա եւ կը թաղուի Թոքիոյի օտարերկրացիներուն գերեզմանատան մէջ, իր սիրելի ամսուսինին քով: Անոր դամբանին այժմ հոգ կը տանի Թոքիոյի հայ-ճափոնական բարեկամութեան ընկերակցութիւնը։

Ստեղծագործութիւններ

Խմբագրել

Տիանա Աբգարը Ճապոնիայի անգլիալեզու մամուլի մէջ տպագրեր է հայ ժողովուրդին, Մեծ եղեռնին վերաբերուող յօդուածներ, հրատարակեր է «Հազար ու մէկ պատմութիւններ» պատմուածքներու ժողովածուն, «Մենաւոր խաչակիրը» վէպը, «Իմփերիալիզմը եւ օրէնքը», «Եւրոպայի խաղաղութիւնը», «Խաղաղութեան հիմնահարցը», «Խաղաղութիւն եւ ոչ խաղաղութիւն» աշխատութիւնները։ Գրած է նաեւ բանաստեղծութիւններ՝ Մայր Հայաստան կեղծանունով[5]։

  1. «Սուսաննա»
  2. «Ճշմարտութիւն հայերու կոտորածի մասին»
  3. «Հայկական հարց»
  4. «Հայաստան, որուն դաւաճանեցին»
  5. «Քու անունով»
  6. «Խաղաղութիւնը Եւորպայի մէջ»
  7. «Խաղաղութեան խնդիրը»
  8. «Խաղաղութիւն եւ ոչ խաղաղութիւն»
  9. «Մեծ չարիք»
  10. «Սարսափելի անէծք»
  11. «Կայսերական Եւրոպայի միամտութեան մասին»
  12. «Իմփերիալիստական Եւրոպայի խաչի վրայ։ Խաչուած Հայաստան»[6]
  13. «Միայնակ խաչակիր»
  14. «Իմփերիալիզմ եւ օրէնք»
  15. «Հազար ու մէկ պատմութիւն գիրքէն. պատմութիւններ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի մասին: 1892—1922»

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 «Հայազգ» հիմնադրամի հայկական հանրագիտարան, Армянская энциклопедия фонда «Хайазг» / под ред. С. Саядов — 2007.
  2. «Մեծ ազգի՝ փոքրիկ մայրը. դիւանագէտ Տիանա Աբգարի կեանքի մասին պատմող ֆիլմը ներկայացուեր է «Ոսկէ ծիրան»-ի լիամեթրաժ ֆիլմերու մրցոյթի մէջ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-10-01-ին։ արտագրուած է՝ 2020-06-30 
  3. 3,0 3,1 3,2 Տիանա Աբգարին մասին Archived 2013-11-01 at the Wayback Machine.(անգլերէն)
  4. «Տիանա Աբգար` Ճափոնի Մէջ Հայաստանի Դեսպան»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2019-08-10։ արտագրուած է՝ 2021-01-12 
  5. Մէջբերման սխալ՝ Invalid <ref> tag; no text was provided for refs named Բախչինեան
  6. Apcar Diana Agabeg (1918)։ On the cross of Europe's imperialism, Armenia crucified։ The Library of Congress։ Yokohama [Printed by the Fukuin printing co., ltd.] 

Աղբիւրներ

Խմբագրել