Նոր Ջուղայի Հայերը

Նոր Ջուղայի Հայերը , հաստատուած են Շահ Աբբաս Ա.ի օրով։ 16-րդ դարուն սկիզբը, Նոր Ջուղայի հայերը տեղափոխուած են Իրանի Սպահանի նահանգը՝ Զայանդերուդ գետի աջ ափին։ Հայ վաճառականներու միջոցով Իրանի եւ օտար պետութիւններու միջեւ առեւտրական եւ քաղաքական կապերը ընդլայնելու նպատակով, Աբբաս Ա. նոր Ջուղային շնորհած է արտոնութիւններ։

Նոր Ջուղայի Վանքը

Նոր Ջուղայի Հայերը 17-րդ Դարուն

Խմբագրել

Բնակավայրը ունեցած է ինքնավարութիւն, շնորհիւ քաղաքապետին եւ անոր տեղակալին, որ դատական գործերը կը վարէր։ Կարճ ժամանակուայ մէջ նոր Ջուղան բարգավաճած է, բնակթութիւնը հասած է աւելի քան 30 հազար բնակիչ եւ երկիրը դարձած է առեւտրական կեդրոն։ Նոր Ջուղայի հայ վաճառականներուն կը յանձնեն իրանական հում մետաքսի արտասահմանեան մենաշնորհը։ 17-րդ դարու կիսուն, շրջանի հայ վաճառականները ստեղծած են «նոր Ջուղայի հայ առեւտրական ընկերութիւն»։ Տնտեսական գործունէութեան զուգահեր, անոնք վարած են դիւանագիտական յանձնարութիւններ։

 
Աբբաս Ա.ի օրով կառուցուած շինութիւն

Կային նաեւ չքաւոր խաւեր, որոնք կը զբաղէին արհեստագործութեամբ։ 1722 թուականին աֆղաններու արշաւանքին ժամանակ, նոր Ջուղան աւերուած է եւ հայերը գաղթած են Հնդկաստան, Ֆրանսա, Աւստրիա, Հոլանտա, Ռուսաստան եւայլն։ 17-18րդ դարերուն Նոր Ջուղան եղած է հայկական մշակութային կարեւոր կեդրոն։

1630-ական թուականներուն Խաչատուր Կեսարացին հիմնած է դպրոց, որ կոչուած է «համալսարան»։ 1638 թուականին հիմնուած է տպարան։ Մեծ դեր խաղցած է Ս. Ամենափրկիչ վանքի դպրոցը, ուր աշակերտները կը սորվին Եւրոպական լեզուներ եւ «վաճառականութեան արուեստ»։ Վանքին մօտ բացուած է մատենադարան, ուր հաւաքուած են բազմաթիւ ձեռագրեր։ Զարգացած են նաեւ որմնանկարչութիւնը, գեղանկարչութիւնը, մանրանկարչութիւնը, ճարտարապետութիւնը, աշուղական ստեղծագործութիւնը։

Նոր Ջուղայի Հայերը 19-20-րդ դարերուն

Խմբագրել
 
Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքը

Նոր Ջուղան եղած է իրանաբնակ, ապա հնդկաստանաբնակ հայերու կեդրոն։ 19-20-րդ դարերուն մնացած է իբրեւ թեմական եւ մշակութային կեդրոն։ 19-րդ դարու 30-ական թուականներուն Նոր Ջուղայի մէջ բնակած է շուրջ 4 հազար հայ։ 1858 թուականին հիմնուած է Օրիորդաց դպրոցը, 1880 թուականին շարք մը դպրոցներ միաւորուած եւ կազմած են Ազգային կեդրոնական դպրոց։ 20-րդ դարու սկիզբը բացուած է Գեւորգ Քանանեան իգական դպրոցը։ 1905-1911 թուականներուն իրանական յեղափոխութենէն ետք աշխուժացած է Նոր Ջուղայի մշակութային կեանքը։ Կառուցուած է թանգարան-մատենադարանի շէնքը (1905)։ 1930-ական թուականներուն ստեղծուած են ազգային ակումբներ, կազմակերպուած երգչախումբեր։ Հրատարակուած են «Նոր Ջուղայի լրաբեր» ամսաթերթը (1904-1908), «Նոր Ջուղայի ավետաբեր (1906-1911), «Ընկեր» (1920) թերթերը եւ 10 անուն ձեռագիր կամ մեքենագիր պարբերականներ։ 1946 թուականէն սկսած է նոր ջուղայի հայերուն ներգաղթը Հայաստան։ 1952 թուականին Նոր Ջուղայի մէջ բնակած է 4675, 1958 թուականին՝ 5 հազար, 1969 թուականին՝ 8 հազար, 1979 թուականին՝ 10 հազար հայ։ Ներկայիս Նոր Ջուղան Սպահանի թաղամասերէն է։ Հայութեան թիւը շուրջ 7 հազար է (2003)։ Հիմնականին մէջ կը զբաղին արհեստներով, տնայնագործութեամբ, զգալի թիւ կը կազմեն ձեռնարկատէրերն ու առեւտրականները, մտաւորականները[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Այս յոդուածը առնուած է «Հայ Սփիւռք» հանրագիտարանէն