Սարգիս Արարատեան
Արարատեան Սարգիս (1 Հոկտեմբեր 1886, Շաքի (քաղաք), Ելիզավետպոլ Նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն - 1943, Պուխարեստ, Ռումանիա), յայտնի հասարակական գործիչ եւ քիմիագէտ:
Սարգիս Արարատեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1 Հոկտեմբեր 1886 |
Ծննդավայր | Շաքի (քաղաք), Ելիզավետպոլ Նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն |
Մահացած է | 1943 |
Մահուան վայր | Պուխարեստ, Ռումանիա |
Քաղաքացիութիւն |
Ռուսական Կայսրութիւն Հայաստան |
Կրօնք | Հայ Առաքելական Եկեղեցի |
Ուսումնավայր | Ժընեւի համալսարան |
Մասնագիտութիւն | քաղաքական գործիչ, քիմիկոս |
Կուսակցութիւն | Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է Նուխի (Կովկաս), 1 Հոկտեմբեր 1884-ին, իր նախնական ուսումը ստացած է նախ տեղւոյն Հայոց ծխական վարժարանը, ապառուսական քաղաքային դպրոցը. Իր քննութիւնը տուած է սպայից վարժարան մտնելու համար Թիֆլիսի պետական կիմնազիոնին մէջ ու ապա Ներսիսեան վարժարանին մէջ տուած աւարտականի քննութիւն: Անցած է Ժընեւ եւ աւարտելով բնական գիտութեանց համալսարանը՝ վկայուած է իբր գիտութեանց տօքթոր՝ մասնագիտութիւն ունենալով քիմիագիտութիւնը:
Պաշտօնավարած է նաւթային ընկերութեանց մօտ իբր տնօրէն եւ նաւթի արդիւնաբերական ընկերութեանց խորհուրդի կողմէ նշանակուած է ներկայացուցիչ, իբր քիմիագէտ, պետական թէքնիք ընկերութեան մօտ:
1903 թուականին յարած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան եւ եկեղեցական կալուածներու գրաւման ընթացքին անդամակցած է Նուխիի շրջանի բողոք կազմակերպող յանձնախումբին, Հայ-Թաթարական կռիւներուն ատեն նոյն շրջանը կազմակերպուած ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան գործին մէջ ստանձնած է ղեկավարի դերը:
Ընդհ. Պատերազմի ընթացքին մասնակցած է կամաւորական շարժման ղեկավարութեան՝ նախ իբր Կեդր. Յանձնաժողովի ներկայացուցիչ Քեռիի բանակին ու Վան արշաւող Արարատեան բանակին մէջ՝ կեդրոնական շտապի անդամ: Այս բանակին հետ մտած է Վան: Վանի նահանջէն յետոյ ռուս կառավարութեան կողմէ, իբր մասնագէտ հրաւիրուած է Պաքուի Ռազմա-արգիւնաբերական կոմիտէին բացած պատերազմ. Քիմիական արտադրութեանց գործարանի փոխտնօրէն եւ քիմիական բաժնի տնօրէն: Այս գործարանը Անդրոկովկասի մէջ առաջին կը գրաւէր:
1917-ի ռուսական յեղափոխութեան ընթացքին եւ անկէ յետոյ ունեցած է ամենալայն ակտիւ գործունէութիւնը հայ զանգուածներու եւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան կազմակերպութեան գործին մէջ՝ Պաքուի շրջանը: Պաքուի հերոսամարտին մէջ Ռոստոմի եւ Ա. Գիւլխանտանեանի հետ ղեկավարած է ինքնապաշտպանութեան շարժումը:
Պաքուի ճակատագրական օրերուն, իբր Պաքուի Ազգ. Խորհուրդի անդամ վարած է անգլիական բանակը Պաքու հրաւիրելու գործը եւ Պարսկաստան երթալով յաջողած է Զօր. Տանթէրվէլի բանակը Պաքու բերել 3 Օգոստոս 1918-ին, որուն շնորհիւ Պաքուն կրցաւ իր ինքնապաշտպանութիւնը շարունակել մինչեւ 15 Սեպտեմբեր:
Եղած է լիազօր ներկայացուցիչ Պաքուի Ազգ. Խորհուրդին՝ Թէհրանի մէջ՝ պարսիկ կառավարութեան եւ Դաշնակից կառավարութեանց դեսպանատանց մօտ: Իսկ Հայաստանի Հանրապետական կառավարութեան կողմէ,1919-ին, նշանակուած է Պարսկաստանի առաջին հայ դեսպան, բայց մերժելով վերադարձած է Հայաստան:
Հայաստանի մէջ յաջողաբար ստանձնած է ելմտական, առեւտրաարդիւնաբերական, պարենաւորման եւ վերջին ճակատագրական շրջանին ներգին գործերու նախարարութիւնները:
Հայաստանի խորհրդայնացումէն յետոյ անցած է Պոլիս, Փարիզ, Լոնտոն, կրկին Պոլիս եւ անկէ 1922-ին Պուքրէշ, ուր ցարդ կը զբաղի իր մասնագիտութիւնով:
Արարատեան հանրային գործերու մէջ մասնակցած է ազգ. Համագումարներու եւ աչքի ինկնող ազգ. Եւ կուսակցական բոլոր ձեռնարկներուն: Ռումանիոյ մէջ զանազան բեմերէ կատարած է բազմաթիւ բանախօսութիւններ հասարակական ու քաղաքական նիւթերու վրայ՝ յոգնախուռն բազմութեանց առաջ:
Գրական մարզի մէջ Արարատեան աշխատակցած է «Ազատամարտ»ի. «Հորիզոն»ի, խմբագրած է Թաւրիզի «Առաւօտ»ը, Եւրոպայի Հայ Ուսանողական Միութեան օրկան «Ուսանող» պարբերականը, Պաքուի «Արեւ»ը: Աշխատակցած է նաեւ արտասահմանեան զանազան պարբերաթերթներու:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Բ., էջ 263: