Շաքի (քաղաք)
Շաքի, քաղաք՝ Աղուանքի հիւսիս-արեւմտեան կողմը գտնուող: Իր շրջակայ գիւղերով հայաշատ էր եւ հարուստ` հայրենի պատմական յիշատակարաններով:
Բնակավայր | |||
---|---|---|---|
Շաքի | |||
ազրպ.՝ Şəki | |||
| |||
Երկիր | Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն | ||
Elkhan Usubov? | |||
Տարածութիւն | 9 քմ² | ||
ԲԾՄ | 545±1 մեթր | ||
Պաշտօնական լեզու | ազրպէյճաներէն | ||
Բնակչութիւն | 68 360 մարդ (2017) | ||
Ժամային գօտի | UTC+4։00 | ||
Հեռախօսային ցուցանիշ | +994 2424 | ||
Փոստային ցուցանիշ | AZ5500 | ||
Շրջագայութեան պետ-համարագիր | 55[1] | ||
Պաշտօնական կայքէջ | sheki-ih.gov.az/az(ազրպ.) | ||
Շաքիի շրջակայ գիւղերէն անուանի է յատկապէս Քիշը, որուն առաքելահիմն եկեղեցին եղած է մեծ ուխտատեղի:
Պատմութիւն
ԽմբագրելՇաքի գաւառը կ'ընդգրկէ Օրաբան, Արջկան եւ Կախաւան գետերուն միջեւ, Կովկասեան լեռնաշղթային հարաւահայեաց լանջերէն մինչեւ Զարղունի դաշտ երկարող գօտին[2]:
Շաքի քաղաքը կը գտնուի Կովկասեան լեռնաբազուկներու միջեւ, 700 մեթր բարձրութեամբ հովիտի մը մէջ: Արեւմտեան կողմէն կը հոսի Քիշ գետը, իսկ քաղաքին մէջէն` Գուջանան գետը:
Շաքիի մէջ հայեր ապրած են պատմութեան հին դարերէն: Շաքիի թեմը յիշուած է Ե. դարէն սկսեալ. առաջնորդներ եղած են Եղիազար (680-686) եւ Միքայէլ (705-742) եպիսկոպոսները, որոնք նաեւ Աղուանից կաթողիկոսներ եղան:
Տարօնի Աշոտ Բագրատունի իշխանի որդիները Ը. դարուն Շաքիի մէջ իշխանութիւն կը հաստատեն, որ կը գոյատեւէ մինչեւ Ժ. դար:
Շաքիի իշխանութեան բնակիչները մեծամասնութեամբ հայեր եւ հայախօս դարձած աղուաններ էին:
Արաբական տիրապետութեան ժամանակ Շաքիի մէջ իշխանութիւն կը հաստատէ Սահլ Սմբատեան Առանշահիկ իշխանը:
Լոռիի Կիւրիկեանները 1038-ին տիրապետութիւն կը հաստատէ Շաքիի վրայ, որ կը գոյատեւէ մինչեւ 1105:
Շաքիի բնակչութիւնը ժամանակի ընթացքին կը ստուարանայ Արցախէն, Ագուլիսէն եւ Խոյէն տեղափոխուած հայերով:
Տիրող իշխանութիւններ
ԽմբագրելՎրացական Դաւիթ Դ. թագաւորին բանակը 1117-ին կը գրաւէ Շաքին:
Շաքիի մէջ ԺԳ. դարուն իշխանութիւն կը հաստատեն Շիրվանշահները:
Մոնկոլական արշաւանքներէն ետք, ԺԴ. դարուն Շաքիի մէջ իշխանութիւն կը հաստատէ Օյրաթ ցեղին մէկ հատուածը: Լենկ-Թիմուր 1392-ին կը գրաւէ Շաքին եւ կը սպաննէ անոր տիրակալ Սէյիտ Ալին:
Պարսից շահ Իսմայիլ Ա., որ 1501-ին հիմնած էր Սեֆեան հարստութիւնը, մինչեւ 1510 կ'ամբողջացնէ Աղուանքի նուաճումը: Շաքիի տեղացի իշխողները կը պահեն իրենց ինքնավարութիւնը: Շահ Թահմասպ Ա. 1551-ին ջնջեց Շաքիի ինքնավարութիւնը եւ ղզլպաշ կառավարիչ նշանակելով շրջանը Սեֆեւիներու թագաւորութեան կը միացնէ: Այնուհետեւ Ղաջար ցեղէն պէյլէրպէկիներ Շաքիի կառավարիչներ կ'ըլլան:
Օսմանցիք 1578-ին, 1603-ին եւ 1724-էն 1735 կը գրաւեն Շաքին:
Խանութիւն
ԽմբագրելՀաճի Չելեպի, որ իսլամացած հայ էր, Բարսեղ քահանայի թոռը եւ Ղուրպան բէկի որդին, եւ 1741-1743-ին մասնակցած էր Նատիր շահի տաղստանեան արշաւանքին, 1743-ին Շաքիի խանութիւնը կը հիմնէ:
Հաճի Չելեպի Արցախի մելիքներուն հետ կը դաշնակցի, ընդդէմ Ղարաբաղի Փանահ Ալի խանին:
Շաքի հզօր խանութիւն կը դառնայ եւ իրեն կ'ենթարկէ շրջակայ շարք մը ցեղապետութիւններ:
Խանութեան պաշտօնական լեզուն պարսկերէնն էր:
Խանութիւնը իր սեփական դրամը ունէր:
Շաքիի խանութեան բնակչութիւնը կը կազմէին թրքական ցեղային խմբաւորումներ, հայեր, լեզգիներ եւ լեռնային հրեաներ:
Շաքիի խանութեան եւ Ռուսաստանի միջեւ 1805-ին դաշինք մը կնքուի, որմէ ետք Ջաֆար Ղուլի Տոնպոլի 1806-ին Շաքիի խան կը հռչակուի:
Շաքիի խանութիւնը Գիւլիստանի 1813-ի դաշնագիրին հիմամբ Ռուսական կայսրութեան կը միացուի եւ 1819-ին կը ջնջուի:
Շաքիի հայկական քաղաքամասը
ԽմբագրելՇաքիի հայկական քաղաքամասը, որ կ'ընդգրկէր քաղաքին ստորին մասը, երկու թաղերէ բաղկացած էր, որոնք Գուջանան գետով բաժնուած էին իրարմէ:
Գետին արեւմտեան կողմը տարածուող գօտին կը կոչուէր Արեւմտեան թաղ կամ Էն Ղոլի գեղ, իսկ արեւելեան կողմը տարածուող գօտին` Արեւելեան թաղ կամ Էս Ղոլի գեղ:
Արեւմտեան թաղին մէջ կը գտնուէր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, որ աւելի ծանօթ էր իբրեւ Ղարիբականաց եկեղեցի: Հոյակերտ եկեղեցւոյ կառուցումը, «արդեամբ ղարիբականաց», սկսած էր 1808-ին եւ աւարտած 1833-ին:
Եկեղեցւոյ ընդարձակ բակին մէջ ամփոփուած են պանդուխտ հայ ննջեցեալներ:
Հոն կայ Ռուսական բանակի ականաւոր զօրավար Իվան (Յովհաննէս) Լազարեւի հօր` Դաւիթ Լազարեանի մահարձանը, որուն վրայ արձանագրուած է.
Եկեղեցւոյ կողքին, աջ եւ ձախ կողմերը Սուրբ Մարիամեան օրիորդաց դպրոցն էր եւ Տղայոց ուսումնարանը:
Արեւելեան թաղին մէջ կը գտնուէր Սուրբ Մինաս առաջնորդանիստ եկեղեցին, որ ծանօթ էր իբրեւ Բնիկ քաղաքացոց եկեղեցի:
Շաքիի հայոց բնակարանները տանձի, խնձորի, սերկեւիլի, զղեարի ծառերով ու խաղողի այգիներով շրջապատուած էին:
Շաքի քաղաքը 1820-ական տարիներու տուեալներով ունէր 319 տուն, աւելի քան 1500 հայ բնակիչ: 1897-ի համառուսաստանեան առաջին մարդահամարի տուեալներով քաղաքի հայ բնակչութեան թիւը 4186 հոգի էր:
Շաքիի մէջ մետաքսաթելի տասներեք գործարաններ կային, որոնցմէ ութը հայերուն կը պատկանէր: Մետաքսաթելի ամենամեծ գործարանը Տէր Գէորգեան եղբայրներու հաստատութիւնն էր, ուր աշխատողներուն քանակը կը հասնէր երեք հարիւրի:
Շաքի վաճառաշահ քաղաք էր յատկապէս ամրան եւ աշնան եղանակներուն: Հոն կը վաճառուէին շրջակայ գաւառներուն մետաքսեայ թելերը եւ Տաղստանի տեսակաւոր շալերը:
Շաքիի ճարտարապետական յուշարձաններէն են Խանական պալատը, Վերին եւ Վարին կարաւանատուները եւ չորս բաղնիքներ:
Շաքիի հայոց հին գերեզմանատան մէջ կը գտնուէր Սուրբ Հռիփսիմէ մատուռը, որուն շինութեան թուականը անյայտ է. նորոգուած է 1833-ին[3]: