Օդը - մեզ շրջապատող օդը գլխաւորաբար կը բաղկանայ թթուածինէ եւ բորակածինէ։ Կենդանիներու մեծամասնութիւնը թթուածինի պէտք ունի։ Անոնք կը ներշնչեն կամ մթնոլորտի կամ ծովու թթուածինը եւ կ'արտաշնչեն բնածխային կազ եւ ջրաշոգի։ Օդն է, որ կարելի կը դարձնէ մեր լսողութիւնը, որովհետեւ պարապութեան մէջ ձայնը չի լսուիր։

Օդի աղտոտուածութիւնը ժամանակակից բնապահպանական հիմնախնդիրներէն է։

Մթնոլորտ

Խմբագրել

Երկիրը շրջապատող մթնոլորտը մեզ կը պաշտպանէ արեւուն վնասակար ճառագայթներէն։ Բայց, ան նաեւ կը ներծծէ արեւուն ջերմութիւնը, կը տաքցնէ մեր մոլորակը եւ թոյլ չի տար, որ ան գիշերը սաստիկ կերպով պաղի։

Օդը անհրաժեշտ է կեանքին համար: Թթուածինը անհրաժեշտ է շնչառութեան եւ այրումներուն համար։ Բորակածինը, որ կը տրամադրուի անձրեւի կաթիլներու եւ հողի մանրաճճիներու միջոցաւ, կ'օգտագործուի բոյսերուն կողմէ։

Թռուցիկ

Խմբագրել

Թռուցիկը կը թռչի, երբ շարժումի մէջ գտնուող օդը, այսինքն հովը, զայն կը մղէ դէպի երկինք։ Հելիում կազով լեցուած օդապարիկ մը երկինք կը բարձրանայ, որովհետեւ հելիումը օդէն աւելի թեթեւ է։

Օդալից մակոյկներ

Խմբագրել

Օդալից մակոյկները օդով լեցուած են։ Ջուրին վրայ կը ծփան օդին թեթեւութեան պատճառով։

Ծփաթիռներ

Խմբագրել

Տաք օդը պաղ օդէն աւելի թեթեւ է։ Ծփաթիռ մը կ'օգտուի բարձրացող տաք օդի հոսանքներէն՝ սաւառնելու համար։ Ձկնկուլը ծփաթիռ թռչուն մըն է, որ ովկիանոսներու վրայ կը սաւառնի։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտարան, Արամ Սեփեթճեան եւ Լեւոն Թորոսեան, 2001-2002, էջ 20-21