Մեծ Պահոց շրջանը ինքնաքննութեան եւ խոկումի ժամանակաշրջան է, երբ հաւատացեալները ո՛չ միայն որոշ ուտելիքներէ կը հրաժարին, այլեւ՝ հեռու կը մնան մարմնական հաճոյքներէն, ապաշխարութեամբ ու աղօթասացութեամբ չափաւոր եւ զուսպ կեանք մը կը վարեն:

Քառասուն օրերը կապուած են Քրիստոսի անապատ քաշուած միջոցին քառասնօրեայ ծոմապահութեան, աղօթքի եւ ապաշխարութեան շրջանին, ինչպէս նաեւ` Ս. Գիրքին մէջ յաճախ յիշուող 40 խորհրդանշական թիւին հետ: Իրականութեան մէջ քառասնօրեայ պահքը 47 օր կը տեւէ, իսկ 48-րդ օրը` Ճրագալոյց, Ս. Զատկուան նաւակատիքն է: Քառասնօրեայ պահքին օրերը կը կոչուին «Աղեւացքի օրեր», այսինքն` Մեծ պահքը աղով ու հացով անցընելու ժամանակաշրջան: Ժամանակին աղ ու հացով կ'ապրէին ճգնաւորներն ու անապատականները:

Պահքի գաղափարը առաջին անգամ յիշուած է հրեայ ժողովուրդին կրօնական կեանքին մէջ։ Ղուկասու Աւետարանին Փարիսեցիին եւ Մաքսաւորին առակին մէջ կը յիշուի, թէ Փարիսեցին շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահէր։

Պահքին Նպատակը Խմբագրել

Հիմնական յօդուած՝ Պահք

Մեծ պահքը հայ եկեղեցւոյ մէջ սննդականոնային կամ առողջապահական մտահոգութիւններով չէ հաստատուած: Անիկա  հաստատուած է Քրիստոսի օրինակին հետեւողութեամբ, երբ Ան իր քարոզչութիւնը սկսելէ առաջ, քառասուն օրեր շարունակ մեկուսացած է անապատին մէջ, ինքզինք կերակուրէ զրկած եւ աղօթքով ապրած՝ հոգեպէս զօրանալու համար: Ուրեմն, Քրիստոսի հետեւողութեամբ, հարկ է գիտնալ եւ գիտակցիլ, որ պահքը ամէնէն առաջ հոգեւոր վերանորոգութեան իւրայատուկ առիթ մըն է, որ անպայման հոգեւոր կեանքը ազնուացնելու պէտք է ծառայէ[1]:

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցին պահքը հաստատած է երկու նպատակներով.

  1. Հոգեւոր զօրութեան,
  2. Մարմնական առողջութեան:

Պահեցողութիւնը մարդ արարածի հոգիին եւ հոգեկան առողջութեան կը նպաստէ։ Եթէ ինքնազրկումը չխախտի եւ հաւատացեալը դիմանայ ըստ պատշաճի պահելու պահքը՝ իր կամքին զօրացման համար մարզանք ըրած եւ օգուտ բերած կ'ըլլայ։

Պահեցողութիւնը ամբողջական դարձ է առ Աստուած, այսինքն՝ կը նշանակէ հրաժարիլ ամէն տեսակի գայթակղեցուցիչ եւ հոգին աղարտող սովորութիւններէն (աշխարհիկ հաճոյքներէն, շատախօսութենէն, ստախօսութենէն, մոլի սովորութիւններէն, եւ այլ մեղքերէն) եւ հետամուտ ըլլալ բարեգործութեան:

Պահքը, Քրիստոսի հասկացողութեամբ, արտաքին երեւոյթով լոկ իմանալի եւ պահելիք բան չէ, այլ` ներքին, հոգիի հաւատքով ըմբռնելի եւ կատարելի իրողութիւն: Պահեցողութիւնը մարդ արարածը կը վարժեցնէ ժուժկալութեան: Յովհաննէս Մանդակունի հայրապետ կը բնորոշէ պահքի հասկացողութիւնը քրիստոնէական ըմբռնման մէջ.

  Խիստ պահեցողութիւնը, երկաթէ ջիղերու նման, կը պահպանէ վարք ու կենցաղի առաքինութիւնները եւ հաւատքի ամրութիւնը, որովհետեւ ան աննուաճելի աշտարակ է թշնամիին դէմ եւ ամուր պարիսպ` սատանային նետերուն դիմաց:  


 
լուբիա

Արդարեւ, պահք պահելով մարդ արարած հոգ տարած կ'ըլլայ մարմինի եւ հոգիի առողջութեան հաւասարապէս։

Մարմինը առողջ կ'ըլլայ, հաւատքը՝ ամուր, խիղճը՝ հանգիստ, կամքը՝ պինդ։ Հաւատացեալը իր ուշադրութիւնը կը դարձնէ մարդկային, հոգեւոր եւ աստուածային ճշմարտութիւններու եւ արժէքներու վրայ։

 
Ոսպ
Մեծ Պահքը Ունի Եօթ Յիշարժան Կիրակիներ Խմբագրել

Հիմնական յօդուած՝ Մեծ Պահքի Կիրակիներ

Բուն Բարեկենդան, Արտաքսման, Անառակին, Անիրաւ Տնտեսին, Անիրաւ Դատաւորին, Գալստեան եւ Ծաղկազարդ։

Մեծ Պահքին Բարեկենդանը Կը Կոչուի՝ Բուն Բարեկենդան Խմբագրել

Անիկա կը նախորդէ ամէնէն կարեւոր պահքին։ Բարեկենդանը կենդանական եւ ճոխ ուտելիք գործածելու վերջին օրն է, մարդու երջանկութեան յիշատակն է, ուր դրախտին մէջ Ադամն ու Եւան վայելած էին։ Անիկա նաեւ դրախտային կեանքի օրինակ է, ուր մարդուն արտօնուած էր, ճաշակել բոլոր պտուղները. Բարեկենդանը առաքինութիւններու արտայայտութիւնն է. այդ օրը մարդիկ սուգէն կ'անցնին ուրախութեան, չարչարանքէն խաղաղութեան։ Այս ընկալումով է, որ իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ անհատի համար, խոնարհումով, ապաշխարութեամբ, պահքով եւ ողորմութեան յոյսով կը սկսի Մեծ Պահքի ճանապարհը եւ կը տեւէ 48 օր, Բարեկենդանէն մինչեւ Ս. Յարութեան (Սուրբ Զատկուան) տօնը։

Պահքին 40 Օրերու Խորհրդանիշը Խմբագրել

Քրիստոսի քառասուն օրերը կը խորհրդանշեն անապատի աղօթքը, ծոմապահութեան եւ ապաշխարհութեան շրջանը: Քառասնօրեայ պահքին կը յաջորդէ մէկ շաբթուան պահքի շրջան մը, որն է «Աւագ Շաբաթ»ը, որ կ'ընդգրէ, Փրկիչին երկրային կեանքի վերջին կարեւորագոյն իրողութիւնները, Յաղթական Մուտքը Երուսաղէմ (Ծաղկազարդ), Վերջին Ընթրիքը, Մատնութիւնը, Չարչարանքը, Խաղաղութիւնը, Մահը, Թաղումը, եւ ի վերջոյ հրաշափառ Յարութիւնը՝ Ս. Զատիկը:

Մեծ Պահքի Շարականներ Խմբագրել

Մեծ Պահքի ընթացքին, շարականի յատուկ երգեցողութիւն տեղի կ'ունենայ ամէն օր, հիմնականօրէն խաղաղական ժամերգութեան ընթացքին, որն է՝ «Շնորհեա մեզ Տէր» շարականը, Ս. Ներսէս Շնորհալի կաթողիկոսին հեղինակութեամբ։

  Շնորհեա' մեզ, Տէ'ր, ի գիշերի զերկնային զխաղաղութիւն քո եւ պահեա' զմեզ ի պատրանաց թշնամւոյն ամենայաղթ զօրութեամբ սուրբ խաչի քոյ։

Տէ'ր Աստուած փրկութեան իմոյ, ի տուէ կարդացի եւ գիշերի առաջի քոյ։ Մտցեն աղօթք իմ առաջի քոյ, Տէ'ր, խոնարհեսցի ունկն քո ի խնդրուածս իմ։

Եկեսցէ առ մեզ, Տէ'ր, պահապան ի քէն եւ պահեսցէ զմեզ յամենայն ժամ։ Առաքեա' ի մեզ, Տէ'ր, զզօրութիւն սրբոյ խաչին, որ պահեսցէ զմեզ յամենայն ժամ։

Արժանի' արա, Տէ'ր, զցերեկս զայս խաղաղութեամբ եւ առանց փորձութեան անցո' զմեօք։ Արժանաւորեա', Տէ'ր, զգիշերս զայս խաղաղութեամբ եւ առանց մեղաց պահելով զմեզ։

Ընդ մեզ Տէր Աստուած, գիտասչի'ք, հեթանո'սք, եւ պարտեցարուք, զի Աստուած ընդ մեզ է։ Եւ լուարո'ւք զայս ի ծագաց մինչեւ ի ծագս երկրի, զի Աստուած ընդ մեզ է։ Եւ հզօրացեալքդ պարտեցարուք, զի Աստուած ընդ մեզ է ։

Եւ զի թէպէտեւ դարձեալ զօրանայք, դարձեալ ի պարտութիւն մատնեսջիք, զի Աստուած ընդ մեզ է։ Եւ զխորհուրդն, զոր խորհիք, խափանէ Տէր, զի Աստուած ընդ մեզ է։ Եւ զբանն, զոր խօսիք, մի' մնասցէ առ ձեզ, զի Աստուած ընդ մեզ է ։

Եւ քանզի յերկիւղէ ձերմէ մեք ո'չ երկիցուք եւ ո'չ խռովիցուք, զի Աստուած ընդ մեզ է։ Եւ զՏէր Աստուած մեր փառաւոր արասցուք, եւ նա եղիցի մեզ յերկիւղ, զի Աստուած ընդ մեզ է։

Եւ յուսացեալ եղիցուք մեք ի նա, եւ նա եղիցի մեզ ի սրբութիւն, զի Աստուած ընդ մեզ է։ Եւ յուսացեալ եղիցուք մեք ի նա, եւ նա եղիցի մեզ ի փրկութիւն, զի Աստուած ընդ մեզ է։

Եւ ահաւասիկ ես եւ մանկունք իմ, զոր ետ ինձ Աստուած, զի Աստուած ընդ մեզ է։ Եւ ժողովուրդ, որ նստէր ի խաւարի, ետես զլոյս մեծ զի Աստուած ընդ մեզ է։

Եւ որ բնակեալդ էք ի խաւարի եւ ի ստուերս մահու, լոյս ծագեսցի առ ձեզ, զի Աստուած ընդ մեզ է։ Եւ քանզի մանուկ ծնաւ, Որդի եւ տուաւ մեզ, զի Աստուած ընդ մեզ է ։

Եւ որոյ իշխանութիւն իւր ի վերայ ուսոց իւրոց, զի Աստուած ընդ մեզ է։ Եւ որ կոչի անուն նորա մեծի խորհրդոյ հրեշտակ, զի Աստուած ընդ մեզ է։

Եւ սքանչելի խորհրդակից, զի Աստուած ընդ մեզ է։ Եւ Աստուած հզօր իշխան, զի։ Եւ իշխան խաղաղութեան, Հայր հանդերձելոյ յաւիտենին Տէր Աստուած ընդ մեզ է։

Եւ փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։

 


Մեծ Պահքը Իր Արարողութիւններով (Արեւագալ, Հսկում, Միջինք) Խմբագրել

Դարերէ ի վեր մեզի փոխանցուած՝ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ արարողութիւններուն հոգեթով ներշնչումով կը շարունակուին Մեծ պահոց յատուկ արարողութիւնները։

Արեւագալի Արարողութիւն Խմբագրել

Առաւօտեան ժամերուն, մեր եկեղեցիներէն ներս տեղի կ'ունենայ վեց շաբաթներու վրայ, շաբաթական երկու ժամերգութիւններով եւ մեղքերէ հեռու մնալու «Հրաժարիմք» աղօթքով:

Միջնադարեան սրբազան գրականութիւնը կը հնչէ Մեծ պահոց շաբաթներուն, Արեւագալի լոյսին փառաբանանքով. «Լոյս, Արարիչ լուսոյ, առաջին լոյս»։

Հսկումի Արարողութիւն Խմբագրել

Նոյնպէս շաբաթական երկու երեկոներ՝ Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ երեկոները յատուկ ժամերգութեամբ կը փառաւորուին սուրբ հայրերուն ստեղծագործած աղօթքները։

Ժողովուրդին սիրած աղօթքի պահն է, Աստուծոյ հետ զրուցելու ժամը, մանաւանդ երբ Գրիգոր Նարեկացին է յիշեցնողը «Ընկալ քաղցրութեամբ, Տէր Աստուած հզօր, զդառնացողիս զաղաչանս»: Նարեկացիին խնդրանքները կը շարունակուին։ Քիչ ետք Ներսէս Շնորհալին կը խօսի իր «Հաւատով խոստովանիմ» 24 տուներէ բաղկացած սքանչելի աղօթքով։

Միջինքը Խմբագրել

Մեծ պահոց եօթը շաբաթներուն կէսը յիշեցնող օրն է, որ կը զուգադիպի Չորեքշաբթի օրուան։ Եկեղեցական տօն մը չէ, չունի յատուկ արարողութիւն, որովհետեւ պարզապէս թուական մը կը յիշեցնէ[2]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել