Ծաղկազարդ (ծառզարդար, ծառկոտրուկ), գարնանային բացօթեայ տօնախմբութիւններու սկիզբը ազդարարող եկեղեցական եւ ժողովրդական տօն։

Ծաղկազարդ

Տեսակ Պաշտօնական տօն եւ Քրիստոնեական տոն?
Ենթադաս կիրակի? եւ Q124654547?
Ամսաթիւ Զատկից մեկ շաբաթ առաջ?
Անուանուած է արմաւենիի ոստ
Ի յիշատակ Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ
Նախորդ Գալստեան Կիրակի
Յիսուս Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ, ԺԴ. դարու Աւետարան

Կը կատարուի Ս. Զատիկէն մէկ շաբաթ առաջ՝ նշելու «Ք­րիս­տո­սի յաղ­թա­կան մուտ­քը՝ Ե­րու­սա­ղէմ»։

Ծաղկազարդին հայոց եկեղեցիները կը զարդարուին ուռենիի ճիւղերով, առաւօտեան կը կատարուի ժամերգութիւն եւ Անդաստանի կարգ, որմէ ետք օրհնուած ձիթենիի ճիւղեր կը բաժնուին հաւատացեալ ժողովուրդին, որոնք կը պահուին մինչեւ յաջորդ Ծաղկազարդ։ Ճիւղերուն կը վերագրուի բարիքի, առատութեան եւ պտղաբերութեան հմայական զօրութիւնը։ Հաւատալով, որ անոնցմով կ'աւելնայ իւղը, կը բազմանայ կաթնատուութիւնը եւ ձուատուութիւնը, ժամանակին անոնք դրուած են խնոցներու, մսուրներու եւ հաւնոցներու մէջ։ Անդաստանի արարողութեամբ կ'օրհնուին աշխարհի չորս կողմերը, յատկապէս՝ Հայոց Հայրապետութիւնը, հայրենիքը, քաղաքներն ու գիւղերը իրենց բնակիչներով, վանքերը, արտերը եւ տարուան բերքը։ Անդաստանի արարողութիւնը տարուան ընթացքին կը կատարուի 25 անգամ։

Ծաղկազարդի երեկոյեան կը կատարուի Դռնբացէքի արարողութիւնը, որուն ընթացքին, «Բաց մեզ, Տէր, զդուռն ողորմութեան» շարականին ներքոյ, կը բացուին եկեղեցիներու խորաններուն վարագոյրները՝ խորհրդանշելով Տիրոջ երկրորդ գալուստը, աշխարհի վախճանը եւ Վերջին դատաստանը։ Ժամանակին այս արարողութիւնը կատարուած է եկեղեցւոյ փակ դրան առջեւ։ Կը կարդացուի «Երգ Երգոցի» մէկ հատուածը ամբողջութեամբ: Դռնբացէքի արարողութիւնը խօսակցութեան, հարց ու պատասխանի ձեւ ունի. «դռնբացէք» կը կոչուի, քանի որ անմիջականօրէն կապ ունի դրան հետ: Դուռը կամ վարագոյրը կը խորհրդանշեն երկինքի արքայութեան դռները, որոնցմէ դուրս գտնուող ժողովուրդը արքայութիւն մտնելու արտօնութիւն կը խնդրէ Աստուծմէ:

Ծաղկազարդը, մեր հայրապետներուն տնօրինութեամբ, հռչակուած է մանուկներու օրհնութեան օր, որովհետեւ երբ Տէրը Երուսաղէմի տաճար կը մտնէր, մանուկները կ'աղաղակէին ըսելով. «Օրհնութի՜ւն, Դաւիթի որդիին» (Մատթ. 21:15)[1]:

Այդ օրը մանուկները կը հագնին իրենց տօնական հագուստները, փոքրերը զարդարուն մոմերով կ'ուղղուին եկեղեցի եւ կը մասնակցին թափօրին:

Ծաղկազարդի տօնէն ետք, Երկուշաբթիէն մինչեւ Ս. Յարութեան տօնը կը կոչուի Աւագ Շաբաթ:

Տօնին արմատներն ու խորհուրդը

Խմբագրել

Կ'ենթադրուի, որ նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանին տօնը նուիրուած է ջուրի եւ անձրեւի աստուածուհի Նարին։ Նար պտղաբեր անձրեւներ կ'ուղարկէր երկիր։ Երաշտի ատեն մարդիկ տիկնիկներու եւ ծիսական երգերու ուղեկցութեամբ մաղթանքներ կ'ուղղէին Նարին, որպէսզի ան անձրեւ տար դաշտերուն։ Ծէսին մաս կազմող տիկնիկը ունէր տարբեր անուններ՝ Նուրի, Հուրի, Խուճկուրուրիկ, Չիչի-մամա, Ճիճի-մումա եւ այլն[2]:

 
Ծաղկազարդին բաժնուող ուռենիի ճիւղեր

Ծաղկազարդը եղանակի՝ գարնան պաշտամունքի տօն էր։ Անիկա նուիրուած էր ոչ միայն ջուրին, այլեւ՝ ծառին ու ծաղկունքին։ Ծառի պաշտամունքը փոխանցուած է սերունդէ սերունդ եւ համարուած՝ բնութեան կենդանութեան ու վերապրումի արգասիքը։ Տօնին իբրեւ հիմք ծառայած է նաեւ Կենաց ծառի գաղափարը։ Անիկա կը շեշտէ կեանքի վերընթաց զարգացումը՝ ծնունդէն մինչեւ ծաղկունք ու պտղաբերութիւն։ Անոր բարձրագոյն նպատակը անմահութիւնն է։

Տիեզերական կամ Կենաց ծառի գաղափարը ունեցած է նաեւ Ամանորի տօնածառն ու Վարդավառի խնդումը։ Ամանորին ծառը զարդարած են չիրերով ու միրգերով, իսկ Ծաղկազարդին՝ փունջ- փունջ հաւկիթներով, որոնք ունեցած են նաեւ չարխափան նշանակութիւն։ Ծաղկազարդին ընդունուած է ծառերը զարդարել գունաւոր լաթերով։ Այդ պատճառով է, որ տօնը ստացած է Ծառզարդար անուանումը։ Ծառի պաշտամունքը շարունակուած է քրիստոնէական շրջանին, որուն ապացոյցն է «Տաճար մայրիի» (անտառի տաճար) անունը ստացած եկեղեցին՝ Խոսրովի արգելոցին մէջ։

Քրիստոնէութեան ընդունումէն ետք, տօնը յարմարցուած է քրիստոնէութեան գաղափարախօսութեան եւ նշուած իբրեւ Յիսուս Քրիստոսի՝ Երուսաղէմ մտնելու օր, երբ զինք դիմաւորած են ձիթենիի կանաչ ոստերով, զոր կը նկարագրեն բոլոր աւետարանիչները[3].

  Եւ բազում ժողովուրդ իրենց զգեստները փռեցին ճամբուն վրայ, իսկ ուրիշներ ծառերէն ճիւղեր կը կտրէին ու կը սփռէին ճամբուն վրայ։
- (Մատթ. 29։99)
 


Ժողովուրդին բազմութիւնը կ'աղաղակէ ու կ'ըսէ.

  Ովսաննա, օրհնեա՛լ ըլլաս դուն, որ կու գաս Տիրոջ անունով:
- (Յովհ.12։13)
 


Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտք գործելուն նպատակը

Խմբագրել

Ելից 12.4-6-ի մէջ Աստուած հրամայած էր նիսան (Մարտ-Ապրիլ) ամսուան տասներորդ օրը իւրաքանչիւր անհատ անարատ եւ արու գառնուկ առնէ եւ զայն պահէ իր մօտ` մինչեւ այդ ամսուան տասնչորսերորդ օրը եւ երեկոյեան զոհաբերէ զայն: Այս օրինակը ցոյց կու տայ, որ հրեաները իրենց զատկական գառնուկը տօնակատարութենէն հինգ օր առաջ կը զոհաբերէին: Յիսուս Քրիստոս Երուսաղէմ մուտք կը գործէ իր խաչելութենէն միայն հինգ օր առաջ` ինքզինք զոհաբերելու իբրեւ զատկական նոր գառնուկ: Զանազան առիթներով հրեաները կ'ուզէին զԻնք քարկոծել, բայց Քրիստոս միշտ ալ խոյս կու տար, որովհետեւ` «տակաւին ժամանակը չէր հասած»: Երբ ժամանակը իր լրումին կը հասնի, Ինք Իր կամքով կ'ուղղուի դէպի Երուսաղէմ, Հօր` Աստուծոյ կամքը կատարելու[4]:

Երուսաղէմ յաղթական մուտքի ընթացքին Քրիստոս իշու մը վրայ կը նստի, որպէսզի իրականանայ Եսայի մարգարէի գիրքին մէջ գրուածը, թէ`

  Ահա թագաւորդ քեզի կու գայ. ան հեզ է, նստած իշու մը` աւանակի մը վրայ:
- (Մտ 21.5)
 

Աւետարանը նաեւ կը վկայէ, որ`

  Ժողովուրդէն շատեր իրենց վերարկուները կը փռէին:  


Յիսուսին աւանակի վրայ նստելուն խորհուրդը
Խմբագրել

Աւանակը խաղաղութեան խորհրդանիշ է, ինչպէս բազմաթիւ եկեղեցւոյ հայրեր կը վկայեն: Քրիստոս յիշեալ արարքով կ'ուզէ ցոյց տալ, թէ Ի՛նքն է խաղաղութեան հայրը եւ խաղաղութիւն բաշխողը համայն աշխարհին: Երուսաղէմը այդ օրերուն եւս քաղաքական ու ընկերային անխաղաղ վիճակ մը ունէր: Բայց Քրիստոս կ'ուզէ անոնց ցոյց տալ, որ Ինք չէր եկած սուրով յաղթանակ տանելու, այլ եկած էր սիրոյ, համերաշխութեան, խաղաղութեան եւ ինքնազոհողութեան խորհուրդը հաստատելու մարդոց հոգիներուն մէջ:

Եկեղեցին ձիթենիներով զարդարելու խորհուրդը
Խմբագրել

Ձիթենին խաղաղութեան եւ հաշտութեան նշան է: Եկեղեցին ձիթենիներով կը զարդարեն, որովհետեւ անիկա միակ վայրն է, ուր կարելի է խաղաղութեամբ զարդարուիլ եւ Աստուծոյ հետ հաշտութեան կնիք մը ունենալ: Եկեղեցին խաղաղութեան վայր է, որովհետեւ անոր գլուխը` Քրիստոս խաղաղութեան Արքան է:

Ձիթենին ընդունուած է իբրեւ իմաստութեան, խաղաղութեան, յաղթանակի եւ փառքի խորհրդանշան: Մեռեալ Ղազարոսին յարութիւն տուած Քրիստոսին ձիթենիի եւ արմաւենիի ճիւղերու ընծայումը կը խորհրդանշէ մահուան հանդէպ յաղթանակը:

Ծաղկազարդը կը խորհրդանշէ նաեւ արարչութեան առաջին օրը, երբ Աստուած կը ստեղծէ երկինքն ու երկիրը, եւ լոյսը տարածուելով՝ կը հալածէ խաւարը:

Յիսուսի առջեւ հանդերձներ փռելուն խորհուրդը
Խմբագրել

Ըստ Եկեղեցւոյ հայրերուն՝ Յիսուսի առջեւ հանդերձներ փռելը կը խորհրդանշէ մեղքերը Քրիստոսին խոստովանիլը: Ոստեր եւ ճիւղեր ընծայելը ընդհանրապէս իւրայատուկ պատիւներ եւ հանդիսաւորութիւն կը նշանակէր:

Աւանդութիւններ

Խմբագրել

Նորապսակ երիտասարդները եւ նշանուած տղաները շաբաթ լոյս Կիրակի կէս գիշերին արմատախիլ կ'ընէին բողբոջած ուռենիները եւ կը բերէին տուն։ Եկեղեցիները եւս կը զարդարէին ուռենիի ճիւղերով, իսկ եկեղեցւոյ բակը՝ ճիւղերէ մեծ կոյտ մը կը շինէին։ Այդ օրը աղջիկները եկեղեցի կու գային նոյն օրը իրենց հաւաքած ծաղիկներով։

 
Քահանան կ'օրհնէ ուռենիի ճիւղերը
 
Ուռենիի ճիւղեր

Այդ օրը կարելի էր ամէնուր լսել տղաներու եւ պատանիներու ձեռքով պատրաստուած ճռացող ինքնաշէն խաղալիքներու՝ կարկաչաներու ու ճեռերու ձայներ։

Մարդիկ, մոմերը իրենց ձեռքերուն, կը խմբուէին եկեղեցւոյ եւ անոր բակին մէջ, եւ կէս գիշերին կը սկսէր ուռենիի ճիւղերը օրհնելու ծէսը։

Յաճախ Ծաղկազարդի օրը՝ Մեծ պահքի ընթացքին առաջին անգամ տեղի կ'ունենար յանպատրաստի նշանադրութիւն։ Փեսացուին մայրը, նախապէս համաձայնած ըլլալով հարսնցուին մօր հետ, կը վերցնէր ուռենիի ճիւղին վրայ տեղադրուած մոմերէն մէկը, կը վառէր զայն, վրան կ'անցընէր նշանդրէքի մատանին եւ կը յանձնէր հարսնցուին։ Հարսնցուն կ'ընդունէր մատանին եւ կը համարուէր նշանուած։

Ժամասացութեան աւարտէն ետք ժամուորները կը ջանային մեծ թիւով շատ օրհնուած ուռենիի ճիւղեր տուն տանիլ, որովհետեւ ճիւղերուն կը վերագրուէր չարխափան եւ առատացնող զօրութիւն, եւ զանոնք կ'օգտագործէին տարբեր առիթներով՝ մինչեւ յաջորդ Ծաղկազարդ։ Ճիւղերը նաեւ կը նետէին կարասներուն եւ ամբարներուն մէջ, անոնցմով թեթեւակի կը հարուածէին անասունները։ Ճիւղերէն մէկը կ'օգտագործէին խնոցիի համար՝ ստուգելու կարագին պնդութիւնը։ Ճիւղերէն կը հիւսէին պսակներ, որոնց մէջէն հաւեր կ'անցընէին, որպէսզի անոնք գիրնային։ Երբեմն կանայք վառած մոմերը դուրս կը բերէին եկեղեցիէն եւ կը տանէին գերեզմանատուն՝ տեղադրելով հանգուցեալներուն շիրիմներուն վրայ[2]:

Ծաղկազարդը, որ նաեւ կոչուած է Ծառզարդար, նուիրուած էր գարնանամուտին: Մարդիկ այդ առիթով իրենց տուներն ու բակերը կը զարդարէին ուռենիի կամ ձիթենիի օրհնուած ճիւղերով` պահպանելու համար փոթորիկներէն եւ բուքէն, յետոյ զանոնք կ'այրէին եւ մոխիրը կու տային հովին` փորձանքներէ հեռու մնալու հաւատքով: Ժողովուրդը այդ օրհնուած ճիւղերուն մէջ կը տեսնէր խորհրդաւոր ուժ մը, որուն օգնութեամբ պիտի կարենար դիմադրել բնութեան աղէտներուն [5]։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • «Օրուան խորհուրդը» էջ 90, Վահրամ քահանայ Մելիքեան, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին 2013

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. http://www.qahana.am/bible/OldTestament/Ecclesiastes.html#12-13
  2. 2,0 2,1 Հրանուշ Խառատեան, «Հայ ժողովրդական տօները», էջ 122-134
  3. «Ծաղկազարդ.Ձիթենեաց ճիւղերու տօնին խորհուրդը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-06-25-ին։ արտագրուած է՝ 2019-04-15 
  4. Ինչո՞ւ Յիսուս Քրիստոս Երուսաղէմ մուտք գործեց
  5. Աւանդութիւններ