Եփրեմ Ասորի (արամերէն/ասորերէն` ܐܦܪܝܡ ܣܘܪܝܝܐ, Mor/Mar Afrêm Sûryāyâ; յունարէն`;լատ.՝ Ephraem Syrus, 306[1], Մծբին, Միջագետք (Հռոմէական նահանգ), Արեւելքի թեմ, Արեւելքի գաւառապետութիւն, Հռոմէական Կայսրութիւն[1] - 9 Յունիս 373, Եդեսիա, Osroene, Արեւելքի թեմ, Արեւելքի գաւառապետութիւն, Հռոմէական Կայսրութիւն[1]), նշանաւոր ասորի քրիստոնեայ գրող, աստուածաբան, եկեղեցւոյ հայր, ընդհանրական եկեղեցւոյ՝ ինչպէս նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ սուրբ։ Ապրած եւ գործունէութիւն ծաւալած է Հայոց Միջագետքի Մծբին քաղաքին մէջ։ Ընդհանրական եկեղեցւոյ նշանաւոր հայրապետներէն է, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ համաքրիստոնէական սուրբ հայրերէն, որոնք ծանօթ են «երկոտասան վարդապետք» անունով։

Եփրեմ Ասորի
Ծնած է 306[1]
Ծննդավայր Մծբին, Միջագետք (Հռոմէական նահանգ), Արեւելքի թեմ, Արեւելքի գաւառապետութիւն, Հռոմէական Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 9 Յունիս 373
Մահուան վայր Եդեսիա, Osroene, Արեւելքի թեմ, Արեւելքի գաւառապետութիւն, Հռոմէական Կայսրութիւն[1]
Կրօնք Church in Gabowe Grądy? եւ Սիրիական քրիստոնեություն?
Մասնագիտութիւն աստուածաբան, սարկաւագ, բանաստեղծ, գրագէտ, քահանայ
Աշխատավայր School of Nisibis?
Վարած պաշտօններ սարկաւագ

Կեանքը

Խմբագրել

Սերած է ասորի ընտանիքէ մը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Մծբինի մէջ, ուր մկրտուած է իր ուսուցիչին՝ Յակոբ Մծբնացիին ձեռքով։ Եփրեմ Ասորի ուսումը ստացած է քրիստոնէական մշակոյթի նշանաւոր կեդրոն՝ Եդեսիոյ «Պարսից» դպրոցին մէջ։ Ըստ աւանդութեան՝ ան Յակոբ Մծբնացիին ուղեկցած է Նիկիա եւ 325-ին անոր հետ մասնակցած՝ Ա. տիեզերական ժողովին։ Տասը տարիէն աւելի ապրած եւ ստեղծագործած է Եդեսիոյ մէջ, ուր գրած է իր առաջին գործերը եւ ունեցած՝ բազմաթիւ աշակերտներ։

Պարսից Սասանեան Շապուհ Բ. թագաւորին (311-380)՝ քրիստոնեաներուն նկատմամբ գործադրած հալածանքներէն խուսափելու համար՝ 360-ական թուականներուն իր աշակերտներուն եւ քրիստոնեայ հայրենակիցներուն հետ տեղափոխուած է Մծբին։ Յակոբ Մծբնացի զինք նշանակած է տեղի քրիստոնէական դպրոցին տեսուչը։ Սակայն 363-ին, երբ պարսիկները գրաւած են Մծբինը, Եփրեմ Ասորի հարկադրուած վերադարձած է Եդեսիա, կարճ ժամանակ ետք մեկնած է Եգիպտոս, ուր 8 տարի ճգնած է Թիպեթի նշանաւոր մենաստաններուն մէջ։ 370-371 այցելած է Կապադովկեան Կեսարիա, հանդիպած՝ Բարսեղ Կեսարացիին, որ, ըստ աւանդութեան, զինք սարկաւագ ձեռնադրած է։

Ստեղծագործական գործունէութիւն

Խմբագրել
 
Եփրեմ Ասորին ԺԶ. դարուն, ռուսական նկարազարդում

Եփրեմ Ասորիին գրիչին կը պատկանին կամ կը վերագրուին Ս. գրային բազմաթիւ մեկնութիւններ, որոնցմէ՝ Տատիանոսի Համաբարբառին մեկնութիւնը, դաւանական գործեր, ճառեր, աղօթքներ, ներբողներ, կցուրդներ, որոնք շարադրուած են արեւելաքրիստոնէական միտքին յատուկ խորհրդապաշտական ոգիով, յայտնութենական թափանցումներով եւ քնարականութեամբ։

Եփրեմ Ասորիին մեկնութիւններուն մէջ Աստուածաշունչին պատմութիւնը, տառացի իմաստը գերիշխող է այլաբանականին նկատմամբ։ Դաւանաբանական աշխատութիւնները ուղղուած են իր ժամանակի զանազան աղանդներուն եւ հոսանքներուն դէմ։ Ինչպէս՝ «Ընդդէմ յանդուգն փորձարարներու», «Ընդդէմ բարդածանական, մարքիոնական եւ մեսալեան աղանդին», «Յաղագս մարգարտին...», «Կամքի ազատութեան մասին եւ ընդդէմ կոյր ճակատագիրի պաշտպաններու», «Ապաշխարութեան մասին՝ ընդդէմ նովացիաններու» եւ այլ երկեր, որոնք շարադրուած են ոչ թէ քննադատութեան նպատակով, այլ՝ խորհրդածութեան, սրտաբուխ յորդորի եղանակով։ Ան գրեթէ երբեք չէ խորացած հերձուածներու գաղափարական ակունքներու բացայայտման մէջ, որովհետեւ անոնք ուղղուած են յատկապէս ժողովուրդի լայն զանգուածներուն՝ «Եփրեմ Ա. Ձորագեղցի»ն, «Մ. Յովնաթանեան» (1830-1840, ՀԱՊ, Երեւան) եւ մասամբ ալ՝ գրուած են (տաղաչափուած) եկեղեցւոյ մէջ երգելու նպատակով։

Եփրեմ Ասորի գրած է բազմաթիւ հոգեւոր երգեր՝ նուիրուած Ս. Ծննդեան տօնին, Մկրտութեան, Ս. Յարութեան, Համբարձման, պահքին եւ այլն։ Երգերու յօրինման շարժառիթը Միջագետքի մէջ լայն տարածում գտած մեսալեան աղանդին աղօթամատոյցներուն հոգեւոր կիրառութենէն դուրս մղումն էր եւ եկեղեցական արարողութիւններուն կարգաւորումը։ Ասորիին գրիչին կը պատկանին նաեւ Ս. Ծննդեան, Քրիստոսի չարչարանքներուն եւ Յարութեան մասին, թաղման կարգին եւ ապաշխարութեան երգեր։

Եփրեմ Ասորիին երկերուն մեծ մասը հայացած են Ե. դարուն, գրչագրուած եւ շրջանառութեան մէջ մտած բազմաթիւ ընդօրինակութիւններով։ Թարգմանուած են Հին եւ Նոր կտակարաններու մեկնութիւններ, կցուրդներ, աղօթքներ, կանոններ, խրատներ, քարոզներ եւ ճառեր։ Միայն հայերէն թարգմանութեամբ պահպանուած են հոգեւոր երգերու ժողովածուն (Մատրաշա), «Նիկոմեդիական եղերերգութիւնները», Գործք առաքելոցի, Պօղոս առաքեալին 14 թուղթերուն մեկնութիւնները, Տատիանոսի Համաբարբառին մեկնութեան զգալի մասը, Հնգամատեանին, Հեսուի, Դատաւորաց, Թագաւորութեանց, Մնացորդաց Ա. եւ Բ. գիրքերու մեկնութիւններու համառօտ տարբերակները։ Ասորի գործերուն հայերէն թարգմանութիւնները ունին երկու կարեւոր նշանակութիւն։ Նախ՝ անոնք կը ներկայացնեն արեւմտեան ազդեցութենէն զերծ մնացած բնիկ արամէախօս քրիստոնէական աստուածաբանութեան իւրայատուկ գիծերը եւ երկրորդ՝ անոնք շահեկան են աստուածաշնչեան բնագիրներու, յատկապէս Նոր կտակարանի ուսումնասիրութեան համար, որովհետեւ ստեղծուած են աւելի վաղ, քան Նոր կտակարանէն՝ մեզի հասած յունարէն եւ ասորերէն հնագոյն ընդօրինակութիւնները։

Եփրեմ Ասորիին գործերուն հայերէն թարգմանութիւններուն զգալի մասը, յատկապէս մեկնութիւններն ու աղօթքները, բազմիցս վերահրատարակուած են։ Հայ եկեղեցին Ս. Եփրեմ Ասորիին յիշատակը կը տօնէ տարին 2 անգամ՝ 1 Յունուարին մօտիկ շաբաթ օրը եւ Հոկտեմբերի վերջին շաբաթ օրը՝ «երկոտասան վարդապետաց» հետ[2]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 1,6 1,7 Ефрем СиринМ.: Большая российская энциклопедия, 2004.
  2. Հայկական հանրագիտարանի գլխ. խմբ., Քրիստոնեայ Հայաստան հանրագիտարան, Երեւան, «Հայկական Հանրագիտարան հրատարակչութիւն ՊՈԱԿ», 2002, ISBN 5-89700-016-6։

Աղբիւրներ

Խմբագրել