Կիւրեղ Աղեքսանտրացի

(Վերայղուած է Կիւրեղ Ալեքսանդրացի-էն)

Կիւրեղ Աղեքսանտրացի (376[1], Ալ Մահալլա Ալ Քուպրա, Ղարպիա, Եգիպտոս - 27 Յունիս 444, Աղեքսանդրիա, Եգիպտոսի Թեմ, Արեւելքի գաւառապետութիւն, Բիւզանդական Կայսրութիւն), նշանաւոր եկեղեցական գործիչ, 412-444 թուականներուն՝ Աղեքսանտրիոյ եպիսկոպոս, աստուածաբան, յունական հայրաբանութեան հիմնական ներկայացուցիչներէն մէկը, քրիստոնեայ եկեղեցւոյ ընդհանրական սուրբ։ 431-ի Եփեսոսի Ժողովին (Գ․ Տիեզերական Ժողով) գլխաւոր դէմքերէն՝ ծանօթ Կոստանդնուպոլսոյ Նեստորիոս Արքեպիսկոպոսին դէմ իր անզիջող կեցուածքով։ Կիւրեղի գործերը վաղ միջնադարուն հայերէնի թարգմանուած են։ Իր նշանաւոր բանաձեւը՝ «Բնութիւն Բանին մարմնացելոյ», դարձած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Քրիստոսի բնութեան վարդապետութեան հիմնաքարը[2]:

Կիւրեղ Աղեքսանդրացի
Աղեքսանդրիոյ Պատրիարք․ Եգիպտոս
Ծնած է 376
Ծննդավայր Թէոտոսիոս աւան, Ալ Մահալլա Ալ Քուպրա, Ղարպիա, Եգիպտոս
Մահացած է 27 Յունիս, 444
Մահուան վայր Աղեքսանդրիա, Եգիպտոսի Թեմ, Արեւելքի գաւառապետութիւն, Բիւզանդական Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն Բիւզանդական Կայսրութիւն
Ազգութիւն յոյն
Կրօնք Արեւելքի Քրիստոնիայ Ուղղափառ Եկեղեցի
Մասնագիտութիւն Աղեքսանտրիոյ Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարք, կղերական
Վարած պաշտօններ Աղեքսանդրիոյ Պատրիարք, Եգիպտոսի գաւառապետութիւն, Բիւզանդական Կայսրութիւն

Կեանքը

Խմբագրել

Ծնած է փոքր աւանի մը մէջ՝ Թէոտոսիոս, այսօրուան Ալ Մահալլա Ալ Քուպրայի մօտ։ Զաւակն էր բարեկեցիկ յոյն ընտանիքի մը եւ անոր մօրեղբայրը՝ Թէոփիլոս, Աղեքսանտրիոյ Պատրիարքն էր։ Յաճախած է կիրակնօրեայ դպրոց եւ հետեւած՝ աստուածաբան Երկուորեակ Աղեքսանտրացիի (կամ Երկուորեակ Կոյրին) Δίδυμος ο Τυφλός դասաւանդութիւններուն։ Նախնական ուսուման զուգահեռ, 12-14 տարեկանին (390-392) քերականութիւն սերտած է, 15 - 20 տարեկանին՝ հռետորութիւն (393-397) ու վերջապէս աստուածաբանութիւն եւ աստուածաշնչական ուսումնասիրութիւններ (398-402)։ Մօրեղբօր՝ Թէոփիլոսի կողմէ դպիր ձեռնադրուած է, ապա՝ սարկաւագ եւ երէց քահանայ։

403-ին մօրեղբօր հետ մեկնած է Կոստանդնուպոլիս եւ ներկայ գտնուած՝ Կոստանդնուպոլսոյ ժողովին, ուր Արքեպիսկոպոս Յովհաննէս Ոսկեբերան Ιωάννης ο Χρυσόστομος պաշտօնազրկուած է (Թէոֆիլոս անոր գլխաւոր հակառակորդն էր)։

Աւելի լաւ պատրաստուելու համար հոգեւորականի իր կոչումին, Կիւրեղ երկար ատեն մնացած է Եգիպտոսի զանազան վանքերու մէջ, իբրեւ ճգնաւոր։

Մօրեղբօր մահէն ետք, 17 Հոկտեմբեր 412-ին, նշանակուած է Աղեքսանտրիոյ Պատրիարք։

[3]

Կիւրեղ Աղեքսանտրացի Պատրիարքը

Խմբագրել

Կիւրեղ Աղեքսանտրացի Պատրիարք կը քննադատէ դասակարգերու անհաւասարութիւնը եւ հարուստներուն ապրելաձեւը։ Կը յորդորէ հաւատացեալները, որ ապրին հետեւելով Քրիստոսի օրինակին։ Նաեւ կ՚ընդդիմանայ զանազան աղանդներու եւ քրիստոնեայ եկեղեցիէն հերձուածողական փորձերու։

Գ․ Տիեզերական Ժողովէն ետք, Նեստորիոս Արքեպիսկոպոս բռնութեամբ եւ զեղծարարութեամբ կը փորձէ իր համակիրներով գումարել երկրորդ ժողով մը։ Ան կ'օգտագործէ կայսրին ներկայացուցիչը եւ պահակագունդը, որոնք Եփեսոսի մէջ կ'արգելափակեն Կիւրեղն ու մնացեալ ուղղափառ հոգեւորականները, որպէսզի եկեղեցիներուն ներկայացուցիչները չտեղեկանան Գ․ Տիեզերական Ժողովին կողմէ առնուած որոշումներուն մասին եւ կարծեն, թէ Նեստորիոսի գումարածը ճիշդն է։ Սակայն Կիւրեղ նամակով մը կը յաջողի տեղեակ պահել մնացեալ ժողովականները (նամակը պահուած էր մուրացկանի մը ցուպին մէջ)։ Նամակին պարունակութիւնը երբ կը հրապարակուի, կայսրը կը ստիպուի Կիւրեղն ու մնացեալ ուղղափառ հոգեւորականները ազատ արձակել եւ կը դադրի նեցուկ կանգնելէ ու օժանդակելէ Նեստորիոսին (հետագային կը ճանչցուի իրբեւ անջատողական) ։

[4] [5]

Քննադատութիւն

Խմբագրել

Կիւրեղ ծանօթ է նաեւ քանի մը այլ իրադարձութիւններով։ Ըստ եկեղեցական պատմիչ՝ Սոկրատիս Բծախնդիրի, Աղեքսանտրիոյ քրիստոնեայ եւ հրէական բնակչութեան միջեւ բախումներու իբրեւ արդիւնք՝ հրեաները կը յարձակին քրիստոնէական համայնքին վրայ ու կը տարաձայնեն, թէ Ս․ Աղեքսանտր եկեղեցւոյ մէջ հրդեհ ծագած է եւ երբ քրիստոնեաները կը փութան կրակը մարելու, անոնց վրայ կը յարձակին ու շատերը կը սպաննեն: Կիւրեղի միջնորդութեամբ հրեաները քաղաքէն կ'արտաքսուին եւ քրիստոնեայ սպաննողներուն ունեցուածքը կը գրաւուի։ Կեղեստինոս Ա․ Պապ Հռոմէն կը վտարէ Նովաթականները, իսկ նոյնը կ'ընէ Կիւրեղ Աղեքսանտրիոյ մէջ։

Հռոմի կայսր՝ Թէոդոսիոս Բ., կը քննադատէր Կիւրեղը «հպարտ փարաւոնի» պէս ինքզինք պահելուն համար։ Նեստորական հոգեւորականները, Եփեսոսի Ժողովին, Կիւրեղը հերետիկոս կը յայտարարեն. «Հրէշ, որ ծնած է ու կրթուած՝ եկեղեցին կործանելու համար»:[6]

Ըստ Ի. Մեյենտորֆի, Կիւրեղ Աղեքսանտրացի, որ ծանր վիճակի մէջ կը գտնուէր 431-ին, Եփեսոսի ժողովին իր հակառակորդներուն դէմ ինքնակամ հաշիւներ մաքրելու համար, կը յաջողի ձեռք բերել 2500 ոսկեդրամ Բիւզանդիոնի մայրաքաղաքին դատարանները կաշառելու նպատակով։[7]

Կիւրեղ Աղեքսանտրացիի երկերը

Խմբագրել

Կիւրեղ Աղեքսանտրացիի երկերը եւ Հայոց Եկեղեցին

Խմբագրել

Կիւրեղ Աղեքսանտրացիի երկերը հայերէնի թարգմանուած են Ե.-Ը. դարերուն ընթացքին։ Անոր կարգ մը գործերուն միայն հայերէնի թարգմանութիւնները պահպանուած են։ 714 -715-ին Դաւիթ Հիւպատոսի եւ Ստեփանոս Սիւնեցիի ջանքերով թարգմանուած է «Գիրք պարապմանց»ը, որուն 44 ճառերուն մասին Գրիգոր Տաթեւացի գրած է «Լուծմունք ի պարապմունս սրբոյն Կիւրեղի» ընդարձակ եւ հմտալից մեկնութիւնը (տպագրուած է «Գիրք պարապմանց»ի հետ)։ «Գիրք պարապմանց»ը եւ «Գիրք գանձուց»ը իբրեւ դաւանաբանական կարեւորագոյն ձեռնարկներ մեկնաբանուած ու դասաւանդուած են հայ միջնադարեան վարդապետարաններու բարձրագոյն դպրոցներուն մէջ։ Կիւրեղ Աղեքսանտրացիի գործերէն հատուածներ կամ ամբողջական գործեր տպագրուած են «Գիրք թղթոց» եւ «Կնիք հաւատոյ» ժողովածուներուն մէջ։

Կիւրեղ Աղեքսանտրացիի երկերը եւ Հայ Եկեղեցւոյ քրիստոսաբանութիւնը

Խմբագրել

Կիւրեղ Աղեքսանտրացիի աստուածաբանութիւնը երեք տիեզերական ժողովներու դաւանական որոշումներուն կուռ ամբողջացումն է, ուստի եւ Հայ Եկեղեցւոյ քրիստոսաբանութիւնը համերաշխ է Կիւրեղ Աղեքսանտրացիի վարդապետութեան հետ։ Հայ դաւանաբանական մատենագրութեան մէջ լայնօրէն կիրարկուող «Քրիստոս յերկուց բնութեան միացեալ» արտայայտութիւնը Աթանաս Աղեքսանտրացիի ընդունած եւ Կիւրեղ Աղեքսանտրացիի կանոնակարգած «Մի է բնութիւն Բանին մարմնացելոյ» կամ «Յերկուց բնութեանց մի» բանաձեւին բիւրեղացումն է։ Հայ Եկեղեցին, ընդունելով Կիւրեղ Աղեքսանտրացիի քրիստոսաբանութիւնը, անոր ոգիով եւ դաւանական սկզբունքներով կը պարզաբանէ դաւանական նոր խնդիրները եւ կը մերժէ այն բոլորը, որ անոնցմէ կը շեղի։ Հայ դաւանաբանները Կիւրեղ Աղեքսանտրացիի գրութիւնները օգտագործած են իրենց հակաճառութիւններուն մէջ՝ Հայ Եկեղեցւոյ ուղղափառութիւնը պաշտպանելու ատեն։

Հայ Եկեղեցին Ս. Կիւրեղ Աղեքսանտրացիին յիշատակը կը տօնէ տարին երկու անգամ. Ս. Ծննդեան երկրորդ կամ երրորդ Կիրակիին նախորդող Շաբաթ օրը եւ Հոկտեմբերի վերջին Շաբաթ օրը՝ «երկոտասան վարդապետաց» հետ։

[8] [9]

Կիւրեղ Աղեքսանտրացին եւ Հիփաթիան

Խմբագրել
 
Հիփաթիա․ դիմանկարը Jules Maurice Gaspard (1862–1919)

Նոր շրջանի պատմագիտական եւ գեղարուեստական գրականութեան մէջ արծարծուած է Ե․ դարու յոյն նոր-պղատոնականութեան փիլիսոփայ, թուաբանագէտ, աստղագէտ եւ գիտնական՝ Հիփաթիային, սպաննութեան մէջ Կիւրեղ Աղեքսանտրացիին դերը։

Հիփաթիա․ Տնօրէնուհի Աղեքսանտրիոյ նոր-պղատոնականութեան Դպրոցին։ Դասաւանդած է փիլիսոփայութիւն եւ աստղագիտութիւն։ Կը սպաննուի քրիստոնեայ մոլեռանդ խուժանին կողմէ։

Հիփաթիա կը մասնակցէր Աղեքսանտրիոյ քաղաքականութեան, մեծ ազդեցութիւն ունէր քաղաքին կառավարիչ՝ Օրեստիսին վրայ եւ անոր մերձաւորներէն էր։ Իր հերթին, Օրեստիս հակամարտութեան մէջ կը գտնուէր Կիւրեղին հետ՝ փորձելով սահմանափակել անոր իրաւասութիւնները։

Ե. դարու յոյն պատմագիր՝ Սոկրատիս Բծախնդիր Σωκράτης ο Σχολαστικός (կամ Սոկրատիս Կոստանդնուպոլսեցի) Հիփաթիային սպաննութեան վերաբերեալ կը գրէ, թէ Մարտ 415-ին, Մեծ Պահքի շրջանին, մոլեռանդ քրիստոնեայ ամբոխը կ'առաջնորդէր Պետրոս անունով դպիր մը։ Սոկրատիս Բծախնդիր հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ տեղի ունեցածը[10]

  Երբ ան (Հիփաթիա) տեղէ մը տուն կը վերադառնար, զինք կառքէն վար իջեցուցին, քարշ տուին եկեղեցի, որ կոչուած էր Կեսարիոն (Caesarium), յետոյ մերկացնելով, սպաննեցին քարերով, մարմինը մասերու բաժնեցին, իսկ մարմինը տարին վայր մը, որ կը կոչուէր Կինարիոն (Cinarion) եւ հոն այրեցին։  


Ըստ պատմիչին, Հիփաթիային սպաննութիւնը Կիւրեղին կողմէ չէ արտօնուած։ Սոկրատիս Բծախնդիր կը գրէ, որ անիկա մեծ վիշտ պատճառած է Կիւրեղին եւ Աղեքսանտրիոյ եկեղեցւոյ, քանի որ «սպաննութիւնները, խժդժութիւնները եւ նման կարգի այլ երեւոյթները բոլորովին խորթ են Քրիստոսի ոգիով մտածող մարդոց համար»։

Հակառակ Սոկրատիսի պնդումին, յաջորդող դարերու հեղինակներ Հիփաթիային մահուան մէջ մեղաւորութեան բաժին մը կը տեսնեն նաեւ Կիւրեղի մէջ։ Պ.Ֆ. Պրեոբրաժենսկի կը նշէ, որ «... Քրիստոնէական եկեղեցին անհանգիստ կը զգար Հիփաթիային դէմ արիւնարբու դատաստանին պատճառով։ Ան ստիպուած էր իր հովանիին տակ առնել Կիւրեղ Աղեքսանտրացին... Ճակատագիրի տարօրինակ զաւեշտով, այդ նախանձախնդիր ու անխոնջ մարդը, կը դառնայ աղջկան զզուելի պատառոտման գաղափարական ոգեշնչողը...»։[11][8] [12]

Կիւրեղ՝ ժամանակակից մշակոյթին մէջ

Խմբագրել

Կիւրեղ ներկայացուած է եգիպտացի գիտնական՝ Եուսէֆ Զիտանի, «Ազազիլ» վէպին մէջ։ 2009-ին, վէպը կը շահի Արաբական արձակագրութեան Միջազգային մրցանակը։ Վէպը կը պատմէ Ե. դարու Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ միջեւ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ քրիստոնէութեան վաղ շրջանի պատմութիւնը կը ներկայացնէ։ Գիրքը յառաջացուցած է հակասական վերաբերում մը՝ կրօնական մոլեռանդութեան եւ քրիստոնեայ ամբոխներուն կողմէ խմբական բռնութիւններու տեսարաններ ներկայացնելուն համար։ Վէպին մէջ, Կիւրեղ նկարագրուած է իբրեւ մոլեռանդ, որ կը սպաննէ հրեաները եւ անոնք, որոնք չեն մերժած իրենց կրօնն ու չեն ընդունած քրիստոնէութիւնը։ Կիւրեղին մասին այս նկարագրութիւնը քրիստոնեաները շատ զայրացուցած է։

Կիւրեղ Աղեքսանտրացի նաեւ ներկայացուած է 2009-ին, «Աղորա» ժապաւէնին (ֆիլմ) մէջ[13]։ Հոս եւս ան նկարագրուած է իբրեւ ծայրահեղական։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Dictionary of African Biography / E. K. Akyeampong, Henry Louis Gates, Jr.NYC: OUP, 2012.
  2. «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-07-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-08 
  3. Կիւրեղ Աղեքսանտրեցին
  4. Կիւրեղ Աղեքսանտրեցիին կեանքը
  5. Սելանիկ Արիստոթելեան Համալսարան․Պատմութեան եւ Հնագիտութեան Բաժին․ «Սուրբ Պատմութիւն» Ιερή Historia, Գոստանտինոս Սարիս ΚΩΝΣΤΑΝΤΙΝΟΣ ΣΑΡΡΗΣ էջ՝ 26-34
  6. Edward Gibbon, Decline and Fall of the Roman Empire, 47
  7. Ի. Մեյենդորֆ «Կայսրության միասնությունը և քրիստոնյաների բաժանումը»
  8. 8,0 8,1 Կանոն հաւատոյ կամ Սուրբ Գրոց եւ Եկեղեցւոյ վրայ, Կիւրեղ Ալեքսանդրացի,
  9. Պ.Ֆ. Պրեոբրաժենսկի.// Չ. Քինգսլի, Ֆ. Մաունթեր, «Իպատիա», 1994
  10. Սոկրատիս Բծախնդիր, «Եկեղեցական պատմութիւն», VII, 13-15.
  11. Տրամաբանութեան գեղեցկութիւնը՝ Հիփաթիա Աղեքսանտրացիին վերաքննութիւնը․ Bryan J. Whitfield
  12. Աղեքսանտրիա հին դարերուն ընթացքին․ Christopher Haas
  13. http://www.imdb.com/title/tt1186830/
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է « Քրիստոնեա Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։