Հիփաթիա
Հիփաթիա Υπατία, (370, Աղեքսանտրիա, Եգիպտոս – 8 Մարտ, 415, Աղեքսանտրիա, Եգիպտոս)․ փիլիսոփայ, թուաբանագէտ, աստղագէտ, գիտնական եւ տնօրէնուհի՝ Աղեքսանտրիոյ Նոր-պղատոնականութեան Դպրոցին։ Կը սպաննուի քրիստոնեայ մոլեռանդ խուժանի մը կողմէ։ Անոր գործերը, աշխատասիրութիւնները մեզի չեն հասած, սակայն իր մասին տեղեկութիւններ կան զանազան պատմական արձանագրութիւններու մէջ, ինչպէս օրինակ՝ Սոկրատիս Բծախնդիրի երկերուն մէջ։
Հիփաթիա հին յուն․՝ Ὑπᾰτία | |
---|---|
| |
Ծնած է | 370-ին |
Ծննդավայր | Աղեքսանտրիա, Եգիպտոս |
Մահացած է | 8 Մարտ, 415 |
Մահուան վայր | Աղեքսանդրիա, Եգիպտոսի Թեմ, Արեւելքի գաւառապետութիւն, Բիւզանդական Կայսրութիւն |
Քաղաքացիութիւն | Բիւզանդական Կայսրութիւն |
Ազգութիւն | յոյն |
Ազդուած է | Պղատոն, Փլոթինոս, Արիստոթելիս, Թէոն Աղեքսանտրացի, Տիոֆանտոս Աղեքսանտրացի, Ափոլոնիոս Փերկացի, Քլաուտիոս Պտղոմէոս, Եամպլիքոս |
Ազդած է | Իր ժամանակաշրջանի եւ ապագայի (մինչեւ մեր ժամանակակից շրջանի) քաղաքագէտներ, զանազան բնագաւառներու գիտնականներ, գրագէտներ, բանաստեղծներ, արուետագէտներ |
Երկեր/Գլխաւոր գործ | բազմաթիւ գործեր, ուսումնասիրութիւններ եւ գրադատութիւններ, որոնցմէ գլխաւորներն են՝ «Աստղագիտական Կանոն», «Թուաբանութիւն», «Ափոլոնիոսին Կոները», «Ալմաղեսթի» |
Մասնագիտութիւն | փիլիսոփայ, թուաբանագէտ, աստղագէտ, գիտնական եւ Նոր-պղատոնականութեան փիլիսոփա |
Ծնողներ | Թէոն Աղեքսանտրացի |
Կեանքը
ԽմբագրելԱռաջին տարիները
ԽմբագրելՀիփաթիա ծնած է Աղեքսանտրիա, գարնան, իտալուհի դայեակի մը օգնութեամբ։ Անոր ծննդեան ճշգրիտ թուականին համար պատմաբանները տարակարծիք են․ անոնց մեծամասնութիւնը 370-ին յանգած է, իսկ փոքրամասնութիւն մըն ալ՝ 350-370 թուականներուն միջեւ։ Հայրն է՝ յոյն թուաբանագէտ եւ աստղագէտ, Թէօն Θέων ὁ Ἀλεξανδρεύς (եղած է Աղեքսանտրիոյ գրադարանին, որ նաեւ ուսումնարան ալ էր, վերջին տնօրէնը)։
Հիփաթիա կը ծնի հռոմէացի Վալենս Ֆլաւիուսի թագաւորութեան եօթներորդ տարին։
Հակառակ ուշ լեզու ելլելուն, երեք տարեկանին կը սկսի կարդալ, իսկ չորս տարեկանին արդէն կը գրէ յունարէն եւ լատիներէն։ Հինգ տարեկանին Հոմերոսին Ոդիսականէն քերթուածներ կ'ասմունքէ եւ վարպետութեամբ սրինգ կը նուագէ։ Հօրը ջանքերուն շնորհիւ, փոքր տարիքէն լաւագոյն կրթութիւն կը ստանայ, յաճախելով Աղեքսանտրիոյ Դպրոցը։
Աղեքսանտրիոյ Դպրոց․ յունահռոմէական աշխարհին համար, Աթէնքէն ետք, երկրորդ լաւագոյն ուսումնարանն է։ Հայ փիլիսփայ Դաւիթ Անյաղթը (Ե․ - Զ․ դար) հոն ուսանած է։
Պատանի հասակին, կ'աշխատի հօրը հետ: Թուաբանութեան իր առաջին ուսուցիչը եղած է հայրը։ Կ'ընդօրինակէ հօրը աշխատասիրութիւնները, միաժամանակ դիտարկութիւններ ընելով անոնց մասին եւ նոր առաջարկներ ներկայացնելով։ Թէօ, կնոջ մահէն հինգ տարի ետք, կը հրատարակէ «Մեկնաբանութիւններ Էւքլիտիսին Սկզբունքներուն վրայ» Σχόλια στα Στοιχεία του Ευκλείδη երկը, որուն ներկայացման ընթացքին, Սերափիօ տաճարին գրադարանին մէջ (Աղեքսանտրիոյ Գրադարանին յարակիցը), ներկաներուն հպարտութեամբ կը յայտարարէ, թէ երկասիրութեան մէջ Հիփաթիային բերած ներդրումը հաւասար է իր աշխատանքին։ 15 տարեկան Հիփաթիան ներկաներուն հիացումին կ'արժանանայ։
Հայրը կը քաջալերէ զինք, որ ուսումը շարունակէ Աթէնքի եւ Իտալիոյ մէջ։ Աթէնք, Նոր պղատոնականութեան ուսումնարանին մէջ, թուաբանութեան դասերու կը հետեւի:
Հիփաթիա, դասաւանդողը
ԽմբագրելՀիփաթիա, երբ Աղեքսանտրիա կը վերադառնայ, թուաբանութիւն կ'ուսուցանէ, ինչպէս նաեւ, փիլիսոփայի դասական վերարկուն հագած՝ հանրութեան կը դասաւանդէ։ Տիոֆանտոս Աղեքսանտրացիին եւ Ափոլոնիոս Փերղացիին (կամ Փերկացի) գործերուն ընդարձակ եւ էական գրադատութիւն մը կ'ընէ եւ քաղաքին մտաւորականութեան ուշադրութիւնը կը գրաւէ։
Տիոֆանտոս Աղեքսանտրացի Διόφαντος ο Αλεξανδρεύς (210-290)․ յոյն թուաբանագէտ․ հեղինակն է «Արիթմիթիքա» թուաբանագիտական աշխատասիրութեան շարքին։
Ափոլոնիոս Փերղացի Ἀπολλώνιος ὁ Περγαῖος (Ք․Ա․ 260-190)․ յոյն թուաբանագէտ եւ երկրաչափ, կ'ուսանի եւ կը գործէ Աղեքսանտրիոյ մէջ։ Հեղինակն է թուաբանութեան, աստղագիտութեան, երկրաչափութեան եւ մեքենագիտութեան 21 գործերու։
Հիփաթիային աշակերտներէն եղած են նաեւ Աղեքսանտրիոյ ազնուական խաւի զաւակներ, որոնք հետագային կարեւոր դէմքեր կը դառան, ինչպէս օրինակ Քիրինիոյ (Լիպիոյ հիւսիս արեւելք) Եպիսկոպոս Սինեսիոս Συνέσιος (373-414) եւ Աղեքսանտրիոյ կուսակալ Օրեսթիս Ορέστης:
21 տարեկանին եռանկիւնաչափութիւն կը դասաւանդէ Աղեքսանտրիոյ Թանգարանին Թուաբանութեան բաժնին մէջ։
Հիփաթիա կը դառնայ նաեւ Նոր պղատոնականութեան Դպրոցին նախագահը եւ յարգուած անձնաւորութիւն մը։ Մեծապէս կ'ազդէ Աղեքսանտրիոյ եւ Միջերկրականի կուսակալներուն վրայ՝ Կոստանդնուպոլսոյ, Սուրիոյ եւ Քիրինիոյ։ Աղեքսանտրիոյ գլխաւոր անձնաւորութիւնները յաճախ իր խորհուրդին կը դիմեն։
Հիփաթիա, թուաբանագէտը
ԽմբագրելՀիփաթիա կը նկատուի թուաբանութեան ուսուցիչ եւ գրագէտ։ Երկրաչափութեան, գրահաշիւի (άλγεβρα, algebra) եւ աստղագիտութեան մասին հանդէսներ կը հրատարակէ։ Գիտէ ինչպէս շինել ասթրոլաւոս αστρολάβος (աստղադիտակի մասնաւոր երկրաչափական գործիք) եւ խտաչափ (αραιόμετρο) գործիքները։
Նոր պղատոնականութիւն
ԽմբագրելՀիփաթիա ազդուած է նոր պղատողականութեան յոյն Փլոթինոս Πλωτίνος (204/5 – 270) եւ սուրիացի Եամպլիքոս Iamblicos (250 - 325) փիլիսոփաներէն։
Կը նկատուի, թէ կապ մը կայ նոր պղատոնականութեան եւ թուաբանութեան միջեւ․ Սկզբունքները կը զբաղին յատկապէս գաղափարներուն հետ, առ այդ թուաբանութիւնը կը գերազանցէ նոր պղատոնականութեան տուած (հրամցուած) նիւթին։ Հիփաթիա թուաբանութիւնը հօրմէն կը սորվի, սակայն կ'ընդլայնէ գիտելիքները եւ իր աշակերտներուն կը փոխանցէ փիլիսոփայութեան ընդմէջէն։
Սուտա բառարանին մէջ [1] կը նշուի, թէ Հիփաթիա թուաբանութեան եւ աստղագիտութեան նիւթերով երեք երկերու հեղինակն է։ Կը կարծուի նաեւ, թէ իր երկերը յենած են նոր պղատոնականութեան փիլիսոփայութեան սկզբունքներուն վրայ։ Հիփաթիա կը գրէ «Աստղագիտական Կանոն»ը Αστρονομικό Κανόνα, կը մեկնաբանէ Տիոֆանտոսին «Թուաբանութիւն»ը Αριθμητική եւ կը կատարելագործէ «Ափոլոնիոսին Կոները»։
Գործերը
ԽմբագրելԱստղագիտական Կանոն․ Հիփաթիա «Աստղագիտական Կանոն»ը կը գրէ, որովհետեւ կը փափաքէր հօրը թուաբանութեան հատուածներուն մասին իր ծանօթութիւնը խորացնել։
Թուաբանութիւն․ Հիփաթիա կը մեկնաբանէ Տիոֆանտոյին «Թուաբանութիւն»ը եւ մէկ քայլ առաջ կ'երթայ․ ինչպէս օրինակ՝ Բ․ գիրքին սկիզբին, Հիփաթիային միջամխութիւնը «ուսանողներու երկու վարժութիւններ» են։ Առաջինը, զոյգին լուծումը կը պահանջէ իսկ երկրոդը՝ առաջինին ընդհանրացածն է եւ նոյնպէս լուծումին կը սպասէ․-
- Առաջինը x - y= a, x2 - y2 = (x - y) + b (ուր a, b ծանօթ են),
- Երկրորդը x - y = a, x2 - y2 = m (x - y) + b (ուր a, b եւ m յարաչափ են)։
Ափոլոնիոսին Կոները․ Հիփաթիա կը քննէ եւ կ'ուսումնասիրէ «Ափոլոնիոսին Կոները», որ կը համարուի հին աշխարհի ամէնէն դժուար երկերէն մին։
Ալմաղեսթի
Հիփաթիա կը համարուի Քլաուտիոս Պտղոմէոսի Κλαύδιος Πτολεμαῖος (100 – 170) «Ալմաղեսթի» Αλμαγέστη (աստղաբաշխական հաւաքածոյ) Գիրք Գ․ գործին գրադատութեան հեղինակը։ Այս գիրքը Թէօ մեկնաբանած է եւ կը գրէ, թէ «․․երկը աղջկաս, փիլիսոփայ Հիփաթիային քննադատական գրադատութիւնն է»։
Պատմագէտներ եւ գիտնականներ գործը ուսումնասիրած են եւ եզրակացուցած են, թէ Հիփաթիա իր հօրը մեկնաբանումը չէ սրբագրած, այլ՝ «Ալմաղեսթի» աշխատասիրութիւնը։ Կ'ենթադրուի, թէ Հիփաթիային ներդրումը, աստղագիտական հաշիւներուն համար կատարելագործուած ձեւ մըն է, անհրաժէշտ հրամանաշարի (algorithm) ուղղահայեաց (կամ երկար) բաժանումի համար (Κάθετη (ή μακρά) Διαίρεση)։
Հիփաթիա եւ Դ․ դարու վերջաւորութեան պատահած կարեւոր դէպքերը
Խմբագրել379-ին Հռոմէական կայսրութեան գահին կը բարձրանայ Թէոտոսիոս կայսրը։ Ան 27 Փետրուար 380-ին, «Սելանիկի հրովարտակ»ով (տե՛ս Սելանիկ․ բիւզանդական Կայսրութեան շրջան / Արքայական երկրորդ մայրաքաղաք) Քրիստոնէութիւնը կը հռչակէ Հռոմէական կայսրութեան պաշտօնական կրօնը։ 384-ին կը հրամայէ հեթանոսական տաճարները քանդել եւ կամ փակել, իսկ 24 Փետրուար 391-ին, հրամանագիրով մը կ'արգիլէ հեթանոսական տաճարներ այցելել եւ հեթանոսական ծէսեր կատարել, որուն իբրեւ հետեւանք, կը քանդուին Աղեքսանտրիոյ համբաւաւոր Սերափիօ տաճարը, Թանգարանը եւ Յարակից Գրադարանը։
393-ին Հիփաթիային հայրը՝ Թէօ, կը մահանայ։
Մահը
ԽմբագրելԱղեքսանտրիոյ մէջ ամէնօրեայ երեւոյթներ կը դառնան քրիստոնեաներուն միջեւ բախումները։
Հիփաթիա մեծ ազդեցութիւն կ'ունենայ քաղաքին կառավարիչին՝ Օրեսթիսին վրայ եւ կը դառնայ անոր մերձաւորներէն։ 17 Հոկտեմբեր 412-ին Կիւրեղ Աղեքսանտրացի Աղեքսանտրիոյ Պատրիարք կ'օծուի, որուն կը նախորդեն երեք օրուան բախումներ Կիւրեղի եւ անոր հակառակորդ Թիմոթէոյի համակիրներուն միջեւ։ Կիւրեղ կը քաջալերէ բախումները քրիստոնեայ եւ հրեայ բնակչութեանց միջեւ։ Օրեսթիս հակամարտութեան մէջ կը գտնուի Կիւրեղ Աղեքսանտրացիին հետ, կը փորձէ սահմանափակել անոր իրաւասութիւնները եւ իր պատուիրակները Կիւրեղին դէմ գանգատները կայսրին կը յայտնեն։
Սակայն Կիւրեղ կ'անտեսէ կայսրին դիտողութիւնները եւ կը յորդորէ իր համակիրները ապստամբելու Աղեքսանտրիոյ քաղաքական եւ զինուորական կարգերուն դէմ։ Անոնք կը յարձակին կառավարիչին վրայ, սակայն բնակիչները կը միջամտեն եւ անոր կեանքը կը փրկեն․ կառավարիչը՝ Օրեսթիս, ծանրօրէն կը վիրաւորուի։ Կիւրեղ կը հերոսացնէ համակիրները: Այս դէպքին կը յաջորդէ հրէական ժողովատուներուն հրկիզումը։ Աղեքսանտրիոյ եկեղեցիներուն մէջ հոգեւորականներ իրենց քարոզներուն մէջ Հիփաթիային դէմ խօսքեր կ'արտասանեն․- «․․․ան կին մըն է, որ Աստուծոյ չի հաւատար եւ կը զբաղի սատանայական գործիքներ շինելով (ասթրոլաւոս, խտաչափ)․․․․»։
Մարտ 415-ին (Մեծ Պահքի շրջանին) Հիփաթիա կառավարիչին կ'այցելէ, որպէսզի անկէ խնդրէ միջամտել դադրեցնելու հալածանքները ոչ քրիստոնեաներուն դէմ, որպէսզի վախը քաղաքէն վերանայ։ Վերադարձին, մոլեռանդ քրիստոնեայ ամբոխ մը, որ կ'առաջնորդուէր Պետրոս անունով դպիրի մը կողմէ, կը յարձակի ու չարչարանքներով կը սպաննէ Հիփաթիան: Զինք կը մերկացնեն եւ գետին քսելով մինչեւ Մայր Եկեղեցի կը տանին, ուր մորթազերծ կ'ընեն, ապա կ'անդամահատեն, յետոյ դիակը Կինարիոն Κυνάριον կը տանին եւ կ'այրեն։
Հիփաթիային մահը, մանաւանդ կին փիլիսոփայի մը սպանութիւնը, կայսրութեան տարածքին մեծ ցնցում կը յառաջացնէ։ Հին տարիներուն փիլիսոփաները անհպելի կը նկատուէին։ Թէոտոսիոս կայսրին խորհրդատուները հարցաքննութիւններ կը սկսին անոր մահուան պայմաններուն շուրջ եւ Կիւրեղ Աղեքսանտրացիին ունեցած հաւանական դերին մասին։
Հիփաթիայի մահէն 25 տարի ետք, Սոկրատիս Բծախնդիր (Սխոլասթիքոս) Σωκράτης ο Σχολαστικός իր արձանագրութիւններուն մէջ կը գրէ անոր կեանքին մասին, նկարագրելով նաեւ անոր սպանութիւնը ։ Ըստ Սոկրատիս Բծախնդիրին անոր մահուան դրդապատճառները քաղաքական են․- «Հիփաթիան քաղաքական նախանձութեան զոհ գնաց, որովհետեւ ան, յաճախ Օրեսթիսին կ'այցելէր եւ քրիստոնեաները կը կարծէին, թէ ան արգելք կը հանդիսանար կառավարիչին եւ պատրիարքին միջեւ հաշտութեան գործընթացին»։
Ժամանակակից պատմաբաններ, անոր մահը Կիւրեղ Աղեքսանտրացիին կը վերագրեն։
Յետ մահու
Խմբագրել- Ի պատիւ Հիփաթիային, 1884-ին գտնուած աստղակերպը կ'անուանուի «238 Հիփաթիա»։
- 1992-ին «Հելլենուհի Գիտնականներու Միութիւն»ը կը հաստատէ «Հիփաթիա» ΥΠΑΤΙΑ մրցանակը:
- Փալատաս Աղեքսանտրացի, (ծնած է Դ․ դարու վերջերը ու մահացած՝ Ե․ դարու առաջին տասնեակներուն) բանաստեղծ եւ վերտառութիւններ գրող, Հիփաթիային կը նուիրէ իր «Գովեստ Հիփաթիային» գործը[2]․-
Բնագիրը | Հայերէնի ազատ թարգմանութիւնը |
---|---|
Στην Υπατία, που στην λάμψη σου,
στα λόγια σου κλίνω γόνυ και υψώνω το βλέμμα μου προς τον έναστρο ουρανό του πνεύματός σου. Γιατί προς τον ουρανό τοξεύει η πράξη σου, προς τον ουρανό οδηγεί των λόγων σου η ομορφιά, θεϊκή Υπατία. Ω συ των πνευματικών επιστημών υπέρλαμπρο αστέρι |
Հիփաթիային. քու փայլքիդ առջեւ եւ քու խօսքերուդ դիմաց՝ կը խոնարհիմ
եւ դէմքս քու հոգիիդ աստղազարդ երկինքին կը բարձրացնեմ։ Քանզի, քու արարքդ դէպի երկինք կ'արձակուի, քու խօսքերուդ գեղեցկութիւնը դէպի երկինք կ'ուղղուի, աստուածային Հիփաթիա: Ո՜h, դուն հոգեւոր գիտութիւններուն փայլուն աստղ: |
Ինչպէս նաեւ վերտառութեամբ մը անոր գեղեցկութիւնը կը գովէ՝
Բնագիրը | Հայերէնի ազատ թարգմանութիւնը |
---|---|
Όταν σε βλέπω ή τα λόγια σου ακούω, προσκυνώ και η σοφία σου
με της παρθένου τον αστερισμό βλέπω να λάμπει. Έτσι ουράνια όλα δικά σου Υπατία σεμνή, των λόγων πανέμορφη, της μάθησης σοφό κι άχραντο άστρο. |
Երբ քեզ կը տեսնեմ եւ կամ խօսքերդ կը լսեմ, կ'երկրպագեմ
եւ քու իմաստութիւնդ կոյսին համաստեղութեան հետ կը փայլի։ Այսպէս, երկինքը քուկդ է համեստ Հիփաթիա, գեղեցիկ խօսքերուդ, իմաստութեան խոհեմ ու անգոյն աստղ: |
- 2009-ին, կը հրապարակուի «Աղորա» ժապաւէնը (Agora, Αγορά), որ կ'անդրադառնայ Հիփաթիային կեանքին, մանաւանդ վերջին տարիներուն։ Բեմադրիչն է Ալեխանտրօ Ամենապար։
Ժառանգութիւնը
ԽմբագրելՆորագոյն շրջանին, բազմաթիւ գրագէտներ Հիփաթիային կենսագրականը գրած են եւ կամ անոր կեանքը թատերախաղի վերածած են․ ինչպէս օրինակ՝
1763-ին Վոլթեր իր «Examen important de Milord Bolingbroke ou le tombeau de fanatisme» գործին մէջ, Հիփաթիան կը ներկայացնէ իբրեւ «Բանական բնութեան օրէնքներ»ուն հաւատացեալ մը։
1776 -1788 տարիներուն, Էտուարտ Կիպըն կը հրատարակէ «The History of the Decline and Fall of the Roman Empire» երկը։ Կիւրեղ Աղեքսանտրացի կը նկատուի գլխաւոր յանցագործը Հիփաթիային սպաննութեան համար, որովհետեւ Կիւրեղ կը հաւատայ, թէ քրինտոնէութեան վերելքով Հռոմէական կայսրութիւնը պիտի կործանի․ Հիփաթիա՝ յարգուած քաղաքին քաղաքական եւ զինուորական խաւէն, պէտք էր «մէջտեղէն ելլէր»։
1853-ին Չարլս Քինկսլէյս իր «Hypatia; Or, New Foes with an Old Face» վէպին մէջ Հիփաթիան կը նկարագրէ իբրեւ «Պղատոնի հոգիով եւ Աստղիկի (Աֆրոտիթի Αφροδίτη յոյն դիցուհին) մարմինով հերոսուհին»։ Վէպը թատերական ներկայացումներու կը յարմարցուի՝ «Ֆիլատելֆիա» (1859), «Հիփաթիա» (1893), ինչպէս նաեւ տեսողական արուեստի առարկայ կը դառնայ․ «Հիփաթիա», հեղինակ Ճիւլիա Մարկարեթ Քամերոն (1867) եւ Չարլս Ուիլիամ Միչել իր նկարչութեան մէջ (1885) Հիփաթիան կը ներկայացնէ մերկ՝ եկեղեցւոյ բագինի մը առջեւ։
1908-ին Ամերիկացի Էլպըրթ Հիւպարթ կը հրապարակէ Հիփաթիային կենսագրականը «Little Journeys to the Homes of Great Teachers»․ երկը ստեղծաբանական է։
1925-ին Տորա Րասել կը հրատարակէ «Hypatia or Woman and Knowledge» գործը: Ան նախաբանին մէջ կը բացատրէ պատճառը, որ զինք մղած է Հիփաթիային մասին գրելու․- «Հիփաթիա համալսարանի դասախօս էր եւ աստիճանաւոր քրիստոնեաներ զինք կը դատապարտեն ու չարչարանքներու տակ մարմինը անդամահատելով կը սպաննեն։»
1974-ին Լին Օսեն իր «Women in Mathematics» գիրքին մէջ ազդու գրութեամբ մը կ'ակնարկէ հիփաթիային մասին։
1979-ին Ճիւտ Շիքակօ, ֆեմինիստ արուեստագիտուհին, կը հրապարակէ իր «Ընթրիքի Հաւաքոյթը» գործը, ուր կը պատկերէ Հիփաթիային մահուան համար հելլենիստական աստուածուհիներուն ողբը։
1980-ին Քարլ Սակա կը հրապարակէ «Cosmos: A Personal Voyage» ժապաւէններու շարք մը, յենելով Հիփաթիային մասին Հիւպարթի գրած կենսագրականին վրայ։
1984-ին Աթէնքի մէջ կը հրատարակուի «Հիփաթիա» յունական ֆեմինիստական թերթը։
1986-ի Ամերիկայի մէջ կը հրատարակուի «Hypatia: A Journal of Feminist Philosophy» Քէմպրիճ Համալսարանի գիտական պարբերաթերթը։
Ի․ դարու գրականութեան մէջ, բազմաթիւ հեղինակներ իրենց գործերուն մէջ Հիփաթիայի մասին ակնարկութիւններ կ'ընեն, օրինակ՝ Մարսել Փրուսթ իր «Madame Swann At Home», «Within a Budding Grovee» երկերով եւ Լէյն Փիրսի «The Dream of Scipio» գործը։
ԻԱ․ դարուն ալ, բաւական գործեր Հիփաթիային կեանքին եւ կամ գործին կ'ակնարկեն։ Ումպերթօ Էքօ՝ Baudolino վէպ (2002), Շարլոթ Քրամըր՝ «Holy Murder: the Death of Hypatia of Alexandria» վէպ (2006), Լոնկֆելոու՝ «Flow Down Like Silver» վէպ (2009), Եուսեֆ Զիտան՝ «Azazeel» վէպ (2012), Պրիւս Մաքլենա՝ «The Wisdom of Hypatia» (2013), Փօլ Լեվինսոն՝ «The Plot to Save Socrates» (2006), հեռատեսիլի ժապաւէնաշարք՝ «The Good Place» յայտագիրը եւ «Agora» ժապաւէնը (2009)։
[3][4][5][6][7][8][9][10][11][12][13][14][15][16][17][18][19][20][21][22][23][24][25]
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հիփաթիա («ΥΠΑΤΙΑ») կինը, որ գիտութիւնը սիրեց․ 2017-ի Գ․ տպագրութիւն․ հեղինակ՝ Pedro Galvez, 2004. (յունարէնի թարգմանուած 2006 ΜΕΤΑΙΧΜΙΟ, թարգմչ․՝ Լիտա Փալանտիու)
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Սուտա առցանց հանրագիտարան (յունական բառարան կամ հանրագիտարան, գրուած Ժ․ դարուն)
- ↑ «Գովեստ Հիփաթիային», Փալատաս(յունարէն)
- ↑ Տրամաբանութեան գեղեցկութիւնը՝ Հիփաթիա Աղեքսանտրացիին վերաքննութիւնը․ Bryan J. Whitfield (անգլերէն)
- ↑ Աղեքսանտրիա հին դարերուն ընթացքին․ Christopher Haas (յունարէն)
- ↑ [1]Սելանիկ Արիստոթելեան Համալսարան․Պատմութեան եւ Հնագիտութեան Բաժին․ «Սուրբ Պատմութիւն» Ιερή Historia, Գոստանտինոս Սարիս ΚΩΝΣΤΑΝΤΙΝΟΣ ΣΑΡΡΗΣ էջ՝ 26-34 (յունարէն)
- ↑ «Կինը եւ քնարը՝ Դասական Յունաստանի եւ Հռոմի կին գրագէտներ», Սնայտըր, 1989(անգլերէն)
- ↑ Յունական Հանրագիտարան․ Վալենս Ֆլաւիուս(անգլերէն)
- ↑ Սելանիկի Ձիարշաւարանի ջարդը, Ք․Ա․ 390․ Թէոտոսիոս կայսրին քաղաքական ոճիրը (անգլերէն)
- ↑ Հին աշխարհի կին փիլիսոփաներ․ Աղեքսանտրիոյ Հիփաթիան, M.E. Waithe(անգլերէն)
- ↑ Աղորա ժապաւէնին մասին(անգլերէն)
- ↑ Աղեքսանտրիոյ Հիփաթիան․ փիլիսոփայ մարտիրոս մը, 4-4-2009(անգլերէն)
- ↑ Աղեքսանտրիոյ Հիփաթիան․ հին տարիներու եւ միջնադարի երկրաչափութիւնը, Knorr, Wilbur Richard 1945, հրատ․՝ 1989(անգլերէն)
- ↑ Քննասիրութիւններ հին յունական գրականութենէն եւ փիլիսոփայութենէն, Cameron, Alan (2016)(յունարէն)
- ↑ Հին տարիներ․ քաղաք եւ դպրոց՝ Աթէնք եւ Աղեքսանտրիա, Edward J. Watts, 10-9-2008(յունարէն)
- ↑ Աղեքսանտրիոյ Հիփաթիան․ թուաբանագէտ եւ մարտիրոս մը, Michael Deakin, 30-9-2010(յունարէն)
- ↑ Եկեղեցական Պատմութիւնը, գիրք 7, գլուխ 13-15․ Հիփաթիա փիլիսոփան․ Սոկրատիս Բծախնդիր, (440)(անգլերէն)
- ↑ Հիփաթիա․ Կեանքն ու Առասպելը հին տարիներու Փիլիսոփային, Edward J. Watts(յունարէն)
- ↑ Հիփաթիա․ Թուաբանագէտը, Փիլիսոփան եւ Առասպելը, Charlotte Booth(յունարէն)
- ↑ SanSimera.gr․ կենսագրութիւններ/ գիտութիւն, ճարտարարուեստ, Հիփաթիա(յունարէն)
- ↑ mixanitouxronou.gr – Հիփաթիան Աղեքսանտրիոյ ամենամեծ փիլիսոփաներէն էր․ բոլորին յարգանքը կը վայելէր։ Կը սպաննուի մոլեռանդ քրիստոնեաներու կողմէ․․․(յունարէն)
- ↑ Հիփաթիա․ հաւասարութեան կորհրդանիշը եւ կինը որ պաշտեց գիտութիւնը, Քորինա Ֆարմաքորի, 8-3-2020(յունարէն)
- ↑ Տամասքիոսը Հիփաթիային մասին, 27-2-2010(յունարէն)
- ↑ «Փլաթոնա Հանրագիտարան - Հիփաթիայի պարագան(անգլերէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-10-24-ին։ արտագրուած է՝ 2021-03-20
- ↑ «Հիփաթիա Աղեքսանտրացին(անգլերէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-01-18-ին։ արտագրուած է՝ 2021-03-20
- ↑ Լաւ վայրը The Good Place, Danielle Turchiano(անգլերէն)
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- «Արիթմիտիքա» Տիոֆանտոս Աղեքսանտրեցի(յունարէն)
- Ափոլոնիոս Փերղացին(անգլերէն)
- Սինեսիոս(յունարէն)
- Սուտա առցանց հանրագիտարան (յունական բառարան կամ հանրագիտարան, գրուած Ժ․ դարուն)(յունարէն)
- Քլաուտիոս Պտղոմէոս(անգլերէն)
- «238 Hypatia» աստղակերպ(անգլերէն)
- Տեսերիզ - «Աղորա» ժապաւէն․ Հիփաթիային կեանքը, 2009(անգլերէն)
- Փալատաս Աղեքսանտացին(անգլերէն)
- Հիփաթիա, (վէպ)(անգլերէն)
- Հիփաթիա, ֆեմինիստական փիլիսոփայութեան պարբերաթերթ(անգլերէն)
- «Ընթրիքի հաւաքոյթը»(անգլերէն)
- «Փնտռելով կորսուած ժամանակը» À la recherche du temps perdu(ֆր.)
- Օրեսթիս, Աղեքսանտրիոյ կառավարիչ(ֆր.)