Եզնիկ Կողբացի

Հայ փիլիսոփայ, թարգմանիչ, աստուածաբան, գրագէտ

Եզնիկ Կողբացի (380[1][2], Կողբ, Մեծ Հայք[1][2] - 450[1]), հայ փիլիսոփայ, թարգմանիչ, հասարակական–եկեղեցական գործիչ։ Մեսրոպ Մաշտոցի աշակերտներէն։ Մասնակցած է Աստուածաշունչի եւ այլ երկերու թարգմանութեան։ Եզնիկի մասին կը յիշատակեն Կորիւնը, Եղիշէն, Մովսէս Խորենացին։ Եզնիկ Կողբացիի աշխատութիւններէն պահպանուած են «Եղծ աղանդոց»–ը՝ հայ փիլիսոփայութեան կարեւոր սկզբնաղբիւրներէն մէկը (յայտնի է նաեւ «Վասն Աստուծոյ» անուամբ)։

Եզնիկ Կողբացի
Ծնած է 380[1][2]
Ծննդավայր Կողբ, Մեծ Հայք[1][2]
Մահացած է 450[1]
Ազգութիւն Հայ[1][2]
Երկեր/Գլխաւոր գործ Եղծ աղանդոց?
Մասնագիտութիւն փիլիսոփայ, թարգմանիչ, աստուածաբան
Վարած պաշտօններ եպիսկոպոս[1]

Եզնիկ Կողբացին հայ փիլիսոփայութեան մէջ զարկ տուած է պատրիստիկական–ջատագովական ուղղութեան։ Գլխաւորաբար հետաքրքրուած է գոյաբանական հարցերով, մշակած՝ մոնիստական փիլիսոփայական, աստուածաբանական ուսմունք։ Ըստ անոր, միակ եւ իրական սուբստանցը Աստուածն է՝ մշտնջենական, ոչինչով պայմանաւորուած, բայց ամէն ինչի պատճառ հանդիսացող էակը։ Այս դիրքերէն ան սուր պայքար մղած է քրիստոնէական գաղափարախօսութիւնը հակադրող փիլիսոփայական եւ կրօնա–աղանդաւորական ուսմունքներու դէմ, հերքած է հեթանոսական աշխարհայեացքը, անթիք փիլիսոփաներու ուսմունքները եւ յատկապէս պարսից զրուանականութիւնը։ Աղանդներու հերքման եւ քրիստոնէութեան փիլիսոփայական հիմնաւորման առնչութեամբ Եզնիկ Կողբացին կ'արտայայտէ նաեւ անթիք փիլիսոփայական ուսմունքներու՝ յունական բոլիթէիզմի, ստորկեան բանթէիզմի, էպիկուրեան աթէիզմի դէմ, կը քննադատէ զգայական աշխարհի առաջացման մասին Բլադոնի ուսմունքը։ Ռացիոնալիզմի դիրքերէն ան կը ժխտէ սնահաւատութիւնը, ճակատագրապաշտութիւնը, աստղագուշակութիւնը, հեթանոսութեան հաւատալիքները։ Ըստ անոր՝ աշխարհը կը ճանչնայ զգայութեան ու բանականութեան միջոցով։ Զգայութեամբ մարդը կ'ընկալէ նիւթական աշխարհը, բանականութեամբ կը սահմանէ զայն եւ կ'որոշէ իր գործողութիւնները, վարուելակերպը։ Հետեւաբար, բանականութիւնը, զգայութեան համեմատութեամբ ճանաչողութեան բարձր ձեւն է։ Սակայն, զգայութենէն եւ բանականութենէն բացի, մարդուն յատուկ է նաեւ բնազդը։ Մտածելու ունակութիւնը կորսնցնելու պարագային, մարդը բացառապէս կը գործէ բնազդով։ Եզնիկ Կողբացին պաշտպանած է չորս տարրի ուսմունքը. ըստ անոր, բնութիւնը կազմուած է աստուծոյ ստեղծած չորս տարրերէն՝ կրակէն, օդէն, ջուրէն եւ հողէն։ Գիտութեան պատմութեան համար կարեւոր նշանակութիւն ունին Եզնիկ Կողբացիի արտայայտած միտքերը բնագիտութեան (ֆիզիքայի, բժշկութեան եւ կենսաբանութեան) մասին։

Աշխատութիւններ

Խմբագրել

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Եզնիկ Կողբացիի լիակատար մատենագիտութիւնը տե՛ս Եզնիկ Կողբացի, [Ճառք ընդդէմ աղանդոց], հատոր Առաջին, Ներածութիւն եւ քննական բնագիր, սրբագրուած եւ միակ վաւերական հրատարակութիւն, առանց այլընթերցումներու. Աշխատասիրութեամբ Մարտիրոս Մինասեանի, Ժնեւ, 1992, էջ 17-42,

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 2,5 Ով ով է. հայեր / խմբ. Հ. ԱյվազյանԵրևան: Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 2005. — հատոր 1.