Վահրամ Րապունի
Վահրամ Րապունի (անհայտ, Եդեսիա? - անհայտ, Սիս?), հայ քաղաքական միտքի Կիլիկեան դպրոցի նշանաւոր ներկայացուցիչ։ Ապրած եւ ստեղծագործած է 13-րդ դարուն, ծննդեան եւ մահուան թուականները յայտնի չեն։ Ըլլալով բարձրակարգ մտաւորական՝ Վահրամ Րապունին պաշտօնավարած է Լեւոն Գ-ի (1270-1289) արքունիքին մէջ, որպէս ատենադպիր եւ տնօրինած պետութեան դիւանագիտական յարաբերութիւնները, ստեղծած՝ պետական փաստաթուղթեր ու գրագրութիւններ, ընդունած դեսպաններ։ Անոր գրիչին կը պատկանին բազմաթիւ իմաստասիրական ու կրօնա-աստուածաբանական աշխատութիւններ՝ Արիսդոդելի, Պորփիւրի, Դաւիթ Անյաղթի, Գրիգոր Նիւսացի, Դիոնիսիոս Աերոպագացի երկերու մեկնութիւնները։ Հետաքրքրական է նաեւ Լեւոն Գ թագաւորի օծման առիթով անոր արտասանած ճառը, որուն մէջ կ'արտացոլան Րապունիի քաղաքագիտական միտքերն ու հայեացքները։ Այս ճառին մէջ ան իր տեսակէտը կ'արտայայտէ թագաւորական իշխանութեան առաջացման, անոր էութեան, պետութեան ամրապնդման ու զարգացման ուղիներու մասին։ Վահրամ Րապունիի կարծիքով պետութեան ծագումը պայմանաւորուած է աստուածային կամքով ու մարդու բնութեամբ։ Պատասխանելով այն հարցին, թէ ինչէն յետոյ եւ ինչու առաջացած է թագաւորութիւնը, Րապունին կը գտնէ, որ Աստուած անմիջականօրէն չէ ստեղծած թագաւորութիւնը. մարդը ստեղծելով իր պատկերի նմանութեամբ, անոնց հաւասար իրաւունքներ տուած է իշխելու եւ կենդանի բնութեան վրայ, որ նահապետներէն ոմանք իրենք զիրենք թագաւոր հռչակեցին՝ համազգայիններու վրայ իշխելու նպատակով։
Վահրամ Րապունի | |
---|---|
Ծնած է | անհայտ |
Ծննդավայր | Եդեսիա? |
Մահացած է | անհայտ |
Մահուան վայր | Սիս? |
Մասնագիտութիւն | փիլիսոփայ, պատմաբան |
Ըստ Րապունիի՝ պետութիւնը իշխանութեան զարգացած ձեւն է, որ կ'իրականանայ իշխանութիւն բոլորի անունէն, ընդհանուրի օգտին։ Հետեւելով դեռեւս անթիք աշխարհէն եկող բնական իրաւունքի աւանդական սկզբունքներուն՝ Րապունին կը գտնէր, որ պետութիւնը պէտք է սանձէ մարդոց ագրեսիւութիւնը, ապահովէ կարգ ու կանոն, մեկուսացնէ ներքին ապակայունացնող կենդրոնախոյս ուժերը, պաշտպանէ մարդու ազատութիւնն ու սեփականութիւնը։ Այս յարաբերութիւնները, ըստ Րապունիի կը բխին սոցիալական որոշակի պայմաններէն։ Արտաքին յարաբերութիւններու մէջ պետութիւնը պարտաւոր է պահպանել տարածքային ամբողջականութիւնը, անոր շահերը, ապահովել փոխշահավէտ համագործակցութիւնը եւ այլն։ "Թագաւորութիւն է ըստ ուղիղ բանին վերայ աշխարհի, որ իւր է վիճակած եւ ի նմա բնակելոցն իշխած արդարացի հարկս եւ իրաւունքս ի նոցանէ առնուլ, եւ զնոսին ի հաստատութիւն պահել արտաքին թշնամացն` քաջութեամբ պատկերազմեալ` յաղթել, եւ կամ յաղթութեան հնարիւք զխաղաղութիւն ողջունել": Թագաւորութիւնը կոչուած է երկրի ներսը կարգաւորելու իր հպատակներու ներդաշնակ գործունէութիւնը, խրախուսելու բարեգործութիւնը, պատժելու չարագործութիւնը, հետեւելու օրէնքներու իրագործման, իսկ արտաքին յարաբերութիւններու մէջ՝ քաջաբար պատերազմելով յաղթել թշնամիին կամ դիւանագիտական արուեստով հաշտութիւն կնքել հակառակորդի հետ եւ պահպանել խաղաղութիւնը։ Լեւոն Գ-ի իշխանութիւնը ջատագովող այս ճառը, գործող իրաւունքը կը յայտարարէ արդարացի ու բնական։ Պետութեան գլխաւոր դէմքը թագաւորն է, որու վարքագիծէն է կախուած երկրի բարեկեցութիւնն ու համերաշխութիւնը։ Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ թագաւորի եւ իշխաններու փոխյարաբերութիւններուն եւ կը հիմանաւորէ կենդրոնաձիգ պետութեան գաղափարը։ Սմբատ Գունդստաբլի օրինակով Րապունին հոգեւոր իշխանութիւնը կ'ենթարկէ աշխարհիկ իշխանութեան։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հենզել Մանուչարեան (2002), «Դրվագներ հայ քաղաքական մտքի պատմության»։ Երեւանի Պետական Համալսարանի հրատարակչութիւն։