Մտածողութիւն, անհատի ճանաչողական գործունէութեան գործընթացը՝ ուղղուած իրականութեան՝ ընդհանրացուած եւ միջնորդաւորուած արտացոլման, որու ժամանակ նիւթը կ'իրականացնէ տարբեր տեսակի ընդհանրացումներ[1]:

Մտածողութիւնը կ'արտացոլէ շրջապատող աշխարհի առարկաներու եւ երեւոյթներու այն կողմերն ու օրինաչափութիւնները, որոնք մատչելի չեն անմիջական զգայական արտացոլման համար: Մտածողութեան արդիւնքները միտքերն են, որոնք գլխաւորաբար կ'արտայայտուին հասկացողութիւններով եւ անոնց կապերով, խօսքերով: Մտածողութիւնը նաեւ նորութեան որոնման եւ բացայայտման գործընթացն է, որ կը յենի զգայական փորձի եւ մարդու գործնական գործունէութեան վրայ, բայց մեծ չափով դուրս կու գայ անոնց սահմաններէն:

Այսպիսով, մտածողութիւնը աշխոյժ հոգեկան գործընթացն է, որ ուղղուած է առարկայական աշխարհի առարկաներու եւ երեւոյթներու էական կողմերու ու անոնց ներքին կապերու միջնորդաւորուած եւ ընդհանրացուած արտացոլման[2]:

Մտածողութիւնը անհնար է դրսեւորել առանց խօսքի եւ ունի իր տրամաբանական ձեւերը: Մտածողութեան միջոցով մարդը դուրս կու գայ զգացողական ճանաչողութեան սահմաններէն եւ ձեռք կը բերէ իր գործունէութիւնը ծրագրելու եւ կանխատեսելու ունակութիւն:

Մտածել կը նշանակէ բացայայտել այն օրինաչափութիւններն ու յատկանիշերը, որոնք ակնյայտ չեն, այլ «թաքնուած են» երեւոյթներու կամ առարկաներու խորքային յարաբերութիւններուն մէջ: Մտածել կը նշանակէ ո՛չ թէ արտացոլել կամ արձագանգել արտաքինի ազդեցութեան, այլ հիմնուելով նախկին փորձառութեան վրայ, զգայական ճանաչողութեան արդի փորձառութեան վրայ «ստեղծել» նոր տրամաբանական ձեւեր՝ հասկացողութիւններ, դատողութիւններ, եզրայանգումներ:

Ծագումնաբանութիւն եւ կիրառութիւն

Խմբագրել
 
Մտածկոտ պահ (1904)․ հեղ․՝ Յուջին դե Բլաս

Մտածողութիւն բառը ծագում առած է հին անգլերէն þoht կամ geþoht բառերէն, ինչպէս նաեւ þencan «հասկնալ մտքով, հաշուի առնել» արտայայտութենէն[3]։

«Մտածողութիւն» բառը կրնայ նշանակել[4][5]

  • մտածելու եզակի արդիւնք կամ եզակի միտք («Իմ առաջին միտքն էր՝ ոչ»)
  • մտաւոր գործունէութեան արդիւնք («Մաթեմատիկան մտածողութեան հսկայ ոլորտ է»)
  • մտածելու որոշում կամ համակարգ («Յոգնած էի շատ մտածելէն»)
  • մտքի ուժգնութիւն, պատճառ, պատկերացում եւայլն («Անոր բոլոր միտքերը ամբողջությամբ կեդրոնացած էին իր աշխատանքին վրայ»)
  • գաղափարի քննարկում կամ արտացոլում («Մահուան մասին միտքը կը սարսափեցնէ զիս»)
  • յիշողութիւն («Ես կը մտածեմ մանկութեանս մասին»)
  • կիսատ կամ անկատար մտադրութիւն («Որոշ միտքեր ունիմ իրագործելու»)
  • սպասում կամ ակնկալիք («Անոր կրկին տեսնելու միտք չունի»)
  • քննարկում, ուշադրութիւն, հոգատարութիւն կամ կապուածութիւն («Ան ոչինչ գիտէր իր արտաքին տեսքին մասին» եւ «Ես առանց մտածելու ըրի այդ»)
  • դատողութիւն, կարծիք կամ հաւատ («Իր կարծիքով ազնուութիւնը լաւագոյն քաղաքականութիւնն է»)
  • գաղափարներ, որոնք կը բնութագրեն յատուկ վայր, դաս կամ ժամանակ («Յունական մտածողութիւն»)
  • որեւէ բան գիտակցելու վիճակին մէջ ըլլալ («Այդ ինծի ստիպեց մտածել տատիկիս մասին»)
  • ձգտիլ հաւատալ որեւէ բանի, յատկապէս պակաս համոզուածութեամբ («Կը կարծեմ թէ կ'անձրեւէ, բայց համոզուած չեմ»)
 
Հուիկեն մտածելիս․ ձենբուդդիստ քահանա Դազու Հուիկեի դիմանկարը, որը վերագրվում է 10-րդ դարի նկարիչ Շի Քեին։

Սահմանումներ, որոնք կրնան կամ չեն կրնար պահանջել, որ միտքը

  • ծագի մարդու ուղեղին մէջ (տե՛ս մարդակերպութիւն),
  • ծագի որպէս կենդանի կենսաբանական համակարգի մաս,
  • ծագի միայն իրազեկման գիտակցական մակարդակով,
  • պահանջուած լեզու ըլլայ,
  • սկզբունքային կամ նոյնիսկ հայեցակարգային, վերացական ըլլայ («ֆորմալ»),
  • ներառէ այլ հասկացութիւններ, ինչպիսիք են նկարագրութիւնները, մեկնաբանութիւնը, պատկերացումը, ծրագրաւորումը կամ մտապահումը։

Մտածողութեան սահմանումները կրնան նաեւ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով ծագիլ մտքի տեսութիւններէն։

Տեսութիւններ․

  • «Մտածողութեան գործընթացներու եւ մտածող մեքենաներու տեսութեան ամփոփ նկարագիր» (Կայնիելլօ)[6] – մտածողութեան գործընթացներ եւ մտաւոր երեւոյթներ՝ մոտելաւորուած մաթեմատիկական հաւասարումներու տեսքով
  • Մակերեւոյթներ եւ էութիւններ․ Նմանութիւնը որպէս մտածողութեան հումք եւ կրակ (Հոֆստադեր եւ Սանդեր)[7] – նմանութիւններու վրայ կառուցուած տեսութիւն
  • Լեզուի եւ մտածողութեան ջղային տեսութիւն (Ֆելդման եւ Լակոֆֆ)[8] – լեզուի եւ տարածական յարաբերութիւններու ջղային մոտելաւորում
  • Մտածողութեան ձեւեր – մտածողութեան կառուցուածքը, ուժը եւ սահմանափակումները (Բաում)[9] – մտաւոր մոտելներու հիման վրայ կառուցուած տեսութիւն
  • Չգիտակցուած մտածողութեան տեսութիւն[10][11] – մտածողութիւն, որ գիտակցուած չէ
  • Լեզուաբանութեան տեսութիւններ – մտածողութեան բովանդակութիւնը (Սթիվեն Պինկեր, Նոամ Չոմսկի)[12] – Լեզուաբանական եւ ճանաչողական տեսութիւն այն մասին, որ մտածողութիւնը հիմնուած է սինթետիկ եւ լեզուաբանական անընդհատ կրկնուող գործընթացներու վրայ
  • Մտածողութեան վարկածներու լեզուն (Ջերրի Ֆոդոր)[13] – Մտաւոր վիճակները ներկայացնող սինթետիկ արտայայտութիւն – Բառացի՝ «Մտածողութեան լեզու»[14]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Իմացական գործընթացների պրակտիկում (Յիշողութիւն, մտածողութիւն եւ խօսք, երեւակայութիւն): Մտածողութիւնն ապահովում է օբյեկթիւ աշխարհի, նրա օրէնքների ճանաչում: Ուսումնամեթոտական ձեռնարկ / Կազմ. եւ գլխ. խմբ. Դ. Ռ. Հայրապետեան- Եր.: ԵՊՀ հրատ., 2009, - 190 էջ:
  2. Գրիգորեան Վ.Հ. Հոգեֆիզիոլոգիայ. - Եր.: Երեւանի համալս. հրատ., 2007, 366 Էջ
  3. Harper Douglas։ «Etymology of Thought»։ Online Etymology Dictionary։ արտագրուած է՝ 2009 թ․ մայիսի 22 
  4. Random House Webster's Unabridged Dictionary, Second Edition, 2001, Published by Random House, Inc., 978-0-375-42599-8, p. 1975
  5. Webster's II New College Dictionary, Webster Staff, Webster, Houghton Mifflin Company, Edition: 2, illustrated, revised Published by Houghton Mifflin Harcourt, 1999, 978-0-395-96214-5, p. 1147
  6. Caianiello E.R. (1961)։ «Outline of a theory of thought-processes and thinking machines»։ Journal of Theoretical Biology։ 1, Issue: 2։ էջեր 204–235։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013 թ․ սեպտեմբերի 22-ին։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ հունիսի 27 
  7. "Surfaces and Essences: Analogy as the Fuel and Fire of Thinking" by Douglas Hofstadter and Emmanuel Sander, 2013, Basic Books, 978-0-465-01847-5
  8. «The Neural Theory of Language and Thought»։ icbs.berkeley.edu։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013 թ․ հունիսի 13-ին։ արտագրուած է՝ 2018 թ․ հունվարի 20 
  9. "ThoughtForms – The Structure, Power, and Limitations of Thought: Volume 1 – Introduction to the Theory" by Peter Baum, 2013, Aesir Publishing, 978-0-9884893-0-1
  10. «Unconscious Thought Theory»։ changingminds.org։ արտագրուած է՝ 2018 թ․ հունվարի 20 
  11. Ap Dijksterhuis, Ap and Nordgren, Loran F. (2006)։ «A Theory of Unconscious Thought» (PDF chapter)։ Perspectives On Psychological Science 1–2։ էջեր 95–109։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ հունիսի 27 
  12. "The Stuff of Thought: Language as a Window into Human Nature" by Steven Pinker, 2008, Penguin Books, 978-0-14-311424-6
  13. «Language of Thought Hypothesis | Internet Encyclopedia of Philosophy»։ www.iep.utm.edu (en-US)։ արտագրուած է՝ 2017 թ․ նոյեմբերի 20 
  14. (հայերեն) Մտածողություն, 2024-03-07, https://hy.wikipedia.org/wiki/%D5%84%D5%BF%D5%A1%D5%AE%D5%B8%D5%B2%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%B8%D6%82%D5%B6, վերցված է 2024-11-05