Տիեզերք
Տիեզերքը, մեզ շրջապատող անսահման եւ յաւերժական նիւթական աշխարհն է, Երկիրէն մինչեւ տիեզերական տարածութեան ամէնէն հեռուները ֆիզիքապէս գոյութիւն ունեցող ամէն ինչը:
Գիտութեան մէջ կը տարբերակուին «տեսանելի տիեզերք» եւ «տեսական տիեզերք» հասկացողութիւնները: Քանի որ լոյսի արագութիւնը սահմանափակ է, մեզի հասանելի են տիեզերքի միայն մէկ հատուածէն եկող լուսային ճառագայթները: Ըստ որոնման արդիւնքներու, տիեզերքի որքան աւելի հեռաւոր հատուածները կը դիտարկենք, այնքան աւելի հեռաւոր անցեալէն է պատկերը (լուսային ճառագայթը աւելի երկար ժամանակի մէջ կը հասնի մեզի): Ներկայ տուեալներով, տեսանելի տիեզերքին տրամագիծը կը կազմէ մօտաւորապէս 93 միլիառ լուսային տարի:
Ըստ Մեծ Պայթիւնի տեսութեան, տիեզերքը յառաջացած է 13,798 միլիառ (± 0,037 միլիառ) տարի առաջ[1]:
Յաւելեալ
ԽմբագրելՏիեզերքը կ'ընդգրկէ անթիւ բազմութեամբ ծիր կաթիններ: Մեզի տեսանելի ամէնէն հեռաւոր ծիր կաթիններն այնքան հեռու են մեզմէ, որ անոնցմէ եկող լոյսը մեզի կը հասնի միլիառաւոր տարիներու ընթացքին:
Մեզմէ շատեր կը կարծէին, թէ Երկիրը Տիեզերքին կեդրոնն է: Այժմ մենք գիտենք, որ հակառակ անոր, որ Երկիրը բացառիկ կարեւորութիւն ունի մեզի համար, բայց անիկա Արեգակին շուրջը պտտող ընդամէնը փոքրիկ մոլորակ մըն է, իսկ Արեգակը՝ ընդամէնը մեր ծիր կաթինին միլիոնաւոր սովորական աստղերէն մէկը:
Աստղերը ինքնալուսարձակող, ջրածինի ու հելիումի կազային վիթխարի գունդերն են, որոնց կեդրոնը ջերմաստիճանը կը հասնի միլիոնաւոր, իսկ մակերեւոյթին՝ հազարաւոր աստիճաններու: Բացի Երկիրէն, Արեգակին շուրջը կը դառնան 8 մեծ մոլորակներ (Փայլածու, Արուսեակ, Հրատ, Լուսնթագ, Երեւակ, Ուրանոս, Նեպդուն) եւ 10-րդ ու հազարաւոր փոքր մարմիններ՝ աստղակերպեր ու գիսաւորներ: Բայց անոնք, նոյնիսկ միասին վերցուցած, զանգուածով շուրջ 100 անգամ փոքր են Արեգակէն:
Որպէսզի գաղափար կազմենք Տիեզերքին չափերուն մասին, զանոնք հարկ է համեմատել Երկիրէն դիտուող երկնային մարմիններու հեռաւորութիւններուն հետ: Լոյսի ճառագայթը, որ կը տարածուի 300.000 քմ/եկվ. արագութեամբ, 1 երկվայրկեանի մէջ կրնայ շուրջ 8 անգամ պտտիլ երկրագունդին շուրջը: Լոյսը Արեգակէն Երկիր կը հասնի 8 վայրկեանէն: Մինչդեռ մեզի ամէնէն մօտ աստղէն, որ կը գտնուի Գենդաւրոս համաստեղութեամբ, լոյսը Երկիր կը հասնի միայն 4 տարի 4 ամսուան ընթացքին: Գիտնականները կը բնորոշեն բազմաթիւ աստղեր, որոնցմէ լոյսի ճառագայթները մեզի կը հասնին հարիւրաւոր, հազարաւոր, միլիոնաւոր, նոյնիսկ միլիառաւոր տարիներու ընթացքին:
Քանի որ աստղերէն եկող լոյսը մեզի կը հասնի այդքան երկար ժամանակամիջոցի մէջ, մենք այժմ աստղերը կը տեսնենք այնպէս, ինչպէս անոնք իրականութեան մէջ եղած են հարիւրաւոր, հազարաւոր եւ միլիոնաւոր տարիներ առաջ: Այսինքն, երբ կը նայինք Տիեզերքին խորքերը, մենք, ըստ էութեան, կը նայինք հինէն անցած-գացած ժամանակներուն:
- Աւստրալիոյ ազգային հիմնարկին հետազօտութիւններուն համաձայն՝ միայն մեզի ծանօթ տիեզերական տարածութեան մէջ կայ 70 սեքստիլիոն աստղ:
- Լուսնթագը 2,5 անգամ աւելի մեծ է, քան Արեգակնային համակարգին բոլոր մոլորակները միասին:
- 1,5 ժամուան ընթացքին աւելի շատ արեգակնային ներուժ կը հասնի Երկիր, քան ինչ որ կ'օգտագործենք մէկ տարուան ընթացքին:
- Արծուի համաստեղութեան կազային մէկ ամպին մէջ մեծ քանակութեամբ ալքոհոլային նիւթ կայ։
- Արուսեակին վրայ մէկ տարին հաւասար է Երկիրին 224 օրուան, սակայն 1 օրը՝ Երկիրի 243 օրուան: Այսինքն՝ այս մոլորակը Արեգակին շուրջ աւելի արագ կը պտտի, քան Երկիրը, մինչդեռ իր առանցքին շուրջը՝ 243 անգամ աւելի դանդաղ։
- Այն ամէնը, որ կը տեսնէ մեր աչքը, կը կազմէ ողջ Տիեզերքին 5 տոկոսը: Մնացեալ 95 տոկոսը ծածկուած է մթութեամբ, եւ թէ ինչ կայ հոն, քիչ բան յայտնի է։
- 2004-ին գիտնականները կը յայտնաբերեն Երկիրէն 50 լուսնային տարի հեռու գտնուող աստղ մը, որ ամբողջութեամբ ադամանէ կազմուած է, 10 միլիառ տրիլիոն տրիլիոն քարաթ ադամանդէ։
Ծագում
ԽմբագրելՏիեզերքը շուրջ 14 միլիառ տարեկան է: Հոյածաւալ աստղեր, որոնք մինչեւ միլիոն անգամ աւելի մեծ էին քան Արեւը, գոյացած են երբ տիեզերքը լոկ հարիւր միլիոն տարեկան էր: Շինանիւթերն էին գլխաւորաբար 75% Հիտրոժէն (Ջրածին) եւ 25% Հելիում: Բոլոր ծանր աթոմներու կորիզները (nucleus) կազմուած են այդ աստղերու կեդրոններուն մէջ, աւելի փոքր կորիզներու միաձուլումով (fusion): Կենդանական աշխարհէն դատած կրնայ զարմանալի թուիլ, որ մեծ աստղերը շատ աւելի կարճ կ'ապրին քան փոքրերը: Բայց իրօք այդպէս է, որովհետեւ անոնց կեդրոնի բարձր խտութեան եւ տաքութեան պատճառով կորիզային միաձուլումը, իմա՝ «հրկիզումը» անհամեմատ աւելի արագ կ'ընթանայ (2,3):
Ներկայ տիեզերքը կազմուած է շուրջ 6,5 միլիառ տարի առաջ պայթած այդ աստղերու փշուրներով: Անոնց անհետացումէն ետք ծանր կորիզներու արտադրութիւնը դադրած է: Երկիրը իբրեւ հրաշէկ լաւայի գունդ կազմուած է շուրջ 4,5 միլիառ տարի առաջ: Իւրանիւմ եւ այլ ծանր նիւթեր «ընկղմած» են դէպի երկիրին կորիզը: Լաւայի հոսանքներու հիմնական աղբիւրը անկայուն հիւլէներու շողարձակումին արտադրած ջերմուժն է: Առանց որուն երկիրը վաղուց սառած պիտի ըլլար, եւ պիտի չըլլար այն մագնիսական դաշտը, որ երկիրը պաշտպանէ դէպի մթնոլորտ ուղղուող լիցքաւոր մահացու մասնիկներէն: Այդ գնդակոծումը յատկապէս վտանգաւոր է արեգակնային փոթորիկներու ընթացքին: Նոյն այդ լաւայի հոսանքներն են, որոնք կրնան ծանր նիւթերէն փոքր տոկոս մը, որոնց շարքին եւ Իւրանիում, փոխադրել դէպի երկիրին մակերեսը[2]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Տիեզերք»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-05-25-ին։ արտագրուած է՝ 2022-05-25
- ↑ Տիեզերքը շուրջ 14 միլիառ տարեկան է